Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ պէտք է ‘գովենք Տէրը’

Ինչո՞ւ պէտք է ‘գովենք Տէրը’

«Գովեցէք Տէրը. . . վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը» (ՍԱՂ. 147։1

ԵՐԳԵՐ. 104, 152

1-3. ա) 147–րդ սաղմոսը հաւանաբար ե՞րբ գրուեցաւ։ բ) 147–րդ սաղմոսէն ի՞նչ կը սորվինք։

ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ կը գովենք այն անհատը, որ որոշ գործ մը լաւ ըրած է կամ գեղեցիկ յատկութիւն մը ցուցաբերած է։ Որքա՜ն աւելի կը մղուինք Եհովան գովելու։ Զինք կը գովենք իր մեծ զօրութեան համար, ինչպէս որ իր հոյակապ ստեղծագործութեան մէջ կը տեսնենք։ Նաեւ զինք կը գովենք մեզի հանդէպ իր խոր սիրոյն համար, որուն պատճառով իր Որդին զոհեց մեզի համար։

2 147–րդ սաղմոսը գրողը մղուեցաւ Եհովան գովելու։ Ան ուրիշներ ալ քաջալերեց որ իրեն հետ Աստուած գովաբանեն (կարդա՛ Սաղմոս 147։1, 7, 12

3 Չենք գիտեր թէ ո՛վ գրեց 147–րդ սաղմոսը։ Սակայն գրողը հաւանաբար ապրեցաւ այն ժամանակ, երբ իսրայէլացիները բաբելոնական գերութենէն վերադարձան Երուսաղէմ (Սաղ. 147։2)։ Ան Եհովան փառաբանեց քանի որ Իր ժողովուրդը անգամ մը եւս կրնային իրե՛նց երկրին մէջ պաշտել զինք։ Ան ուրիշ պատճառներ ալ տուաւ Եհովան փառաբանելու։ Ի՞նչ են ատոնք։ Իսկ դուն ի՞նչ պատճառներ ունիս որ ըսես «Ալէլուիա՜», այսինքն՝ «Գովաբանեցէ՛ք Եահը» (Սաղ. 147։1. 104։35, ԱԾ, ստորանիշ)։

ԵՀՈՎԱՆ ԿՈՏՐԱԾ ՍԻՐՏ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԲԺՇԿԷ

4. Երբ Կիւրոս թագաւորը ազատ արձակեց իսրայէլացիները, անոնք ինչպէ՞ս զգացած ըլլալու էին եւ ինչո՞ւ։

4 Երեւակայէ թէ իսրայէլացիները ի՛նչ կը զգային, երբ Բաբելոնի մէջ գերի էին։ Զիրենք գերի առնողները ծիծաղելով կ’ըսէին. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։ Հրեաներուն սիրտը չէր ուզեր երգել, քանի որ իրենց ուրախութեան ամէնէն մեծ պատճառը՝ Երուսաղէմը՝ կործանած էր (Սաղ. 137։1-3, 6)։ Անոնց սիրտը կոտրած էր եւ մխիթարութեան պէտք ունէին։ Բայց Եհովան օգնեց իր ժողովուրդին, ճիշդ ինչպէս որ իր մարգարէական խօսքը ըսած էր։ Ինչպէ՞ս։ Պարսկաստանի Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնին յաղթեց եւ յայտարարեց. «Երկնքի Եհովա Աստուածը. . . ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի» (Բ. Մն. 36։23)։ Ասիկա որքա՜ն մխիթարած ըլլալու էր Բաբելոնի մէջ եղող իսրայէլացիները։

5. Սաղմոսերգուն ի՞նչ ըսաւ մեզ բուժելու Եհովային զօրութեան մասին։

5 Եհովան մխիթարեց ոչ միայն իսրայէլ ազգը որպէս խումբ, այլ նաեւ ամէն մէկ անձ։ Ան նոյն բանը այսօր ալ կ’ընէ։ Սաղմոսերգուն Աստուծոյ մասին գրեց. «Սրտով կոտրածները կը բժշկէ ու անոնց խոցերը կը փաթթէ» (Սաղ. 147։3)։ Եհովան ֆիզիքական կամ զգացական խնդիր ունեցողներով հետաքրքրուած է։ Ան սրտանց կ’ուզէ մեզ մխիթարել եւ մեր զգացական վէրքերը բուժել (Սաղ. 34։18. Եսա. 57։15)։ Ան իմաստութիւն եւ զօրութիւն կու տայ մեզի, որպէսզի կարենանք գլուխ ելլել որեւէ խնդիրի հետ (Յակ. 1։5

6. Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ Սաղմոս 147։4–ի խօսքերէն (տե՛ս բացման նկարը)։

6 Ետքը, սաղմոսերգուն երկինք նայելով կ’ըսէ, թէ Եհովան «աստղերուն թիւը կը համրէ» եւ «անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ» (Սաղ. 147։4)։ Լաւ, ան ինչո՞ւ նիւթը փոխեց։ Նկատի առ այս կէտը. ան իր աչքերով կրնար տեսնել աստղերը, բայց ո՛չ մէկ գաղափար ունէր թէ ատոնց թիւը որքան է։ Ներկայիս, գիտնականները կ’ըսեն թէ մեր աստղախումբին մէջ միլիառաւոր աստղեր կան, եւ թերեւս եռիլիոնաւոր աստղախումբեր կան տիեզերքին մէջ։ Մենք չենք կրնար բոլոր աստղերը համրել, բայց Ստեղծիչը ամէն մէկուն անուն կու տայ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ ամէն մէկ աստղ յատուկ է Եհովային աչքին (Ա. Կոր. 15։41)։ Այն Աստուածը որ գիտէ թէ ամէն մէկ աստղ ուր է, նաեւ գիտէ թէ դո՛ւն ով ես։ Ան միշտ գիտէ թէ ճիշդ ո՛ւր ես, ի՛նչ կը զգաս եւ ինչի՛ պէտք ունիս։

7, 8. ա) Եհովան ի՞նչ գիտէ մեր մասին։ բ) Օրինակ մը տուր որ կը ցուցնէ թէ Եհովան կը կարեկցի մեզի։

7 Եհովան ոչ միայն հետաքրքրուած է քեզմով, հապա նաեւ կը հասկնայ թէ ինչէ՛ կ’անցնիս եւ զօրութիւնը ունի որ քեզի օգնէ խնդիրներուդ մէջ (կարդա՛ Սաղմոս 147։5)։ Թերեւս զգաս որ պարագադ շատ դժուար է եւ կարողութենէդ աւելի է։ Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ կրնաս ընել եւ ինչ ո՛չ, ու կը յիշէ թէ «մենք հող ենք» (Սաղ. 103։14)։ Մենք անկատար ենք եւ կրկին անգամ նոյն սխալները կ’ընենք։ Որքա՜ն կը զղջանք երբ մեր բերանէն փախցնենք որոշ բան մը, կամ սխալ ցանկութիւն մը արթննայ մեր մէջ կամ ալ ուրիշին ունեցածին նախանձինք։ Ճիշդ է որ Եհովան որեւէ տկարութիւն չունի, բայց ան լման կը հասկնայ մեր զգացումները (Եսա. 40։28

8 Անձնապէս զգացա՞ծ ես որ Եհովան իր հզօր ձեռքով քեզի օգնած է, որ փորձութիւններու հետ գլուխ ելլես (Եսա. 41։10, 13)։ Օրինակ, նկատի առ Քիոքօ անունով ռահվիրայ քոյր մը։ Նոր նշանակումի սկսելէ ետք, ան շատ վհատեցաւ։ Բայց Քիոքոն ինչպէ՞ս գիտցաւ թէ Եհովան կը հասկնայ իր խնդիրները։ Իր նոր ժողովքին մէջ կային շատեր, որոնք իր զգացումները կրնային հասկնալ։ Ան զգաց թէ կարծես թէ Եհովան իրեն կ’ըսէր. «Ես քեզ կը սիրեմ ոչ թէ միայն քանի որ ռահվիրայ ես, հապա նաեւ քանի որ իմ աղջիկս ես եւ ինծի նուիրուած ես։ Իմ Վկաս ըլլալով կ’ուզեմ որ կեանքէդ հաճոյք առնես»։ Իսկ քու պարագայիդ, Եհովան ինչպէ՞ս ցուցուցած է որ իր «իմաստութիւնը անհուն է»։

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ՊԷՏՔԵՐԸ Կ’ԱՊԱՀՈՎԷ

9, 10. Եհովան նախ ի՞նչ տեսակի օգնութիւն կու տայ. օրինակ մը տուր։

9 Բոլորս նիւթական պէտքեր ունինք, ինչպէս՝ ուտելիք, հագուստ եւ բնակելու տեղ։ Թերեւս մտահոգուիս որ բաւարար ուտելիք պիտի չունենաս։ Բայց Եհովան երկիրը այնպէս մը ըրած է, որ բաւարար ուտելիք արտադրէ բոլորին, նոյնիսկ «ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն» (կարդա՛ Սաղմոս 147։8, 9)։ Եթէ Եհովան ագռաւները կը կերակրէ, ուրեմն կրնաս վստահ ըլլալ որ քու նիւթական պէտքերուդ ալ հոգ պիտի տանի (Սաղ. 37։25

10 Ամէնէն կարեւորը, Եհովան հոգեւորապէս հոգ կը տանի մեզի եւ կու տայ իր «խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է» (Փլպ. 4։6, 7)։ Օրինակ, նկատի առ Մուցուօ անունով եղբայր մը եւ իր կինը։ Երբ 2011–ին ցունամի մը զարկաւ Ճափոնը, անոնք քիչ մնաց որ մեռնէին, եթէ իրենց տան տանիքը չելլէին։ Այդ օրը, անոնք գրեթէ իրենց բոլոր ունեցածները կորսնցուցին, եւ մութ ու պաղ գիշերը անցուցին իրենց տան երկրորդ յարկի սենեակի մը մէջ։ Առտուն, անոնք ուզեցին ձեւով մը հոգեւորապէս քաջալերուիլ, եւ միայն գտան 2006–ի Եհովայի վկաներու տարեգիրք–ը։ Շուտով Մուցուոյի աչքին զարկաւ «Պատմութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն մահացու ցունամիները» վերնագիրը։ Ատիկա 2004–ին Սումադրային մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին մասին էր, որ պատմութեան մէջ արձանագրուած ամէնէն կործանիչ ցունամիները պատճառեց։ Մուցուոն եւ իր կինը լալով կարդացին գրուած փորձառութիւնները։ Անոնք զգացին թէ Եհովան սիրալիր կերպով կը գուրգուրար իրենց վրայ, եւ ճիշդ իրենց պէտք ունեցած հոգեւոր քաջալերութիւնը կու տար։ Ան նիւթապէս ալ հոգ տարաւ իրենց։ Ճափոնի միւս շրջաններուն մէջ եղող եղբայրները ուտելիք եւ հագուելիք ապահովեցին իրենց։ Բայց անոնք ամէնէն շատ զօրացան, երբ կազմակերպութեան կողմէ ղրկուած եղբայրներ այցելեցին ժողովքին։ Մուցուոն կ’ըսէ. «Զգացի թէ Եհովան ամէն մէկուս քով կեցած է եւ մեզի հոգ կը տանի։ Շա՜տ մխիթարուեցանք»։ Ուրեմն, ամէնէն կարեւոր կերպը որով Եհովան կ’օգնէ մեզի այն է, թէ մեր հոգեւոր պէտքերուն հոգ կը տանի, բայց ան նաեւ մեր նիւթական պէտքերը կը հոգայ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕԳՆՈՒԹԵՆԷՆ ՕԳՏՈՒԷ

11. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուծոյ օգնութենէն օգտուինք։

11 Եհովան ‘խեղճերը կը հաստատէ’։ Ան մեզ կը սիրէ եւ միշտ պատրաստ է օգնելու (Սաղ. 147։6ա)։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր օգնութենէն օգտուիլ։ Պէտք է իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր ըլլայ։ Ասոր համար, պէտք է խոնարհ ու համեստ ըլլանք (Սոփ. 2։3)։ Խոնարհները Աստուծոյ կը սպասեն որ անարդարութիւնները շտկէ եւ իրենց չարչարանքին վերջ դնէ։ Եհովան այսպիսի անհատներու կը հաճի։

12, 13. ա) Աստուծոյ օգնութենէն օգտուելու համար, ի՞նչ բանէ պէտք է հեռու մնանք։ բ) Եհովան որո՞ւն կը հաճի։

12 Անդին, Աստուած «ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ» (Սաղ. 147։6բ)։ Չենք ուզեր այս վիճակին մէջ ըլլալ, հապա կ’ուզենք որ Եհովան հաւատարիմ սէր ցուցնէ մեզի հանդէպ։ Ասոր համար, պէտք է ատենք ինչ որ ինք կ’ատէ (Սաղ. 97։10)։ Օրինակ, պէտք է սեռային անբարոյութիւնը ատենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ պէտք է հեռու կենանք որեւէ բանէ, որ կրնայ մեզ այս սխալին առաջնորդել, մէջը ըլլալով պոռնկագրութիւնը (Սաղ. 119։37. Մատ. 5։28)։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ, բայց կ’արժէ այս պայքարը տանիլ, որպէսզի Եհովային օրհնութիւնը ստանանք։

13 Մենք այս պայքարին մէջ պէտք է Եհովային վստահինք, եւ ոչ թէ մեր անձին։ Արդեօք ան կը հաճի՞ երբ մեր վստահութիւնը դնենք այն բաներուն վրայ, որոնց մարդիկ կը դիմեն օգնութեան համար։ Ո՛չ։ Ան «ձիուն զօրութեանը չի հաճիր»։ Պէ՞տք է մեր ուժին կամ ուրիշին վստահինք։ Եհովան «մարդուն սրունքները չի հաւնիր» (Սաղ. 147։10)։ Պէտք է շարունակենք աղօթել Եհովային եւ աղաչել որ մեզի օգնէ։ Ան բնա՛ւ չի յոգնիր մեր աղաչանքները մտիկ ընելէ, նոյնիսկ եթէ նոյն բանը հարիւր անգամ կրկնենք։ «Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները ու իր ողորմութեանը յուսացողները» (Սաղ. 147։11)։ Որովհետեւ ան հաւատարիմ է եւ մեզ կը սիրէ, վստահ ենք որ պիտի շարունակէ մեզի օգնել, որ մեր սխալ ցանկութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։

14. Սաղմոսերգուն ի՞նչ բանէ վստահ էր։

14 Եհովան կը վստահեցնէ թէ մեզի պիտի օգնէ երբ խնդիրներ ունենանք։ Երբ իսրայէլացիները Երուսաղէմ վերադարձան, սաղմոսերգուն Եհովային մասին երգեց, ըսելով. «Անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։ Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ» (Սաղ. 147։13, 14)։ Սաղմոսերգուն ապահով զգաց երբ մտածեց, թէ Եհովան պիտի զօրացնէ քաղաքին դռները, որպէսզի Իր ժողովուրդը պաշտպանէ։

Աստուծոյ Խօսքը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ, երբ զգանք թէ մեր դժուարութիւններուն մէջ կը խեղդուինք (տե՛ս պարբերութիւն 15-17)

15-17. ա) Ատեններ դժուարութիւններու նկատմամբ ի՞նչ կը զգանք, բայց Եհովան ինչպէ՞ս իր Խօսքը կը գործածէ որպէսզի մեզի օգնէ։ բ) Օրինակ մը տուր թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ «խօսքը արագութեամբ կը վազէ»։

15 Թերեւս խնդիրներդ կը ձգեն որ մտահոգուիս, բայց Եհովան կրնայ իմաստութիւն տալ քեզի, որպէսզի ատոնց հետ գլուխ ելլես։ Սաղմոսերգուն ըսաւ որ Աստուած «իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ»։ Սաղմոսերգուն նշեց ձիւնը, եղեամը ու սառը, եւ հարցուց. «Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ»։ Ետքը, ան ըսաւ որ Եհովան «իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք» (Սաղ. 147։15-18)։ Մեր Աստուածը,– որ ամէն ինչ գիտէ, ամէն բանի կարող է եւ ձիւնին ու սառին վրայ իշխանութիւն ունի,– անկասկած կրնայ քեզի օգնել որեւէ խնդիրի հետ գլուխ ելլելու։

16 Ներկայիս, Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Եւ «իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ», այսինքն՝ Եհովան ճի՛շդ ժամանակին եւ ճի՛շդ կերպով կ’առաջնորդէ մեզ։ Մտածէ թէ որքա՛ն կ’օգտուիս Սուրբ Գիրքէն, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին հրատարակութիւններէն, JW Հեռատեսիլի կայանէն, jw.org կայքէն, երէցներէն եւ եղբայրներէն ու քոյրերէն (Մատ. 24։45)։ Անձամբ չե՞ս շօշափած որ Եհովան ինչպէ՛ս արագօրէն ուղղութիւն կու տայ քեզի։

17 Սիմոն անունով քոյր մը անձամբ տեսած է Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը։ Ան անարժէք կը զգար եւ կը կարծէր որ Աստուած իրմով ուրախ չէ։ Բայց երբոր ան յուսահատ կը զգար, Եհովային կ’աղօթէր եւ կ’աղաչէր որ իրեն օգնէ։ Ան նաեւ շարունակեց Սուրբ Գիրքով անձնական ուսումնասիրութիւն ընել։ Ան կ’ըսէ. «Բնա՛ւ չէ եղած պարագայ մը, երբ իր զօրութիւնն ու առաջնորդութիւնը չեմ զգացած»։ Ասիկա իրեն օգնած է որ կարելի եղածին չափ դրական մնայ։

18. Ինչո՞ւ յատուկ ես Աստուծոյ աչքին, եւ ի՞նչ պատճառներ ունիս որ ըսես՝ «Գովեցէք Տէրը»։

18 Սաղմոսերգուն գիտէր թէ Աստուծոյ ժողովուրդը որքա՛ն յատուկ տեղ ունէր իր աչքին։ Իսրայէլացիները միակ ազգն էին, որ ստացած էր Աստուծոյ «խօսքը» եւ «իր կանոնները ու դատաստանները» (կարդա՛ Սաղմոս 147։19, 20)։ Ներկայիս, մեզի համար մեծ պատիւ է Աստուծոյ անունը կրելը։ Երախտապարտ ենք որ Եհովան կը ճանչնանք եւ իր Խօսքով կ’առաջնորդուինք, եւ այսպիսով իրեն հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն կը վայելենք։ 147–րդ սաղմոսը գրողին պէս, շատ պատճառներ ունիս որ ‘գովես Տէրը’ եւ ուրիշներ ալ քաջալերես որ նոյնը ընեն։