Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հիւրասէր ըլլալը թէ՛ շատ պէտք է եւ թէ հաճելի է

Հիւրասէր ըլլալը թէ՛ շատ պէտք է եւ թէ հաճելի է

«Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու» (Ա. ՊԵՏ. 4։9

ԵՐԳԵՐ. 124, 119

1. Առաջին դարու քրիստոնեաները ի՞նչ վիճակի մէջ էին։

Ք.Ե. 62–ին եւ 64–ին միջեւ, Պետրոս առաքեալ գրեց ‘Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ ցրուած օտարականներուն’ (Ա. Պետ. 1։1)։ Այդ եղբայրներն ու քոյրերը տարբեր–տարբեր տեղերէ եկած էին։ Անոնք կ’անցնէին ‘բորբոքած նեղութենէ’ կամ հալածանքէ, ու պէտք ունէին քաջալերութեան եւ ուղղութեան։ Անոնք նաեւ շատ վտանգաւոր ժամանակի մը մէջ կ’ապրէին։ Պետրոս գրեց. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է»։ Տասը տարի չանցած, Երուսաղէմը պիտի կործանէր։ Բոլոր շրջաններուն մէջ, ի՞նչը քրիստոնեաներուն պիտի օգնէր, որ այդ դժուար ժամանակներուն դիմանային (Ա. Պետ. 4։4, 7, 12

2, 3. Պետրոս ինչո՞ւ եղբայրները քաջալերեց որ հիւրասիրութիւն ցուցնեն (տե՛ս բացման նկարը)։

2 Պետրոս եղբայրները քաջալերեց որ կարգ մը բաներ ընեն, մէջը ըլլալով՝ ‘իրարու հիւրասիրութիւն ցուցնել’ (Ա. Պետ. 4։9)։ «Հիւրասիրութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «օտարներու հանդէպ համակրանք կամ ազնուութիւն»։ Բայց նկատէ որ Պետրոս իր եղբայրներն ու քոյրերը կը քաջալերէր, որ «իրարու» հիւրասիրութիւն ցուցնէին, հակառակ որ իրար արդէն գիտէին եւ միասին ժամանակ կ’անցընէին։ Հիւրասէր ըլլալը ինչպէ՞ս պիտի օգնէր իրենց։

3 Ատիկա զիրենք իրարու պիտի մօտեցնէր։ Նկատի առ հետեւեալը։ Պատահա՞ծ է որ մէկու մը տունը հրաւիրուած ես։ Այդ օրուընէ մնացած աղուոր յիշատակներ չո՞ւնիս։ Իսկ պատահա՞ծ է որ դուն ժողովքէն մէկը հրաւիրած ես տունդ։ Ձեր բարեկամութիւնը աւելի չզօ՞րացաւ։ Երբ հիւրասիրութիւն ցուցնենք իրարու, ուրիշ առիթներէ աւելի՝ մօտէն պիտի ճանչնանք մեր եղբայրներն ու քոյրերը։ Պետրոսի ժամանակներուն, քրիստոնեաները պէտք ունէին աւելի իրարու մօտենալու, մինչ վիճակները աւելի գէշ կ’ըլլային։ Այս «վերջին օրեր»ուն ընթացքին պէտք է նոյնը ընենք (Բ. Տիմ. 3։1

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Ի՞նչ առիթներ ունինք որ հիւրասիրութիւն ցուցնենք «իրարու»։ Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ չտալ որ որեւէ բան արգելք ըլլայ որ հիւրասէր գտնուինք։ Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ լաւ հիւր մը ըլլանք։

ՀԻՒՐԱՍԷՐ ԳՏՆՈՒԵԼՈՒ ԱՌԻԹՆԵՐ

5. Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովներուն ընթացքին հիւրասէր գտնուիլ։

5 Ժողովներուն մէջ։ Եհովան եւ իր կազմակերպութիւնը մեզ կը հրաւիրեն ժողովներուն։ Կ’ուզենք որ մեր ժողովներուն եկող բոլոր անձերը հանգիստ զգան, մանաւանդ նորեկները (Հռով. 15։7)։ Անոնք ալ Եհովային հիւրերն են. ուրեմն, պէտք է հանգիստ զգալ տանք անոնց, ինչ ալ ըլլայ անոնց երեւոյթը կամ հագուածքը (Յակ. 2։1-4)։ Եթէ նկատես որ նորեկ մը առանձին մնացած է, կրնա՞ս իրմէ խնդրել որ քովդ նստի։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ, երբ իրեն օգնես՝ հասկնալու թէ յայտագիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ համարները բանալու։ Ասիկա հոյակապ կերպ մըն է, որ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլանք’ (Հռով. 12։13

6. Մեր գլխաւոր հիւրերը որո՞նք պէտք է ըլլան։

6 Ճաշի կամ թեթեւ ուտելիքի հրաւիրել։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, մարդիկ ընդհանրապէս հիւրասիրութիւն կը ցուցնէին՝ ճաշի հրաւիրելով ուրիշները (Ծն. 18։1-8. Դատ. 13։15. Ղուկ. 24։28-30)։ Ասիկա կը յայտնէր որ անոնք կ’ուզէին բարեկամանալ եւ խաղաղութիւն ունենալ իրարու հետ։ Մեր գլխաւոր հիւրերը որո՞նք պէտք է ըլլան։ Մեր ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը։ Մինչ օրերը աւելի գէշ կ’ըլլան, իրարու աւելի պէտք պիտի ունենանք։ Պէտք ունինք որ բոլորս իրարու հաւատարիմ բարեկամներ ըլլանք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունենանք։ Հետաքրքրական է որ 2011–ին, Կառավարիչ մարմինը Միացեալ Նահանգներու Բեթէլի ընտանիքին Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ժամը փոխեց կ.ե. 6։45–էն 6։15–ի։ Ինչո՞ւ։ Ծանուցումին մէջ ըսուեցաւ, որ եթէ ժողովը կանուխ վերջանայ, հաւանաբար բեթէլականներուն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ հիւրասիրութիւն ցուցնելը։ Ուրիշ մասնաճիւղեր նոյնը ըրին։ Այս կարգադրութիւնը ձգած է որ բեթէլականները աւելի մօտենան իրարու։

7, 8. Ինչպէ՞ս կրնանք հիւրասիրել մեր ժողովքին այցելող դասախօսները։

7 Երբ մեզի այցելեն ուրիշ ժողովքներէ դասախօսներ, շրջանային տեսուչներ եւ ատեններ՝ տեղական մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ, առիթ կ’ունենանք որ հիւրասէր գտնուինք (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 5-8)։ Կրնանք զանոնք հրաւիրել ճաշի կամ թեթեւ ուտելիքի մեր տան մէջ։

8 Միացեալ Նահանգներուն մէջ քոյր մը կ’ըսէ. «Տարիներու ընթացքին, ամուսինս եւ ես առիթը ունեցած ենք, որ շատ մը դասախօսներ եւ իրենց կիները հիւրասիրենք մեր տան մէջ»։ Ան կը զգայ որ ամէն անգամ հաճոյք կ’առնէին եւ ամէնէն կարեւորը՝ իրենց հաւատքը կը զօրանար։ Ան կ’ըսէ. «Բնա՛ւ չենք զղջար որ զիրենք հրաւիրած ենք»։

9, 10. ա) Որո՞նք թերեւս պէտք ունենան որ մեր քովը երկար մնան։ բ) Պզտիկ տուն ունեցողներն ալ կրնա՞ն օգնել. բացատրէ։

9 Երկար մնալու պէտք ունեցող հիւրեր։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, սովորական էր մնալու տեղ ապահովել վստահելի այցելուներուն (Յոբ 31։32. Փլմ. 22)։ Մեր օրերուն ալ ատեններ ասոր պէտք կ’ըլլայ։ Շրջանային տեսուչները շատ անգամ պէտք կ’ունենան տեղ մը մնալու, երբ ժողովքներու կ’այցելեն։ Նոյն պարագան կրնան ունենալ աստուածպետական դպրոցներու աշակերտները եւ շինարարութեան կամաւորները։ Նաեւ բնական աղէտէ ետք, կարգ մը ընտանիքներ առանց տունի կը մնան, մինչեւ որ իրենց տունը վերաշինուի։ Պէտք չէ մտածենք որ միայն մեծ եւ հանգստաւէտ տուն ունեցողները կրնան անոնց օգնել։ Անոնք թերեւս արդէն շատ անգամներ օգնած են։ Կրնա՞ս մէկը հրաւիրել որ տունդ մնայ, նոյնիսկ եթէ պզտիկ տուն ունիս։

10 Հարաւային Քորէայի մէջ եղբայր մը կը յիշէ այն ժամանակները, երբ աստուածպետական դպրոցներու աշակերտներ մնացին իր տան մէջ։ Ան կը գրէ. «Սկիզբը, երկու միտքի վրայ էի, քանի որ նոր ամուսնացած էի եւ մեր տունը պզտիկ էր։ Բայց շատ աղուոր փորձառութիւն էր, որ կարգ մը աշակերտներ մեր քով մնացին։ Որպէս նոր ամուսնացածներ, տեսանք որ զոյգ մը որքա՜ն ուրախ կրնայ ըլլալ, երբ միասին Եհովային ծառայեն եւ հոգեւոր նպատակակէտեր ունենան»։

11. Անոնք որոնք նոր փոխադրուած են ժողովքիդ, ինչո՞ւ պէտք ունին հիւրասիրութեան։

11 Ժողովքին մէջ նոր եղբայրներ ու քոյրեր։ Թերեւս կարգ մը եղբայրներ, քոյրեր կամ ընտանիքներ փոխադրուին շրջանդ։ Անոնք թերեւս եկած են, քանի որ ժողովքդ օգնութեան պէտք ունի։ Կամ թերեւս անոնք ռահվիրաներ են, որոնք ժողովքիդ մէջ նշանակուեցան։ Ասիկա մեծ փոփոխութիւն մըն է իրենց համար։ Անոնք պէտք պիտի ունենան վարժուելու նոր շրջանի, նոր ժողովքի եւ թերեւս նոյնիսկ նոր լեզուի կամ մշակոյթի։ Կրնա՞ս զանոնք հրաւիրել ճաշի, թեթեւ ուտելիքի կամ տեղ մը երթալու։ Ասիկա իրենց պիտի օգնէ որ նոր բարեկամներ ունենան եւ իրենց նոր պայմաններուն վարժուին։

12. Ո՞ր փորձառութիւնը կը ցուցնէ որ պէտք չկայ ճոխ սեղան պատրաստելու։

12 Պէտք չկայ տեսակաւոր ճաշեր պատրաստելու (կարդա՛ Ղուկաս 10։41, 42)։ Եղբայր մը կը պատմէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ ինք եւ իր կինը նոր միսիոնար էին։ Ան կ’ըսէ. «Տակաւին երիտասարդ էինք, փորձառութիւն չունէինք եւ մեր առաջուան կեանքը կը կարօտնայինք։ Իրիկուն մը, կինս շատ կարօտ կը քաշէր, եւ ի՛նչ ալ ըրի՝ չկրցայ օգտակար դառնալ։ Ետքը, ժամը շուրջ կ.ե. 7։30–ին, դուռը զարնուեցաւ։ Աստուածաշունչի աշակերտուհի մըն էր, եւ իր ձեռքը երեք նարինջ կար։ Ան եկած էր բարի գալուստ մաղթելու մեզի որպէս նոր միսիոնարներ։ Զինք ներս հրաւիրեցինք եւ գաւաթ մը ջուր հրամցուցինք։ Ետքը, թէյ եւ տաք շոքոլա խմեցինք։ Տակաւին սուահիլի լեզուն չէինք խօսեր, եւ ինքն ալ անգլերէն չէր խօսեր։ Բայց այս դէպքը մեզի օգնեց որ սկսինք տեղացի եղբայրներուն հետ բարեկամանալու ուրախութիւնը վայելել»։

ԱՐԳԵԼՔՆԵՐԸ ՄԷԿ ԿՈՂՄ ԴՆԵԼ

13. Հիւրասէր ըլլալը ի՞նչ օգուտներ ունի։

13 Պատահա՞ծ է որ ուզած ես հիւրասէր ըլլալ, բայց բան մը ետ պահած է քեզ։ Եթէ ա՛յո, ուրեմն թերեւս փախցուցած ես առիթներ, որ հաճելի ժամանակ անցընես եւ մնայուն բարեկամներ ունենաս։ Հիւրասէր ըլլալը լաւագոյն կերպերէն է որ միայնակ չզգանք։ Բայց ի՞նչ բան կը ձգէ որ մէկը հիւրասիրութիւն չցուցնէ։ Նկատի առնենք քանի մը պատճառներ։

14. Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ բաւարար ժամանակ ու կորով չունինք, որ ուրիշները հրաւիրենք կամ անոնց հրաւէրը ընդունինք։

14 Ժամանակ եւ կորով։ Եհովային ծառաները շատ ընելիքներ եւ պատասխանատուութիւններ ունին։ Ոմանք կը զգան որ չունին այն ժամանակը կամ կորովը, որ ուրիշներուն հիւրասիրութիւն ցուցնեն։ Եթէ քու պարագադ ալ նոյնն է, թերեւս պէտք ըլլայ որ յայտագիրիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես, որպէսզի կարենաս ուրիշները հրաւիրել կամ անոնց հրաւէրը ընդունիլ։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ Սուրբ Գիրքը կը քաջալերէ որ հիւրասէր ըլլանք (Եբ. 13։2)։ Սխալ չէ հիւրասիրութեան համար ժամանակ տրամադրելը։ Ընդհակառակը, ատիկա ճիշդ բան մըն է։ Բայց ասիկա ընելու համար, թերեւս պէտք ըլլայ որ աւելի քիչ ժամանակ տաս շատ կարեւոր չեղող բաներու։

15. Ոմանք ինչո՞ւ հոգ կ’ընեն հիւրասիրութիւն ցուցնելու նկատմամբ։

15 Քու անձիդ հանդէպ զգացումներդ։ Պատահա՞ծ է որ ուզած ես հիւրասէր գտնուիլ, բայց անկարող զգացած ես։ Թերեւս ամչկոտ ես եւ հոգ կ’ընես, որ հիւրերը պիտի ձանձրանան։ Կամ թերեւս շատ դրամ չունիս եւ կը կարծես, որ բնա՛ւ չես կրնար ուրիշ եղբայրներու եւ քոյրերու չափ հիւրասիրութիւն ցուցնել։ Բայց միտքդ պահէ թէ կարեւոր չէ որ տունդ շքեղ ըլլայ, հապա կարեւոր է որ մաքուր ու կոկիկ ըլլայ, իսկ դուն՝ ընկերային ըլլաս։

16, 17. Ի՞նչ կրնաս ընել, եթէ հիւր կանչելու նկատմամբ հոգ կ’ընես։

16 Եթէ հիւր կանչելու նկատմամբ հոգ կ’ընես, գէշ մի՛ զգար. ուրիշներ ալ քու պարագադ ունին։ Բրիտանիոյ մէջ երէց մը կը խոստովանի. «Հիւր կանչելը կրնայ սթրես պատճառել։ Բայց այն օգուտները եւ գոհունակութիւնը, որ ետքը կ’ունենաս, կը մոռցնեն եղած մտահոգութիւնը։ Եհովային ծառայութեան մէջ որեւէ բան այսպէս է։ Ինծի համար հաճելի եղած է նոյնիսկ միայն սուրճ խմելը եւ խօսակցիլը հիւրերուն հետ»։ Միտքդ պահէ որ միշտ լաւ արդիւնքներու կը հասնիս, երբ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցնես հիւրերուն (Փլպ. 2։4)։ Գրեթէ ամէն մարդ կը սիրէ իր փորձառութիւնները պատմել։ Ընկերային հաւաքոյթները թերեւս միակ առիթներն են, որ մէկը միւսին փորձառութիւնը լսէ։ Ուրիշ երէց մը կը գրէ. «Երբ ժողովքէն անհատներ հրաւիրեմ տունս, ասիկա ինծի կ’օգնէ որ զիրենք աւելի լաւ հասկնամ եւ աւելի ժամանակ ունենամ զիրենք ճանչնալու, մանաւանդ թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութեան եկան»։ Անձնական հետաքրքրութիւն ցուցնելը համ կու տայ բոլոր առիթներուն։

17 Ռահվիրայ քոյր մը, որուն տան մէջ շատ անգամ մնացած են տարբեր աստուածպետական դպրոցներէ աշակերտներ, խոստովանեցաւ. «Սկիզբը մտահոգ էի, քանի որ տունս շատ պարզ է եւ գործածուած կահկարասի ունիմ։ Բայց ուսուցիչներէն մէկուն կինը իրապէս հանգստացուց զիս։ Ան ըսաւ որ երբ ինք եւ իր ամուսինը շրջագայական գործին մէջ ըլլան, լաւագոյն ժամանակը կ’անցընեն, երբ հոգեւոր անձի մը քով մնան, որ թերեւս նիւթական գետնի վրայ շատ լաւ չէ, բայց իրենց պէս կեդրոնացած է Եհովայի ծառայութեան եւ պարզ կեանք ունենալուն վրայ։ Ասիկա ինծի յիշեցուց ի՛նչ որ մայրս կ’ըսէր երբ պզտիկ էինք. ‘Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը’» (Առ. 15։17)։ Ուրեմն, սէրէ՛ մղուած հիւրասիրութիւն ցուցուր եւ մնացածը հոգ մի՛ ըներ։

18, 19. Հիւրասէր ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ ուրիշներու հանդէպ մեր ժխտական զգացումները մէկ կողմ դնենք։

18 Ուրիշներուն հանդէպ զգացումներդ։ Ժողովքիդ մէջ կա՞յ անձ մը, որ քեզ ջղագրգիռ կը դարձնէ։ Եթէ բան մը չընես, որ այս ժխտական զգացումներդ վերցնես, ատոնք պիտի մնան։ Թերեւս չես ուզեր հրաւիրել մէկը, որուն բնաւորութիւնը չես հաւնիր։ Կամ թերեւս կայ անձ մը, որ ժամանակին քեզ վիրաւորած է, եւ քեզի համար դժուար է եղածը կռնակիդ ետեւ նետել։

19 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ եթէ հիւրասէր գտնուինք, կրնանք ուրիշներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը լաւացնել, նոյնիսկ մեր թշնամիներուն հետ (կարդա՛ Առակաց 25։21, 22)։ Եթէ անձ մը տունդ հրաւիրես, թերեւս կարենաս ժխտական զգացումներէդ ազատիլ եւ աւելի խաղաղ փոխյարաբերութիւն ունենալ անոր հետ։ Թերեւս սկսիս անոր մէջ տեսնել այն լաւ յատկութիւնները, որ Եհովան տեսաւ երբ զինք ճշմարտութեան քաշեց (Յովհ. 6։44)։ Երբ սէրէ մղուած հրաւիրես մէկը, որ չ’ակնկալեր հրաւէրդ, ասիկա կրնայ դուռ բանալ որ լաւ բարեկամութիւն մը հաստատուի։ Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ սէրէ մղուած կը հրաւիրես։ Կերպերէն մէկն է՝ Փիլիպպեցիս 2։3–ին խրատը գործադրել. «Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք»։ Կրնանք մտածել թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը ի՛նչ բաներու մէջ իրապէս մեզմէ աւելի լաւ են։ Թերեւս կրնանք սորվիլ իրենց հաւատքէն, համբերատարութենէն, քաջութենէն կամ ուրիշ յատկութիւններէ։ Անոնց լաւ յատկութիւններուն մասին մտածելը պիտի օգնէ, որ զիրենք աւելի սիրենք եւ սրտանց հիւրասիրենք։

ԼԱՒ ՀԻՒՐ ԵՂԻՐ

Հրաւիրողները ընդհանրապէս լաւ պատրաստութիւններ կը տեսնեն իրենց հիւրերուն համար (տե՛ս պարբերութիւն 20)

20. Երբ հրաւէր մը ընդունինք, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է մեր խօսքին տէրը ըլլանք։

20 Սաղմոսերգու Դաւիթ հարցուց. «Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ» (Սաղ. 15։1)։ Ետքը, Դաւիթ նշեց յատկութիւններ, որ Եհովան կ’ուզէ որ իր վրանին մէջ եղող հիւրերը ունենան։ Օրինակ, ան նշեց որ պէտք է մեր խօսքին տէրը ըլլանք, ըսելով. «Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար» (Սաղ. 15։4)։ Եթէ հրաւէր մը ընդունինք, պէտք չէ թեթեւ պատճառներու համար վազ անցնինք երթալէ։ Թերեւս մեզ հրաւիրողը պատրաստութիւններ տեսած է, եւ եթէ երթալէ վազ անցնինք, իր բոլոր ջանքերը պարապի պիտի երթան (Մատ. 5։37)։ Ոմանք իրենց տրուած հրաւէրէն վազ կ’անցնին, որպէսզի երթան ուրիշ հրաւէրի մը, որ իրենց աչքին աւելի լաւ է։ Ասիկա սէր եւ յարգանք կը ցուցնէ՞։ Պէտք է գնահատենք ամէ՛ն ինչ որ հրաւիրողը պիտի հրամցնէ մեզի (Ղուկ. 10։7)։ Իսկ եթէ իրապէ՛ս ստիպուած ենք վազ անցնելու, լաւ է որ սիրալիր ու փափկանկատ գտնուելով, կարելի եղածին չափ շուտ լուր տանք հրաւիրողին։

21. Տեղական սովորութիւնները յարգելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ լաւ հիւր ըլլանք։

21 Նաեւ կարեւոր է որ տեղական սովորութիւնները յարգենք։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, մէկը պէտք է այցելութիւն տալէ առաջ լուր տայ, իսկ ուրիշներու մէջ՝ անակնկալօրէն այցելելը հարց մը չէ։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, հրաւիրողը իր ընտանիքին անդամներէն աւելի՝ հիւրերուն հոգ կը տանի եւ լաւագոյն բաները կը դնէ առջեւնին, իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ՝ բոլորը նոյն բաները կ’ուտեն ու կը խմեն։ Կարգ մը շրջաններու մէջ, հիւրերը ձեռքերնին պարապ չեն գար, իսկ ուրիշ տեղեր՝ հրաւիրողը աւելի ուրախ կ’ըլլայ երբ հիւրերը հետերնին բան մը չբերեն։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, կ’ակնկալուի որ հիւրերը մերժեն առաջին եւ/կամ երկրորդ հրաւէրները, իսկ ուրիշ մշակոյթներու մէջ՝ անքաղաքավարութիւն է հրաւէրը մերժելը։ Միշտ պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք, որ մեզ հրաւիրողը ուրախ զգայ մեր գալով։

22. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է որ ‘իրարու հիւրասիրութիւն ցուցնենք’։

22 Որեւէ ժամանակէ աւելի, «ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է» (Ա. Պետ. 4։7)։ Մեր առջեւ կայ ամէնէն մեծ նեղութիւնը, որուն նմանը չէ եղած։ Որքա՛ն վիճակները աւելի գէշ ըլլան, այնքան աւելի պէտք պիտի ըլլայ, որ խոր սէր ունենանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի հիմա կը կիրարկուի Պետրոսին խրատը. «Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք» (Ա. Պետ. 4։9)։ Հիւրասիրութիւն ցուցնելը հաճելի ու կարեւոր է, եւ ատիկա մեր կեանքին մէկ մասը պիտի ըլլայ յաւիտեան։