Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 11

Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ մկրտուելու

Ինչպէ՞ս կրնաս պատրաստուիլ մկրտուելու

«Ա՛լ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ» (ԳՈՐԾՔ 8։36

ԵՐԳ 58 Նուիրումի աղօթքս

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

Աշխարհի չորս կողմը, ամէն տարիքէ եղող անհատներ կը յառաջդիմեն եւ կը մկրտուին (տե՛ս պարբ. 1-2)

1-2. Եթէ տակաւին մկրտուելու պատրաստ չես, ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատիս (տե՛ս կողքին նկարը)։

 ԵԹԷ կը փափաքիս մկրտուիլ, դուն քեզի հոյակապ նպատակակէտ մը դրած ես։ Այդ քայլը առնելու պատրա՞ստ ես հիմա։ Եթէ կը կարծես այո՛ եւ երէցներն ալ համաձայն են, որոշէ առաջին առիթով մկրտուիլ։ Եհովայի ծառայութեան մէջ օրհնութիւններով լեցուն կեանք մը կը սպասէ քեզի։

2 Միւս կողմէ, քեզի ըսուա՞ծ է որ մկրտուելէ առաջ պէտք է աւելի յառաջդիմես։ Կամ դուն նկատա՞ծ ես ասիկա։ Եթէ այո՛, մի յուսահատիր։ Կրնաս յառաջդիմել եւ հասնիլ այս կարեւոր քայլին, ըլլա՛ս տարիքով պզտիկ կամ մեծ։

«Ի՞ՆՉ ԲԱՆ ԶԻՍ Կ’ԱՐԳԻԼԷ»

3. Եթովպիացի պաշտօնեայ մը Փիլիպպոսին ի՞նչ հարցուց, եւ ի՞նչ հարցում կը ծագի (Գործք 8։36, 38

3 Կարդա՛ Գործք 8։36, 38։ Եթովպիայէն եկած պաշտօնեայ մը Փիլիպպոս աւետարանիչին հարցուց. «Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Այս եթովպիացի մարդը կ’ուզէր մկրտուիլ, բայց արդեօք իրապէս պատրա՞ստ էր այդ կարեւոր քայլը առնելու։

Եթովպիացի պաշտօնեան վճռած էր շարունակել գիտութիւն առնել Եհովային մասին (տե՛ս պարբ. 4)

4. Եթովպիացին ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ կ’ուզէր աւելի սորվիլ։

4 Եթովպիացի մարդը «Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու» (Գործք 8։27)։ Ուրեմն ան հրեայ նորահաւատ մը ըլլալու էր, որ հրէականութիւնը ընդունած էր։ Անկասկած որ ան Եհովային մասին սորված էր եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններէն։ Բայց եւ այնպէս, ան շատ կ’ուզէր աւելի սորվիլ։ Անոր համար, երբ Փիլիպպոս իրեն հանդիպեցաւ ճամբուն վրայ, ան ի՞նչ կ’ընէր։ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար (Գործք 8։28)։ Ասիկա հաստատ հոգեւոր սնունդ էր։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ պաշտօնեան չէր բաւարարուեր հիմնական բաները սորվելով, հապա կ’ուզէր աւելի սորվիլ։

5. Եթովպիացին իր սորվածին նկատմամբ ի՞նչ ըրաւ։

5 Այս մարդը Եթովպիայի Կանդակա թագուհիին բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեան էր. «անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր» (Գործք 8։27)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ ան շատ զբաղած մարդ մըն էր եւ շատ պատասխանատուութիւններ ունէր։ Ասով հանդերձ, ժամանակ տրամադրեց Եհովան պաշտելու։ Ան չբաւարարուեցաւ ճշմարտութիւնը սորվելով, հապա նաեւ իր սորվածը գործադրեց։ Ան ասիկա ըրաւ, Եթովպիայէն երկար ճամբորդութիւն ընելով դէպի Երուսաղէմի տաճարը, որպէսզի Եհովան պաշտէ։ Այդ ճամբորդութիւնը շատ ժամանակ առաւ եւ ծախսի նայեցաւ։ Բայց մարդը պատրաստ էր ամէն ջանք թափելու՝ Եհովան պաշտելու համար։

6-7. Եթովպիացին ինչպէ՞ս շարունակեց Եհովային հանդէպ իր սէրը աւելցնել։

6 Եթովպիացին Փիլիպպոսէն սորվեցաւ կարգ մը կարեւոր նոր ճշմարտութիւններ, մէջը ըլլալով՝ Մեսիային ո՛վ ըլլալը (Գործք 8։34, 35)։ Վստահաբար, Յիսուսին ըրածը այս մարդուն սրտին դպաւ։ Ան ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէր։ Կրնար մնալ ինչպէս որ է՝ յարգուած հրեայ նորահաւատ մը։ Բայց ատանկ չըրաւ։ Երբ Եհովային եւ իր Որդիին հանդէպ իր սէրը աւելցաւ, ան մղուեցաւ որոշում մը առնելու, որ իր ամբողջ կեանքը պիտի փոխէր։ Ան ուզեց մկրտուիլ որպէս Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդ։ Փիլիպպոս՝ տեսնելով որ այս մարդը պատրաստ էր, զինք մկրտեց։

7 Եթէ դուն այդ եթովպիացիին օրինակին հետեւիս, դուն ալ մկրտուելու պատրաստ կ’ըլլաս։ Եւ դուն ալ կրնաս ինքնավստահութեամբ ըսել. «Ա՛լ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Հիմա եկուր նկատի առնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնաս դուն ալ նոյն քայլերուն հետեւիլ։ Առաջին, ան շարունակեց սորվիլ։ Երկրորդ, իր սորվածը գործադրեց։ Եւ երրորդ, շարունակեց Աստուծոյ հանդէպ իր սէրը աւելցնել։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ՍՈՐՎԻԼ

8. Յովհաննէս 17։3–ին համաձայն ի՞նչ պէտք է ընես։

8 Կարդա՛ Յովհաննէս 17։3։ Արդեօք Յիսուսին այս խօսքե՞րը քեզ քաջալերեցին որ Աստուածաշունչը սերտես։ Մեզմէ շատերու պարագան ասիկա է։ Բայց այս նոյն խօսքերը նաեւ մեզ կը քաջալերեն, որ շարունակենք սորվիլ։ Մենք բնա՛ւ պիտի չդադրինք «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը ճանչնալէ (Ժող. 3։11)։ Մենք պիտի շարունակենք սորվիլ յաւիտեա՛ն։ Եւ ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յնքան աւելի պիտի մօտենանք Եհովային (Սաղ. 73։28

9. Ճշմարտութեան մասին հիմնական գիտութիւն ստանալէ ետք ի՞նչ պէտք է ընենք։

9 Սովորաբար նա՛խ Եհովային մասին հիմնական ուսուցումները կը սորվինք։ Պօղոս առաքեալ՝ եբրայեցիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ, ասոնք կոչեց «առաջին սկզբունքներ» եւ «նախնական սորվելիքներ»։ Բայց իր նպատակը չէր անոնց արժէքը իջեցնել, հապա անոնք կը համեմատէր կաթին հետ, որ նորածինին սնունդ կու տայ (Եբ. 5։12. 6։1)։ Բայց ան նաեւ բոլոր քրիստոնեաները քաջալերեց, որ այս հիմնական ուսուցումներէն զատ Աստուծոյ Խօսքին խորունկ ճշմարտութիւնները սորվին։ Աստուածաշունչի աւելի խորունկ ուսուցումներուն հանդէպ ախորժակդ լա՞ւ է։ Կ’ուզե՞ս աւելի աճիլ եւ շարունակել Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին աւելի սորվիլ։

10. Ոմանց համար, ինչո՞ւ դժուար է սերտելը։

10 Բայց մեզմէ շատերուն համար դժուար է սերտել։ Քեզի համար ալ դժուա՞ր է։ Օրինակ, դպրոցը քեզի սորվեցուցի՞ն լաւ կարդալ եւ սերտողութիւն ընել։ Քեզի համար հաճելի՞ էր սերտելը, եւ զգացի՞ր որ շատ բան սորվեցար։ Թէ ոչ զգացիր որ սերտելու մէջ լաւ չես։ Այդ պարագային դուն մինակ չես։ Ուրիշներ ալ քեզի պէս կը զգան։ Բայց Եհովան կրնայ քեզի օգնել, քանի որ ան կատարեալ եւ լաւագոյն Ուսուցիչն է։

11. Եհովան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է որ «Մեծ Ուսուցիչ»ն է։

11 Եհովան ինքզինք կը կոչէ քու «Մեծ Ուսուցիչդ» (Եսա. 30։20, ՆԱ, 21)։ Ան համբերող, ազնիւ եւ հասկցող Ուսուցիչ մըն է։ Ան իր աշակերտներուն մէջ լաւ բաները կը փնտռէ (Սաղ. 130։3)։ Եւ բնա՛ւ մեր կարողութենէն աւելի չ’ակնկալեր մեզմէ։ Չմոռնանք որ ան ծրագրած է մեր ուղեղը, որ իր կողմէ հոյակապ նուէր մըն է (Սաղ. 139։14)։ Անոր համար մենք սորվելու բնածին ծարաւ ունինք։ Մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ որ մենք շարունակենք յաւիտեան սորվիլ եւ ասիկա հաճոյքով ընենք։ Ուրեմն, խոհեմութիւն պիտի ըլլայ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն հանդէպ ‘փափաք զարգացնենք’ (Ա. Պետ. 2։2)։ Նպատակակէտեր դիր, որոնց կրնաս հասնիլ, եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան եւ սերտողութեան յայտագիր մը դիր եւ անոր կառչէ (Յես. 1։8)։ Եհովայի օրհնութեամբ պիտի կարենաս իր մասին կարդալէ եւ սորվելէ աւելի հաճոյք առնել։

12. Ինչո՞ւ պէտք է սերտելու ատեն Յիսուսին վրայ կեդրոնանանք։

12 Կանոնաւորաբար ժամանակ տրամադրէ խոկալու Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան մասին։ Եհովային ծառայելու համար, շատ կարեւոր է որ Յիսուսին քայլերուն մօտէն հետեւինք, մանաւանդ այս դժուար ժամանակներուն (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուս անկեղծօրէն ըսաւ, որ իր հետեւորդները դժուարութիւններ պիտի ունենային (Ղուկ. 14։27, 28)։ Բայց ան վստահ էր, որ իր ճշմարիտ հետեւորդները կրնայի՛ն յաջողիլ, քանի որ ինք յաջողեցաւ (Յովհ. 16։33)։ Ուրեմն, մանրամասնութեամբ սերտէ Յիսուսի կեանքը եւ կեանքիդ մէջ նպատակներ դիր, ամէն օր զինք ընդօրինակելու համար։

13. Ի՞նչ պէտք է շարունակենք խնդրել Եհովայէն, եւ ինչո՞ւ։

13 Գիտութիւնը առանձին բնա՛ւ բաւարար չէ։ Անիկա գլխաւորաբար քեզի կ’օգնէ որ Եհովային մասին աւելի գիտնաս եւ յատկութիւններ մշակես, ինչպէս՝ զինք սիրել եւ իրեն հաւատալ (Ա. Կոր. 8։1-3)։ Մինչ կը շարունակես սորվիլ, շարունակէ Եհովայէն խնդրել, որ քեզի օգնէ աւելի հաւատք ունենալու (Ղուկ. 17։5)։ Ան առատաձեռնօրէն կը պատասխանէ այսպիսի աղօթքներու։ Մեր Աստուծոյն մասին ճշգրիտ գիտութեան վրայ հիմնուած իսկական հաւատքը քեզի պիտի օգնէ որ յառաջդիմես (Յակ. 2։26

ՍՈՐՎԱԾԴ ԳՈՐԾԱԴՐԷ

Ջրհեղեղէն առաջ, Նոյն ու իր ընտանիքը իրենց սորվածը հաւատարմօրէն գործադրեցին (տե՛ս պարբ. 14)

14. Պետրոս առաքեալ ինչպէ՞ս շեշտեց, որ կարեւոր է որ մեր սորվածը գործադրենք (տե՛ս նաեւ նկարը)։

14 Պետրոս առաքեալը շեշտեց, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ Քրիստոսի հետեւորդները իրենց սորվածը գործադրեն։ Ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի մէկ անձնաւորութեան՝ Նոյին մասին։ Եհովան Նոյին ըսաւ, որ ջրհեղեղի միջոցաւ ինք պիտի բնաջնջէ այդ ժամանակուան չար մարդիկը։ Որպէսզի Նոյ եւ իր ընտանիքը փրկուէին, բաւարար չէր որ անոնք գիտնային որ ջրհեղեղ պիտի գար։ Նկատի առ որ Պետրոս Ջրհեղեղին նախորդող ժամանակին ակնարկելով, ըսաւ. «Երբ տապանը կը շինուէր» (Ա. Պետ. 3։20)։ Ուրեմն, Նոյ եւ իր ընտանիքը Աստուծոյ իրենց ըսածները գործադրեցին՝ հսկայ տապան մը շինելով (Եբ. 11։7)։ Ետքը, Պետրոս Նոյին ըրածը նմանցուց մկրտութեան, գրելով. «Այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ» (Ա. Պետ. 3։21)։ Ձեւով մը, մկրտուելու համար տարած ջանքերդ կրնանք նմանցնել ինչ որ Նոյ եւ իր ընտանիքը երկար տարիներ ըրին՝ տապանը շինելով։ Մկրտութեան պատրաստ ըլլալու համար, դո՛ւն ի՞նչ բաներ պէտք է ընես։

15. Իրական զղջումը ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ։

15 Առաջին բաներէն մէկը, որ պէտք է ընես, մեղքերուդ համար իրապէս զղջալն է (Գործք 2։37, 38)։ Երբ իրապէս կը զղջաս, պիտի կարենաս իրական փոփոխութիւններ ընել։ Օրինակ, վազ անցա՞ծ ես սովորութիւններէ, որոնց Եհովան չի հաճիր, ինչպէս՝ անբարոյ կեանք ապրիլ, ծխել կամ հայհոյել (Ա. Կոր. 6։9, 10. Բ. Կոր. 7։1. Եփ. 4։29)։ Եթէ տակաւին այդպէս չես ըրած, շարունակէ ջանք ընել, որ անոնցմէ վազ անցնիս։ Քեզի հետ սերտողին հետ խօսէ, կամ ժողովքի երէցներէն խնդրէ որ քեզի օգնեն եւ ուղղեն։ Իսկ եթէ տարիքով պզտիկ ես եւ ծնողքիդ հետ կ’ապրիս, անոնցմէ խնդրէ որ քեզի օգնեն որեւէ գէշ սովորութիւն ձգելու, որ արգելք կ’ըլլայ մկրտութեանդ։

16. Հոգեւոր լաւ սովորութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։

16 Ասկէ զատ, կարեւոր է որ հոգեւոր լաւ ռութին մը ունենանք։ Այսինքն՝ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուինք եւ անոնց մասնակցինք (Եբ. 10։24, 25)։ Իսկ երբ ծառայութեան մասնակցելու որակեալ ըլլաս, ասիկա սովորութիւն դարձուր։ Այս կեանք փրկող գործին մէջ ո՛րքան աւելի մասնակցիս, ա՛յնքան աւելի հաճոյք պիտի առնես (Բ. Տիմ. 4։5)։ Եթէ տարիքով պզտիկ ես եւ ծնողքիդ հետ կ’ապրիս, դուն քեզի հարցուր. ‘Արդեօք ծնո՞ղքս ինծի պէտք է յիշեցնէ, որ ժողովներու երթամ եւ ծառայութեան ելլեմ։ Թէ ոչ ես ինձմէ կ’ընեմ ասոնք’։ Եթէ դուն քեզմէ կ’ընես ասոնք, ուրեմն Եհովա Աստուծոյ հանդէպ քու հաւատքդ, սէրդ եւ գնահատութիւնդ ցոյց տուած կ’ըլլաս։ Ասոնք «բարեպաշտութիւն» ցոյց տուող գործեր են կամ նուէրներ են, որոնք Եհովային կու տաս (Բ. Պետ. 3։11. Եբ. 13։15)։ Բոլոր այն նուէրները, որոնք ազատ կամքով եւ առանց ուրիշին կողմէ ճնշուելու կու տանք, կ’ուրախացնեն մեր Աստուածը (համեմատէ՛ Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Մենք այս բաները կ’ընենք, քանի որ կ’ուրախանանք Եհովային մեր լաւագոյնը տալով։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐԴ ԱՒԵԼՑՆԵԼ

17-18. Ի՞նչ կարեւոր յատկութիւն քեզի պիտի օգնէ, որ յառաջդիմես դէպի մկրտութիւն, եւ ինչո՞ւ (Առակաց 3։3-6

17 Մինչ կը շարունակես յառաջդիմել դէպի մկրտութիւն, դժուարութիւններէ պիտի անցնիս։ Ոմանք նոր հաւատքիդ համար քեզ պիտի ծաղրեն, եւ թերեւս նոյնիսկ քեզի հակառակին կամ հալածեն (Բ. Տիմ. 3։12)։ Ասկէ զատ, եթէ ջանք կ’ընես որ գէշ սովորութենէ մը վազ անցնիս, ատեն–ատեն թերեւս ատիկա նորէն ընես։ Կամ ալ թերեւս պարզապէս անհամբեր ես եւ յուսահատ, քանի որ շատ ժամանակ առաւ որ այս նպատակակէտին հասնիս։ Լաւ, ի՞նչը քեզի պիտի օգնէ որ այս բոլորին տոկաս։ Շատ կարեւոր յատկութիւն մը. Եհովային հանդէպ սէրդ։

18 Եհովային հանդէպ ունեցած սէրդ գեղեցիկ յատկութիւն մըն է եւ ամէնէն աղուոր բանն է որ ունիս (կարդա՛ Առակաց 3։3-6)։ Եհովային հանդէպ զօրաւոր սէր ունենալը կրնայ քեզի օգնել, որ կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլես։ Սուրբ Գիրքը շատ անգամ կը խօսի այն հաւատարիմ սիրոյն մասին, որ Եհովան ունի իր ծառաներուն հանդէպ։ Իր այս սէրը կը նշանակէ, որ ան իր ծառաները բնաւ երեսէ պիտի չձգէ (Սաղ. 100։5)։ Եւ դուն Աստուծոյ պատկերովը ստեղծուած ես (Ծն. 1։26)։ Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնաս այս տեսակ սէր ցոյց տալ։

Կրնաս ամէն օր գնահատանքդ յայտնել Եհովային (տե՛ս պարբ. 19) b

19. Ինչպէ՞ս կրնաս գնահատանքդ աւելցնել, քեզի համար Եհովային բոլոր ըրածներուն հանդէպ (Գաղատացիս 2։20

19 Կրնաս սկսիլ՝ գնահատանք զարգացնելով (Ա. Թես. 5։18)։ Ամէն օր դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովան ինչպէ՞ս ինծի հանդէպ իր սէրը ցոյց տուած է’։ Ետքը, աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն յայտնէ՝ յիշելով մասնաւոր բաներ, որոնք ան քեզի համար ըրած է։ Նկատէ որ Եհովան լաւ բաներ կ’ընէ անձա՛մբ քեզի համար, քանի որ քեզ կը սիրէ, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս առաքեալ այս բանը նկատեց Եհովային մասին (կարդա՛ Գաղատացիս 2։20)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ես ալ կ’ուզե՞մ իրեն հանդէպ սէրս ցոյց տալ’։ Եհովային հանդէպ ունեցած սէրդ քեզի պիտի օգնէ, որ շարունակես փորձութիւններու դէմ դնել եւ դժուարութիւններու յաջողութեամբ տոկալ։ Այս սէրը քեզ պիտի մղէ, որ հոգեւոր ռութինդ պահես, ամէն օր Հօրդ ցոյց տալով որ զինք կը սիրես։

20. Ի՞նչ կը նշանակէ անձդ նուիրել Եհովային, եւ այդ որոշումը որքա՞ն կարեւոր է։

20 Ժամանակի ընթացքին, Եհովային հանդէպ ունեցած սէրդ քեզ պիտի մղէ, որ յատուկ աղօթք մը ընես, եւ քու անձդ նուիրես իրեն։ Յիշէ որ մէյ մը որ Եհովային նուիրուիս, պիտի ունենաս այս հոյակապ յոյսը՝ յաւիտեան իրեն պատկանիլ։ Երբ կեանքդ Եհովային կը նուիրես, դուն կը խոստանաս որ իրեն պիտի ծառայես թէ՛ լաւ ժամանակներուն եւ թէ՝ գէշ։ Եւ այս ուխտը միշտ պիտի մնայ։ Ճիշդ է որ երբ կը նուիրուինք, շատ լուրջ քայլ մը առած կ’ըլլանք, բայց պահ մը մտածէ ասոր մասին. Դուն կեանքիդ մէջ շատ մը որոշումներ պիտի առնես, որոնցմէ ոմանք շատ լաւ որոշումներ են, բայց Եհովային նուիրուիլը ամէնէն լաւ որոշումն է որ կեանքիդ մէջ կրնաս առնել (Սաղ. 50։14)։ Սատանան պիտի փորձէ քու Հօրդ հանդէպ ունեցած սէրդ տկարացնել, յուսալով որ դուն ուղղամտութենէդ վազ անցնիս։ Բնաւ մի՛ ձգեր որ Սատանան յաջողի (Յոբ 27։5)։ Եհովային հանդէպ ունեցած զօրաւոր սէրդ քեզի պիտի օգնէ, որ նուիրումիդ համաձայն ապրիս եւ երթալով աւելի մօտենաս քու երկնաւոր Հօրդ։

21. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մկրտութիւնը ճամբուն վերջը չէ, հապա սկիզբն է։

21 Եհովային նուիրուելէն ետք, ժողովքիդ երէցներուն հետ խօսէ յաջորդ կարեւոր քայլը առնելու համար։ Բայց միշտ յիշէ որ մկրտութիւնը ճամբուն վերջը չէ, հապա սկիզբն է։ Մկրտութեամբ կը սկսիս անվերջ կեանք մը Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Ուրեմն, նպատակակէտեր դիր քու Հօրդ հանդէպ սէրդ ամէն օր զօրացնելու։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ մկրտութեան հասնիս։ Ատիկա շա՛տ գեղեցիկ օր մը պիտի ըլլայ։ Եւ ասիկա միայն սկիզբն է։ Թող որ Եհովային եւ իր Որդիին հանդէպ սէրդ շարունակէ յաւիտեան աւելնալ։

ԵՐԳ 89 Եհովայի ջերմ կոչը. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր»

a Մկրտուելու համար, պէտք է ճիշդ մղումը ունենանք եւ ճիշդ քայլերը առնենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի գործածենք եթովպիացի պաշտօնեայի մը օրինակը, ցոյց տալու համար, թէ Աստուածաշունչի աշակերտ մը ի՛նչ քայլեր պէտք է առնէ՝ մկրտուելու համար։

b ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը աղօթքով Եհովային կ’ըսէ թէ որքա՛ն շնորհակալ է իր տուած բաներուն համար։