ԴԻՏԱՐԱՆ (ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԿԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ) Մայիս 2019

Այս թիւը կը բովանդակէ 2019–ի յուլիս 1–օգոստոս 4 նկատի առնուելիք ուսումնասիրութեան յօդուածները։

Սէր եւ արդարադատութիւն քրիստոնէական ժողովքին մէջ

Ի՞նչ է Քրիստոսի օրէնքը, եւ ինչպէ՞ս արդարադատութիւն յառաջ կը մղէ։

Սէր եւ արդարադատութիւն՝ երբ չարագործութիւն դիմագրաւենք

Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել չարաշահութենէ, իսկ երէցները ի՞նչ կրնան ընել ժողովքը պաշտպանելու համար։

Չարաշահութեան զոհ գացողները մխիթարել

Աստուծոյ Խօսքը, երէցները եւ հասուն քոյրերը ինչպէ՞ս կրնան մխիթարել չարաշահութեան զոհ գացողները։

‘Այս աշխարհի իմաստութեամբ’ մի՛ մոլորիր

Ինչո՞ւ միայն Եհովային կրնանք վստահիլ առաջնորդութեան համար։ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ, որ մեր անձին հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք։

Սերտելու կերպդ բարելաւէ

Ինչպէ՞ս կրնանք որոշել թէ ի՛նչ բաներ նախ պիտի սերտենք եւ ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութենէն լիովին օգտուիլ։