Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան կը սիրէ ‘համբերութիւնով պտուղ տուողները’

Եհովան կը սիրէ ‘համբերութիւնով պտուղ տուողները’

«Աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ. . . համբերութիւնով պտուղ կու տան» (ՂՈՒԿ. 8։15

ԵՐԳԵՐ. 98, 101

1, 2. ա) Ինչո՞ւ կը քաջալերուինք այն անհատներուն օրինակով, որոնք կը շարունակեն քարոզել չընդառաջող թաղամասերու մէջ (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Յիսուս ի՞նչ ըսաւ իր տեղական թաղամասին մէջ քարոզելուն մասին (տե՛ս ստորանիշը)։

ՍԵՐԺՈՆ ԵՒ ՕԼԻՆՏԱՆ 80–ական տարիքին մէջ եղող ռահվիրայ զոյգ մըն են, որոնք Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրին։ Վերջերս, անոնք ոտքի ցաւի պատճառաւ չեն կրնար դիւրութեամբ քալել։ Բայց առտուան ժամը եօթին քալելով կ’երթան խճողուած հրապարակ մը, ճիշդ ինչպէս որ տարիներէ ի վեր կ’ընեն։ Անոնք կը կենան պասի կանգառի մը քով եւ մեր հրատարակութիւնները կ’առաջարկեն գացող–եկողներուն։ Մարդոց մեծամասնութիւնը կ’անտեսէ զիրենք, բայց անոնք իրենց տեղը կը մնան եւ կը ժպտան նայողներուն։ Կէսօրին, անոնք կամաց–կամաց տուն կը վերադառնան։ Յաջորդ առտու՝ ժամը եօթին, անոնք դարձեալ կ’երթան հրապարակ։ Այս հաւատարիմ զոյգը Թագաւորութեան բարի լուրը հոն կը քարոզէ շաբաթը վեց օր, ամբողջ տարուան ընթացքին։

2 Բազմաթիւ քոյրեր ու եղբայրներ կան, որոնք Սերժոյին եւ Օլինտային պէս տարիներէ ի վեր կը ծառայեն իրենց տեղական թաղամասին մէջ, հակառակ որ մարդոց մեծամասնութիւնը մտիկ չ’ըներ։ Եթէ քու պարագադ ալ նոյնն է, քեզ սրտանց կը գովենք համբերութեանդ համար *։ Քու օրինակդ կը քաջալերէ շատերը, նոյնիսկ շատ փորձառութիւն ունեցողները։ Նկատի առ թէ կարգ մը շրջանային տեսուչներ ի՛նչ ըսած են. «Երբ այսպիսի հաւատարիմ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ կը ծառայեմ, անոնց օրինակը սիրտ կու տայ ինծի»։ «Անոնց հաւատարմութիւնը զիս կը քաջալերէ որ տոկամ եւ քաջ ըլլամ ծառայութեանս մէջ»։ «Անոնց օրինակը շատ կ’ուրախացնէ զիս»։

3. Ի՞նչ երեք հարցումներ նկատի պիտի առնենք, եւ ինչո՞ւ։

3 Այս յօդուածին մէջ պիտի պատասխանենք երեք հարցումներու. ատեններ ինչո՞ւ կը յուսահատինք, ի՞նչ կը նշանակէ պտուղ տալ եւ ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ շարունակենք համբերութիւնով պտուղ տալ։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզ պիտի քաջալերեն որ ամբողջացնենք քարոզչութեան գործը, որ Յիսուս մեզի տուաւ որ ընենք։

ԹԵՐԵՒՍ ԻՆՉՈ՞Ւ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻՆՔ

4. ա) Հրեաներուն գէշ հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս Պօղոսին ազդեց։ բ) Պօղոս ինչո՞ւ այդպէս զգաց։

4 Երբեք յուսահատ զգացա՞ծ ես, քանի որ թաղամասիդ մարդիկը չեն ուզեր Թագաւորութեան բարի լուրը լսել։ Եթէ ա՛յո, ուրեմն պիտի հասկնաս Պօղոս առաքեալին զգացումները։ Ան 30 տարուան չափ ծառայեց եւ բազմաթիւ անհատներու օգնեց, որ քրիստոնեայ դառնան (Գործք 14։20. Բ. Կոր. 3։2, 3)։ Բայց ան չկրցաւ շատ հրեաներ քրիստոնեայ դարձնել։ Ընդհակառակը, անոնց մեծամասնութիւնը չուզեց իրեն մտիկ ընել, եւ ոմանք նոյնիսկ հալածեցին զինք (Գործք 14։18. 17։1, 4, 5, 13)։ Այս գէշ հակազդեցութիւնը ինչպէ՞ս Պօղոսին ազդեց։ Ան խոստովանեցաւ. «Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով. . . որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է» (Հռով. 9։1-3)։ Ան ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ Քանի որ իրապէս կը սիրէր քարոզչութիւնը եւ մարդիկը։ Ան շատ հետաքրքրուած էր հրեաներով եւ նեղուեցաւ երբ Աստուծոյ ողորմութիւնը մերժեցին։

5. ա) Ի՞նչը մեզ կը մղէ որ քարոզենք։ բ) Ինչո՞ւ բնական է որ ատեններ յուսահատինք։

5 Մարդոց կը քարոզենք, քանի որ սրտանց հետաքրքրուած ենք անոնցմով, ճիշդ Պօղոսին պէս (Մատ. 22։39. Ա. Կոր. 11։1)։ Մեր փորձառութենէն գիտենք որ անոնք, որոնք կ’որոշեն Եհովային ծառայել, որքա՜ն օրհնութիւններ պիտի վայելեն։ Երբ թաղամասին մարդոց մասին մտածենք, մենք մեզի կ’ըսենք՝ ‘Երանի կրնամ իրենց օգնել որ տեսնեն թէ ի՜նչ բաներ իրենց վրայէն կ’երթան’։ Այս պատճառով, կը շարունակենք զիրենք քաջալերել, որ ճշմարտութիւնը գիտնան Եհովային մասին եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին։ Կարծես թէ աղուոր նուէր մը կը բերենք իրենց եւ կ’ըսենք. ‘Հաճեցէք ընդունիլ այս նուէրը’։ Իսկ երբ չընդունին զայն, բնական է որ նեղուինք եւ ‘սրտի ցաւ’ զգանք։ Ասիկա ըսել չէ որ հաւատքի պակաս ունինք, հապա ըսել է որ մարդիկը կը սիրենք։ Այս պատճառով, կը շարունակենք քարոզել, հակառակ որ ատեններ կը յուսահատինք։ Մեզմէ շատեր կը համաձայնին Էլէնա անունով քրոջ հետ, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ռահվիրայ է, երբ կ’ըսէ. «Քարոզչութիւնը ինծի համար դժուար է, բայց ամէնէն շատ սիրած գործս է»։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՊՏՈՒՂ ՏԱԼ

6. Ո՞ր հարցումը նկատի պիտի առնենք։

6 Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ կրնա՛նք պտղաբեր ծառայութիւն ունենալ, չնայած թէ ուր կը ծառայենք։ Այս կարեւոր հարցումին պատասխանելու համար, նկատի առնենք Յիսուսի առակներէն երկուքը, որոնց մէջ կը խօսի ‘պտուղ տալու’ մասին (Մատ. 13։23)։ Առաջինը որթատունկի մը մասին է։

7. ա) Որո՞նք են «մշակը», «որթը» եւ «ճիւղերը»։ բ) Ո՞ր հարցումին պատասխանը պէտք է առնենք։

7 Կարդա՛ Յովհաննէս 15։1-5, 8։ Այս առակին մէջ, Յիսուս բացատրեց թէ Եհովան «մշակ»ն է, ի՛նք «որթ»ն է եւ իր աշակերտները «ճիւղեր»ն են *։ Ետքը, Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։ Ի՞նչ է այդ պտուղը։ Առակին մէջ, Յիսուս չըսաւ թէ պտուղը ճիշդ ի՛նչ է, բայց մանրամասնութիւն մը տուաւ, որ մեզի կ’օգնէ պատասխանը գիտնալու։

8. ա) Այս առակին մէջ ինչո՞ւ կարելի չէ որ պտուղ բերելը նշանակէ՝ նոր աշակերտներ ընել։ բ) Եհովան ինչպիսի՞ բաներ կը խնդրէ մեզմէ։

8 Յիսուս իր Հօր մասին ըսաւ. «Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա»։ Ուրիշ խօսքով, կրնանք Եհովային ծառան ըլլալ միայն եթէ պտուղ բերենք (Մատ. 13։23. 21։43)։ Ուրեմն այս առակին մէջ, պտուղ բերելը չի կրնար նշանակել՝ նոր աշակերտներ ընել (Մատ. 28։19)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ այդպէս ըլլար, այն հաւատարիմ Վկաները, որոնք չեն յաջողիր նոր աշակերտ ընել, պիտի նմանէին պտուղ չունեցող ճիւղերուն։ Բայց ասիկա չի կրնար ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք կրնար մարդիկը ստիպել, որ Քրիստոսին աշակերտը ըլլան։ Եհովան սիրալիր է. մեզմէ բնա՛ւ չի խնդրեր բան մը, որ մեր ձեռքը չէ։ Ան մեզմէ կը խնդրէ բաներ, որ կրնա՛նք ընել (Բ. Օր. 30։11-14

9. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք պտուղ բերել։ բ) Հիմա ո՞ր առակը նկատի պիտի առնենք։

9 Ուրեմն ի՞նչ կը նշանակէ պտուղ տալ։ Ատիկա պէտք է ըլլայ բան մը, որ բոլո՛րս կրնանք ընել։ Եհովան ի՞նչ գործ տուած է իր բոլոր ծառաներուն։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել (Մատ. 24։14) *։ Ասիկա յստակ կը դառնայ սերմնացանին առակին մէջ։ Նկատի առնենք այս երկրորդ առակը։

10. ա) Առակին մէջի սերմը եւ հողը ի՞նչ են։ բ) Ցորենի հասկ մը ի՞նչ պտուղ կու տայ։

10 Կարդա՛ Ղուկաս 8։5-8, 11-15։ Սերմնացանին առակին մէջ, սերմը «Աստուծոյ խօսքն է», կամ Թագաւորութեան պատգամը։ Հողը կը ներկայացնէ անհատին այլաբանական սիրտը։ Աղէկ հողի մէջ ինկող սերմը արմատ կապեց, բուսաւ եւ դարձաւ, օրինակի համար, ցորենի հասկ մը։ Ետքը, «հարիւրապատիկ պտուղ» տուաւ։ Ցորենի հասկ մը ի՞նչ տեսակի պտուղ կու տայ։ Ցորենի պզտիկ հասկե՞ր։ Ո՛չ. ատիկա նոր սերմեր կու տայ, որոնք ի վերջոյ հասկեր կը դառնան։ Այս առակին մէջ, մէկ սերմը տուաւ հարիւր սերմեր։ Ասիկա ինչպէ՞ս կը կիրարկուի մեր ծառայութեան։

Ինչպէ՞ս կրնանք ‘համբերութիւնով պտուղ տալ’ (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. ա) Սերմնացանին առակը ինչպէ՞ս կը կիրարկուի մեր ծառայութեան։ բ) Ինչպէ՞ս Թագաւորութեան նոր սերմեր մէջտեղ կը բերենք։

11 Օրինակով մը յստակացնենք։ Երբ մեր ծնողքը կամ ուրիշ Վկաներ առաջին անգամ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցուցին մեզի, կարծես թէ սերմ մը ցանեցին աղէկ հողի մէջ։ Անոնք շատ ուրախացան, որ ընդունեցինք պատգամը։ Այդ սերմը արմատ կապեց եւ աճելով դարձաւ ցորենի հասկ մը, որ պատրաստ էր պտուղ տալու։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ ցորենի հասկին պտուղը չ’ըլլար նոր հասկեր, հապա՝ նոր սերմեր, մեր պտուղն ալ չ’ըլլար նոր աշակերտներ, հապա՝ Թագաւորութեան նոր սերմեր *։ Ինչպէ՞ս Թագաւորութեան նոր սերմեր մէջտեղ կը բերենք։ Ամէն անգամ որ ուրիշներուն կը խօսինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, կարծես թէ մեր սրտին մէջ ցանուած սերմը կը շատցնենք եւ կը ցրուենք (Ղուկ. 6։45. 8։1)։ Այս առակը մեզի կը սորվեցնէ, որ այնքան ատեն որ կը շարունակենք Թագաւորութեան պատգամը քարոզել, ‘համբերութիւնով պտուղ կու տանք’։

12. ա) Ի՞նչ կը սորվինք որթատունկին եւ սերմնացանին առակներէն։ բ) Այդ դասը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի։

12 Ի՞նչ կը սորվինք որթատունկին եւ սերմնացանին առակներէն։ Կը սորվինք որ մեր ‘պտուղ տալը’ կախեալ չէ թաղամասի մարդոց ընդառաջումէն։ Ատիկա կախեալ է մեր հաւատարմութենէն։ Պօղոս նոյն կէտը նշեց երբ ըսաւ. «Ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը» (Ա. Կոր. 3։8)։ Վարձատրութիւնը մեր աշխատութեան համեմատ կ’ըլլայ եւ ոչ թէ մեր գործին արդիւնքներուն համեմատ։ Մաթիլտա անունով 20 տարիէ ի վեր ռահվիրայ եղող քոյր մը կ’ըսէ. «Կ’ուրախանամ գիտնալով որ Եհովան մեր ջանքե՛րը կը վարձատրէ»։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ՄԻՆՉ ՊՏՈՒՂ ԿՈՒ ՏԱՆՔ

13, 14. Ըստ Հռովմայեցիս 10։1, 2–ին, ի՞նչ պատճառներով Պօղոս շարունակեց քարոզել։

13 Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘համբերութիւնով պտուղ տանք’։ Պատասխանը գիտնալու համար, աւելի մանրամասնօրէն նկատի առնենք Պօղոսին օրինակը։ Գիտենք որ ան յուսահատեցաւ, քանի որ հրեաները Թագաւորութեան պատգամը մերժեցին։ Բայց իր ձեռքերը չլուաց անոնցմէ։ Ան բացատրեց թէ այդ հրեաներուն հանդէպ ինչ կը զգար, ըսելով. «Սրտանց կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ» (Հռով. 10։1, 2, ՆԹ)։ Պօղոս ինչո՞ւ շարունակեց քարոզել։

14 Առաջին, Պօղոս ըսաւ որ իր սրտագին մաղթանքը զինք կը մղէր որ հրեաներուն քարոզէ։ Ան սրտանց կը փափաքէր որ անոնք փրկուին (Հռով. 11։13, 14)։ Երկրորդ, Պօղոս ‘աղօթեց’ որ Աստուած իւրաքանչիւր հրեայի օգնէ, որ Թագաւորութեան պատգամը ընդունի։ Երրորդ, Պօղոս այդ հրեաներուն համար ըսաւ, որ «Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են»։ Ան դրական աչքով նայեցաւ մարդոց, եւ հաւանականութիւնը տեսաւ որ օր մը Եհովային ծառայեն։ Ան գիտէր որ այդ նախանձախնդիր հրեաները կրնան օր մը Քրիստոսի նախանձախնդիր աշակերտներ դառնալ, ճիշդ իրեն պէս։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին նմանիլ. օրինակներ տուր։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսին նմանիլ։ Առաջին, պէտք է իրապէս ուզենք գտնել այն անհատները, որոնք յաւիտենական կեանքի հանդէպ ճիշդ տրամադրուած են։ Երկրորդ, Եհովային կ’աղօթենք որ անկեղծ անհատներուն սիրտը բանայ (Գործք 13։48. 16։14)։ Սիլվանա անունով գրեթէ 30 տարիէ ի վեր ռահվիրայ եղող քոյր մը կ’ըսէ. «Առաջ որ թաղամասիս մէջ դուռ մը զարնեմ, Եհովային կ’աղօթեմ որ ինծի օգնէ դրական ըլլալու»։ Նաեւ Եհովային կ’աղօթենք որ հրեշտակները մեզ ուղղեն այն անհատներուն, որոնք պատրաստ են մտիկ ընելու (Մատ. 10։11-13. Յայտ. 14։6)։ Ռապըրթ անունով եղբայր մը, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Հետաքրքրական է աշխատիլ հրեշտակներուն հետ, որոնք գիտեն թէ տանտէրերը ի՛նչ վիճակի մէջ են»։ Երրորդ, կը ջանանք դրական աչքով նայիլ մարդոց եւ հաւանականութիւնը տեսնել, որ օր մը Եհովային ծառայեն։ Քարլ անունով երէց մը, որ աւելի քան 50 տարի առաջ մկրտուած է, կ’ըսէ. «Անհատին վրայ կը փնտռեմ որեւէ պզտիկ նշան, որ կը ցուցնէ թէ անկեղծ է, ինչպէս՝ ժպիտ մը, ազնիւ նայուածք մը կամ լուրջ հարցում մը»։ Եթէ այս բաները ընենք, կրնանք Պօղոսին պէս ‘համբերութիւնով պտուղ տալ’։

«ՁԵՌՔԴ ՊԱՐԱՊ ՄԻ՛ ԹՈՂՈՒՐ»

16, 17. ա) Ի՞նչ կը սորվինք Ժողովող 11։6–էն։ բ) Մեր քարոզչութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեզի նայողներուն։

16 Նոյնիսկ եթէ թուի որ Թագաւորութեան պատգամը մարդոց սրտին չի հասնիր, բնա՛ւ պէտք չէ թեթեւի առնենք քարոզչութեան ազդեցութիւնը (կարդա՛ Ժողովող 11։6)։ Շատեր մեզի մտիկ չեն ըներ, բայց անոնց աչքը մեր վրայ կ’ըլլայ։ Անոնք նկատի կ’առնեն մեր կոկիկութիւնը, քաղաքավարութիւնը եւ անուշ ժպիտը։ Անոնք կրնան տպաւորուիլ, եւ թերեւս ժամանակի ընթացքին ոմանք փոխեն իրենց ժխտական կեցուածքը մեզի հանդէպ։ Նախապէս նշուած Սերժոն եւ Օլինտան այս փորձառութիւնը ունեցան։

17 Սերժոն կը պատմէ. «Ատեն մը չկրցանք հրապարակ երթալ, քանի որ հիւանդ էինք։ Երբ վերադարձանք, գացող–եկողները հարցուցին. ‘Ո՞ւր էք, կարօտցանք ձեզ’»։ Օլինտան ժպտելով կ’աւելցնէ. «Պաս քշողները մեզի ձեռք ըրին, եւ ոմանք իրենց նստած տեղէն պոռացին. ‘Պրաւօ՛’։ Անոնք նոյնիսկ պարբերաթերթեր ուզեցին մեզմէ»։ Այս զոյգը շատ զարմացաւ, երբ մարդ մը կեցաւ իրենց վկայելու սայլակին առջեւ, փունջ մը ծաղիկ տուաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ըրած գործին համար։

18. Ինչո՞ւ վճռած ես ‘համբերութիւնով պտուղ տալ’։

18 Այնքան ատեն որ ‘մեր ձեռքը պարապ չենք թողուր’ եւ կը շարունակենք Թագաւորութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն, կարեւոր դեր կը խաղանք «բոլոր ազգերուն վկայութիւն» տալուն մէջ (Մատ. 24։14)։ Ամէնէն կարեւորը, խորապէս կ’ուրախանանք գիտնալով որ Եհովան կ’ուրախացնենք, քանի որ կը սիրէ բոլոր անոնք որոնք «համբերութիւնով պտուղ կու տան»։

^ պարբ. 2 Նոյնիսկ Յիսուս գիտէր որ դժուար է իր տեղական թաղամասին մէջ քարոզելը։ Այս կէտը նշուած է ամէն մէկ Աւետարանին մէջ (Մատ. 13։57. Մար. 6։4. Ղուկ. 4։24. Յովհ. 4։44

^ պարբ. 7 Թէեւ այս առակին մէջ ճիւղերը կը ներկայացնեն այն քրիստոնեաները, որոնք երկինք պիտի երթան, բայց Աստուծոյ բոլո՛ր ծառաները կ’օգտուին առակին դասերէն։

^ պարբ. 9 Ճիշդ է որ «պտուղ բերել» արտայայտութիւնը նաեւ կը նշանակէ «Հոգիին պտուղը» մշակել, բայց այս եւ յաջորդ յօդուածին մէջ կը կեդրոնանանք «մեր շրթունքներուն պտուղը» տալուն վրայ, այսինքն՝ Թագաւորութեան մասին քարոզելը (Գաղ. 5։22, 23. Եբ. 13։15

^ պարբ. 11 Ուրիշ առիթներով, Յիսուս ցանելու եւ հնձելու օրինակները գործածեց բացատրելու համար աշակերտելու գործը (Մատ. 9։37. Յովհ. 4։35-38