Ուսումնասիրութեան յօդուած 42
Երանի՜ Եհովային հանդէպ ուղղամիտ մնացողներուն
«Երանի՜ ճամբով անբիծներուն [«ուղղամիտներուն», ՆԱ], որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն» (ՍԱՂ. 119։1)։
ԵՐԳ 63 Հաւատարիմ պիտի մնանք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. ա) Կարգ մը կառավարութիւններ ինչպէ՞ս Եհովայի ժողովուրդին կը հակառակին, բայց Եհովայի ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հակազդէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ուրախ ըլլալ, նոյնիսկ երբ կը հալածուինք (տե՛ս նաեւ կողքին նկարը)։
ԱՅՍ պահուն, մեր գործը սահմանափակուած կամ արգիլուած է աշխարհի շուրջ աւելի քան 30 երկիրներու մէջ։ Այդ երկիրներէն ոմանց մէջ, իշխանութիւնները նոյնիսկ բանտարկած են մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Անոնց սխալը ի՞նչ է։ Անոնք Եհովայի աչքին սխալ բան մը չեն ըրած։ Անոնց ամէն ըրածը Աստուածաշունչը կարդալն ու սերտելն է, իրենց հաւատալիքները ուրիշներուն հետ բաժնելն է եւ ժողովներու ներկայ գտնուիլն է։ Անոնք նաեւ կը մերժեն քաղաքական հարցերու մէջ դիրք բռնել։ Հակառակ խիստ հալածանքին, Եհովայի ծառաները իրեն հանդէպ ուղղամտութիւն * պահած են, ցոյց տալով որ բան մը չի կրնար իրենց նուիրուածութիւնը խախտել։ Եւ ասոր համար իրենք ուրախ են։
2 Հաւանաբար, տեսած ես այս քաջ Վկաներէն ոմանց նկարները եւ նկատած ես, որ կը ժպտան։ Անոնք ուրախ են գիտնալով որ Եհովան իրենց կը հաճի, քանի որ իրենց ուղղամտութիւնը պահած են (Ա. Մն. 29։17ա)։ Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար. . . Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է» (Մատ. 5։10-12)։
ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ
3. Գործք 4։19, 20–ի համաձայն, առաքեալները ի՞նչ ըրին երբ հալածուեցան, եւ ինչո՞ւ այդպէս ըրին։
3 Մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը հալածուին, ինչպէս որ առաջին դարուն առաքեալները հալածուեցան Յիսուսին մասին քարոզելնուն համար։ Հրէական բարձրագոյն ատեանին դատաւորները կրկին անգամ անոնց ‘պատուիրեցին որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին’ (Գործք 4։18. 5։27, 28, 40)։ Առաքեալները ի՞նչ ըրին (կարդա՛ Գործք 4։19, 20)։ Անոնք գիտէին որ աւելի բարձր իշխանութիւն մը իրենց պատուիրած էր, որ ժողովուրդին քարոզեն եւ վկայութիւն տան Քրիստոսին մասին (Գործք 10։42)։ Եւ այդպէս, անոնց ներկայացուցիչները՝ Պետրոս եւ Յովհաննէս, քաջաբար յայտարարեցին որ աւելի Աստուծո՛յ պիտի հնազանդին, քան թէ՝ այդ դատաւորներուն, եւ բացէ ի բաց ըսին որ պիտի շարունակեն Յիսուսի մասին խօսիլ։ Կարծես թէ այդ դատաւորներուն կը հարցնէին. ‘Ամէն խելքովնիդ կը կարծէք, թէ ձեր պատուէրները աւելի՞ ծանր կշիռ ունին, քան Աստուծոյ պատուէրները’։
4. Ինչպէ՞ս Գործք 5։27-29–ին մէջ տեսանք, առաքեալները բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ օրինակ ձգեցին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զիրենք ընդօրինակել։
4 Առաքեալները աղուոր օրինակ մը ձգեցին, որուն բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները հետեւած են, որ է՝ «առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (կարդա՛ Գործք 5։27-29)։ Ուղղամիտ մնալնուն համար ծեծուելէն ետք, առաքեալները հրէական բարձրագոյն ատեանէն դուրս ելան, «ուրախանալով որ [Յիսուսին] անուանը համար արժանի եղան անարգուելու», եւ շարունակեցին քարոզել (Գործք 5։40-42)։
5. Ի՞նչ հարցումի պէտք է պատասխանենք։
5 Առաքեալներուն հետ պատահածէն կարեւոր հարցում մը կը ծագի. առաքեալները ինչպէ՞ս կրնային առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ քան թէ մարդոց, եւ միեւնոյն ատեն ‘վերին իշխանութիւններուն հնազանդիլ’ (Հռով. 13։1, ՆԱ)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ‘իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդիլ’, ինչպէս Պօղոս առաքեալ ըսաւ, եւ տակաւին ուղղամիտ մնալ Աստուծոյ հանդէպ՝ որպէս մեր բարձրագոյն Կառավարիչը (Տիտ. 3։1)։
«ՎԵՐԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»
6. ա) Որո՞նք են Հռովմայեցիս 13։1–ին մէջ յիշուած «վերին իշխանութիւններ»ը, եւ անոնց առջեւ ի՞նչ պարտաւորութիւն ունինք։ բ) Ի՞նչ կրնանք ըսել բոլոր մարդկային կառավարիչներուն նկատմամբ։
6 Կարդա՛ Հռովմայեցիս 13։1։ Այս համարին մէջ, «իր վրայ եղած իշխանութիւններ», կամ՝ «վերին իշխանութիւններ» (ՆԱ), արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ մարդկային իշխաններուն, որոնք ուրիշներուն վրայ հեղինակութիւն ունին։ Քրիստոնեաները պէտք է հնազանդին այդ մարդկային կառավարիչներուն։ Այդ կառավարիչները կարգուկանոնը կը պահեն, օրէնքները կը պարտադրեն եւ ատեններ նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդը կը պաշտպանեն (Յայտ. 12։16)։ Անոր համար, մենք պէտք է տանք տուրքերը, հարկերը, վախը եւ պատիւը, որոնք անոնք կը պահանջեն (Հռով. 13։7)։ Սակայն, այդ կառավարութիւնները իշխանութիւն ունին, միայն քանի որ Եհովան իրենց թոյլ տուած է։ Յիսուս այդ սկզբունքը յստակ դարձուց, երբ հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսը զինք կը հարցաքննէր։ Երբ Պիղատոս ըսաւ, որ իշխանութիւնը ունի Յիսուսին կեանքը ազատելու կամ զինք մահուան դատապարտելու, Յիսուս անոր ըսաւ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար» (Յովհ. 19։11)։ Ինչպէս Պիղատոսին պարագան էր, այսօր ալ բոլոր մարդկային կառավարիչներուն եւ քաղաքագէտներուն իշխանութիւնը սահմանափակ է։
7. Ի՞նչ պարագաներու պէտք չէ մարդկային իշխանութիւններուն հնազանդինք, եւ ի՞նչ պէտք է յիշենք։
7 Քրիստոնեաները մարդկային կառավարութիւններուն կը հնազանդին, երբ պետական օրէնքները չեն հակասեր Աստուծոյ օրէնքներուն։ Բայց մենք չենք կրնար հնազանդիլ, երբ անոնք կը պահանջեն այն ինչ որ Աստուած կ’արգիլէ կամ կ’արգիլեն այն ինչ որ Աստուած կը պահանջէ։ Օրինակ, անոնք թերեւս պահանջեն, որ երիտասարդները զինուորութիւն ընեն *։ Կամ թերեւս արգիլեն Աստուածաշունչի մեր թարգմանութիւնը եւ մեր աստուածաշնչական հրատարակութիւնները, ինչպէս նաեւ արգիլեն որ քարոզենք եւ միասին ժողվուինք՝ Եհովան պաշտելու համար։ Երբ կառավարիչները իրենց իշխանութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն՝ Քրիստոսի աշակերտները հալածելով, անոնք Աստուծոյ հաշիւ պիտի տան։ Եհովան կը դիտէ (Ժող. 5։8)։
8. Եհովայի եւ «վերին իշխանութիւններ»ուն միջեւ եղած տարբերութիւնը ի՞նչ է։
8 «Վերին» բառը կը նշանակէ դիրքով աւելի բարձր, բայց չի նշանակեր՝ դիրքով ամէնէն բարձրը։ Թէեւ մարդկային կառավարութիւններուն մասին կը խօսուի որպէս «վերին իշխանութիւններ», կայ մէկը որ ամբողջ իշխանութիւնը ունի եւ ան բարձրագոյնն է։ Աստուածաշունչին մէջ, չորս անգամ Եհովա Աստուծոյ կը տրուի «Բարձրեալ» տիտղոսը, որ ունի «բարձրագոյն» բառին իմաստը (Դան. 7։18, 22, 25, 27)։
«ԲԱՐՁՐԵԱԼԸ»
9. Դանիէլ մարգարէն տեսիլքներուն մէջ ի՞նչ տեսաւ։
9 Դանիէլ մարգարէն տեսաւ տեսիլքներ, որոնք յստակօրէն ցոյց տուին թէ Եհովան բոլոր իշխանութիւններէն աւելի բարձր իշխանութիւն ունի։ Դանիէլ նախ տեսաւ չորս հսկայ գազաններ, որոնք կը ներկայացնեն անցեալի եւ ներկայի աշխարհակալ ուժեր. Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան եւ Հռոմ, ինչպէս նաեւ ներկայիս իշխող աշխարհակալ ուժը՝ Անկլօ–Ամերիկան (Դան. 7։1-3, 17)։ Ետքը, Դանիէլ տեսաւ Եհովան՝ երկնային ատեանին մէջ գահի մը վրայ նստած (Դան. 7։9, 10)։ Այն ինչ որ այդ հաւատարիմ մարգարէն տեսաւ ատկէ ետք, զգուշացում մըն է ներկայ կառավարիչներուն։
10. Դանիէլ 7։13, 14, 27–ի համաձայն, Եհովան որո՞նց կու տայ ամբողջ երկրին իշխանութիւնը, եւ ասիկա Եհովային նկատմամբ ի՞նչ կը փաստէ։
10 Կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14, 27։ Աստուած ամբողջ իշխանութիւնը մարդկային կառավարութիւններէն կ’առնէ եւ կու տայ անոնց, որոնք աւելի արժանի են եւ աւելի զօրաւոր են։ Որո՞նց։ «Որդի մարդոյ նման մէկ»ու մը՝ Յիսուս Քրիստոսին, եւ «Բարձրեալին սուրբերուն»՝ 144,000–ին, որոնք «յաւիտեանս յաւիտենից» պիտի իշխեն (Դան. 7։18)։ Յստակ է, որ Եհովան «Բարձրեալ»ն է, քանի որ միայն ինք իշխանութիւնը ունի այդպիսի բան մը ընելու։
11. Դանիէլ ուրիշ ի՞նչ գրեց, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովան ազգերուն վրայ բարձրագոյն իշխանութիւնը ունի։
11 Այն ինչ որ Դանիէլ տեսաւ իր տեսիլքին մէջ, համաձայն է այն խօսքին, որ նախապէս ըսած էր. ‘Թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը երկնքի Աստուածն է’։ Ան նաեւ գրեց. «Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ» (Դան. 2։19-21. 4։17)։ Լաւ, եղա՞ծ է որ Եհովան կառավարիչներ վերցնէ կամ դնէ։ Անշո՛ւշտ։
12. Օրինակով մը ցոյց տուր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին թագաւորներ գահէն վար առաւ (տե՛ս նկարը)։
12 Եհովան յստակ կերպով ցոյց տուած է, որ «վերին իշխանութիւններ»էն աւելի բարձր է։ Նկատի առ երեք օրինակներ։ Եգիպտոսի փարաւոնը Եհովայի ժողովուրդը ստրկացուց եւ կրկին անգամ մերժեց զիրենք ազատ արձակել։ Բայց Եհովան զանոնք ազատեց եւ փարաւոնը Կարմիր ծովուն մէջ խեղդեց (Ել. 14։26-28. Սաղ. 136։15)։ Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորը տօնակատարութեան մը ատեն, ‘երկնքի Տէրոջը դէմ ինքզինք բարձրացուց’ եւ ‘արծաթէ ու ոսկիէ շինուած աստուածները գովեց’՝ փոխանակ Եհովան փառաբանելու (Դան. 5։22, 23)։ Բայց Աստուած այդ հպարտ մարդը խոնարհեցուց։ «Նոյն գիշերը», Բաղտասար մեռցուեցաւ եւ իր թագաւորութիւնը տրուեցաւ մարերուն ու պարսիկներուն ձեռքը (Դան. 5։28, 30)։ Պաղեստինի Հերովդէս Ագրիպպաս Ա. թագաւորը Յակոբոս առաքեալը մեռցնել տուաւ, իսկ ետքը՝ նոյն նպատակով Պետրոսը բանտարկեց։ Բայց Եհովան չձգեց որ ան իր ծրագիրը իրականացնէ։ «Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ» եւ ան մեռաւ (Գործք 12։1-5, 21-23)։
13. Օրինակ մը տուր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս յաղթեց կառավարիչներու մեծ խումբերու։
13 Եհովան նաեւ իր բարձրագոյն իշխանութիւնը ցոյց տուաւ կառավարիչներու ամբողջ միութեան մը վրայ։ Ան իսրայէլացիներուն համար պատերազմեցաւ, անոնց օգնելով որ 31 քանանացի թագաւորներ ոչնչացնեն եւ Աւետեաց երկրէն մեծ տարածքներ գրաւեն (Յես. 11։4-6, 20. 12։1, 7, 24)։ Եհովան նաեւ իսրայէլացիներուն օգնեց, որ մեծ յաղթանակ տանին ասորի Բենադադ թագաւորին եւ 32 ուրիշ ասորի կառավարիչներու վրայ, որոնք Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան (Գ. Թագ. 20։1, 26-29)։
14-15. ա) Նաբուգոդոնոսոր եւ Դարեհ թագաւորները Եհովայի գերիշխանութեան մասին ի՞նչ ըսին։ բ) Սաղմոս գրողը ի՞նչ ըսաւ Եհովայի եւ իր ժողովուրդին մասին։
14 Կրկին անգամ, Եհովան ցոյց տուած է որ Բարձրեալն է։ Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ինքզինքը գովեց ‘իր զօրութեան ու կարողութեան [եւ] մեծութեան փառքին համար’,– փոխանակ խոնարհաբար ընդունելու որ փառքը միայն Եհովայի՛ն պէտք է տրուի,– Աստուած զինք խենթութեամբ զարկաւ։ Խելքը իրեն վերադառնալէն ետք, Նաբուգոդոնոսոր ‘Բարձրեալը գովեց’ եւ ընդունեց, որ «[Եհովայի] իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է»։ Ան աւելցուց, որ «անոր ձեռքին դէմ դնող. . . չկայ» (Դան. 4։30, 33-35)։ Իսկ երբ Դանիէլի ուղղամտութիւնը Աստուծոյ հանդէպ փորձուեցաւ եւ Եհովան զինք առիւծներու գուբէն ազատեց, Դարեհ թագաւոր պատուիրեց որ մարդիկ «Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չ’աւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ» (Դան. 6։7-10, 19-22, 26, 27)։
15 Սաղմոս գրողը նշեց. «Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները, փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները»։ Ան աւելցուց. «Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց» (Սաղ. 33։10, 12)։ Ի՜նչ լաւ պատճառներ ունինք Եհովային հանդէպ ուղղամիտ մնալու։
ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
16. ‘Մեծ նեղութեան’ նկատմամբ, ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, եւ ինչո՞ւ (տե՛ս նկարը)։
16 Մինչեւ հիմա տեսանք, թէ Եհովան անցեալին ինչե՜ր ըրած է։ Ուրեմն, մօտ ապագային ի՞նչի կը սպասենք։ Կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի ազատէ գալիք ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին (Մատ. 24։21. Դան. 12։1)։ Ան ասիկա պիտի ընէ, երբ աշխարհի կառավարութիւններու միութիւն մը, որ Աստուածաշունչը կը կոչէ Մագոգի Գոգը, կատաղի կերպով յարձակի աշխարհի շուրջ գտնուող Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ։ Նոյնիսկ եթէ այդ միութեան մէջ կան Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր 193 անդամները, Բարձրեալին քով անոնք բան մը չե՛ն։ Եհովան կը խոստանայ. «Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը» (Եզեկ. 38։14-16, 23. Սաղ. 46։10)։
17. Երկրի թագաւորներուն համար եւ Եհովայի հանդէպ ուղղամտութիւնը պահողներուն համար, Աստուածաշունչը ի՞նչ ապագայ նախատեսած է։
17 Գոգի յարձակումը պատճառ պիտի ըլլայ, որ Եհովան «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը ոչնչացնէ Արմագեդոն պատերազմին ատեն (Յայտ. 16։14, 16. 19։19-21)։ Եւ «ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան» (Առ. 2։21)։
ՊԷՏՔ Է ՄԵՐ ՈՒՂՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀԵՆՔ
18. Շատ մը ճշմարիտ քրիստոնեաներ պատրաստ են ի՞նչ ընելու, եւ ինչո՞ւ (Դանիէլ 3։28)։
18 Դարերու ընթացքին եւ մինչեւ օրս շատ մը քրիստոնեաներ իրենց ազատութիւնը եւ նոյնիսկ կեանքը վտանգի տակ դրած են Եհովայի սիրոյն՝ որպէս իրենց Գերիշխանը։ Անոնք վճռած են հաւատարիմ մնալ Եհովային, ինչպէս ըրին երեք եբրայեցիները, որոնք Բարձրեալին հաւատարիմ մնացին եւ ան զիրենք կրակի հնոցէն ազատեց (կարդա՛ Դանիէլ 3։28)։
19. Եհովան ինչի՞ հիման վրայ պիտի դատէ իր ժողովուրդը, եւ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք հիմա։
19 Սաղմոսերգու Դաւիթ գրեց Աստուծոյ հանդէպ ուղղամիտ մնալուն կարեւորութեան մասին. «Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով» (Սաղ. 7։8)։ Ան նաեւ գրեց. «Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն, վասն զի քեզի սպասեցի» (Սաղ. 25։21)։ Ապրելու լաւագո՛յն կերպն է՝ Եհովային հաւատարիմ մնալ,– ի՛նչ որ ալ պատահի մեզի։ Այն ատեն պիտի զգանք այն ինչ որ Սաղմոս գրողը ըսաւ. «Երանի՜ ճամբով անբիծներուն [«ուղղամիտներուն», ՆԱ], որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն» (Սաղ. 119։1)։
ԵՐԳ 32 Հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք
^ Աստուածաշունչը քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ, որ հնազանդին վերին իշխանութիւններուն, այսինքն՝ այս աշխարհի կառավարութիւններուն։ Բայց կարգ մը կառավարութիւններ Եհովային եւ իր ծառաներուն կը հակառակին։ Ինչպէ՞ս կրնանք մարդկային կառավարութիւններուն հնազանդիլ եւ միեւնոյն ատեն Եհովային հանդէպ ուղղամիտ մնալ։
^ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Եհովայի հանդէպ ուղղամտութիւն պահելը կը նշանակէ՝ միշտ հաւատարիմ մնալ իրեն եւ իր գերիշխանութեան, նոյնիսկ երբ դժուար է։ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ «ուղղամտութիւն» բառը ընդհանրապէս թարգմանուած է որպէս՝ «ուղղութիւն», «կատարելութիւն» եւ «անմեղութիւն»։
^ Տե՛ս այս թիւին մէջ «Անցեալին իսրայէլացիները պատերազմներու մասնակցեցան. մե՛նք ինչո՞ւ ոչ» յօդուածը։