Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»

«Լացողներուն հետ լացէ՛ք»

«Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք» (Ա. ԹԵՍ. 5։11

ԵՐԳԵՐ. 121, 75

1, 2. Ինչո՞ւ պէտք է նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք սգաւորները մխիթարել (տե՛ս բացման նկարը)։

«ՄԵՐ տղուն մեռնելէն ետք, գրեթէ մէկ տարի շատ խոր ցաւ զգացինք», ըսաւ Սուսին։ Եղբայր մը ըսաւ որ երբ իր կինը յանկարծ մեռաւ, «այնպիսի ֆիզիքական ցաւ մը զգաց, որ չի բացատրուիր»։ Ցաւօք սրտի, ուրիշ շատեր այս ցաւը կ’ապրին։ Ներկայիս, ժողովքին մէջ շատեր չէին ակնկալեր որ սիրելի մը կորսնցնեն Արմագեդոնէն առաջ։ Եթէ սիրելի մը կորսնցուցած ես կամ գիտես մէկը որ կը սգայ, թերեւս դուն քեզի հարցնես. «Սգաւոր անձը ինչպէ՞ս կրնայ մխիթարուիլ»։

2 Թերեւս լսած ես թէ ժամանակը ամէն վէրք կը բուժէ։ Բայց իրապէս միայն ժամանա՞կն է որ կը բուժէ կոտրած սիրտը։ Այրի մը ըսաւ. «Անդրադարձած եմ թէ աւելի ճիշդ է ըսել, թէ ինչ որ կ’ընե՛ս ժամանակին ընթացքին՝ կ’օգնէ որ բուժուիս»։ Եթէ զգացական վէրքին լաւ հոգ տարուի, ժամանակի ընթացքին կը լաւանայ, ինչպէս որ է ֆիզիքական վէրքին պարագան։ Լաւ, յատկապէս ի՞նչը կրնայ օգնել սգաւորներուն որ իրենց զգացական վէրքը բուժուի։

ԵՀՈՎԱՆ «ԱՄԷՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾ»Ն Է

3, 4. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեր վիշտը կը հասկնայ։

3 Անկասկած, մեր կարեկից երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան գլխաւոր անձն է որ մեզ կը մխիթարէ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4)։ Ան կարեկցութեան ամէնէն մեծ օրինակն է, եւ իր ժողովուրդին կը խոստանայ. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ» (Եսա. 51։12. Սաղ. 119։50, 52, 76

4 Մեր գթասիրտ Աստուածը անձամբ կորսնցուցած է իր սրտին սիրելի անձեր, ինչպէս՝ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ, Մովսէս եւ Դաւիթ թագաւոր (Թւ. 12։6-8. Մատ. 22։31, 32. Գործք 13։22)։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը վստահեցնէ, թէ Եհովան իրապէս անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ յարութիւն պիտի տայ անոնց (Յոբ 14։14, 15)։ Այդ ժամանակ, անոնք ուրախ եւ կատարելապէս առողջ պիտի ըլլան։ Ասկէ զատ, Եհովան իր սիրելի Որդիին մահուան ցաւը ապրեցաւ։ Յիշենք որ Յիսուս Աստուծոյ «զուարճութիւնն» էր (Առ. 8։22, 30)։ Չենք կրնար երեւակայել թէ Եհովան որքա՜ն ցաւ զգաց, երբ իր Որդին չարչարուելով մահացաւ (Յովհ. 5։20. 10։17

5, 6. Եհովան ինչպէ՞ս կը մխիթարէ մեզ։

5 Կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Ասոր համար, բնա՛ւ պէտք չէ քաշուինք աղօթքով մեր սիրտը բանալու Եհովային եւ մեր ցաւը արտայայտելու իրեն։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ Եհովան մեր ցաւը կը հասկնայ եւ մեզի պէտք եղած մխիթարութիւնը կու տայ։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս կը մխիթարէ մեզ։

6 Կերպերէն մէկը, որուն միջոցաւ Եհովան մեզ կը մխիթարէ, սուրբ հոգին է (Գործք 9։31)։ Յիսուս խոստացաւ որ մեր Հայրը սրտանց «Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։ Նախապէս նշուած Սուսին կ’ըսէ. «Շա՜տ պատահած է որ ծունկի կ’իջնէինք եւ Եհովային կ’աղաչէինք որ մեզ մխիթարէ։ Ամէն անգամ որ ասանկ ընէինք, Աստուծոյ խաղաղութիւնը ի՛րապէս կը պահպանէր մեր սիրտն ու միտքը» (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7

ՅԻՍՈՒՍ ԿԱՐԵԿԻՑ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ Է

7, 8. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս պիտի մխիթարէ մեզ։

7 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր խօսքերով եւ գործերով ցուցուց թէ կարեկից էր ճիշդ իր Հօրը նման (Յովհ. 5։19)։ Եհովան Յիսուսը ղրկեց, որպէսզի մխիթարէ «կոտրած սիրտ ունեցողները» եւ «սգաւորները» (Եսա. 61։1, 2. Ղուկ. 4։17-21)։ Այս պատճառով, ան ճանչցուած էր իր խոր կարեկցութեամբ։ Ան թէ՛ կը հասկնար մարդոց չարչարանքը եւ թէ սրտանց կ’ուզէր անոնց օգնել (Եբ. 2։17

8 Անկասկած, երբ Յիսուս տարիքով աւելի պզտիկ էր՝ իր ազգականներէն եւ մօտիկ բարեկամներէն ոմանք մահացան։ Շատ հաւանաբար, Յիսուսին հայրագիրը Յովսէփ մահացաւ երբ ինք թերեւս պատանի էր կամ 20–ական տարիքին սկիզբն էր *։ Երեւակայէ թէ Յիսուսին պէս կարեկից մէկու մը համար որքա՜ն դժուար ըլլալու էր իր վիշտին հետ գլուխ ելլել, ինչպէս նաեւ՝ իր մօր, եղբայրներուն եւ քոյրերուն վիշտին հետ։

9. Յիսուս ինչպէ՞ս կարեկցեցաւ երբ Ղազարոս մեռաւ։

9 Յիսուս իր ծառայութեան ընթացքին ցուցուց, թէ իրապէս կը հասկնար մարդիկը եւ անոնց հետ կը զգար։ Օրինակ, երբ իր սիրելի բարեկամը Ղազարոս մեռաւ, Յիսուս Մարիամին եւ Մարթային խոր ցաւը զգաց։ Ան այնքա՛ն կարեկցեցաւ իրենց, որ իր սիրտը կտոր–կտոր եղաւ եւ սկսաւ լալ, հակառակ որ գիտէր թէ յարութիւն պիտի տար Ղազարոսին (Յովհ. 11։33-36

10. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս տակաւի՛ն մեզի հետ կը զգայ։

10 Յիսուսի մխիթարիչ խօսքերը ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի այսօր։ Սուրբ Գիրքը մեզի կը վստահեցնէ, թէ «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս» (Եբ. 13։8)։ Ան «կենաց Առաջնորդ» կոչուած է, քանի որ կարելի կը դարձնէ որ յաւիտեան ապրինք։ Յիսուս նաեւ անձամբ գիտէ ինչ ըսել է վիշտ, եւ «կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ» (Գործք 3։15. Եբ. 2։10, 18)։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Յիսուս տակաւի՛ն ուրիշներուն հետ կը զգայ, անոնց ցաւը կը հասկնայ եւ «պէտք եղած ատեն» զանոնք կը մխիթարէ (կարդա՛ Եբրայեցիս 4։15, 16

«ԳՐՔԵՐՈՒՆ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ»Ը

11. Ո՞ր համարները շատ մխիթարական են քեզի համար։

11 Տեսանք թէ Յիսուս ինչպէ՛ս խոր վիշտ զգաց Ղազարոսի մահուան ատեն։ Այս պատմութենէն զատ ուրիշ լեցուն մխիթարական համարներ կան Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ «ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվինք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռով. 15։4)։ Եթէ սգաւոր ես, դո՛ւն ալ կրնաս մխիթարուիլ այսպիսի համարներ կարդալով.

  • «Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ» (Սաղ. 34։18, 19

  • «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին» (Սաղ. 94։19

  • «Ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ» (Բ. Թես. 2։15, 16) *։

ԺՈՂՈՎՔԸ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐ Է

12. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները մխիթարել։

12 Սգաւորները նաեւ կրնան մխիթարուիլ ժողովքին մէջ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11)։ Ինչպէ՞ս կրնաս զօրացնել եւ մխիթարել «կոտրած սիրտ» ունեցողները (Առ. 17։22)։ Յիշէ թէ «լռելու ժամանակ [կայ] ու խօսելու ժամանակ» կայ (Ժող. 3։7)։ Տըլին անունով այրի մը կը բացատրէ. «Սգաւորները պէտք ունին որ իրենց մտածումները եւ զգացումները արտայայտեն։ Ասոր համար, ամէնէն կարեւոր բանը որ սգաւորի մը համար կրնաս ընել՝ առանց ընդմիջելու մտիկ ընելն է»։ Յունիա, որուն եղբայրը անձնասպան եղաւ, կ’աւելցնէ. «Թէեւ թերեւս չկրնաս իրենց ցաւը լման հասկնալ, կարեւորը այն է որ կ’ուզես հասկնալ թէ ի՛նչ կը զգան»։

13. Ի՞նչ բան պէտք է միտքերնիս պահենք վիշտի մասին։

13 Նաեւ միտքդ պահէ որ ամէն անձ տարբեր կերպով կը զգայ եւ կ’արտայայտէ իր վիշտը։ Ատեններ, միայն անձը գիտէ թէ զգացականօրէն որքա՛ն կը տառապի, եւ կրնայ դժուար ըլլալ որ արտայայտէ թէ ճիշդ ինչ կը զգայ ներսէն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ, ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չ’ըլլար» (Առ. 14։10)։ Նոյնիսկ եթէ անձը իր զգացածը արտայայտէ, ուրիշներուն համար միշտ դիւրին չէ հասկնալ թէ ան ճիշդ ի՛նչ ըսել կ’ուզէ։

14. Ի՞նչ խօսքերով կրնանք սգաւորները մխիթարել։

14 Յստակ է թէ թերեւս չգիտնանք թէ ինչ պէտք է ըսենք սգաւորին։ Սակայն Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առ. 12։18Երբ սիրելի մը մեռնի գրքոյկին մէջ շատեր գտած են մխիթարական խօսքեր որ կրնան սգաւորին ըսել *։ Բայց ատեններ՝ երբ ‘լացողներուն հետ լաս’, ամէնէն օգտակար բանը ըրած կ’ըլլաս (Հռով. 12։15)։ Կէպի, որուն ամուսինը մահացաւ, կը խոստովանի. «Այլեւս սիրտս արցունքներու միջոցաւ կը խօսի։ Ասոր համար, երբ բարեկամներս ինծի հետ լան, ձեւով մը կը մխիթարուիմ եւ այդ վայրկեան շատ առանձին չեմ զգար»։

15. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները մխիթարել, եթէ մեզի համար դժուար է անձամբ խօսք մը ըսել իրենց (տե՛ս նաեւ « Մխիթարական խօսքեր» շրջանակը)։

15 Եթէ քեզի համար դժուար է անձամբ մխիթարական խօսք մը ըսել մէկու մը, թերեւս աւելի դիւրին գտնես անոր ղրկել քարտ մը, ե–նամակ մը, կարճ հաղորդագրութիւն մը կամ նամակ մը։ Կրնաս պարզապէս մխիթարական համար մը մէջբերել, մեռնողին աղուոր բնաւորութիւններէն կամ յատկութիւններէն բան մը նշել, կամ ալ պատմել յիշատակներէդ մէկը։ Յունիան կ’ըսէ. «Երբ հաւատակիցներէս մէկը ինծի մխիթարական խօսք մը ղրկէ, կամ հրաւիրէ որ իրեն հետ ժամանակ անցընեմ, ասիկա ինծի իսկապէս շատ կ’օգնէ։ Այսպիսի բաներ կը ձգեն որ զգամ, թէ սիրուած եմ եւ ուրիշներ ինձմով հետաքրքրուած են»։

16. Մխիթարելու ի՞նչ շատ ազդու կերպ մը կայ։

16 Մեր աղօթքները կրնան օգնել մեր սգաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Կրնանք անոնց համար աղօթել, եւ նոյնիսկ իրենց հե՛տ աղօթել։ Ասիկա քեզի համար դժուար կրնայ ըլլալ, քանի որ կը վախնաս որ լաս եւ ձայնդ կտրուի, բայց հակառակ ասոր՝ սրտանց աղօթելդ կրնայ շատ օգնել անձին։ Տըլին կ’ըսէ. «Ատեններ, երբ քոյրեր գան զիս մխիթարելու, անոնցմէ կը խնդրեմ որ աղօթեն։ Ընդհանրապէս, անոնք սկիզբը կը շուարին թէ ինչ ըսեն աղօթքի ատեն, բայց միշտ՝ քանի մը նախադասութիւն ըսելէ ետք, անոնց ձայնը կը զօրանայ եւ շատ սրտանց աղօթք մը կ’ըսեն։ Անոնց զօրաւոր հաւատքը, սէրը եւ հոգատարութիւնը շատ զօրացուցած են հաւատքս»։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԽԻԹԱՐԵԼ

17-19. Ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք մխիթարել։

17 Անձէ անձ կը տարբերի թէ որքա՛ն ժամանակ կ’ուզէ որ իր այս ցաւին հետ գլուխ ելլէ։ Երբ մէկը սիրելի մը կորսնցնէ, սկիզբի քանի մը օրը իր բարեկամներէն ու ազգականներէն շատեր իր քովը կ’ըլլան։ Բայց յաջորդ ամիսներուն, անոնք իրենց սովորական կեանքին կը վերադառնան։ Ուրեմն պատրաստ եղիր այդ ժամանակ ալ իրեն օգնելու։ «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առ. 17։17)։ Պէտք է շարունակենք սգաւորները մխիթարել այնքան ատեն որ մեզի պէտք ունին (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։7

18 Միտքդ պահէ որ սգաւոր մը կրնայ յանկարծ շատ ազդուիլ բազմաթիւ բաներու պատճառով, ինչպէս՝ տարեդարձներ, երգեր, նկարներ, գործունէութիւններ, կամ նոյնիսկ որոշ հոտ մը կամ ձայն մը, կամ ալ տարուան որոշ մէկ եղանակը։ Երբ սգաւոր մը առաջին անգամ ըլլալով առանձին կ’ընէ բան մը, ինչպէս՝ համաժողովի կամ Յիշատակատօնին ներկայ ըլլալ, կրնայ շատ ազդուիլ։ Եղբայր մը պատմեց. «Ակնկալեցի որ շատ գէշ պիտի զգամ ամուսնութեանս առաջին տարեդարձին։ Իրապէս ալ դիւրին չէր, բայց քանի մը եղբայրներ ու քոյրեր պզտիկ հաւաքոյթ մը կարգադրեցին եւ հաւաքեցին ամէնէն մօտիկ բարեկամներս, որպէսզի առանձին չմնամ»։

19 Մի՛ մոռնար որ սգաւորները յատուկ պարագաներէ դուրս ալ պէտք ունին մխիթարուելու։ Յունիա կը բացատրէ. «Շատ անգամներ, շատ օգտակար կ’ըլլայ երբ մէկը օգնէ ու ընկերակցի առանց որ յատուկ տարեդարձ մը ըլլայ։ Այդ վայրկեանները շատ արժէքաւոր են եւ մեծապէս կը մխիթարեն»։ Ճիշդ է որ չենք կրնար մէկու մը լման վիշտը կամ միայնակութեան զգացումը տանիլ, բայց կրնանք գործնական կերպերով զինք որոշ չափով մխիթարել (Ա. Յովհ. 3։18)։ Կէպին կ’ըսէ. «Իրապէս շատ շնորհակալ եմ Եհովայէն այն սիրալիր երէցներուն համար, որոնք ամէն մէկ դժուար ժամանակիս քովս էին։ Անոնք իրապէս ձգած են որ զգամ, թէ Եհովան փաթթած է զիս»։

20. Եհովային խոստումները ինչո՞ւ մեծապէս կը մխիթարեն մեզ։

20 Ի՜նչ մխիթարական է գիտնալ որ Եհովան, ամէն մխիթարութեան Աստուածը, լման մէջտեղէն պիտի վերցնէ վիշտը, երբ «բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Քրիստոսին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29)։ Ան «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու. . . ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսա. 25։8)։ Այդ ժամանակ, փոխանակ ‘լացողներուն հետ լալու’, երկրի վրայ բոլորը ‘խնդացողներուն հետ պիտի խնդան’ (Հռով. 12։15

^ պարբ. 8 Սուրբ Գիրքին մէջ Յովսէփ վերջին անգամ կը նշուի երբ Յիսուս 12 տարեկան էր։ Յովսէփին մասին բան մը չ’ըսուիր, երբ Յիսուս իր առաջին հրաշքը ըրաւ (ջուրը գինիի վերածեց), ոչ ալ ատկէ ետք առիթով մը։ Ասիկա կրնայ նշանակել որ այդ ժամանակ Յովսէփ արդէն իսկ մահացած էր։ Իսկ երբ Յիսուս տանջանքի ցիցին վրայ էր, Յովհաննէս առաքեալէն խնդրեց որ իր մօր հոգ տանի։ Ան այս բանը պիտի չխնդրէր եթէ Յովսէփ ողջ ըլլար (Յովհ. 19։26, 27

^ պարբ. 14 Նաեւ տե՛ս «Սգաւորները մխիթարէ՛, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2010 թիւին մէջ։