Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Պօղոս առաքեալը կը ներկայացնեն որպէս ճաղատ կամ քիչ մազ ունեցող մէկը։
Իրականութեան մէջ, ո՛չ մէկը կրնայ վստահ ըլլալ որ Պօղոսին տեսքը ինչպէ՛ս էր։ Մեր հրատարակութիւններուն մէջի գծագրութիւններն ու նկարները պարզապէս գեղարուեստական գործեր են, եւ չեն հիմնուած հնագիտական փաստերու վրայ։
Բայց կան որոշ նկարագրութիւններ Պօղոսին վերաբերեալ։ Օրինակ, Սիօնի դիտարանը 1 մարտ 1902 թիւին մէջ ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի Պօղոսին դրսերեւոյթին. . . ‘Գործք Պօղոսի եւ Թեկղայի’ գիրքին մէջ, որ գրուած է շուրջ Ք.Ե. 150–ին, կը գտնուի Պօղոսին նկատմամբ նկարագրութիւն մը, որ հաւանաբար լաւագոյնն է եւ շատ հինէն մնացած աւանդութիւն մըն է։ Հոն ան նկարագրուած է որպէս ‘կարճահասակ, ճաղատ, ծուռ սրունքներով, մկանոտ, իրարու դպած յօնքերով, եւ քիչ մը երկար քիթով’»։
Բառարան մը այդ հին գրութեան մասին կ’ըսէ. «Անկարելի չէ որ ‘Գործք’ գիրքին մէջ գտնուին պատմականօրէն ճշգրիտ տեղեկութիւններ» (The Oxford Dictionary of the Christian Church, 1997–ի հրատարակութիւն)։ Գործք Պօղոսի եւ Թեկղայի գիրքը շատ յարգուած էր առաջին դարերուն։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ այն իրողութենէն, որ մինչեւ այսօր՝ ատկէ 80 յունարէն ձեռագիրներ մնացած են, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշ լեզուներով օրինակներ։ Ուրեմն, ինչ որ մենք գեղարուեստական կերպով կը ներկայացնենք, համաձայն է կարգ մը հին նկարագրութիւններու հետ։
Նոյնիսկ երբ Պօղոս կը ծառայէր, կարգ մը քննադատող մարդիկ ըսին, որ «անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ» (Բ. Կոր. 10։10)։ Բայց միտքդ պահէ որ Պօղոսի տեսքէն աւելի կարեւոր բաներ կան։ Օրինակ՝ ան քրիստոնեայ դարձաւ երբ Յիսուս հրաշքով մը երեւցաւ իրեն։ Նաեւ յիշէ թէ ան ինչե՜ր իրագործեց որպէս «[Քրիստոսին] ընտիր աման մը. . . [Յիսուսին] անունը կրելու հեթանոսներուն» (Գործք 9։3-5, 15. 22։6-8)։ Եւ նկատի առ թէ որքա՜ն կրնանք օգտուիլ Աստուածաշունչին այն գիրքերէն, որ Պօղոս Եհովային կողմէ ներշնչուելով գրեց։
Պօղոս ինքզինք չտեսաւ այն բաներուն նկատմամբ, որ քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ ըրած էր, ոչ ալ նկարագրեց իր երեւոյթը (Գործք 26։4, 5. Փլպ. 3։4-6)։ Ան խոստովանեցաւ. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու» (Ա. Կոր. 15։9)։ Ան յետագային գրեց. «Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ, հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու» (Եփ. 3։8)։ Իր քարոզածը անկասկած աւելի կարեւոր է քան՝ իր տեսքը։