Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ուրիշներէն շա՜տ բան սորված եմ»

«Ուրիշներէն շա՜տ բան սորված եմ»

ՄՈՒՍ–ՄՈՒԹ գիշեր մըն էր Ալճերիոյ լեռներուն մէջ, ուր բանակած էր ֆրանսական գունդը, որուն մէջ կը ծառայէի։ Եւ Ալճերիոյ մէջ կռիւները շատ վայրագ դարձած էին։ Ձեռքս գնդացիր բռնած՝ աւազով լեցուն պարկերու ետեւը, առանձին պահակութիւն կ’ընէի։ Յանկարծ լռութիւնը ընդհատուեցա՛ւ։ Լսեցի ինծի մօտեցող ոտնաձայներ։ Քարացա՛յ։ Դեռ նոր 20 տարեկան եղած էի եւ չէի ուզեր ո՛չ մեռնիլ, ոչ ալ մէկը մեռցնել։ Կանչեցի. «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ»։

Այդ վախնալիք դէպքը կեանքս փոխեց, քանի որ այդ ատեն էր, որ սկսայ Ստեղծիչը փնտռել։ Բայց այդ գիշերուան մասին պատմելէ առաջ, ձեզի պատմեմ պզտիկութեանս փորձառութիւնները, որոնք մտածելակերպիս ազդեցին եւ սիրտս պատրաստեցին, որ Աստուած փնտռեմ։

ԴԱՍԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՀՕՐՄԷՍ ՍՈՐՎԵՑԱՅ ՊԶՏԻԿ ՏԱՐԻՔԻՍ

Ծնայ 1937–ին Կենանի մէջ, որ ունէր քանի մը հանքեր եւ կը գտնուէր Ֆրանսայի հիւսիսը։ Հանքագործ հօրմէս սորվեցայ ի՛նչ ըսել է ծանր աշխատիլ։ Նաեւ ազդուեցայ իր արդարասիրութեան ոգիէն, որ զինք մղեց օգնելու հանքագործներու, որոնք ստիպուած էին վատ պայմաններու մէջ աշխատիլ։ Անոնց վիճակը բարելաւելու նպատակով, հայրս միացաւ ընկերութիւններու, որոնք հանքագործներու իրաւունքները կը պաշտպանէին։ Ան նաեւ կը նեղանար, տեսնելով քահանաներու կեղծաւորութիւնը։ Անոնցմէ շատեր որոշ չափով ճոխ կեանք կը վարէին։ Բայց ատով հանդերձ, ուտելիք եւ դրամ կ’ուզէին հանքագործներէն, որոնք դժուարութեամբ իրենց ապրուստը կը ճարէին։ Հայրս այնքա՛ն գանած էր քահանաներուն ըրածներէն, որ ինծի կրօնքին մասին բան մը չսորվեցուց։ Իրականութեան մէջ, Աստուծոյ մասին բնա՛ւ չէինք խօսեր։

Երբ մեծցայ, ես ալ սկսայ անարդարութիւնը ատել։ Բան մը որ անարդար կը նկատէի այն էր, որ շուրջիս մարդիկը չէին սիրեր օտարները։ Ես կը սիրէի գաղթականներուն զաւակներուն հետ ֆութպոլ խաղալ։ Եւ ասկէ զատ, մայրս ֆրանսացի չէր, հապա՝ լեհացի։ Շա՛տ կ’ուզէի որ տարբեր ցեղերէ մարդիկ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրէին եւ իրարու հաւասար նկատուէին։

ՍԿՍԱՅ ԱՒԵԼԻ ԼՐՋՕՐԷՆ ՄՏԱԾԵԼ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Երբ զինուոր էի

1957–ին զինուորութեան գացի։ Այդ պատճառով, Ալճերիոյ լեռներուն մէջ գտնուեցայ այդ մուս–մութ գիշերով։ «Աստուա՜ծ իմ» կանչելէ ետք, առջեւս ելաւ ո՛չ թէ թշնամի զինեալ մը, հապա վայրի էշ մը։ Երկա՜ր շունչ առի։ Բայց այդ դէպքն ու պատերազմը պատճառ եղան, որ աւելի լրջօրէն մտածեմ կեանքի իմաստին մասին։ Ինչո՞ւ աշխարհ եկած ենք։ Աստուած մեզմով հետաքրքրուա՞ծ է։ Օրին մէկը, մնայուն խաղաղութիւն պիտի ունենա՞նք։

Ետքը, երբ արտօնութիւն առած էի որ ծնողքիս այցելեմ, Եհովայի վկայի մը ծանօթացայ։ Ինծի տուաւ Աստուածաշունչ մը, որ սկսայ կարդալ, Ալճերիա վերադառնալէս ետք։ Ուշադրութիւնս գրաւեց անոր մէկ համարը, Յայտնութիւն 21։3, 4–ը, որ կ’ըսէ. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ . . .Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ Ասանկ բան մը բնա՛ւ չէի լսած։ Ես ինծի հարցուցի. ‘Ասիկա կրնա՞յ իրականանալ’։ Այդ ատեն գրեթէ բան մը չէի գիտեր Աստուծոյ եւ Աստուածաշունչին մասին։

1959–ին, երբ զինուորական ծառայութիւնս վերջացաւ, Ֆրանսուա անունով Վկայի մը հանդիպեցայ, որ ինծի սորվեցուց աստուածաշնչական շատ մը ճշմարտութիւններ։ Օրինակ, ան Սուրբ Գիրքէն ցոյց տուաւ, որ Աստուծոյ անունը Եհովա է (Սաղ. 83։18)։ Ֆրանսուան նաեւ բացատրեց, թէ Եհովան երկրի վրայ արդարութիւն պիտի բերէ, երկիրը դրախտի պիտի վերածէ, եւ Յայտնութիւն 21։3, 4–ի խօսքերը պիտի կատարէ։

Այդ ուսուցումները շա՜տ տրամաբանական էին եւ սրտիս դպան։ Բայց նաեւ բարկացայ քահանաներուն դէմ եւ ուզեցի զանոնք խայտառակել, քանի որ կը սորվեցնէին բաներ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ չէին գրուած։ Այնպէս կ’երեւի որ տակաւին ազդուած էի հօրս կարծիքներէն, եւ անհամբեր էի։ Կ’ուզէի շուտո՛վ բան մը ընել։

Ֆրանսուան եւ միւս նոր Վկայ ընկերներս ինծի օգնեցին, որ բարկութիւնս զսպեմ։ Անոնք բացատրեցին որ մեր քրիստոնէական գործը ոչ թէ մարդիկը դատելն է, հապա Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրին միջոցաւ յոյս տալն է։ Յիսուս նոյն գործը ըրաւ եւ իր հետեւորդներուն ալ ըսաւ որ ընեն (Մատ. 24։14. Ղուկ 4։44)։ Նաեւ սորվեցայ մարդոց հետ ազնուութեամբ եւ փափկանկատութեամբ խօսիլ, ի՛նչ որ ալ ըլլային անոնց հաւատալիքները։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող» (Բ. Տիմ. 2։24

Պէտք եղած փոփոխութիւնները ըրի եւ 1959–ին՝ շրջանային համաժողովի մը ատեն մկրտուեցայ։ Հոն ծանօթացայ Անժէլ անունով քրոջ մը, որ շատ հաւնեցայ։ Սկսայ անոր յաճախած ժողովներուն երթալ, եւ ամուսնացանք 1960–ին։ Ան իրապէս հիանալի կին է, հրաշալի կողակից եւ թանկարժէք նուէր մը Եհովայէն (Առ. 19։14

Մեր հարսանիքին օրը

ՇԱՏ ԲԱՆ ՍՈՐՎԵՑԱՅ ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԵՒ ՓՈՐՁԱՌՈՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԷ

Տարիներու ընթացքին, շատ մը կարեւոր դասեր սորված եմ իմաստուն եւ փորձառու եղբայրներէ։ Ամէնէն կարեւոր դասերէն մէկը ասիկա է. որեւէ դժուար նշանակումի մէջ յաջողելու համար, պէտք է խոնարհ ըլլանք, եւ Առակաց 15։22–ի իմաստուն խօսքը գործադրենք, որ կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին»։

1965–ին, շրջանային գործին մէջ, Ֆրանսա

1964–ին տեսայ այդ ներշնչեալ խօսքերուն որքա՜ն ճիշդ ըլլալը։ Այդ տարի, շրջանային տեսուչ եղայ, եւ սկսայ ժողովքներուն այցելել, եղբայրները քաջալերելու եւ հոգեւորապէս կերտելու համար։ Բայց այդ ատեն միայն 27 տարեկան էի, եւ փորձառութիւն չունէի։ Անոր համար սխալներ ըրի։ Բայց փորձեցի անոնցմէ սորվիլ։ Ամէնէն կարեւորը, շատ մը արժէքաւոր դասեր սորվեցայ ատակ եւ փորձառու «խորհրդատուներ»է։

Միտքս կու գայ դէպք մը, որ պատահեցաւ երբ դեռ շրջանային գործին մէջ նոր էի։ Փարիզի մէջ ժողովքի մը այցելելէ ետք, հոգեւորապէս հասուն եղբայր մը ինծի ըսաւ, որ կ’ուզէ հետս առանձին խօսակցութիւն մը ունենալ։ Իրեն ըսի. «Անշուշտ»։

Ան հարցուց. «Լուի՛, երբ բժիշկ մը մէկու մը տունը կ’այցելէ, որո՞ւն քով կ’երթայ»։

«Հիւանդին քով», պատասխանեցի։

Ան ըսաւ. «Ճիշդ է։ Բայց նկատեցի, որ ժամանակիդ մեծ մասը կ’անցընես անոնց հետ, որոնք հոգեւորապէս լաւ են, ինչպէս՝ ժողովքի տեսուչը։ Մեր ժողովքին մէջ կան շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք ընկճուած են, նորեկ են կամ ամչկոտ են։ Անոնք սրտանց պիտի գնահատեն, եթէ իրենց հետ ժամանակ անցընես, նոյնիսկ իրենց տունը ճաշի երթաս»։

Այդ թանկագին եղբօր խրատը թէ՛ տեղին էր եւ թէ շատ արժէքաւոր։ Եհովայի ոչխարներուն հանդէպ անոր սէրը սրտիս դպաւ։ Ուստի, հպարտութեան տեղի չտուի եւ սկսայ շուտով անոր ըսածը գործադրել։ Եհովայէն շնորհակալ եմ, որ անոր պէս եղբայրներ ունինք։

1969–ին եւ 1973–ին, Փարիզի մօտ գտնուող Քոլոմպ քաղաքին մէջ, երկու միջազգային համաժողովներ տեղի ունեցան։ Ես նշանակուեցայ «Ուտելիքի սպասարկութեան բաժանմունք»ը վերահսկելու։ 1973–ի համաժողովին, հինգ օր՝ շուրջ 60,000 մարդիկ պէտք էր կերակրել։ Իրար անցայ։ Բայց անգամ մը եւս յաջողութեան գաղտնիքն էր՝ Առակաց 15։22–ը. իմաստուններէն խրատ ուզել։ Օգնութիւն խնդրեցի փորձառու եղբայրներէ, օրինակ՝ մսավաճառներէ, պարտիզպաններէ, խոհարարներէ եւ ապրանք ապահովողներէ։ Միասին կրցանք ընել գործ մը, որ լեռի պէս կ’երեւէր։

1973–ին, ես ու կինս հրաւիրուեցանք Ֆրանսայի Բեթէլին մէջ ծառայելու։ Բեթէլին մէջ առաջին նշանակումս նորէն շատ դժուար էր։ Պէտք էր կերպեր գտնէի հրատարակութիւններ հասցնելու մեր եղբայրներուն Գամերունի մէջ։ Հոն մեր գործը արգիլուած էր 1970–էն 1993։ Նորէն տակնուվրայ եղայ։ Թերեւս ատիկա նկատելով, Ֆրանսայի մէջ գործը վերահսկող եղբայրը զիս քաջալերեց ըսելով. «Գամերունի մէջ գտնուող մեր եղբայրները հոգեւոր սնունդին շա՜տ պէտք ունին։ Զիրենք կերակրե՛նք»։ Եւ այդպէս ալ ըրինք։

1973–ին, Գամերունէն եկող Վկաներու հետ յատուկ ժողովի մը մէջ, Նիկերիա

Քանի մը ճամբորդութիւններ ըրի դէպի Գամերունի շուրջ եղող երկիրները, որպէսզի Գամերունէն երէցներու հետ տեսնուիմ։ Այդ քաջ եւ իմաստուն եղբայրները ինծի օգնեցին, որ պէտք եղած կարգադրութիւնները ընեմ, որպէսզի հոգեւոր սնունդը կանոնաւորաբար մտնէ Գամերուն։ Եհովան մեր ջանքերը օրհնեց։ Եւ շուրջ 20 տարի, այդ երկրին մէջ իր ժողովուրդը միշտ ստացաւ Դիտարան–ին եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին իւրաքանչիւր թիւը։

1977–ին, ես եւ Անժէլը ուրախ ենք Նիկերիա այցելելով՝ Գամերունէն եկող շրջանային տեսուչներուն եւ անոնց կիներուն հետ

ՇԱՏ ԲԱՆ ՍՈՐՎԵՑԱՅ ԱՆԳԻՆ ԿՆՈՋՄԷՍ

Իրարու ծանօթանալու շրջանին սկիզբէն իսկ, նկատեցի որ Անժէլը Եհովայի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Երբ ամուսնացանք, ասիկա ա՛լ աւելի տեսայ։ Օրինակ, մեր հարսանիքին իրիկունը, ան ինձմէ խնդրեց, որ աղօթքով յայտնեմ մեր փափաքը, որ կ’ուզենք Եհովային լիովին ծառայել որպէս զոյգ։ Եհովան այդ աղօթքին պատասխանեց։

Անժէլը ինծի նաեւ օգնեց, որ Եհովային աւելի վստահիմ։ Օրինակ, երբ 1973–ին հրաւիրուեցանք Բեթէլի մէջ ծառայելու, երկմտեցայ՝ քանի որ շրջանային գործը կը սիրէի։ Բայց Անժէլը ինծի յիշեցուց, որ մեր կեանքը Եհովային նուիրած ենք։ Ուրեմն պէտք չէ՞ ընենք ամէն ինչ որ իր կազմակերպութիւնը մեզմէ կը խնդրէ (Եբ. 13։17)։ Ատոր ի՞նչ կրնայի ըսել։ Այդպիսով Բեթէլ գացինք։ Մեր կեանքին ընթացքին, կնոջս խորատեսութիւնը, ողջմտութիւնը եւ հոգեւոր հայեցակէտը մեր ամուսնութիւնը զօրացուցած են եւ մեզի օգնած են, որ լաւ որոշումներ առնենք։

Անժէլին հետ Բեթէլի պարտէզին մէջ, Ֆրանսա

Մեր յառաջացած տարիքին, Անժէլ կը շարունակէ հոյակապ եւ աջակցող կին ըլլալ։ Օրինակ, որպէսզի կարենանք աստուածպետական դպրոցներու մասնակցիլ, որոնցմէ շատեր տեղի կ’ունենան անգլերէնով, ես ու Անժէլ սկսանք ջանք ընել, որպէսզի այդ լեզուին մէջ բարելաւուինք։ Անոր համար, փոխադրուեցանք անգլերէն խօսող ժողովք մը, եւ այն ատեն 70–ական տարիքի մէջ էինք։ Ֆրանսայի Մասնաճիւղի յանձնախումբին մէկ անդամը ըլլալով, շատ պատասխանատուութիւններ ունիմ։ Անոր համար, դժուար է ժամանակ գտնել, որ տարբեր լեզու մը սորվիմ։ Բայց ես ու Անժէլը իրարու օգնեցինք։ Հիմա որ 80–ական տարիքի մէջ ենք, կը շարունակենք ժողովներու համար նախապատրաստուիլ թէ՛ ֆրանսերէնով եւ թէ անգլերէնով։ Նաեւ կը ջանանք մեր ժողովքին հետ ժողովներու եւ ծառայութեան մասնակցիլ որքան որ կրնանք։ Եհովան օրհնած է անգլերէն սորվելու մեր ջանքերը։

2017–ին աննման օրհնութիւն մը ունեցանք։ Ես եւ Անժէլ առանձնաշնորհումը ունեցանք յաճախելու «Դպրոց՝ Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամներուն եւ անոնց կիներուն համար», որ տեղի ունեցաւ «Դիտարանի կրթական կեդրոն»ին մէջ, Փէթըրսըն, Նիւ Եորք։

Եհովան իրապէս Մեծ Ուսուցիչն է (Եսա. 30։20, ՆԱ)։ Անոր համար, զարմանալի չէ որ իր ծառաները,– ըլլա՛ն տարեց թէ երիտասարդ,– կարելի եղած լաւագոյն կրթութիւնը կ’առնեն (Բ. Օր. 4։5-8)։ Իրա՛ւ, նկատած եմ որ այն երիտասարդները, որոնք թէ՛ Եհովային եւ թէ փորձառու եղբայրներուն ու քոյրերուն ականջ կու տան, հոգեւոր գետնի վրայ աղուոր կը յառաջդիմեն եւ հաւատարիմ ծառաներ կը դառնան։ Ինչպէս որ Առակաց 9։9–ն կ’ըսէ. «Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ։ Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ»։

Ատեն–ատեն կը մտածեմ այն մուս–մութ ու վախնալիք գիշերուան մասին, որ ունեցայ Ալճերիոյ լեռներուն մէջ շուրջ 60 տարի առաջ։ Այն ատեն չէի գիտեր, թէ ի՛նչ լաւ բաներ կը սպասէին ինծի։ Ուրիշներէն շա՜տ բան սորված եմ։ Եհովան իսկապէս մեզ օրհնած է գեղեցիկ եւ գոհացուցիչ կեանքով մը։ Վճռած ենք բնա՛ւ չդադրիլ սորվելէ մեր երկնաւոր Հօրմէն եւ իմաստուն ու փորձառու եղբայրներէն ու քոյրերէն, որոնք զինք կը սիրեն։