Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 49

Ղեւտացւոց գիրքէն կը սորվինք ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ վարուիլ

Ղեւտացւոց գիրքէն կը սորվինք ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ վարուիլ

«Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛» (ՂԵՒ. 19։18

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Նախորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի առինք, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

ՆԱԽՈՐԴ յօդուածին մէջ նկատի առինք Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն կարգ մը խրատներ։ Օրինակ, 3–րդ համարին մէջ, Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ իրենց ծնողները յարգեն։ Տեսանք որ ներկայիս այդ խրատը կրնանք գործադրել, հոգ տանելով մեր ծնողներուն ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերուն։ Նոյն համարին մէջ, իսրայէլացիներուն շեշտուեցաւ Շաբաթ պահելու կարեւորութիւնը։ Եւ տեսանք, որ թէեւ մենք Շաբաթի օրէնքը չենք պահեր, բայց կրնանք անոր սկզբունքը գործադրել, կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրելով հոգեւոր գործունէութիւններու։ Այդպէս ընելով, ցոյց կու տանք որ կը ջանանք սուրբ ըլլալ, ինչպէս որ Ղեւտացւոց 19։2–ը եւ Ա. Պետրոս 1։15–ը մեզ կը քաջալերեն։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի շարունակենք նկատի առնել Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխը։ Այս գլուխը մեզի ի՞նչ կրնայ սորվեցնել ֆիզիքապէս անկարողներուն հանդէպ ազնիւ գտնուելու, առեւտրական գործունէութիւններուն մէջ պարկեշտ ըլլալու եւ ընկերին հանդէպ սէր ցոյց տալու մասին։ Մենք կ’ուզենք սուրբ ըլլալ, քանի որ Աստուած սուրբ է. ուստի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

ՖԻԶԻՔԱՊԷՍ ԱՆԿԱՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ԱԶՆԻՒ ԳՏՆՈՒԻԼ

Ղեւտացւոց 19։14–ը մեզ կը քաջալերէ, որ ինչպէ՞ս վարուինք մէկու մը հետ, որ խուլ կամ կոյր է (տե՛ս պարբ. 3-5) *

3-4. Ըստ Ղեւտացւոց 19։14–ին, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէին խուլին եւ կոյրին հետ։

3 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 19։14։ Եհովան իր ծառաներէն ակնկալեց, որ ազնիւ գտնուին անոնց հանդէպ, որոնք ֆիզիքապէս անկարող են։ Օրինակ, իսրայէլացիները պէտք չէր խուլին հայհոյէին կամ անիծէին՝ իրեն սպառնալով կամ իր մասին գէշ բան մը ըսելով։ Ասիկա ի՜նչ ահռելի բան մըն էր, քանի որ խուլը չլսելով ըսուածը՝ պիտի չկարենար ինքզինք պաշտպանել։

4 14–րդ համարը նաեւ իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Կոյրին առջեւ խոչընդոտ մի՛ դնէք»։ Գիրք մը կ’ըսէ որ անցեալին, Միջին Արեւելքի մէջ մարդիկ յաճախ անարդարօրէն եւ կոշտ կերպով կը վարուէին ֆիզիքապէս անկարողներուն հետ։ Թերեւս անգութ անհատ մը կոյրին առջեւ բան մը դնէր, անոր վնաս հասցնելու համար կամ անոր վրայ խնդալու համար։ Ի՜նչ անազնուութիւն։ Այս պատուէրը Աստուծոյ ժողովուրդին օգնեց, որ տեսնեն թէ պէտք է անկարողներուն հանդէպ կարեկցութիւն ցոյց տան։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք ֆիզիքապէս անկարողներուն հանդէպ ազնիւ գտնուիլ։

5 Յիսուս ֆիզիքապէս անկարող եղողներուն հետ կը զգար։ Յիշէ թէ Յիսուս ի՛նչ լուր ղրկեց Յովհաննէս Մկրտիչին. «Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն»։ Իսկ ժողովուրդը Յիսուսի հրաշքները տեսնելով, «Աստուած կը գովաբանէին» (Ղուկ. 7։20-22. 18։43)։ Ներկայիս, մենք՝ քրիստոնեաներս, ուրախութեամբ Յիսուսի կարեկցութիւնը կ’ընդօրինակենք, անկարողներուն հանդէպ ազնիւ, նկատառու եւ համբերող գտնուելով։ Ճիշդ է որ Եհովան մեզի զօրութիւնը չէ տուած հրաշքներ ընելու, բայց առանձնաշնորհումը ունինք ֆիզիքապէս կամ հոգեւորապէս կոյր եղողներուն տալու այն բարի լուրը, թէ դրախտին մէջ մարդկութիւնը ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս կատարեալ առողջութիւն պիտի ունենայ (Ղուկ. 4։18, 19)։ Եւ այս բարի լուրը արդէն շատերը կը մղէ, որ Աստուած փառաբանեն։

ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԱՐԿԵՇՏ ԸԼԼԱԼ

6. Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ կարգ մը համարներ ինչպէ՞ս որոշ մանրամասնութիւններ կու տան Տասը պատուիրաններուն նկատմամբ։

6 Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ, կարգ մը համարներ որոշ մանրամասնութիւններ կու տան Տասը պատուիրաններուն նկատմամբ։ Օրինակ, ութերորդ պատուիրանը պարզապէս ըսաւ. «Գողութիւն մի՛ ըներ» (Ել. 20։15)։ Իսրայէլացի մը թերեւս խորհէր, որ ինք այդ պատուէրին կը հնազանդի, այնքան ատեն որ չ’առներ բան մը, որ իրեն չի պատկանիր։ Սակայն, գողութիւնը կրնար ուրիշ կերպերով ալ ըլլալ։

7. Վաճառական մը ինչպէ՞ս կրնար ութերորդ պատուիրանը չպահել։

7 Վաճառական մը կրնար մտածել, թէ ինք բնա՛ւ գողութիւն չէ ըրած, քանի որ բնա՛ւ չէ առած բան մը, որ իրեն չի պատկանիր։ Բայց արդեօք մի՞շտ պարկեշտ էր։ Ղեւտացւոց 19։35, 36–ի մէջ, Եհովան ըսաւ. «Անիրաւութիւն մի՛ ընէք. կանգունի մէջ, կշիռքի մէջ ու չափի մէջ ալ։ Ձեր կշիռքները լման, ձեր կշիռքի քարերը լման, ձեր արդուն լման ու հիմէնը լման թող ըլլայ»։ Ուրեմն, այն վաճառականը, որ իր յաճախորդները խաբելու համար ճշգրիտ չեղող կշիռքներ կամ չափեր կը գործածէր, կերպով մը անոնցմէ գողցած կ’ըլլար։ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն ուրիշ համարներ այս մէկը յստակ կը դարձնեն։

Ղեւտացւոց 19։11-13–ին ի տես, քրիստոնեան ի՞նչ ինքնաքննութիւն կրնայ ընել իր գործը դարձնելու կերպին նկատմամբ (տե՛ս պարբ. 8-10) *

8. Ղեւտացւոց 19։11-13–ը ինչպէ՞ս օգնեց հրեաներուն, որ ութերորդ պատուիրանին ետին եղող սկզբունքը գործադրեն, իսկ մենք ի՞նչ կրնանք ընել։

8 Կարդա՛ Ղեւտացւոց 19։11-13։ Ղեւտացւոց 19։11–ը կը սկսի ըսելով. «Գողութիւն մի՛ ընէք»։ Իսկ 13–րդ համարը գողութիւնը կը կապէ վաճառական խարդախութեան հետ, ըսելով. «Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ», կամ մի՛ խաբեր։ Ուստի, եթէ մէկը իր գործին մէջ խարդախութիւն կ’ընէ, գողութիւն ըրած կ’ըլլայ։ Այսպէս, ութերորդ պատուիրանը ըսաւ որ գողնալը սխալ է, բայց Ղեւտացւոց գիրքին տուած մանրամասնութիւնները հրեաներուն օգնեցին որ հասկնան, թէ ինչպէ՛ս կրնան այդ պատուիրանին ետին եղող սկզբունքը գործադրել։ Լաւ կ’ընենք եթէ խոկանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ անպարկեշտութիւնը եւ գողութիւնը։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Երբ Ղեւտացւոց 19։11-13–ը նկատի կ’առնեմ, պէտք կը տեսնե՞մ փոփոխութիւն մտցնելու կեանքիս մէջ, մանաւանդ այն կերպին մէջ, որով գործս կը դարձնեմ’։

9. Ղեւտացւոց 19։13–ի մէջ յիշուած օրէնքը ինչպէ՞ս պաշտպանեց աշխատաւորները։

9 Գործատէր եղող քրիստոնեան պարկեշտութեան շուրջ ուրիշ բան մըն ալ նկատի պէտք է առնէ։ Ղեւտացւոց 19։13–ը կ’ըսէ. «Վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ»։ Իսրայէլի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը արտերու մէջ կ’աշխատէին եւ պէտք էր աշխատաւորներուն վարձքը նոյն օրուան վերջաւորութեան տրուէր։ Եթէ աշխատաւորը իր օրուան վարձքը չստանար, պիտի չկարենար այդ օրը իր ընտանիքը կերակրել։ Եհովան բացատրեց. «Անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է», այսինքն՝ իր կեանքը իր վարձքէն կախեալ է (Բ. Օր. 24։14, 15. Մատ. 20։8

10. Ղեւտացւոց 19։13–էն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։

10 Ներկայիս, բազմաթիւ գործաւորներ ոչ թէ ամէն օր, հապա ամիսը մէկ կամ երկու անգամ կը վճարուին։ Բայց եւ այնպէս, Ղեւտացւոց 19։13–ի մէջ յիշուած սկզբունքը տակաւին կը կիրարկուի։ Կարգ մը գործատէրեր իրենց գործաւորները կը շահագործեն, անոնց վճարելով չնչին գումարներ։ Անոնք գիտեն որ իրենց գործաւորները դրամի շա՛տ պէտք ունին եւ անոր համար պիտի չկարենան գործը ձգել։ Այսպիսի գործատէրեր կարծես թէ ‘վարձքով բանողին վարձքը իրենց քով կը ձգեն’։ Գործատէր եղող քրիստոնեան պիտի ուզէ իր գործաւորներուն հետ արդարութեամբ վարուիլ։ Այժմ տեսնենք թէ ուրիշ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն։

ԸՆԿԵՐԴ ԱՆՁԻԴ ՊԷՍ ՍԻՐԵԼ

11-12. Յիսուս Ղեւտացւոց 19։17, 18–ը մէջբերելով ի՞նչ շեշտեց։

11 Ղեւտացւոց 19։17, 18–էն (կարդա՛) կը տեսնենք, թէ Աստուած կ’ուզէ որ ոչ թէ պարզապէս ուրիշին չվնասենք, հապա հետեւինք այս յստակ պատուէրին. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ Շատ կարեւոր է որ քրիստոնեան ատիկա ընէ, եթէ կ’ուզէ Աստուած հաճեցնել։

12 Նկատէ թէ Յիսուս Ղեւտացւոց 19։18–ին մէջ յիշուած պատուէրին կարեւորութիւնը ինչպէ՛ս շեշտեց։ Օր մը փարիսեցի մը Յիսուսին հարցուց. «Ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց՝ ըսելով թէ առաջին ու մեծ պատուիրանքն է՝ Եհովան սիրել ամբողջ սրտով, ամբողջ անձով եւ ամբողջ մտքով։ Ետքը, ան մէջբերեց Ղեւտացւոց 19։18–ը, ըսելով. «Երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’» (Մատ. 22։35-40)։ Ընկերին հանդէպ սէր ցոյց տալու շատ մը կերպեր կան։ Անոնցմէ ոմանք կրնանք սորվիլ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն։

13. Յովսէփի պատմութիւնը նկատի առնելով ինչպէ՞ս Ղեւտացւոց 19։18–ի խօսքը յստակ կը դառնայ։

13 Ընկերին հանդէպ սէր ցոյց տալու կերպերէն մէկն է՝ գործադրել Ղեւտացւոց 19։18–ի խրատը. «Վրէժ մի՛ առներ եւ. . . ոխ մի՛ պահեր»։ Շատեր տեսած են անհատներ, որոնք ոխ պահած են՝ գործակիցի, դասընկերի, ազգականի կամ ընտանիքի մէկ անդամին դէմ, նոյնիսկ երկա՜ր տարիներ։ Յիշէ թէ Յովսէփին տասը եղբայրները իրեն դէմ ոխ պահեցին, ինչ որ յետագային ձգեց որ իրեն հետ ատելութեամբ վարուին (Ծն. 37։2-8, 25-28)։ Յովսէփ անոնց հետ բոլորովին տարբեր կերպով վարուեցաւ։ Երբ հեղինակութիւն ունէր եւ կրնար իր եղբայրներէն վրէժ առնել, անոնց ողորմեցաւ։ Ան անոնց դէմ բնա՛ւ ոխ չէր պահած։ Յովսէփին ըրածը համաձայն էր այն խրատին, որ յետագային արձանագրուեցաւ Ղեւտացւոց 19։18–ին մէջ (Ծն. 50։19-21

14. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ տակաւին պէտք է հնազանդինք Ղեւտացւոց 19։18–ի սկզբունքներուն։

14 Աստուած հաճեցնել ուզող քրիստոնեաները պէտք է ընդօրինակեն Յովսէփը, որ իր եղբայրներուն ներեց, փոխանակ անոնց դէմ ոխ պահելու կամ անոնցմէ վրէժ առնելու։ Յիսուս ալ նշեց տիպար աղօթքին մէջ, որ ներենք մեզի դէմ մեղանչողներուն (Մատ. 6։9, 12)։ Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ խրատեց. «Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար» (Հռով. 12։19)։ Ան նաեւ քրիստոնեաները քաջալերեց. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք» (Կող. 3։13, ՆԹ)։ Եհովայի սկզբունքները չեն փոխուիր։ Ուստի, տակաւին պէտք է հնազանդինք Ղեւտացւոց 19։18–ի օրէնքին ետին եղող սկզբունքներուն։

Ճիշդ ինչպէս որ լաւագոյն բանն է՝ վէրքին հետ շարունակ չխաղալ, նոյնպէս լաւագոյն բանն է՝ վիրաւորանքներու մասին շարունակ չմտածել։ Պէտք է ջանանք զանոնք մեր ետին ձգել (տե՛ս պարբ. 15) *

15. Ի՞նչ օրինակ կ’օգնէ հասկնալու, թէ ինչո՛ւ պէտք է ներենք ու մոռնանք։

15 Նկատի առ օրինակ մը։ Վիրաւորուած զգացումները կարելի է նմանցնել ֆիզիքական վէրքերու։ Վէրքերէն ոմանք պզտիկ են, իսկ ոմանք ալ լուրջ են։ Օրինակ, խոհանոցին մէջ, երբ բանջարեղէն կը կտրենք, թերեւս մեր մատը վիրաւորենք։ Ճիշդ է որ կը ցաւինք, բայց վէրքը մնայուն վնաս չի տար։ Մէկ կամ երկու օր ետք, թերեւս նոյնիսկ մոռնանք, թէ վէրքին տեղը ո՛ւր էր։ Նմանապէս, կարգ մը վիրաւորանքներ չնչին են։ Օրինակ, բարեկամ մը թերեւս առանց մտածելու ըսէ կամ ընէ բան մը, որ մեզ կը վիրաւորէ, բայց կրնանք դիւրաւ իրեն ներել։ Միւս կողմէ, եթէ խորունկ վէրք ունինք, պէտք կ’ըլլայ որ բժիշկ մը զայն կարէ ու վիրակապով ծածկէ։ Եթէ շարունակ այդ վէրքին հետ խաղանք, մենք մեզի պիտի վնասենք։ Ցաւալի է տեսնել անհատ մը, նման բան մը կ’ընէ, երբ զգացական գետնի վրայ խորապէս կը վիրաւորուի։ Ան անդադար կը մտածէ եղած վիրաւորանքին մասին։ Բայց ոխ պահողը միայն իր անձին կը վնասէ։ Որքա՜ն աւելի լաւ է հնազանդիլ Ղեւտացւոց 19։18–ի խրատին։

16. Ղեւտացւոց 19։33, 34–ի համաձայն, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէին օտարականներուն հետ, եւ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Երբ Եհովան իսրայէլացիներուն պատուիրեց, որ իրենց ընկերը սիրեն, ըսել չուզեց որ միայն իսրայէլացիներու հանդէպ սէր ցոյց տան։ Անոնք պէտք էր իրենց մէջ եղող օտարականներն ալ սիրէին։ Ասիկա յստակ է Ղեւտացւոց 19։33, 34–ին մէջ (կարդա՛)։ Իսրայէլացիները պէտք էր օտարականին հետ վարուէին ինչպէս որ իրենց «երկրին բնիկին» հետ կը վարուէին, եւ պէտք էր ‘զինք սիրէին’ իրենց անձին պէս։ Օրինակ, անոնք պէտք էր թոյլ տային, որ թէ՛ օտարականները եւ թէ աղքատները օգտուէին ճռաքաղութեան կարգադրութենէն (Ղեւ. 19։9, 10)։ Ներկայիս, օտարներ սիրելու սկզբունքը քրիստոնեաներուն ալ կը կիրարկուի (Ղուկ. 10։30-37)։ Ինչպէ՞ս։ Միլիոնաւոր գաղթականներ կան, եւ թերեւս ոմանք քու շրջանիդ մէջ կ’ապրին։ Կարեւոր է որ այս տղամարդոց, կիներուն եւ պզտիկներուն հետ յարգանքով վարուինք։

ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾ ՄԸ, ՈՐ ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 19–ՐԴ ԳԼՈՒԽԸ ՉԷ ՅԻՇԱԾ

17-18. ա) Ղեւտացւոց 19։2–ը եւ Ա. Պետրոս 1։15–ը մեզ կը քաջալերեն որ ի՞նչ ընենք։ բ) Պետրոս առաքեալ մեզ քաջալերեց, որ ի՞նչ կարեւոր գործ ընենք։

17 Թէ՛ Ղեւտացւոց 19։2–ը եւ թէ Ա. Պետրոս 1։15–ը Աստուծոյ ժողովուրդը կը քաջալերեն, որ սուրբ ըլլայ։ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին մէջ, ուրիշ համարներ ալ կրնան մեզի օգնել տեսնելու, թէ ի՛նչ կրնանք ընել որ Եհովայի հաճութիւնը ունենանք։ Քննարկեցինք համարներ, որոնք ցոյց տուին կարգ մը բաներ, որ պէտք է ընենք, եւ կարգ մը բաներ, որ պէտք չէ ընենք *։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կը յայտնեն, թէ Եհովան տակաւին կ’ուզէ որ այդ սկզբունքները մեր կեանքին մէջ գործադրենք։ Բայց Պետրոս առաքեալ բան մը կ’աւելցնէ։

18 Մենք կանոնաւորաբար Եհովան կը պաշտենք եւ ուրիշներուն համար լաւ բաներ կ’ընենք։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեաները յատկապէս քաջալերեց, որ կարեւոր բան մը ընեն։ Ըսելէ առաջ, որ պէտք է մեր բոլոր վարմունքներուն մէջ սուրբ ըլլանք, ան քաջալերեց. «Ձեր մտքերը պատրաստեցէք գործունէութեան համար» (Ա. Պետ. 1։13, ՆԱ15)։ Ի՞նչ է այդ գործունէութիւնը։ Պետրոս ըսաւ, որ օծեալները ‘պիտի հռչակէին անոր առաքինութիւնները, որ զիրենք խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց’ (Ա. Պետ. 2։9)։ Իրականութեան մէջ, բոլոր քրիստոնեաները այսօր պատիւը ունին ընելու այս շատ կարեւոր գործը, որ մարդոց աւելի՛ կ’օգնէ, քան որեւէ ուրիշ գործ որ կ’ընեն։ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին համար մասնայատուկ առանձնաշնորհում մըն է, որ կանոնաւորաբար եւ նախանձախնդրօրէն քարոզեն ու սորվեցնեն (Մար. 13։10)։ Երբ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխին սկզբունքները գործադրենք, կը փաստենք որ կը սիրենք մեր Աստուածը եւ մեր ընկերը, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տանք, թէ կ’ուզենք մեր ամբողջ վարքին մէջ ‘սուրբ ըլլալ’։

ԵՐԳ 75 Մեր ուրախութեան պատճառները

^ պարբ. 5 Քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին տակ չեն, բայց Մովսիսական օրէնքը կը յիշէ բաներ, որ պէտք է ընենք, եւ բաներ, որ պէտք չէ ընենք։ Ատոնց մասին գիտնալը կ’օգնէ մեզի, որ ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տանք եւ Աստուած հաճեցնենք։ Յօդուածը կը քննարկէ կարգ մը դասեր, որ կը քաղենք Ղեւտացւոց 19–րդ գլուխէն։

^ պարբ. 17 Այս եւ նախորդ յօդուածներուն մէջ նկատի չառինք այն համարները, որոնք կը խօսին՝ աչառութեան, զրպարտութեան, արիւն ուտելու, ոգեհարցութեան, բախտագուշակութեան եւ սեռային անբարոյութեան մասին (Ղեւ. 19։15, 16, 26-29, 31. տե՛ս «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը այս թիւին մէջ)։

^ պարբ. 52 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Վկայ մը խուլ եղբօր մը կ’օգնէ, որ բժիշկին հետ խօսակցի։

^ պարբ. 54 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղբայր մը, որ ներկարար է, իր գործաւորին վարձքը կու տայ։

^ պարբ. 56 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը կրնայ պզտիկ վէրք մը դիւրաւ մոռնալ։ Բայց արդեօք նոյնը պիտի ընէ՞ երբ լուրջ վէրք մը ունենայ։