Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած սէրէ մղուած կը կրթէ

Աստուած սէրէ մղուած կը կրթէ

«Տէրը իր սիրածը կը խրատէ» (ԵԲ. 12։6

ԵՐԳԵՐ. 125, 117

1. Սուրբ Գիրքը շատ անգամ ինչպէ՞ս կը նկարագրէ կրթելը։

ԵՐԲ «կրթել» բառը լսես, ի՞նչ բանի մասին կը մտածես։ Շատեր կը մտածեն որ ատիկա ըսել է՝ մէկու մը սորվեցնել։ Բայց կրթելը միայն սորվեցնել չէ։ Ատիկա նաեւ ըսել է՝ սրբագրել, խրատ տալ եւ պատժել։ Այս պատճառով, ատեններ Աստուած պատժելով կը կրթէ մեզ։ Բայց ան բնա՛ւ անգթութեամբ կամ վնաս հասցնելով չի պատժեր։ Ընդհակառակը, իր պատիժը կը փաստէ, որ մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ յաւիտեան ապրինք (Եբ. 12։6)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ կրթութիւնը օգուտներ ունի, եւ որոշ համարներու մէջ կը տեսնենք, որ ատիկա կապ ունի գիտութեան, իմաստութեան, սիրոյ եւ կեանքին հետ (Առ. 1։2-7. 4։11-13)։ Իրականութեան մէջ, «կրթել»ուն ամէնէն կարեւոր նպատակն է՝ մարզել, ճիշդ ինչպէս որ ծնողք մը կը մարզէ իր սիրելի զաւակը։

2, 3. Կրթութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ թէ՛ սորվեցնել եւ թէ պատժել (տե՛ս բացման նկարը)։

2 Նկատի առ այս օրինակը. Ճոնի անունով տղայ մը գնդակով կը խաղայ տունին մէջ։ Իր մայրը կ’ըսէ. «Ճո՛նի, քանի անգամ ըսեր եմ որ գնդակով պէտք չէ խաղաս տունին մէջ։ Բան մը պիտի կոտրես հիմա»։ Բայց ան մտիկ չ’ըներ ու կը շարունակէ գնդակով խաղալ, եւ սխալմամբ ծաղկամանը կը կոտրէ։ Մայրը ինչպէ՞ս պիտի կրթէ զինք։ Ան հաւանաբար թէ՛ պիտի սորվեցնէ եւ թէ պիտի պատժէ զինք։ Ան պիտի սորվեցնէ՝ բացատրելով որ անոր ըրածը ինչո՛ւ սխալ էր։ Ան կ’ուզէ որ զաւակը ըմբռնէ որ եթէ հնազանդի իր ծնողքին՝ իմաստուն կը գտնուի, եւ թէ անոնց կանոնները պէտք են եւ տրամաբանական են։ Ետքը, որպէսզի Ճոնին այս դասը սորվի, մայրը յարմար պատիժ մըն ալ պիտի տայ իրեն՝ թերեւս որոշ ժամանակ մը գնդակէն զրկելով զինք։ Այսպիսով, Ճոնիին ականջին օղ կ’ըլլայ, որ երբ անհնազանդ գտնուի, հետեւանքները պիտի կրէ։

3 Որպէս քրիստոնեաներ, մենք մաս կը կազմենք «Աստուծոյ տան», կամ ընտանիքին (Ա. Տիմ. 3։15)։ Մեր Հայրը՝ Եհովան, իրաւունք ունի թէ՛ չափանիշներ դնելու եւ թէ մեզ կրթելու, երբ իրեն չհնազանդինք։ Ասկէ զատ, եթէ մեր ըրածները ցաւալի հետեւանքներ ունենան, Եհովային սիրալիր կրթութիւնը կրնայ մեզի յիշեցնել, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ իրեն հնազանդինք (Գաղ. 6։7, 8)։ Ան շատ կը սիրէ մեզ եւ չ’ուզեր որ տառապինք (Ա. Պետ. 5։6, 7

4. ա) Եհովան կ’ուզէ որ ինչպէ՞ս մարզենք ուրիշները։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Երբ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ կրթութիւն տանք մեր զաւակին կամ Աստուածաշունչի աշակերտին, կրնանք իրեն օգնել որ Քրիստոսին հետեւորդը ըլլայ։ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ կրնանք զանոնք ‘արդարութեան մէջ խրատել’ եւ օգնել որ հասկնան ու հնազանդին Յիսուսի բոլոր պատուիրածներուն (Բ. Տիմ. 3։16. Մատ. 28։19, 20)։ Եհովան կ’ուզէ որ անոնք այս կերպով մարզուին, որպէսզի իրենք ալ կարենան ուրիշներուն օգնել որ Քրիստոսին հետեւին (կարդա՛ Տիտոս 2։11-14)։ Հիմա նկատի առնենք երեք կարեւոր հարցումներ. 1) Աստուծոյ կրթութիւնը ինչպէ՞ս կը փաստէ որ ան մեզ կը սիրէ, 2) Ի՞նչ կրնանք սորվիլ այն անձերէն, որոնք Աստուծոյ կրթութիւնը ստացան անցեալին, 3) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան եւ իր Որդին ընդօրինակել, երբ մէկը կը կրթենք։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷՐԷ ՄՂՈՒԱԾ ԿԸ ԿՐԹԷ

5. Եհովային կրթութիւնը ինչպէ՞ս կը փաստէ որ ան մեզ կը սիրէ։

5 Եհովան մեզ կը սրբագրէ, կը սորվեցնէ եւ կը մարզէ, քանի որ կը սիրէ մեզ։ Ան կ’ուզէ որ իրեն մօտիկ մնանք եւ յաւիտեան ապրինք (Ա. Յովհ. 4։16)։ Ան բնա՛ւ չի վիրաւորեր մեզ, ոչ ալ կը զգացնէ որ անարժէք ենք (Առ. 12։18)։ Ընդհակառակը, ան կը կեդրոնանայ մեր լաւ կէտերուն վրայ եւ կը յարգէ մեր ազատ կամքը։ Ըմբռնա՞ծ ես որ Աստուած սէրէ մղուած կը կրթէ մեզ, ըլլա՛յ իր Խօսքին, հրատարակութիւններուն, մեր ծնողքին կամ երէցներուն միջոցաւ։ Իրականութեան մէջ, երէցները Եհովային սէրը կ’ընդօրինակեն, երբ կը փորձեն մեզ մեղմ ու սիրալիր կերպով սրբագրել, եթէ առանց գիտնալու սխալ քայլ մը առնենք (Գաղ. 6։1

6. Կրթութիւնը ինչպէ՞ս կը փաստէ Աստուծոյ սէրը, նոյնիսկ եթէ մէկը առանձնաշնորհումներ կորսնցնէ։

6 Կրթութիւնը ատեններ միայն խրատ տալով չ’ըլլար։ Եթէ մէկը լուրջ մեղք մը ըրած է, կրնայ ժողովքին մէջ որոշ առանձնաշնորհումներ կորսնցնել։ Նոյնիսկ երբ ասիկա պատահի, իր ստացած կրթութիւնը կը ցուցնէ, որ Աստուած կը սիրէ զինք։ Օրինակ, ատիկա կրնայ իրեն օգնել որ ըմբռնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է որ աւելի ժամանակ տրամադրէ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու, խոկալու եւ աղօթելու։ Այսպէս, ան կրնայ հոգեւորապէս զօրանալ (Սաղ. 19։7)։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս ետ ստանայ իր կորսնցուցած առանձնաշնորհումները։ Նոյնիսկ վտարումը կը փաստէ որ Եհովան մեզ կը սիրէ, քանի որ այս կարգադրութիւնը ժողովքը կը պաշտպանէ գէշ ազդեցութիւններէ (Ա. Կոր. 5։6, 7, 11)։ Եւ քանի որ Աստուած միշտ արդար կերպով կը կրթէ, վտարումը կրնայ օգնել անհատին որ հասկնայ թէ իր գործած մեղքը որքա՜ն լուրջ է, ինչպէս նաեւ կրնայ զինք մղել որ զղջայ (Գործք 3։19

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵՆԷՆ Կ’ՕԳՏՈՒԻՆՔ

7. Սեբնան ո՞վ էր եւ ի՞նչ գէշ յատկութիւն մը սկսաւ զարգացնել։

7 Որպէսզի հասկնանք որ կրթութիւնը որքա՜ն կարեւոր է, նկատի պիտի առնենք երկու անձեր, որոնք կրթութիւն ստացան Եհովայէն։ Առաջինը՝ Սեբնան է, որ Եզեկիա թագաւորին ժամանակ ապրեցաւ, իսկ երկրորդը՝ Կրէյըմն է, որ մեր եղբայրներէն է։ Սեբնան Եզեկիա թագաւորին պալատին վրայ նշանակուած էր եւ մեծ հեղինակութիւն ունէր (Եսա. 22։15)։ Բայց ցաւօք սրտի, ան հպարտացաւ եւ սկսաւ իր անձնական փառքը փնտռել։ Ան նոյնիսկ իրեն համար սուղնոց գերեզման մը շինեց եւ ‘փառքի կառքեր’ կը գործածէր (Եսա. 22։16-18

Եթէ խոնարհութեամբ փոխենք մեր կեցուածքը, Աստուած մեզ պիտի օրհնէ (տե՛ս պարբերութիւն 8-10)

8. Եհովան ինչպէ՞ս կրթեց Սեբնան, իսկ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

8 Քանի որ Սեբնա իր անձնական փառքը փնտռեց, Աստուած անոր նշանակումը իր ձեռքէն առաւ եւ տուաւ Եղիակիմ անունով մէկու մը (Եսա. 22։19-21)։ Ասիկա պատահեցաւ երբ ասորեստանցի Սենեքերիմ թագաւորը կը ծրագրէր յարձակիլ Երուսաղէմի վրայ։ Ժամանակ մը ետք, Սենեքերիմ Երուսաղէմ ղրկեց բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ մեծ բանակ մը, որպէսզի հրեաները վախցնէ եւ ձգէ որ Եզեկիա թագաւորը յանձնուի (Դ. Թագ. 18։17-25)։ Եզեկիան անոնց ղրկեց Եղիակիմը եւ երկու ուրիշ անձեր։ Անոնցմէ մէկը Սեբնան էր, որ այժմ «ատենադպիր», կամ քարտուղար, էր։ Ասկէ յայտնի կ’ըլլայ որ Սեբնա հաւանաբար սորված էր խոնարհ ըլլալ, եւ ինքն իր վրայ չէր մեղքնար, ոչ ալ վիրաւորուած կը զգար։ Ան յօժարութեամբ ընդունեց աւելի ցած պատասխանատուութիւն մը։ Ի՞նչ կը սորվինք այս պատմութենէն։ Նկատի առնենք երեք դասեր։

9-11. ա) Սեբնայէն ի՞նչ կարեւոր դասեր կը սորվինք։ բ) Սեբնային հետ Եհովային վարուած կերպը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ քեզ։

9 Առաջին, այն իրողութիւնը՝ որ Սեբնան կորսնցուց իր դիրքը, մեզի կը յիշեցնէ որ «կոտորածին առջեւէն հպարտութիւն. . . կ’երթայ» (Առ. 16։18)։ Եթէ առանձնաշնորհումներ ունիս ժողովքին մէջ,– թերեւս առանձնաշնորհում մը, որ ուրիշները կը տպաւորէ,– ջանք պիտի թափե՞ս որ խոնարհ մնաս։ Միտքդ պիտի պահե՞ս որ Եհովային օգնութեա՛մբ է որ ունիս կարողութիւններ կամ կ’իրագործես լաւ բաներ (Ա. Կոր. 4։7)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ» (Հռով. 12։3

10 Երկրորդ, Եհովան Սեբնային զօրաւոր խրատ տալով թերեւս ցուցուց որ Սեբնան կրնայ փոխուիլ (Առ. 3։11, 12)։ Ասիկա ի՜նչ աղուոր դաս մըն է անոնց, որոնք ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներ կը կորսնցնեն։ Փոխանակ ջղայնանալու եւ վիրաւորուած զգալու, անոնք կրնան շարունակել իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային։ Անոնք կրնան այդ կրթութեան ետին տեսնել Եհովային սէրը։ Միտքդ պահէ, որ եթէ խոնարհ մնանք, մեր Հայրը ի վերջոյ պիտի վարձատրէ մեզ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։6, 7)։ Եհովային կրթութիւնը կրնայ մեզ ձեւաւորել, եթէ փափուկ կաւի պէս ըլլանք իր ձեռքերուն մէջ։

11 Երրորդ, Սեբնային հետ Եհովային վարուած կերպէն արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք։ Ճիշդ է որ Եհովային կրթելու կերպը կը ցուցնէ թէ ինք կ’ատէ մեղքը, բայց նաեւ կը ցուցնէ թէ ինք կը սիրէ այն անձը որ մեղք գործեց։ Ան մարդոց մէջի լաւ բաները կը տեսնէ։ Եթէ ծնող մըն ես կամ՝ երէց մը, Եհովան պիտի ընդօրինակե՞ս՝ ատելով մեղքը բայց լաւ կէտեր տեսնելով զաւակիդ կամ հաւատակիցիդ մէջ (Յդ. 22, 23

12-14. ա) Ոմանք ինչպէ՞ս կը հակազդեն Եհովային կրթութեան։ բ) Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս օգնեց եղբօր մը, որ իր կեցուածքը փոխէ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Ցաւօք սրտի, ոմանք կրթութիւն ստանալէ ետք այնքա՛ն վիրաւորուած կը զգան, որ կը հեռանան Աստուծմէ եւ իր ժողովուրդէն (Եբ. 3։12, 13)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ որ ո՛չ մէկը կրնայ անոնց օգնել։ Ո՛չ։ Նկատի առ Կրէյըմին օրինակը։ Ան վտարուեցաւ եւ յետոյ վերահաստատուեցաւ։ Բայց ժամանակ մը ետք, ան հոգեւորապէս անգործունեայ դարձաւ։ Երէց մը ջանք թափեց որ անոր հետ բարեկամանայ, եւ ի վերջոյ Կրէյըմ իրմէ խնդրեց որ Սուրբ Գիրքը սերտէ իրեն հետ։

13 Երէցը պատմեց. «Կրէյըմին խնդիրը հպարտութիւնն էր։ Ան կը քննադատէր այն երէցները, որոնք զինք վտարելու որոշումը առին։ Ասոր համար, յաջորդ քանի մը նիստերու ընթացքին, նկատի առինք հպարտութեան եւ ատոր ազդեցութեան մասին համարներ։ Աստուծոյ Խօսքը հայելիի մը պէս ըլլալով, Կրէյըմ յստակօրէն տեսաւ իր անձը, եւ իր տեսածը չհաւնեցաւ։ Արդիւնքը հիանալի էր։ Երբ ըմբռնեց որ հպարտութիւնը ‘գերանի’ մը պէս կուրցուցած էր իր աչքերը եւ թէ իր քննադատական կեցուածքը իր խնդիրն էր, շուտով սկսաւ փոխուիլ դէպի լաւ։ Ան սկսաւ կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ ըլլալ, լրջօրէն Աստուծոյ Խօսքը սերտել եւ ամէն օր աղօթելու սովորութիւնը ունենալ։ Ան նաեւ սկսաւ կատարել իր հոգեւոր պատասխանատուութիւնները որպէս ընտանիքին գլուխը։ Ասիկա շատ ուրախացուց իր կինը եւ զաւակները» (Ղուկ. 6։41, 42. Յակ. 1։23-25

14 Երէցը կը շարունակէ. «Օր մը, Կրէյըմ բան մը ըսաւ որ սրտիս դպաւ։ Ան ըսաւ՝ ‘Տարիներէ՜ ի վեր գիտեմ ճշմարտութիւնը եւ նոյնիսկ ռահվիրայութիւն ըրած եմ, բայց միայն հիմա կրնամ անկեղծօրէն ըսել որ Եհովան կը սիրեմ’։ Շատ չանցած, ան Թագաւորութեան սրահին մէջ մանրաձայն կրելու նշանակումը ստացաւ, եւ այս առանձնաշնորհումը շատ գնահատեց։ Իր օրինակը ինծի սորվեցուց, որ երբ մէկը կրթութիւնը ընդունելով ինքզինք խոնարհեցնէ, օրհնութիւններ կը թափին իր վրայ»։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ ԵՐԲ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՍ

15. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր տուած կրթութիւնը հասնի անհատին սրտին։

15 Եթէ կ’ուզենք լաւ ուսուցիչ ըլլալ, նա՛խ պէտք է լաւ աշակերտ ըլլանք (Ա. Տիմ. 4։15, 16)։ Նմանապէս, անոնք որոնք Աստուծոյ կողմէ հեղինակութիւն ունին կրթութիւն տալու, պէտք է խոնարհ մնան եւ թոյլ տան որ Եհովան զիրենք առաջնորդէ։ Այսպիսով, անոնք ուրիշներուն յարգանքը կը շահին եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ դիմացինները իրենց մարզումը կամ խրատը ընդունին։ Նկատի առնենք Յիսուսին օրինակը։

16. Յիսուսէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ՝ ազդու կերպով կրթութիւն եւ մարզում տալու նկատմամբ։

16 Յիսուս միշտ հնազանդ էր իր Հօր, նոյնիսկ դժուար պարագաներուն (Մատ. 26։39)։ Ան իրեն մտիկ ընողներուն ըսաւ, որ իր սորվեցուցածները եւ իմաստութիւնը իր Հօրմէն են (Յովհ. 5։19, 30)։ Յիսուսի խոնարհութիւնը եւ հնազանդութիւնը ձգեցին, որ կարեկից ուսուցիչ մը ըլլայ եւ մարդիկ իր ընկերակցութենէն հաճոյք առնեն (կարդա՛ Մատթէոս 11։29)։ Յիսուսին ազնիւ խօսքերը սիրտ տուին յուսահատներուն եւ տկար եղողներուն (Մատ. 12։20)։ Նոյնիսկ երբ իր համբերութիւնը փորձուեցաւ, ան ազնուութեամբ եւ սիրալիր կերպով վարուեցաւ։ Ասիկա յստակ էր, երբ իր առաքեալները սրբագրեց, քանի որ կը վիճէին թէ իրենց մէջ ո՛վ է մեծը (Մար. 9։32-36. Ղուկ. 22։24-27

17. Ո՞ր յատկութիւնները պիտի օգնեն երէցներուն, որ ժողովքին լաւ հոգ տանին։

17 Իմաստութիւն է որ երէցները Քրիստոսը ընդօրինակեն, երբ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հիման վրայ կրթութիւն կու տան։ Այսպիսով, անոնք կը փաստեն թէ կ’ուզեն որ Աստուած եւ իր Որդին առաջնորդեն զիրենք։ Պետրոս առաքեալ գրեց. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով» (Ա. Պետ. 5։2-4)։ Երբ երէցները սրտանց կ’ընդունին Աստուծոյ եւ Քրիստոսին առաջնորդութիւնը, թէ՛ իրենք օգուտներ կը քաղեն եւ թէ իրենց հոգատարութեան տակ եղողները (Եսա. 32։1, 2, 17, 18

18. ա) Եհովան ի՞նչ կը պահանջէ ծնողներէն։ բ) Աստուած ինչպէ՞ս կ’օգնէ ծնողներուն։

18 Նոյն հիմնական սկզբունքները ընտանիքին մէջ կը կիրարկուին։ Եհովան հայրերուն կ’ըսէ. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Ասիկա որքա՞ն լուրջ է։ Առակաց 19։18–ը կը ցուցնէ որ այն ծնողները, որոնք չեն կրթեր իրենց զաւակները, կրնան անոնց մահուան պատասխանատու ըլլալ (Ա. Թագ. 3։12-14)։ Եհովան պէտք եղած իմաստութիւնը եւ ուժը կու տայ ծնողներուն, երբ աղօթքով իրմէ օգնութիւն խնդրեն եւ իր Խօսքին ու սուրբ հոգիին առաջնորդութեան հետեւին (կարդա՛ Յակոբոս 1։5

ԿԸ ՍՈՐՎԻՆՔ՝ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՊՐԻԼ

19, 20. ա) Ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելենք, երբ Աստուծոյ կրթութիւնը կ’ընդունինք։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

19 Երբ Աստուծոյ կրթութիւնը կ’ընդունինք եւ Եհովային ու Յիսուսին կրթութիւն տալու կերպը կ’ընդօրինակենք, շա՜տ օրհնութիւններ կը վայելենք։ Մեր ընտանիքները ու ժողովքները խաղաղութիւն կ’ունենան, եւ ամէն անձ սիրուած, արժեւորուած եւ ապահով կը զգայ։ Ասիկա պարզապէս նմոյշ մըն է այն խաղաղութեան եւ ուրախութեան, որ ապագային պիտի ունենանք (Սաղ. 72։7)։ Չենք չափազանցեր եթէ ըսենք որ Եհովային կրթութիւնը մեզ կը պատրաստէ, որ յաւիտեան ապրինք որպէս խաղաղ եւ միացած ընտանիք՝ Եհովային հայրական հոգատարութեան տակ (կարդա՛ Եսայի 11։9)։ Եթէ ասիկա մեր միտքը պահենք, պիտի տեսնենք որ կրթութիւնը գեղեցիկ կերպ մըն է, որ Եհովան մեզի հանդէպ իր սէրը արտայայտէ։

20 Յաջորդ յօդուածին մէջ, աւելի բաներ պիտի սորվինք՝ ընտանիքին մէջ եւ ժողովքին մէջ տրուած կրթութեան մասին։ Պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր անձը կրթել։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք խուսափիլ բանէ մը, որ շատ աւելի ցաւ կը պատճառէ քան՝ այն կրթութիւնը որ կը ստանանք։