Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 13

Ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածելով՝ պզտիկներուդ սորվեցուր Եհովային մասին

Ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածելով՝ պզտիկներուդ սորվեցուր Եհովային մասին

«Ասոնք ո՞վ ստեղծեց» (ԵՍԱ. 40։26

ԵՐԳ 15 Ստեղծագործութիւնը Եհովայի փառքը կը պատմէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ծնողները ի՞նչ կ’ուզեն իրենց պզտիկներուն համար։

 Ո՛Վ ԾՆՈՂՆԵՐ, մենք գիտենք որ դուք շատ կ’ուզէք ձեր զաւակներուն օգնել, որ Եհովան ճանչնան եւ սիրեն։ Բայց մենք չենք կրնար Եհովան տեսնել։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաք ձեր պզտիկներուն օգնել, որ Եհովան իրենց համար իրական անձնաւորութիւն ըլլայ եւ անոնք իրեն մօտենան (Յակ. 4։8

2. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն սորվեցնել Եհովային յատկութիւններուն մասին։

2 Ծնողները իրենց պզտիկներուն կ’օգնեն որ Եհովային մօտենան՝ անոնց հետ Սուրբ Գիրքը սերտելով։ Ասիկա կարեւոր կերպ է (Բ. Տիմ. 3։14-17)։ Բայց Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, որ անոնք ասիկա ուրիշ կերպով մըն ալ կրնան ընել։ Առակաց գիրքին մէջ, հայր մը իր տղուն կը յիշեցնէ, որ չմոռնայ Եհովային յատկութիւնները, որոնք կ’երեւին ստեղծագործութեան մէջ (Առ. 3։19-21)։ Հիմա նկատի պիտի առնենք կերպեր, որոնց միջոցաւ ծնողները կրնան ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածել, որ իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն Եհովային յատկութիւններուն մասին։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵՆԷՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼ՝ ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

3. Ծնողները ի՞նչ բանի մէջ պէտք է օգնեն իրենց պզտիկներուն։

3 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ «Աստուծոյ աներեւոյթ բաները [«յատկութիւնները», ՆԱ] աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին» (Հռով. 1։20)։ Ո՛վ ծնողներ, շատ հաւանաբար կը սիրէք ձեր պզտիկներուն հետ դուրսը ժամանակ անցընել։ Այդ ժամանակը գործածեցէք, որ անոնց օգնէք որ տեսնեն թէ ի՛նչ կապ կայ «ստեղծուածներ»ուն եւ Եհովային հոյակապ յատկութիւններուն միջեւ։ Անոր համար, նկատի առնենք որ ծնողները ի՛նչ կը սորվին Յիսուսէն։

4. Յիսուս ինչպէ՞ս ստեղծագործութեան միջոցաւ իր աշակերտներուն սորվեցուց (Ղուկաս 12։24, 27-30

4 Նկատի առ որ Յիսուս ինչպէ՛ս ստեղծագործութեան միջոցաւ սորվեցուց։ Առիթով մը, իր աշակերտներուն ըսաւ որ ագռաւներուն եւ շուշաններուն նային (կարդա՛ Ղուկաս 12։24, 27-30)։ Յիսուս կրնար որեւէ անասունի կամ ծաղիկի մասին խօսիլ. բայց ան ընտրեց իր աշակերտներուն ծանօթ եղող թռչուն մը եւ ծաղիկ մը։ Աշակերտները թերեւս տեսած ըլլալու էին որ ագռաւներ կը թռչին եւ շուշաններ կը ծաղկին դաշտին մէջ։ Երեւակայէ Յիսուս ինչպէ՛ս իր մատով ատոնք ցոյց տուաւ՝ մինչ անոնց մասին կը խօսէր։ Լաւ այս օրինակները տալէ ետք, Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Ան իր աշակերտներուն կարեւոր դաս մը սորվեցուց իրենց երկնաւոր Հօր առատաձեռնութեան եւ քաղցրութեան մասին. Եհովան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի կերակրէ եւ հագուեցնէ, ճիշդ ինչպէս որ ագռաւները կը կերակրէ եւ դաշտի շուշանները կը հագուեցնէ։

5. Ծնողները ստեղծագործութենէն ի՞նչ օրինակներ կրնան գործածել, որ իրենց պզտիկին սորվեցնեն Եհովային մասին։

5 Ո՛վ ծնողներ, ինչպէ՞ս կրնաք Յիսուսին պէս սորվեցնել։ Օրինակ, կրնաք ձեր պզտիկին խօսիլ ձեր սիրած անասունին կամ բոյսին մասին։ Մինչ կը խօսիք, կրնաք իրեն բացատրել որ ատիկա ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։ Յետոյ, կրնաք իրեն հարցնել, որ ի՛ր սիրած անասունը կամ բոյսը ինչ է։ Եթէ խօսիք բանի մը մասին որ ինքը կը սիրէ, Եհովային յատկութիւններուն մասին խօսած ժամանակ հաւանաբար ան ձեզի աւելի լաւ մտիկ ընէ։

6. Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Քրիստոֆըրին մամային օրինակէն։

6 Պէ՞տք է որ ծնողները երկար ժամանակ տրամադրեն պրպտումներ ընելու անասունի կամ բոյսի մը մասին, առա՛ջ որ իրենց պզտիկներուն ըսեն թէ ատիկա Եհովային մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Պայման չէ։ Յիսուս երկար–բարակ բացատրութիւն չտուաւ, թէ ագռաւները ինչպէ՛ս կ’ուտեն կամ շուշանները ինչպէ՛ս կ’աճին։ Անշուշտ, թերեւս ատենը մէյ մը պզտիկդ կը սիրէ խոր խօսակցութիւն ունենալ բնութեան մասին։ Բայց երբեմն, պարզ խօսակցութիւնը կամ հարցումը բաւարար է որ կէտդ յստակացնես։ Նկատի առ Քրիստոֆըր անունով եղբայր մը ի՛նչ կը յիշէ իր մանկութենէն. «Մամաս մեզի պարզ բաներ կ’ըսէր, որ մեզի օգնէ որ մեր շուրջի ստեղծագործութիւնը արժեւորենք։ Օրինակ, երբ որ լեռներուն մօտ ըլլայինք ան կ’ըսէր. ‘Նայեցէք այս մե՜ծ եւ գեղեցիկ լեռներուն, Եհովան հիանալի Աստուած չէ՞’։ Կամ երբ որ ովկիանոսին մօտ ըլլայինք, ան կ’ըսէր. ‘Նայեցէք այդ զօրաւոր ալիքներուն։ Չէ՞ք կարծեր որ Եհովան զօրաւոր Աստուած է’»։ Քրիստոֆըրը կ’ըսէ. «Այս պարզ եւ միտք–գրգռող խօսակցութիւնները մե՜ծ ազդեցութիւն ունեցան մեր վրայ»։

7. Ինչպէ՞ս կրնաս պզտիկներդ մարզել, որ ստեղծագործութեան մասին մտածեն։

7 Մինչ պզտիկներդ կը մեծնան, կրնաս զանոնք մարզել որ սկսին ստեղծագործութեան մասին մտածել եւ Եհովային մասին սորվիլ։ Կրնաս խօսիլ Եհովային ստեղծած մէկ բանին մասին եւ անոնց հարցնել. «Ասիկա ձեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին»։ Անոնց ըսածները կրնան քեզ զարմացնել եւ ուրախացնել (Մատ. 21։16

Ե՞ՐԲ ԿՐՆԱՍ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵՆԷՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ ԳՈՐԾԱԾԵԼ, ՈՐ ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՆԵՍ

8. Իսրայէլացի ծնողները «ճամբան քալած ատեն» ի՞նչ առիթ ունէին։

8 Իսրայէլացի ծնողներուն ըսուած էր, որ «ճամբան քալած ատեն» իրենց պզտիկներուն Եհովային պատուիրանները սորվեցնեն (Բ. Օր. 11։19)։ Իսրայէլի գիւղերուն մէջ ճամբաներ կային։ Հոն, տարբեր–տարբեր անասուններ, թռչուններ եւ ծաղիկներ կը գտնուէին։ Երբ իսրայէլացի ընտանիքներ ճամբան կը քալէին, ծնողները առիթ ունէին որ իրենց պզտիկներուն խօսին Եհովային ստեղծած բաներուն մասին։ Դո՛ւք ալ, ո՛վ ծնողներ, հաւանաբար նոյնանման առիթներ ունիք, որ ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածելով՝ ձեր պզտիկներուն սորվեցնէք։ Նկատի առնենք, որ կարգ մը ծնողներ ասիկա ինչպէ՛ս ըրած են։

9. Փունիթայէն եւ Գաթիայէն ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

9 Փունիթա անունով մայր մը, որ Հնդկաստանի մեծ քաղաքներէն մէկուն մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Երբ որ գիւղը մեր ազգականներուն այցելենք, առիթը կ’օգտագործենք որ մեր պզտիկներուն օգնենք՝ Եհովային հիանալի ստեղծագործութեան մասին սորվելու։ Կը զգամ որ պզտիկներս բնութեան մասին աւելի՛ կը սորվին, երբ որ քաղաքին աղմուկէն ու խճողումէն հեռու ըլլան»։ Շատ հաւանաբար ձեր պզտիկները բնաւ պիտի չմոռնան այն ժամանակը, որ ձեզի հետ կ’անցընեն գեղեցիկ վայրի մը մէջ։ Մոլտովիայէն Գաթիա անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Բնաւ չեմ մոռնար այն յիշատակները, որ ունիմ ծնողքիս հետ, ամէն անգամ որ գիւղ ելլէինք։ Ես իրենց շատ շնորհակալ եմ, որ ինծի պզտիկ տարիքէս սորվեցուցին, որ ժամանակ տրամադրեմ Եհովային ստեղծած բաները դիտելու եւ իր մասին սորվելու»։

Նոյնիսկ քաղաքին մէջ կրնաս գտնել բաներ, որոնք Եհովան ստեղծած է եւ ատոնց միջոցաւ պզտիկներուդ Եհովային մասին սորվեցնել (տե՛ս պարբ. 10)

10. Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել, եթէ իրենց համար դժուար է քաղաքէն դուրս ելլել (տե՛ս « Օգնութիւն ծնողներուն» շրջանակը)։

10 Լաւ, ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ դժուար է գիւղ երթալ։ Հնդկաստանէն Ամոլ անունով տղամարդ մը կ’ըսէ. «Ապրած շրջանիս մէջ, ծնողները մինչեւ ուշ ժամեր կ’աշխատին եւ գիւղ երթալը կրնայ շատ սուղի նայիլ։ Բայց ընտանիքները կրնան ստեղծագործութիւնը դիտել եւ Եհովային յատկութիւններուն մասին սորվիլ, երբ որ պզտիկ զբօսայգի մը երթան կամ տանիքը իրենց ցանած բոյսերը դիտեն»։ Երբ որ շուրջդ ուշի–ուշով նայիս, թերեւս նկատես որ ստեղծագործութենէն շատ մը բաներ կան, որոնք կրնաս ցոյց տալ պզտիկներուդ (Սաղ. 104։24)։ Հաւանաբար գտնես թռչուններ, միջատներ, բոյսեր եւ այլն։ Գերմանիայէն Գարինան կ’ըսէ. «Մամաս ծաղիկները շատ կը սիրէ։ Անոր համար, երբ որ պզտիկ էի, ամէն անգամ որ քալելու երթայինք, ճամբան ինծի ծաղիկներ ցոյց կու տար»։ Ո՛վ ծնողներ, դուք կրնաք նաեւ գործածել ստեղծագործութեան մասին մեր կազմակերպութեան պատրաստած վիտէօները եւ հրատարակութիւնները։ Ձեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, կրնաք ձեր պզտիկներուն օգնել, որ ուշի–ուշով դիտեն այն ինչ որ Աստուած ստեղծած է։ Հիմա նկատի առնենք Եհովային կարգ մը յատկութիւնները, որոնց մասին կրնաք խօսիլ ձեր պզտիկներուն։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ «ԱՆԵՐԵՒՈՅԹ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. . . ԿԸ ՏԵՍՆՈՒԻՆ»

11. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն օգնել, որ Եհովային սէրը ըմբռնեն։

11 Պզտիկներուդ օգնելու համար որ Եհովային սէրը ըմբռնեն, կրնաս իրենց ցուցնել որ շատ մը անասուններ ինչպէ՛ս նրբութեամբ իրենց պզտիկներուն հոգ կը տանին (Մատ. 23։37)։ Ասկէ զատ, կրնաս անոնց ցուցնել, թէ ստեղծագործութեան մէջ ի՛նչ տարբեր–տարբեր բաներ կան։ Նախապէս յիշուած Գարինան կ’ըսէ. «Երբ մամայիս հետ քալելու ելլէի, ինծի կ’ըսէր որ կենամ եւ տեսնեմ որ ինչպէ՛ս ամէն մէկ ծաղիկ յատուկ է եւ ինչպէ՛ս անոր գեղեցկութիւնը ցոյց կու տայ որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Մինչեւ այսօր սովորութիւնը ունիմ ուշի–ուշով ծաղիկներուն նայելու եւ տեսնելու որ ինչպէ՛ս ամէն մէկը տարբեր գոյն եւ տեսք ունի։ Անոնք ինծի միշտ կը յիշեցնեն, որ Եհովան մեզ շատ կը սիրէ»։

Կրնաս պզտիկներուդ բացատրել, թէ մեր մարմինը ի՜նչ հիանալի կերպով կազմուած է, որ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըմբռնեն (տե՛ս պարբ. 12)

12. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն օգնել, որ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըմբռնեն (Սաղմոս 139։14) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

12 Պզտիկներուդ օգնէ որ Եհովային իմաստութիւնը ըմբռնեն։ Վստահաբար, Եհովան մեզմէ շա՜տ աւելի իմաստուն է (Հռով. 11։33)։ Օրինակի համար, կրնաս պզտիկներուդ պատմել որ ինչպէ՛ս ջուրերը շոգիանալով ամպեր կը կազմեն եւ թէ ինչպէ՛ս այդ ծանր ամպերը մէկ տեղէն միւսը դիւրութեամբ կը փոխադրուին (Յոբ 38։36, 37)։ Կրնաս նաեւ անոնց պատմել, թէ մեր մարմինը ի՜նչ հիանալի կերպով կազմուած է (կարդա՛ Սաղմոս 139։14)։ Նկատի առ որ Վլատիմիր անունով հայր մը ասիկա ինչպէ՛ս ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Օր մը, մեր տղան հեծիկէն ինկաւ եւ ինքզինք վիրաւորեց։ Քանի մը օր ետք, իր վէրքը բուժուեցաւ։ Կինս եւ ես իրեն բացատրեցինք որ Եհովան մեր բջիջները այնպէս մը ստեղծած է, որ կարենան իրենք զիրենք նորոգել։ Ետքը, մենք իրեն ըսինք որ ասանկ բան մը մարդոց շինած բաներուն մէջ չենք տեսներ։ Օրինակի համար, չենք տեսներ որ ինքնաշարժ մը արկածէ ետք ինքզինք կը նորոգէ։ Մեր տղուն ունեցած այս փորձառութիւնը իրեն օգնեց որ Եհովային իմաստութիւնը ըմբռնէ»։

13. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց պզտիկներուն օգնել, որ Աստուծոյ զօրութիւնը ըմբռնեն (Եսայի 40։26

13 Եհովան մեզի կ’ըսէ որ մեր աչքերը վեր վերցնենք եւ մտածենք որ ինչպէ՛ս իր անսահման զօրութիւնով աստղերը իրենց տեղը կը պահէ (կարդա՛ Եսայի 40։26)։ Կրնաս քու պզտիկներուդ ըսել որ երկինք նային եւ մտածեն իրենց տեսածներուն մասին։ Նկատէ թէ Թայուանէն Թինկթինկ անունով քոյր մը ինչ ըսաւ իր մանկութեան մասին։ «Օր մը, մամաս ինծի քաղաքէն դուրս տարաւ եւ գիշերը վրանի մէջ անցուցինք։ Երբ գիշերը երկինքին նայեցանք, շա՜տ աստղեր տեսանք, քանի որ քաղաքին լոյսերը չկային։ Ասիկա պատահեցաւ ժամանակ մը, երբ ես մտահոգ էի, քանի որ ընկերներս վրաս կը ճնշէին եւ ես կը մտածէի որ արդեօք պիտի կարենա՞մ Եհովային հաւատարիմ մնալ։ Մամաս ինձմէ խնդրեց որ մտածեմ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր զօրութիւնը գործածեց, որ բոլոր աստղերը ստեղծէ եւ յիշեմ որ ինք կրնայ նոյն զօրութիւնը գործածել, որ ինծի օգնէ՝ փորձութիւններուս դէմ դնելու։ Այդ օրէն ետք, միտքս դրի Եհովան աւելի ճանչնալ եւ իրեն ծառայել, ինչ որ ալ ըլլայ»։

14. Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան ստեղծագործութեան միջոցաւ իրենց պզտիկներուն օգնել, որ տեսնեն թէ Եհովան ուրախ Աստուած է։

14 Եհովային ստեղծագործութիւնը ցոյց կու տայ, որ ինք ուրախ Աստուած է եւ կ’ուզէ որ մենք ալ ուրախ ըլլանք։ Գիտնականները նկատած են որ անասուններուն մեծամասնութիւնը կը խաղայ,– մէջը ըլլալով թռչունները եւ ձուկերը (Յոբ 40։20)։ Պատահա՞ծ է որ պզտիկներդ խնդացած են, թերեւս երբ տեսած են պզտիկ կատուներ կը վազեն բուրդէ գնդակի մը ետեւէն կամ շնիկներ իրարու հետ կը խաղան։ Յաջորդ անգամ, երբ պզտիկներդ տեսնեն անասուն մը կը խաղայ եւ խնդան, իրենց յիշեցուր որ մենք կը ծառայենք ուրախ Աստուծոյ մը (Ա. Տիմ. 1։11, ՆԱ

ԸՆՏԱՆԵՕՔ ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ

Երբ որ պզտիկներդ բնութեան մէջ քեզի հետ ըլլան, թերեւս աւելի հանգիստ զգան եւ ուզեն խօսիլ իրենց զգացումներուն մասին (տե՛ս պարբ. 15)

15. Ի՞նչը կրնայ ծնողներուն օգնել, որ գիտնան թէ իրենց պզտիկներուն մտքին մէջ ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ (Առակաց 20։5) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

15 Ատեններ, պզտիկները իրենց խնդիրներուն մասին դիւրին–դիւրին չեն արտայայտուիր։ Ո՛վ ծնողներ, եթէ այս է ձեր պարագան, թերեւս պէտք է աւելորդ ջանք ընէք, որ ձեր պզտիկներուն միտքին մէջ եղածները գիտնաք (կարդա՛ Առակաց 20։5)։ Կարգ մը ծնողներ ասիկա ընելը դիւրին գտած են, երբ որ իրենց պզտիկներուն հետ բնութեան մէջ ժամանակ անցուցած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ ծնողներուն համար հոն քիչ խանգարումներ կան։ Թայուանէն Մասահիքօ անունով հայր մը ուրիշ պատճառ մըն ալ կու տայ. «Երբ որ մեր պզտիկներուն հետ դուրսը ժամանակ անցընենք, օրինակի համար լեռներ մագլցինք կամ ծովեզերքը քալենք, ընդհանրապէս անոնք հանգիստ կը զգան։ Ասանկով, մեզի համար դիւրին կ’ըլլայ գիտնալ, որ անոնց միտքին մէջ ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ»։ Նախապէս յիշուած Գաթիան կ’ըսէ. «Դպրոցէն ետք, մամայիս հետ գեղեցիկ զբօսայգի մը կ’երթայինք. հոն այնքա՜ն հանգիստ կը զգայի որ ինծի համար դիւրին էր իրեն պատմել, թէ դպրոցին մէջ ի՛նչ կ’անցնի–կը դառնայ կամ ի՛նչ բաներու հոգը առած եմ»։

16. Ընտանիքները ինչպէ՞ս կրնան հանգչիլ եւ ուրախ ժամանակ անցընել, մինչ Եհովային ստեղծագործութիւնը կը վայելեն։

16 Ասկէ զատ, ընտանիքները բնութեան մէջ կրնան հանգչիլ եւ իրարու հետ աղուոր ժամանակ անցընել։ Ասիկա ընտանեկան կապերը կը զօրացնէ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «ծիծաղելու ժամանակ» կայ եւ «ցատկռտելու ժամանակ» (ԱԾ) կայ (Ժող. 3։1, 4)։ Եհովան երկրի վրայ շատ մը տեղեր ստեղծած է, ուր կրնանք մեր սիրած բաները ընել։ Շատ մը ընտանիքներ կը սիրեն միասին ժամանակ անցընել բնութեան մէջ, գիւղը, լեռները կամ ծովեզերքը։ Կարգ մը պզտիկներ կը սիրեն զբօսայգիի մը մէջ վազվզել եւ խաղալ, անասուններ դիտել կամ ալ գետի, լիճի կամ ծովու մէջ լողալ։ Մենք շատ առիթներ ունինք, որ աղուոր ժամանակ անցընենք Եհովային ստեղծած բնութեան գիրկը։

17. Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է իրենց պզտիկներուն օգնեն, որ Եհովային ստեղծագործութիւնը վայելեն։

17 Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, ծնողները եւ պզտիկները Եհովային ստեղծագործութիւնը պիտի վայելեն այնպիսի կերպերով, որ հիմա կարելի չէ։ Այդ ժամանակ, մենք անասուններէն պիտի չվախնանք, ոչ ալ անոնք մեզմէ պիտի վախնան (Եսա. 11։6-9)։ Մենք լեցուն ժամանակ պիտի ունենանք, որ Եհովային ստեղծած բաները վայելենք (Սաղ. 22։26)։ Ո՛վ ծնողներ, մինչեւ այդ ժամանակը մի՛ սպասէք որ ձեր զաւակներուն օգնէք, որ սկսին ստեղծագործութիւնը վայելել։ Երբ ստեղծագործութենէն օրինակներ գործածէք, որ ձեր զաւակներուն սորվեցնէք Եհովային մասին, անոնք պիտի սկսին զգալ ինչ որ Դաւիթ թագաւոր զգաց, երբ ըսաւ. ‘Ո՛վ Տէր, քու գործերուդ պէս չկայ’ (Սաղ. 86։8

ԵՐԳ 88 Երեխաները Աստուծմէ վստահուած գանձեր են

a Մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր շա՛տ լաւ կը յիշեն այն օրերը, երբ իրենց ծնողներուն հետ ստեղծագործութիւնը կը վայելէին։ Անոնք չեն մոռցած, թէ իրենց ծնողները ինչպէ՛ս այդ առիթները կ’օգտագործէին, որ իրենց սորվեցնեն Եհովային անձնաւորութեան մասին։ Եթէ պզտիկներ ունիս, ինչպէ՞ս կրնաս ստեղծագործութեան միջոցաւ անոնց սորվեցնել Աստուծոյ յատկութիւններուն մասին։ Այս յօդուածը այդ հարցումին պիտի պատասխանէ։