Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարտութիւնը խօսինք

Ճշմարտութիւնը խօսինք

«Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ» (ԶԱՔ. 8։16

ԵՐԳԵՐ. 64, 63

1, 2. Սատանան ի՞նչ գործածելով ամէնէն մեծ վնասը հասցուց մարդկութեան։

ԿԱՐԳ մը գիւտեր, ինչպէս՝ ելեկտրական լամբը, ինքնաշարժը եւ սառնարանը, առօրեայ կեանքը բարելաւած են։ Ուրիշ գիւտեր, ինչպէս՝ ցամաքի ականները, ծխախոտը եւ հիւլէական ռումբը, կեանքը աւելի վտանգաւոր դարձուցած են։ Բայց կայ բան մը, որ բոլոր ասոնցմէ աւելի հին է եւ ամէնէն շատ վնասած է մարդկութեան։ Ատիկա ի՞նչ է։ Ստախօսութի՛ւնը։ Ստախօսութիւն կը նշանակէ՝ ըսել բան մը որ գիտենք թէ ճիշդ չէ, որպէսզի մէկը խաբենք։ Ո՞վ էր առաջին ստախօսը։ Սատանա՛ն։ Յիսուս Քրիստոս զինք կոչեց ‘ստութեան հայրը’ (կարդա՛ Յովհաննէս 8։44)։ Ան ե՞րբ ըսաւ առաջին սուտը։

2 Սատանան առաջին սուտը ըսաւ հազարաւոր տարիներ առաջ, Եդեմի պարտէզին մէջ։ Ադամն ու Եւան կ’ապրէին Դրախտին մէջ, որ Եհովան իրենց համար պատրաստած էր։ Աստուած իրենց ըսած էր, որ եթէ «բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն» ուտէին, պիտի մեռնէին։ Թէեւ Սատանան ասիկա գիտէր, բայց օձի մը միջոցաւ Եւային ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ասիկա ամէնէն առաջին սուտն էր։ Ան նաեւ ըսաւ. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն. 2։15-17. 3։1-5

3. ա) Սատանային սուտը ինչո՞ւ չարամիտ էր։ բ) Այդ սուտին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

3 Սատանային սուտը չարամիտ էր, քանի որ ան շատ լաւ գիտէր որ եթէ Եւան իրեն հաւատալով պտուղը ուտէր, պիտի մեռնէր։ Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Եւան եւ ետքը Ադամ չհնազանդեցան Եհովայի պատուէրին եւ ի վերջոյ մահացան (Ծն. 3։6. 5։5)։ Ասկէ աւելին, Ադամի մեղքին պատճառով «մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը»։ «Մահը. . . թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ» (Հռով. 5։12, 14)։ Այս պատճառով է որ մենք կատարեալ չենք եւ յաւիտեան չենք ապրիր Աստուծոյ նպատակին պէս։ Հապա՝ կ’ապրինք միայն շուրջ ‘եօթանասուն տարի’, եւ եթէ մէկը շատ ոյժ ունի՝ ‘ութսուն տարի’, եւ մեր կեանքը լեցուն է «ցաւ»ով (Սաղ. 90։10)։ Այս բոլորը Սատանայի սուտին արդիւնքն են։

4. ա) Ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պէտք է գիտնանք։ բ) Ըստ Սաղմոս 15։1, 2–ին, միայն ո՞վ կրնայ Եհովային բարեկամը ըլլալ։

4 Յիսուս Սատանային մասին ըսաւ. «Ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ»։ Սատանան չէ փոխուած։ Ան տակաւին իր սուտերով ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’ (Յայտ. 12։9)։ Եւ քանի որ չենք ուզեր որ ան մեզ մոլորեցնէ, պէտք է հետեւեալ երեք հարցումներուն պատասխանները գիտնանք. Սատանան ինչպէ՞ս կը մոլորեցնէ մարդիկը, մարդիկ ինչո՞ւ սուտ կը խօսին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք միշտ ճշմարտութիւնը խօսիլ, որպէսզի Եհովային բարեկամութիւնը չկորսնցնենք Ադամին ու Եւային պէս (կարդա՛ Սաղմոս 15։1, 2

ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՄՈԼՈՐԵՑՆԷ ՄԱՐԴԻԿԸ

5. Ներկայիս, Սատանան ինչպէ՞ս կը մոլորեցնէ մարդիկը։

5 Կրնանք Սատանային կողմէ չխաբուիլ, քանի որ «անոր խորհուրդները գիտենք», ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ (Բ. Կոր. 2։11)։ Գիտենք որ Սատանային ձեռքերուն մէջն է ամբողջ աշխարհը, մէջը ըլլալով՝ սուտ կրօնքը, փտած կառավարութիւնները եւ ագահ վաճառականութիւնը (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ Սատանան ու իր դեւերը կ’ազդեն հեղինակաւոր մարդոց եւ զանոնք կը մղեն որ սուտեր խօսին (Ա. Տիմ. 4։1, 2)։ Օրինակ, կարգ մը վաճառականներ սուտ ծանուցումներ կ’ընեն, որպէսզի վնասակար ապրանքներ ծախեն կամ որպէսզի մարդիկը խաբելով անոնց դրամը շորթեն։

6, 7. ա) Ինչո՞ւ նամանաւանդ սուտ խօսող կրօնական առաջնորդները յանցաւոր են։ բ) Կրօնական առաջնորդներուն ո՞ր սուտերը լսած ես։

6 Նամանաւանդ սուտ խօսող կրօնական առաջնորդները յանցաւոր են, քանի որ եթէ մէկը իրենց սուտերուն հաւատալով Աստուծոյ ատած բաները ընէ, կրնայ յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցնել (Ով. 4։9)։ Յիսուս գիտէր որ իր օրուան կրօնական առաջնորդները մարդիկը կը խաբէին։ Ան անոնց երեսին ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք», այսինքն՝ յաւիտենական կործանումի արժանի (Մատ. 23։15)։ Յիսուս խիստ կերպով դատապարտեց այդ սուտ կրօնքի առաջնորդները։ Անոնք իրապէս ‘իրենց հօրմէն Սատանայէն էին, որ մարդասպան է’ (Յովհ. 8։44

7 Մեր օրերուն ալ կան բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ։ Անոնք թերեւս կը կոչուին՝ վարդապետ, հովիւ, քահանայ, ռաբբի կամ կը կրեն ուրիշ տիտղոս մը։ Փարիսեցիներուն պէս, անոնք Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը չեն սորվեցներ եւ ‘Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխած են’ (Հռով. 1։18, 25)։ Անոնց սուտերէն են՝ դժոխքը, մարդկային հոգիին անմահութիւնը, հոգեփոխութիւնը եւ այն գաղափարը, թէ Աստուած կ’ընդունի միասեռականութիւնը եւ նոյն սեռի պատկանող անհատներուն ամուսնութիւնը։

8. Մօտ ատենէն, քաղաքական առաջնորդները ի՞նչ սուտ պիտի ըսեն, բայց ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

8 Քաղաքագէտներն ալ սուտերու միջոցաւ մարդիկը կը մոլորեցնեն։ Անոնց ամէնէն մեծ սուտերէն մէկը մօտ ատենէն պիտի ըսուի, երբ յայտարարեն թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Բայց «կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի»։ Ուստի չհաւատանք այս քաղաքական առաջնորդներուն, որոնք կ’ըսեն թէ վիճակները կը բարելաւուին։ Ճշմարտութիւնը այն է, ինչպէս աղէկ գիտենք, թէ «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (Ա. Թես. 5։1-4

ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՞Ւ ՍՈՒՏ ԿԸ ԽՕՍԻՆ

9, 10. ա) Մարդիկ ինչո՞ւ սուտ կը խօսին, եւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ բ) Եհովային մասին ի՞նչ պէտք է յիշենք։

9 Ներկայիս, միայն հեղինակաւոր անհատները չեն որ սուտ կը խօսին։ Ե. Պոդդըչարճի հեղինակին գրած «Ինչո՞ւ սուտ կը խօսինք» խորագրով յօդուածը կ’ըսէ, թէ «ստախօսութիւնը խորապէս արմատացած մարդկային բնաւորութիւն մը դարձած է»։ Ուրիշ խօսքով, մարդիկ կը կարծեն որ սուտ խօսիլը բնական է։ Անոնք ընդհանրապէս սուտ կը խօսին, որպէսզի ինքզինքնին պաշտպանեն կամ ինքզինքնին յառաջ տանին։ Անոնք կը ստեն, որպէսզի իրենց սխալները ծածկեն կամ դրամ շահին կամ ուրիշ անձնական օգուտներ քաղեն։ Յօդուածը նաեւ կ’ըսէ թէ կան մարդիկ, որոնք «դիւրութեամբ սուտ կը խօսին, ըլլա՛ն մեծ կամ պզտիկ սուտեր, թէ՛ օտարներուն, թէ գործակիցներուն, թէ բարեկամներուն եւ թէ սիրելիներուն»։

10 Բոլոր այս սուտերուն արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Մարդիկ իրարու չեն վստահիր եւ իրենց փոխյարաբերութիւնները կը վնասուին։ Օրինակ, երեւակայէ թէ հաւատարիմ ամուսինի մը հոգեկանը որքա՛ն կը քանդուի, երբ կը գիտնայ որ իր կինը դաւաճանած է եւ սուտ խօսած է, որպէսզի իր ըրածը ծածկէ։ Կամ, որքա՜ն ահռելի է երբ ամուսին մը տան մէջ գէշ կերպով կը վարուի իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ, բայց մարդոց առջեւ կը ձեւացնէ որ օրինակելի է։ Չմոռնանք որ այսպիսի անհատներ կրնա՛ն մարդիկը խաբել, բայց չե՛ն կրնար Եհովան խաբել, քանի որ «ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ» (Եբ. 4։13

11. Անանիային եւ Սափիրային գէշ օրինակը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի (տե՛ս բացման նկարը)։

11 Սուրբ Գիրքը կը նշէ քրիստոնեայ զոյգ մը, որ Սատանայէն խաբուելով սուտ խօսեցաւ Աստուծոյ։ Անանիան եւ Սափիրան փորձեցին առաքեալները խաբել։ Անոնք ստացուածք մը ծախեցին, բայց դրամին միայն մէկ մասը բերին առաքեալներուն։ Անոնք ուզեցին լաւ երեւիլ ժողովքին մէջ, եւ այս պատճառով առաքեալներուն ըսին որ լման դրամը տուած էին։ Բայց Եհովան գիտէր որ սուտ կը խօսէին եւ զանոնք պատժեց (Գործք 5։1-10

12. Չզղջացող չարամիտ ստախօսները ո՞ւր պիտի երթան, եւ ինչո՞ւ։

12 Եհովային կարծիքը ի՞նչ է ստախօսներուն մասին։ Բոլոր չարամիտ ստախօսները, որոնք չեն զղջար, պիտի երթան ‘կրակի լիճը’ Սատանային պէս (Յայտ. 20։9, 10. 21։8. Սաղ. 5։6)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան այս ստախօսներուն կը նայի ինչպէս որ կը նայի «շուներ»ուն, այսինքն՝ անոնց որոնց գործերը պժգալի են իր աչքին (Յայտ. 22։15

13. Եհովային մասին ի՞նչ գիտենք, եւ ատիկա մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու։

13 Գիտենք որ Եհովան «մարդ չէ, որ սուտ խօսի» եւ թէ «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Թւ. 23։19. Եբ. 6։18)։ Եհովան կ’ատէ «ստախօս լեզու»ն (Առ. 6։16, 17)։ Զինք հաճեցնելու համար պէտք է ճշմարտութիւնը խօսինք։ Այս պատճառով, ‘իրարու սուտ չենք խօսիր’ (Կող. 3։9

‘ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԽՕՍԻՆՔ’

14. ա) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կը տարբերին սուտ կրօնքի անդամներէն։ բ) Բացատրէ Ղուկաս 6։45–ի սկզբունքը։

14 Ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ կերպով մը կը տարբերին սուտ կրօնքի անդամներէն։ Մենք ‘ճշմարտութիւնը կը խօսինք’ (կարդա՛ Զաքարիա 8։16, 17)։ Պօղոս ըսաւ. «Մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս. . . ճշմարտութեան խօսքով» (Բ. Կոր. 6։4, 7)։ Եւ Յիսուս մարդոց նկատմամբ ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Ղուկ. 6։45)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ երբ մէկը ճշմարտութիւնը խօսի իր սրտին մէջ, իր բերնէն ալ ճշմարտութիւն պիտի ելլէ։ Ան ճշմարտութիւնը պիտի խօսի, ըլլա՛յ մեծ կամ պզտիկ բաներու մէջ, թէ՛ օտարներուն, թէ գործակիցներուն, թէ բարեկամներուն եւ թէ սիրելիներուն։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ցուցնել որ կը ջանանք ամէն բանի մէջ պարկեշտ ըլլալ։

Այս պատանի քրոջ կեանքին մէջ խնդիր մը կը տեսնե՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 15, 16)

15. ա) Ինչո՞ւ իմաստութիւն չէ կրկնակի կեանք ապրիլը։ բ) Ի՞նչը կրնայ պատանիներուն օգնել որ տարեկիցներուն ճնշումին դէմ դնեն (տե՛ս ստորանիշը)։

15 Եթէ պատանի ես, թերեւս կ’ուզես որ տարեկիցներդ քեզ ընդունին։ Սակայն բնա՛ւ կրկնակի կեանք մի՛ վարեր, ինչպէս որ կարգ մը պատանիներ կ’ընեն։ Անոնք իրենց ընտանիքին եւ ժողովքին առջեւ կը ձեւացնեն բարոյապէս մաքուր ըլլալ, մինչ լման տարբեր են աշխարհային պատանիներուն առջեւ եւ ընկերային ցանցերու մէջ։ Անոնք թերեւս աղտոտ բաներ կ’ըսեն, անպատշաճ հագուստներ կը հագուին, հասարակ երգեր մտիկ կ’ընեն, չափազանց կը խմեն, թմրեցուցիչ կը գործածեն, գաղտնօրէն կը ժամադրուին, կամ ուրիշ գէշ բաներ կ’ընեն։ Անոնք դերասանութիւն կ’ընեն իրենց ծնողքին, հաւատակիցներուն եւ Աստուծոյ առջեւ (Սաղ. 26։4, 5)։ Սակայն Եհովան գիտէ թէ մենք ե՛րբ ‘միայն շրթունքներով զինք կը պատուենք, բայց մեր սիրտը հեռացած, զատուած է իրմէ’ (Մար. 7։6)։ Որքա՜ն աւելի լաւ է ընենք այս առակին ըսածը. «Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր» (Առ. 23։17) *։

16. Ինչպէ՞ս պէտք է պատասխանենք լիաժամ ծառայութեան դիմումնագիրի հարցումներուն։

16 Եթէ կ’ուզես կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալ կամ յատուկ լիաժամ ծառայութեան սկսիլ, ինչպէս՝ Բեթէլին մէջ, պէտք է դիմումնագիր լեցնես։ Կարեւոր է որ պարկեշտութեամբ պատասխանես բոլոր այն հարցումներուն, որոնք կապ ունին առողջութեանդ, ժամանցիդ եւ բարոյականութեանդ հետ (Եբ. 13։18)։ Սակայն ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ ըրած ես բան մը, որ Եհովան կ’ատէ կամ քեզի խիղճի խայթ կու տայ, եւ ատոր մասին երէցներուն չես խօսած։ Անոնցմէ օգնութիւն խնդրէ, որպէսզի մաքուր խղճով Եհովային ծառայես (Հռով. 9։1. Գաղ. 6։1

17. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ հալածողները մեզի հարցնեն եղբայրներուն մասին։

17 Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ մեր գործը արգիլումի տակ դրուի ապրած տեղդ եւ իշխանութիւնները քեզ հարցաքննեն եղբայրներուն մասին։ Պէ՞տք է ամէն գիտցածդ ըսես։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ երբ հռոմայեցի կառավարիչը զինք հարցաքննեց։ Յիսուս գործադրելով Սուրբ Գիրքին այն սկզբունքը, թէ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ, ատեններ ոչինչ ըսաւ (Ժող. 3։1, 7. Մատ. 27։11-14)։ Այսպիսի պարագայի մը մէջ պէտք է լաւ դատողութիւն ունենանք եւ ուշադիր ըլլանք, որպէսզի եղբայրները վտանգի տակ չդնենք (Առ. 10։19. 11։12

Ինչպէ՞ս պիտի որոշես ե՛րբ լուռ մնալ եւ ե՛րբ լման ճշմարտութիւնը ըսել (տե՛ս պարբերութիւն 17, 18)

18. Ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք, եթէ երէցները եղբայրներուն մասին մեզի հարցումներ հարցնեն։

18 Իսկ ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ հաւատակից մը լուրջ մեղք մը գործած է եւ դուն որոշ գաղափար մը ունիս պատահածին մասին։ Երէցները պատասխանատուութիւն ունին որ ժողովքը բարոյապէս մաքուր պահեն, եւ այս պատճառով թերեւս քեզի հարցնեն, թէ հարցին շուրջ ի՛նչ գիտես։ Ի՞նչ պիտի ըսես, մանաւանդ եթէ մեղանչողը մտերիմ բարեկամդ կամ ազգականդ է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ» (Առ. 12։17. 21։28)։ Ուրեմն, պատասխանատուութիւնը ունիս որ ամբողջ ճշմարտութիւնը ըսես երէցներուն, եւ ոչ թէ՝ կէսկատար իրողութիւններ։ Անոնք իրաւունք ունին բոլոր իրողութիւնները գիտնալու, որպէսզի կարենան որոշել թէ ի՛նչ է լաւագոյն կերպը անհատին օգնելու, որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը շտկէ (Յակ. 5։14, 15

19. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի տեսնենք։

19 Դաւիթ Եհովային աղօթեց. «Դուն ճշմարտութենէ կ’ախորժիս ներքին մարդուն մէջ» (Սաղ. 51։6, ԱԾ)։ Դաւիթ գիտէր որ կարեւոր է որ ներքի՛ն անձը ճշմարտախօս ըլլայ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները մի՛շտ ‘ճշմարտութիւնը կը խօսին’ իրարու հետ։ Ուրիշ կերպ մըն ալ կայ որ ցուցնենք, թէ տարբեր ենք սուտ կրօնքի անդամներէն։ Մենք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնները կը սորվեցնենք։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել ծառայութեան մէջ։

^ պարբ. 15 Տե՛ս Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ գրքոյկին 6–րդ հարցումը՝ «Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնել», եւ Պատանիները կը հարցնեն. գործնական պատասխաններ գիրքը, հատոր Բ., գլուխ 16՝ «Ինչո՞ւ ըսեմ թէ կրկնակի կեանք կ’ապրիմ» (անգլերէն)։