Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50

«Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն»

«Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն»

«Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ» (Ա. ԿՈՐ. 15։55

ԵՐԳ 130 Կեանքը հրաշք է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Ինչո՞ւ բոլոր քրիստոնեաները պէտք է հետաքրքրուած ըլլան երկնային յարութիւնով։

ԵՀՈՎԱՅԻ ծառաներուն մեծամասնութիւնը յոյս ունի երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու։ Սակայն օծեալ քրիստոնեաներու մնացորդ մը յոյս ունի յարութիւն առնելով երկնքի մէջ ապրելու։ Անոնք շա՜տ հետաքրքրուած են գիտնալու, թէ իրենց ապագայ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք երկրի վրայ ապրելու յոյսը ունին։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, երկնային յարութիւնը անոնց ալ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Ուստի մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, պէտք է հետաքրքրուած ըլլանք երկնային յարութիւնով։

2 Առաջին դարուն, Աստուած Յիսուսի կարգ մը աշակերտները ներշնչեց, որ երկնային յոյսին մասին գրեն։ Յովհաննէս առաքեալ բացատրեց. «Հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք» (Ա. Յովհ. 3։2)։ Ուստի օծեալ քրիստոնեաները չեն գիտեր, թէ երկինքին մէջ հոգեղէն մարմինով ապրիլը ի՛նչ տեսակ կեանք է։ Սակայն անոնք բառացիօրէն Եհովան պիտի տեսնեն, երբ իրենց վարձատրութիւնը առնեն։ Աստուածաշունչը երկնային յարութեան նկատմամբ ամէն մանրամասնութիւն չի յայտներ, բայց Պօղոս առաքեալ կարգ մը տեղեկութիւններ տուաւ ատոր մասին։ Օծեալները Քրիստոսին հետ պիտի ըլլան, երբ ան «խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն», մէջը ըլլալով ‘վերջին թշնամին՝ մահը’։ Ի վերջոյ, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները Եհովային պիտի հնազանդին ու իրեն հնազանդեցնեն ամէն բան (Ա. Կոր. 15։24-28)։ Ատիկա հրաշալի՜ ժամանակ պիտի ըլլայ *։

3. Ինչպէս Ա. Կորնթացիս 15։30-32–ը ցոյց կու տայ, յարութեան հանդէպ Պօղոսին հաւատքը օգնեց, որ ի՞նչ ընէ։

3 Ինչո՞ւ կ’արժէ մտածել այս հիանալի յոյսին մասին։ Քանի որ անիկա կրնայ մեզի օգնել, որ դժուարութիւններու դիմանանք, ինչպէս որ Պօղոս առաքեալին օրինակը ցոյց կու տայ։ Ան յարութեան կը հաւատար, անոր համար կրցաւ զանազան փորձութիւններու դիմանալ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։30-32)։ Ան կորնթացիներուն ըսաւ. «Ամէն օր կը մեռնիմ»։ Պօղոս նաեւ գրեց. ‘Եփեսոսի մէջ գազաններու հետ մարտնչեցայ’։ Հաւանաբար, ան կ’ակնարկէր Եփեսոսի ամփիթատրոնին մէջ իսկական գազաններու հետ իր մարտնչելուն (Բ. Կոր. 1։8. 4։10. 11։23)։ Կամ կրնայ ըլլալ որ կ’ակնարկէր թշնամի հրեաներուն կամ ուրիշներու, որոնք «գազաններու» պէս էին (Գործք 19։26-34. Ա. Կոր. 16։9)։ Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, Պօղոս լուրջ վտանգներու մէջ էր։ Ատով հանդերձ, շարունակեց դրական աչքով նայիլ ապագային (Բ. Կոր. 4։16-18

Ընտանիք մը, որ կ’ապրի երկրի մը մէջ, ուր մեր գործունէութիւնը արգիլուած է, կը շարունակեն իրենց պաշտամունքը ընել։ Անոնք լիովին կը հաւատան, որ Աստուած իրենց համար լաւ ապագայ պատրաստած է (տե՛ս պարբերութիւն 4)

4. Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս քրիստոնեաները զօրացուցած է այսօր (տե՛ս կողքին նկարը)։

4 Մենք վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Մեր եղբայրներէն ոմանք ոճիրի զոհ գացած են։ Ուրիշներ շրջաններու մէջ կ’ապրին, ուր պատերազմ կայ եւ բնա՛ւ ապահովութիւն չունին։ Իսկ ոմանք Եհովայի կը ծառայեն երկիրներու մէջ, ուր քարոզչութիւնը սահմանափակուած է կամ նոյնիսկ արգիլուած է, իրենց կեանքը կամ ազատութիւնը վտանգի տակ դնելով։ Հակառակ ատոր, բոլոր այս եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն հաւատարմօրէն Եհովան պաշտել, մեզի օրինակ ըլլալով։ Անոնք ապահով կը զգան, գիտնալով որ նոյնիսկ եթէ իրենց կեանքը կորսնցնեն, Եհովան իրենց համար շա՜տ աւելի լաւ ապագայ պատրաստած է։

5. Ի՞նչ վտանգաւոր տեսակէտ կրնայ յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը տկարացնել։

5 Պօղոս իր եղբայրները զգուշացուց ոմանց վտանգաւոր տեսակէտէն. «Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։ Այդ տեսակէտը գոյութիւն ունէր նոյնիսկ Պօղոսի օրերէն առաջ։ Ան թերեւս կը մէջբերէր Եսայի 22։13–ին խօսքը, որ կը վերաբերի իսրայէլացիներուն կեցուածքին։ Փոխանակ Աստուծոյ մօտենալու, անոնք հաճելի կեանքի ետեւէ էին։ Կարելի է ըսել, որ այդ իսրայէլացիներուն մտածելակերպն էր՝ «այսօր կանք, վաղը չկանք». տեսակէտ մը, որ մարդիկ ունին նոյնիսկ այսօր։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած է իսրայէլացիներուն սխալ մտածելակերպին հետեւանքները (Բ. Մն. 36։15-20

6. Յարութեան յոյսը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ բարեկամներու մեր ընտրութեան։

6 Յստակ է, որ այն իրողութիւնը թէ Եհովան մեռելներուն կրնայ յարութիւն տալ, պէտք է ազդէ բարեկամներու մեր ընտրութեան։ Կորնթոսի մէջ եղբայրները պէտք էր յարութիւնը մերժողներուն հետ ընկերակցելէ զգուշանային։ Մենք կրնանք ասկէ դաս մը սորվիլ. բարեկամութիւնը անոնց հետ, որոնք «հիմա՛ կեանքդ վայելէ» մտածելակերպը ունին, գէշ հետեւանքներ կ’ունենայ։ Այսպիսիներու հետ ընկերակցիլը կրնայ քանդել ճշմարիտ քրիստոնեային մտածելակերպն ու սովորութիւնները։ Անոնք կրնան նոյնիսկ քրիստոնեան մղել, որ Աստուծոյ ատած բաները ընէ։ Անոր համար Պօղոս զօրաւոր յորդոր մը տուաւ. «Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք» (Ա. Կոր. 15։33, 34

Ի՞ՆՉ ՏԵՍԱԿ ՄԱՐՄԻՆ

7. Յարութեան մասին ի՞նչ հարցում թերեւս ոմանք հարցուցած են, ինչպէս նշուած է Ա. Կորնթացիս 15։35-38–ին մէջ։

7 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։35-38։ Մէկը, որ կ’ուզէր ուրիշներուն մէջ յարութեան հանդէպ կասկածներ արթնցնել, կրնար հարցնել. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն»։ Որովհետեւ այսօր շատեր իրենց անձնական կարծիքը ունին յետմահու կեանքի մասին, լաւ կ’ըլլայ, եթէ նկատի առնենք Պօղոսին պատասխանը Աստուածաշունչին մէջ։

Գործածելով սերմի մը եւ բոյսի մը օրինակը, Պօղոս բացատրեց որ Աստուած կրնայ յարմար մարմին տալ յարութիւն առնողներուն (տե՛ս պարբերութիւն 8)

8. Ո՞ր օրինակը կրնայ օգնել, որ երկնային յարութիւնը ըմբռնենք։

8 Երբ մէկը մեռնի, իր մարմինը կը փտի։ Բայց Ան, որ ոչինչէն տիեզերքը ստեղծեց, կրնայ անձը յարուցանել՝ անոր տալով յարմար մարմին մը (Ծն. 1։1. 2։7)։ Երկնային յարութեան մասին խօսելով, Պօղոս օրինակ մը գործածեց, ցոյց տալու համար որ Աստուած պէտք չունի նոյն մարմինը ետ բերելու։ Մտածէ հատիկին կամ բոյսի մը «սերմ»ին մասին։ Երբ հողին մէջ կը ցանուի, ծիլ կու տայ եւ նոր բոյս կը դառնայ։ Բոյսը բաւական տարբեր է ցանուած սերմէն։ Պօղոս այս բաղդատութիւնը գործածեց, որպէսզի ցոյց տայ թէ մեր Ստեղծիչը «մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ»։

9. Մարմիններու նկատմամբ, Ա. Կորնթացիս 15։39-41–ը ի՞նչ տարբերութիւններու վրայ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ։

9 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։39-41։ Պօղոս նշեց, որ ստեղծագործութեան մէջ մեծ այլազանութիւն կայ։ Օրինակ, տարբեր տեսակի մարմնաւոր արարածներ կան, ինչպէս՝ արջառներ, թռչուններ եւ ձուկեր։ Ան ըսաւ, որ երկինքին մէջ արեւուն ու լուսինին միջեւ տարբերութիւններ կը տեսնենք։ Ան նաեւ նշեց, որ «մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով»։ Այո, թէեւ մեր աչքով չենք տեսներ, բայց գիտնականները կ’ըսեն որ կան հսկայ կարմիր աստղեր, գաճաճ ճերմակ աստղեր եւ դեղին աստղեր, ինչպէս՝ մեր արեւը։ Պօղոս նաեւ ըսաւ, որ «երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ» կան։ Ինչպէ՞ս։ Մենք հոս երկրի վրայ ֆիզիքական մարմին ունինք, իսկ երկնային արարածները՝ ինչպէս հրեշտակները, հոգեղէն մարմին ունին։

10. Երկնային յարութիւն առնողները ի՞նչ տեսակ մարմին պիտի ունենան։

10 Նկատէ թէ անկէ ետք Պօղոս ի՛նչ ըսաւ. «Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ»։ Անշուշտ, մեռնելէն ետք, մարդու մարմինը կը փտի եւ հողին կը վերադառնայ (Ծն. 3։19)։ Ուրեմն ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ մարմին մը ‘անապականութիւնով յարութիւն առնէ’։ Պօղոս չէր խօսեր մարդու մը մասին, որ երկրի վրայ յարութիւն կ’առնէ, ինչպէս անոնք՝ որոնց Եղիան, Եղիսէն եւ Յիսուսը յարութիւն տուին։ Ան կ’ակնարկէր մէկու մը, որ յարութիւն կ’առնէ երկնային մարմինով, այսինքն՝ «հոգեւոր մարմին»ով (Ա. Կոր. 15։42-44

11-12. Յիսուս ի՞նչ փոփոխութիւն կրեց երբ յարութիւն առաւ, իսկ օծեալներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ։

11 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ֆիզիքական մարմին ունէր։ Բայց երբ յարութիւն առաւ, «կենդանարար հոգի» եղաւ եւ երկինք վերադարձաւ։ Նմանապէս, օծեալ քրիստոնեաները յարութիւն պիտի առնեն որպէս հոգեղէն արարածներ։ Պօղոս բացատրեց. «Ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք» (Ա. Կոր. 15։45-49

12 Կարեւոր է յիշել, որ Յիսուս մարդկային մարմինով յարութիւն չառաւ։ Պօղոս պատճառը բացատրեց. «Մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել» (Ա. Կոր. 15։50)։ Առաքեալները եւ ուրիշ օծեալներ երկնային յարութիւն պիտի չառնէին միսէ եւ արիւնէ բաղկացած մարմիններով, որոնք կրնան ապականիլ։ Անոնք ե՞րբ յարութիւն պիտի առնէին։ Պօղոս շեշտեց, որ այդ յարութիւնը ապագային պիտի ըլլար, եւ ոչ թէ անոնց մահէն անմիջապէս ետք։ Երբ Պօղոս այս նամակը գրեց, աշակերտներէն ոմանք արդէն ‘ննջած էին’, օրինակ՝ Յակոբոս առաքեալ (Գործք 12։1, 2)։ Իսկ ուրիշ առաքեալներ եւ օծեալներ յետագային ‘պիտի ննջէին’ (Ա. Կոր. 15։6

ՄԱՀՈՒԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏԱՆԻԼ

13. Յիսուսի ‘ներկայութիւնը’ ինչո՞վ պիտի յատկանշուէր։

13 Թէ՛ Յիսուս եւ թէ Պօղոս խօսեցան պատմութեան մէջ մասնայատուկ ժամանակամիջոցի մը մասին՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը։ Այդ ներկայութիւնը պիտի յատկանշուէր պատերազմներով, երկրաշարժներով, մահտարաժամներով եւ ուրիշ աշխարհածաւալ դէպքերով։ Այս աստուածաշնչական մարգարէութեան կատարումը սկսանք տեսնել 1914–էն ի վեր։ Ուրիշ ուշագրաւ բան մըն ալ պիտի ըլլար։ Յիսուս ըսաւ, որ Աստուծոյ հաստատուած Թագաւորութեան բարի լուրը ‘բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուէր՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գար’ (Մատ. 24։3, 7-14)։ Պօղոս ուշադրութեան յանձնեց, որ Տէրոջ ներկայութեան ընթացքին, ննջած օծեալ քրիստոնեաները յարութիւն պիտի առնէին, երկինքի մէջ ապրելու համար (Ա. Թես. 4։13-15. Ա. Կոր. 15։23

14. Ի՞նչ կ’ըլլայ այն օծեալներուն, որոնք Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին կը մեռնին։

14 Օծեալ քրիստոնեաները, որոնք ներկայիս իրենց երկրային ընթացքը կ’աւարտեն, անմիջապէս երկնային յարութիւն կ’առնեն։ Ասիկա կը հաստատուի Պօղոսին ըսածով, որ արձանագրուած է Ա. Կորնթացիս 15։51, 52–ի մէջ. «Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք, յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը»։ Պօղոսին այս խօսքը այժմ կը կատարուի։ Յարութիւն առնելէ ետք, Քրիստոսի այս եղբայրները մեծապէս պիտի ուրախանան, եւ «յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլան» (Ա. Թես. 4։16

Անոնք, որոնք «աչք գոցել բանալու մէջ» կը փոխուին, Յիսուսին հետ ազգերը պիտի ջախջախեն (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Օծեալները ի՞նչ պիտի ընեն երկնքին մէջ, երբ յարութիւն առնեն «աչք գոցել բանալու մէջ»։

15 Աստուածաշունչը մեզի կը յայտնէ, թէ օծեալները ի՛նչ պիտի ընեն երկինքին մէջ, երբ փոխուին «աչք գոցել բանալու մէջ», այսինքն՝ երբ անմիջապէս յարութիւն առնեն։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին. ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի» (Յայտ. 2։26-28)։ Անոնք իրենց Հրամանատարին ետեւէն պիտի երթան՝ ազգերը հովուելու երկաթէ գաւազանով (Յայտ. 19։11-15

16. Օծեալները եւ ուրիշ հաւատարիմներ ինչպէ՞ս մահուան վրայ յաղթանակ պիտի տանին։

16 Յստակ է որ օծեալները մահուան վրայ յաղթանակ պիտի տանին (Ա. Կոր. 15։54-57)։ Անոնց յարութիւնը կարելի պիտի դարձնէ, որ գալիք Արմագեդոն պատերազմին ընթացքին ամբողջ չարութեան բնաջնջումին մասնակցին։ Միլիոնաւոր քրիստոնեայ տղամարդիկ եւ կիներ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրին դէպի նոր աշխարհը (Յայտ. 7։14)։ Անոնք ականատես պիտի ըլլան մահուան վրայ տարուած ուրիշ յաղթանակի մը. միլիառաւոր մարդոց յարութիւնը։ Միայն պատկերացո՛ւր այն ուրախութիւնը, որ պիտի տիրէ երբ այդ սքանչելի դէպքը պատահի (Գործք 24։15)։ Եւ բոլոր անոնք, որոնք ամբողջովին Եհովային հաւատարիմ գտնուին, նոյնիսկ ժառանգուած մահուան վրայ յաղթանակ պիտի տանին։ Անոնք պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ։

17. Ի մտի ունենալով Ա. Կորնթացիս 15։58–ը, ի՞նչ պէտք է ընենք հիմա։

17 Հիմա ապրող իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պէտք է շնորհակալ ըլլայ յարութեան մասին այն ամրապնդիչ խօսքերուն համար, որ Պօղոս գրեց կորնթացիներուն։ Ամէն պատճառ ունինք ցոյց տալու, թէ կ’ընդունինք Պօղոսին յորդորը, որ հիմա լիովին զբաղած ըլլանք «Տէրոջը գործին մէջ» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Եթէ հաւատարմօրէն եւ ժրաջանօրէն այդ գործին կը մասնակցինք, ուրախ ապագայի հեռանկարը պիտի ունենանք։ Այդ ապագան մեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի սքանչելի պիտի ըլլայ, փաստելով որ մեր ջանքերը «Տէրոջը գործին մէջ» պարապի չէին։

ԵՐԳ 55 Վե՛րջապէս կեանքն անվերջ

^ պարբ. 5 Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխին երկրորդ մասը կը բովանդակէ մանրամասնութիւններ յարութեան մասին, մասնաւորաբար՝ օծեալ քրիստոնեաներուն յարութեան մասին։ Սակայն Պօղոս առաքեալին գրածը կը հետաքրքրէ նաեւ ուրիշ ոչխարները։ Յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ յարութեան յոյսը ինչպէ՛ս պէտք է ազդէ մեր կեանքին հիմա՛ եւ օգնէ ուրախ կեանք ունենալու ապագային։

^ պարբ. 2 Այս թիւին մէջ, «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը կը քննարկէ ի՛նչ որ Պօղոս ըսաւ Ա. Կորնթացիս 15։29–ին մէջ։