ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 41
Ինչպէ՞ս վարել ուսումնասիրութիւն մը, որ մկրտութեան կ’առաջնորդէ (մաս 1)
«Դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը» (Բ. ԿՈՐ. 3։3)։
ԵՐԳ 94 Աստուծոյ բարի պարգեւներով բաւականանանք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Բ. Կորնթացիս 3։1-3–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ գնահատենք մկրտութեան առաջնորդող ուսումնասիրութիւն վարելու մեր առանձնաշնորհումը (տե՛ս կողքին նկարը)։
Ի՞ՆՉ կը զգաս, երբ տեսնես թէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը, որ ժողովքիդ թաղամասէն է, կը մկրտուի։ Վստահաբար սիրտդ ուրախութեամբ կը լեցուի (Մատ. 28։19)։ Իսկ եթէ դո՛ւն ես նոր աշակերտին հետ սերտողը, որքա՜ն կը հրճուիս անոր մկրտութիւնը տեսնելով (Ա. Թես. 2։19, 20)։ Նոր մկրտուած աշակերտները յանձնարարութեան լաւ նամակներ են, ոչ միայն իրենց հետ սերտողներուն համար, հապա նաեւ ամբողջ ժողովքին համար (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 3։1-3)։
2. ա) Ի՞նչ կարեւոր հարցում պէտք է նկատի առնենք, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը (տե՛ս ստորանիշը)։
2 Ի՜նչ աղուոր է տեսնելը, թէ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին, աշխարհի տարածքին ամէն ամիս միջին հաշուով 10,000,000 Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ * տեղեկագրուած են։ Եւ այդ նոյն տարիներուն ընթացքին, իւրաքանչիւր տարի միջին հաշուով աւելի քան 280,000 անհատներ մկրտուեցան որպէս Եհովայի վկաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի նոր աշակերտներ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ միլիոնաւոր աշակերտներուն օգնել, որպէսզի աւելի անհատներ մկրտուին։ Այնքան ատեն որ Եհովան համբերութեամբ մարդոց ժամանակ եւ առիթ կու տայ, որ Քրիստոսի աշակերտները դառնան, կ’ուզենք մեր ամէն կարելին ընել անոնց օգնելու, որ կարելի եղածին չափ շուտ յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Ժամանակը վերջանալու վրայ է (Ա. Կոր. 7։29ա. Ա. Պետ. 4։7)։
3. Այս յօդուածին մէջ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու նկատմամբ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Որովհետեւ աշակերտելու գործը ներկայիս շատ կարեւոր է, Կառավարիչ մարմինը մասնաճիւղերէն խնդրեց որ տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աւելի աշակերտներու օգնել, որ դէպի մկրտութիւն յառաջդիմեն։ Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ, պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ փորձառու ռահվիրաներէ, միսիոնարներէ եւ շրջանային տեսուչներէ (Առ. 11։14. 15։22) *։ Անոնք ցոյց կու տան, թէ Աստուածաշունչի ուսուցիչները եւ անոնց աշակերտները ի՛նչ կրնան ընել, որպէսզի ուսումնասիրութիւնը աւելի յաջող դառնայ։ Այս յօդուածին մէջ, պիտի տեսնենք հինգ բաներ, որոնք Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է ընէ, որպէսզի հաստատօրէն յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։
ԱՄԷՆ ՇԱԲԱԹ ՍԵՐՏԵԼ
4. Դրան առջեւ ուսումնասիրութիւն վարելու նկատմամբ, ի՞նչ բանի պէտք է գիտակցինք։
4 Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն տանտիրոջ դրան առջեւ։ Թէեւ ասիկա կ’օգնէ Աստուածաշունչին հանդէպ անհատին հետաքրքրութիւնը աւելցնելու, բայց այս քննարկութիւնները սովորաբար կարճ կ’ըլլան, եւ թերեւս նոյնիսկ ամէն շաբաթ չըլլան։ Հետաքրքրութիւնը աւելի մշակելու համար, ոմանք անհատին հեռաձայնի թիւը կը խնդրեն, եւ ապա մինչեւ յաջորդ այցելութիւնը կը հեռաձայնեն կամ մէսըճ կը գրեն, սուրբգրային կարճ միտք մը բաժնելու համար։ Այսպիսի քննարկութիւններ, որոնք ատենը մէյ մը կ’ըլլան, կրնան ամիսներ տեւել առանց արդիւնաբեր ուսումնասիրութիւն դառնալու։ Արդեօք աշակերտը պիտի կարենա՞յ յառաջդիմել դէպի նուիրում եւ մկրտութիւն, եթէ միայն այսքան ջանք ու ժամանակ կը տրամադրէ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու համար։ Հաւանաբար ո՛չ։
5. Ղուկաս 14։27-33–ի համաձայն, Յիսուս ի՞նչ բան շեշտեց, որ կրնայ մեզի օգնել մեր աշակերտելու գործին մէջ։
5 Առիթով մը, Յիսուս օրինակով մը բացատրեց իր աշակերտը ըլլալու ծախքը հաշուելուն կարեւորութիւնը։ Ան խօսեցաւ մարդու մը մասին, որ ուզեց աշտարակ մը շինել, եւ թագաւորի մը մասին, որ ուզեց պատերազմի Ղուկաս 14։27-33)։ Այսպէս, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ այն անհատը, որ կ’ուզէ իր աշակերտը դառնալ, պէտք է ուշադրութեամբ քննէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իրեն հետեւիլ։ Այդ պատճառով, պէտք է մեր Աստուածաշունչի աշակերտները քաջալերենք, որ մեզի հետ ամէն շաբաթ սերտեն։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։
երթալ։ Յիսուս ըսաւ, որ աշտարակը ամբողջացնելու համար, շինարարը պէտք է ‘առաջ նստի ու հաշիւ ընէ ծախքը’, եւ թէ թագաւորը պէտք է ‘առաջ նստի ու խորհի’, թէ իր բանակը ի՛նչ կրնայ ընել (կարդա՛6. Թերեւս ի՞նչ փորձենք ընել, յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ ունենալու համար։
6 Նախ ջանա՛ դրան առջեւ ուսումնասիրութեան ժամանակը աւելցնել։ Ամէն անգամ որ անհատին կ’այցելես, կրնաս յաւելեալ սուրբգրային կէտ մը քննարկել։ Երբ տանտէրը աւելի երկար այցելութեան համար հանգիստ զգայ, իրեն հարցուր եթէ կայ տեղ մը, ուր կրնաք նստիլ եւ քննարկութիւնը շարունակել։ Տանտիրոջ պատասխանէն պիտի գիտնաս, թէ ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ո՛րքան լուրջի առած է։ Ժամանակ մը ետք, աշակերտին յառաջդիմութիւնը արագացնելու համար, կրնաս իրեն հարցնել, եթէ կ’ուզէ շաբաթը երկու անգամ սերտել։ Սակայն, աւելի բաներու ալ պէտք կայ։
ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ
7. Ուսուցիչը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան իւրաքանչիւր հանդիպումի համար լաւ նախապատրաստուիլ։
7 Որպէս ուսուցիչ պէտք է որ իւրաքանչիւր հանդիպումի համար լաւ նախապատրաստուիս։ Սկիզբը կրնաս նիւթը կարդալ եւ համարները բանալ։ Գլխաւոր կէտերը մտքիդ մէջ յստակ թող ըլլան։ Մտածէ դասին վերնագրին, ենթավերնագիրներուն, հարցումներուն, կարդալիք համարներուն եւ պատկերներուն մասին, ինչպէս նաեւ որեւէ վիտէոյի մասին, որ կրնայ օգնել նիւթը բացատրելու։ Ապա աշակերտդ ի մտի ունենալով, առաջուընէ մտածէ, թէ ինչպէ՛ս կրնաս նիւթը պարզօրէն եւ յստակօրէն բացատրել, որպէսզի ան կարենայ զայն դիւրաւ հասկնալ եւ գործադրել (Նէ. 8։8. Առ. 15։28ա)։
8. Կողոսացիս 1։9, 10–էն ի՞նչ կը սորվինք մեր աշակերտներուն մասին աղօթելու նկատմամբ։
8 Նախապատրաստուելու ատեն, Եհովային աղօթէ աշակերտին եւ անոր կարիքներուն մասին։ Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ Աստուածաշունչէն սորվեցնես այնպիսի կերպով մը, որ աշակերտին սրտին հասնի (կարդա՛ Կողոսացիս 1։9, 10)։ Փորձէ առաջուընէ մտածել, թէ աշակերտը ի՛նչ բան կրնայ չհասկնալ կամ չընդունիլ։ Մի՛ մոռնար, թէ նպատակդ է իրեն օգնել, որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։
9. Ուսուցիչը ինչպէ՞ս կրնայ իր աշակերտին օգնել, որ նիւթը պատրաստէ. բացատրէ։
9 Կը յուսանք որ Աստուածաշունչի կանոնաւոր սերտողութեան միջոցաւ, անհատը պիտի գնահատէ Եհովային եւ Յիսուսին ըրածը եւ պիտի ուզէ աւելին սորվիլ (Մատ. 5։3, 6)։ Սերտողութենէն լաւագոյնս օգտուելու համար, աշակերտը պէտք է կեդրոնանայ իր սորվածին վրայ։ Անոր համար, իրեն բացատրէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիւթը առաջուընէ պատրաստէ՝ զայն կարդալով եւ մտածելով, թէ ինչպէ՛ս իրեն կը կիրարկուի։ Անոր ինչպէ՞ս կրնաս օգնել։ Աշակերտին հետ դաս մը պատրաստէ, բացատրելով պատրաստելու կերպը *։ Ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս կրնայ հարցումներուն ուղղակի պատասխանները գտնել, եւ թէ ինչպէ՛ս միայն բանալի բառերը կամ արտայայտութիւնները ընդգծելը կ’օգնէ պատասխանները յիշելու։ Ետքը, իրմէ խնդրէ որ ի՛ր բառերովը պատասխանէ։ Այդպիսով պիտի կարենաս գիտնալ, թէ նիւթը ո՛րքան լաւ հասկցած է։ Բայց ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ կրնաս աշակերտդ քաջալերել որ ընէ։
ԱՄԷՆ ՕՐ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԻԼ
10. Ինչո՞ւ կարեւոր է Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալ, եւ ի՞նչ պէտք է ընել ընթերցանութենէն լաւագոյնս օգտուելու համար։
10 Իր ուսուցիչին հետ ամէն շաբաթ սերտելէն զատ, աշակերտը պիտի օգտուի ամէն օր որոշ բաներ առանձին ընելով։ Պէտք է Եհովային հետ հաղորդակցի։ Ինչպէ՞ս։ Եհովային մտիկ ընելով եւ իրեն խօսելով։ Կրնայ Եհովային մտիկ ընել, Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալով (Յես. 1։8. Սաղ. 1։1-3)։ Ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ գործածել «Աստուածաշունչը կարդալու յայտագիր»ը, որ մատչելի է jw.org կայքին վրայ *։ Անշուշտ, իրեն օգնելու համար որ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն լաւագոյնս օգտուի, քաջալերէ որ խոկայ, թէ Աստուածաշունչը իրեն ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովայի մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ իր սորվածը գործադրել իր կեանքին մէջ (Գործք 17։11. Յակ. 1։25)։
11. Աշակերտ մը ինչպէ՞ս կրնայ սորվիլ պատշաճօրէն աղօթել, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովային յաճախ աղօթէ։
11 Աշակերտդ քաջալերէ որ Եհովային խօսի, իրեն աղօթելով ամէն օր։ Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութենէ առաջ եւ ետք, սրտանց աղօթէ աշակերտիդ հետ եւ իրեն համար։ Մինչ աղօթքներդ մտիկ կ’ընէ, պիտի սորվի ինչպէ՛ս սրտանց աղօթել եւ իր աղօթքը Եհովային ուղղել Յիսուս Քրիստոսի անունով (Մատ. 6։9. Յովհ. 15։16)։ Երեւակայէ թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը (Եհովային մտիկ ընելը) եւ աղօթելը (Եհովային խօսիլը) աշակերտիդ պիտի օգնեն, որ Աստուծոյ ա՛լ աւելի մօտենայ (Յակ. 4։8)։ Այս սովորութիւնները զարգացնելը աշակերտիդ պիտի օգնէ, որ ձեռք ձգէ բան մը, որ կրնայ առաջնորդել նուիրումի եւ մկրտութեան։
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ
12. Ուսուցիչը ինչպէ՞ս կրնայ աշակերտին օգնել, որ Եհովայի հետ փոխյարաբերութիւն զարգացնէ։
12 Ինչ որ աշակերտը կը սորվի ուսումնասիրութեան ընթացքին, պէտք է ոչ միայն հասնի իր մտքին, հապա նաեւ դպչի իր սրտին։ Ինչո՞ւ։ Մեր սիրտը, որ կը պարփակէ մեր փափաքները եւ զգացումները, մեզ գործի կը մղէ։ Յիսուս տրամաբանող էր, ինչ որ ձգեց որ մարդիկ ուզեն իրմէ սորվիլ։ Բայց անոնք իրեն հետեւեցան, նաեւ քանի որ իրենց սրտին հասաւ (Ղուկ. 24։15, 27, 32)։ Աշակերտդ պէտք ունի Եհովան տեսնելու որպէս իրական Անձ, որուն հետ կրնայ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնել, եւ պէտք ունի Եհովան նկատելու որպէս իր Հայրը, իր Աստուածը եւ իր Բարեկամը (Սաղ. 25։4, 5)։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ընթացքին, աշակերտին ուշադրութեան յանձնէ մեր Աստուծոյն գեղեցիկ յատկութիւնները (Ել. 34։5, 6. Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Քննարկած նիւթդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կեդրոնացիր Եհովայի անձնաւորութեան վրայ։ Անհատին օգնէ, որ գնահատէ Եհովայի ուշագրաւ յատկութիւնները, ինչպէս՝ իր սէրը, քաղցրութիւնը եւ կարեկցութիւնը։ Յիսուս ըսաւ, որ «առաջին ու մեծ պատուիրանք»ն է՝ «Քու Տէր Աստուածդ սիրես» (Մատ. 22։37, 38)։ Ջանա՛ աշակերտիդ սրտին մէջ Եհովայի հանդէպ խոր սէր քանդակել։
13. Օրինակով մը ցոյց տուր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աշակերտին օգնել, որ Եհովայի անձնաւորութեան մասին սորվի։
13 Աշակերտիդ հետ խօսակցելու ատեն, Եհովայի հանդէպ ունեցած խոր զգացումներդ արտայայտէ։ Ասիկա կրնայ աշակերտիդ օգնել, որ անդրադառնայ թէ Եհովային հետ անձնական ջերմ փոխյարաբերութիւն պէտք է զարգացնէ (Սաղ. 73։28)։ Օրինակ, արդեօք դասին մէջ կամ համարի մը մէջ կա՞յ արտայայտութիւն մը, որ կ’ըսէ բան մը Եհովայի սիրոյն, իմաստութեան, արդարութեան կամ զօրութեան մասին, որ քու սրտիդ կը դպչի։ Աշակերտիդ ըսէ անոր մասին, եւ իրեն գիտցուր թէ ասիկա շատ մը պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ մեր երկնաւոր Հայրը կը սիրես։ Ուրիշ բան մըն ալ կայ, որ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է ընէ, որպէսզի յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։
ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԻԼ
14. Ըստ Եբրայեցիս 10։24, 25–ի, ժողովները աշակերտին ինչպէ՞ս կրնան օգնել, որ յառաջդիմէ։
14 Բոլորս կ’ուզենք, որ մեր աշակերտները յառաջդիմեն դէպի մկրտութիւն։ Իրենց օգնելու կարեւոր կերպ մըն է՝ քաջալերել որ ժողովներու Սաղ. 111։1)։ Կարգ մը ուսուցիչներ իրենց աշակերտներուն կը բացատրեն, թէ ժողովներուն մէջ պիտի սորվին բաներ, որոնք ուսումնասիրութեան ատեն պիտի չսորվին։ Աշակերտիդ հետ կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25–ը, եւ իրեն բացատրէ թէ ի՛նչ օգուտներ պիտի ստանայ, եթէ ժողովներու գայ։ Իրեն դիտել տուր Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ վիտէոն *։ Աշակերտիդ օգնէ, որ ժողովներու յաճախելը իր կեանքին կարեւոր մէկ մասը դարձնէ։
ներկայ գտնուին։ Փորձառու ուսուցիչներ կ’ըսեն, թէ այն աշակերտները, որոնք անմիջապէս ժողովներու ներկայ կը գտնուին, ամէնէն արագ յառաջդիմողները կ’ըլլան (15. Ինչպէ՞ս կրնանք աշակերտը քաջալերել, որ ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախէ։
15 Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ աշակերտդ դեռ ժողովի ներկայ չէ եղած, կամ ժողովներու կանոնաւորաբար չի յաճախեր։ Խանդավառութեամբ իրեն պատմէ բան մը, որ վերջերս ժողովէ մը սորվեցար։ Ասիկա աւելի ազդու է, քան պարզապէս զինք հրաւիրելը որ գայ։ Իրեն տուր Դիտարան–ը կամ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ը, որ ժողովին մէջ կը սերտուի։ Իրեն ցոյց տուր, թէ յաջորդ ժողովին ի՛նչ պիտի քննարկուի, եւ հարցուր թէ յայտագրին ո՛ր մասը իր հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Առաջին ժողովին մէջ, աշակերտդ պիտի զգայ, թէ ասանկ բան մը ո՛չ տեսած է, ոչ ալ լսած է ուրիշ որեւէ տեսակի կրօնական հանդիպումի մէջ (Ա. Կոր. 14։24, 25)։ Ան պիտի ծանօթանայ ուրիշներու, որոնց լաւ օրինակէն կրնայ սորվիլ, եւ որոնք իրեն պիտի օգնեն, որ յառաջդիմէ դէպի մկրտութիւն։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք վարել ուսումնասիրութիւններ, որոնք մկրտութեան կ’առաջնորդեն, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սորվինք։
16 Ինչպէ՞ս կրնանք վարել ուսումնասիրութիւններ, որոնք մկրտութեան կ’առաջնորդեն։ Կրնանք իւրաքանչիւր աշակերտի օգնել, որ դասը լուրջի առնէ, քաջալերելով որ ամէն շաբաթ սերտէ եւ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան համար նախապատրաստուի։ Նաեւ կ’ուզենք զինք քաջալերել, որ ամէն օր Եհովային հետ հաղորդակցի, եւ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնէ։ Կ’ուզենք աշակերտը մղել, որ ժողովներու ներկայ գտնուի (տե՛ս « Աշակերտը ի՞նչ պէտք է ընէ» շրջանակը)։ Սակայն, ինչպէս յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ, կան յաւելեալ հինգ բաներ, որոնք Աստուածաշունչի ուսուցիչները կրնան ընել, որպէսզի աշակերտները ուղղեն դէպի մկրտութիւն։
ԵՐԳ 153 Արդեօք ինչպէ՞ս կը զգաս
^ պարբ. 5 Մէկու մը բան մը սորվեցնել կը նշանակէ՝ իրեն օգնել, որ նոր կամ տարբեր կերպով մտածէ, զգայ կամ գործէ։ 2020–ի տարուան համարը՝ Մատթէոս 28։19–ը, մեզի յիշեցուց, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ մարդոց հետ Աստուածաշունչը սերտենք եւ իրենց սորվեցնենք ինչպէ՛ս Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած աշակերտները դառնալ։ Այս եւ յաջորդ յօդուածներուն մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք բարելաւուիլ այս կենսական գործին մէջ։
^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Երբ անհատի մը հետ կանոնաւորաբար սուրբգրային նիւթեր կը քննարկես, իրեն օգնելու համար որ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները սորվի, ուրեմն դուն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարես։ Կրնաս ուսումնասիրութիւնը տեղեկագրել, եթէ անհատին բացատրեցիր թէ սերտողութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլայ, անկէ ետք անոր հետ երկու անգամ սերտեցիր եւ համոզուած ես որ սերտողութիւնը պիտի շարունակուի։
^ պարբ. 3 Այս յօդուածները նաեւ կը պարփակեն առաջարկներ՝ «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք» յօդուածաշարքէն, որ լոյս տեսաւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յուլիս 2004 թիւէն սկսեալ մինչեւ մայիս 2005 թիւը։
^ պարբ. 9 Դիտէ՛ Մեր աշակերտներուն սորվեցնել որ դասը պատրաստեն վիտէոն։ JW Library® էփին մէջ, բա՛ց MEDIA > OUR MEETINGS AND MINISTRY > IMPROVING OUR SKILLS։
^ պարբ. 10 Բա՛ց ԳՐԱԴԱՐԱՆ > ԳԻՐՔԵՐ ԵՒ ԳՐՔՈՅԿՆԵՐ։
^ պարբ. 14 JW Library էփին մէջ, բա՛ց MEDIA > OUR MEETINGS AND MINISTRY > TOOLS FOR THE MINISTRY։