Ճշմարի՛տ հարստութեան ետեւէ եղիր
«Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք» (ՂՈՒԿ. 16։9)։
1, 2. Ներկայ աշխարհին մէջ ինչո՞ւ միշտ աղքատներ պիտի ըլլան։
ՀԻՄԱԿՈՒԱՆ տնտեսական սիստեմը խիստ եւ անարդար է։ Երիտասարդները գործ կը փնտռեն, բայց չեն գտներ։ Շատեր իրենց կեանքը վտանգի տակ կը դնեն, որպէսզի աւելի հարուստ երկիրներ փոխադրուին։ Աղքատութիւնը տարածուած է, նոյնիսկ հարուստ երկիրներու մէջ։ Հարուստները երթալէն աւելի կը հարստանան, իսկ աղքատները աւելի կ’աղքատանան։ Ըստ վերջին հաշիւներուն, երկրին բնակչութեան 1 առ հարիւրը աւելի դրամ ունի, քան՝ մնացեալ 99 առ հարիւրը միասնաբար։ Յստակ է թէ միլիառաւոր մարդիկ վերջին ծայր աղքատ են, մինչ ուրիշներ այնքա՛ն դրամ ունին, որ կրնան իրենց ապագայ սերունդներուն ալ հոգ տանիլ։ Յիսուս այս ցաւալի իրականութիւնը այսպէս յայտնեց. «Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք» (Մար. 14։7)։ Ինչո՞ւ այս անարդարութիւնը կայ։
2 Յիսուս գիտէր թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ փոխել այս աշխարհին վաճառական սիստեմը։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ «վաճառականները», որոնք կը ներկայացնեն վաճառական սիստեմը, Սատանայի աշխարհին մէկ մասն են, ճիշդ քաղաքական եւ կրօնական սիստեմներուն պէս (Յայտ. 18։3)։ Աստուծոյ ժողովուրդը կրնայ ինքզինք լման հեռու պահել քաղաքականութենէն եւ սուտ կրօնքէն։ Բայց անոնց մեծամասնութիւնը չի կրնար լման հեռու կենալ Սատանայի աշխարհին տնտեսական սիստեմէն։
3. Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է քննենք թէ ինչ կեցուածք ունինք աշխարհին վաճառական սիստեմին հանդէպ։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ նիւթական բաներս գործածել, որ ցուցնեմ թէ Աստուծոյ հաւատարիմ եմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի քիչ խառնուիլ վաճառական աշխարհին։ Ի՞նչ փորձառութիւններ կան, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը լման կը վստահի իրեն այս դժուար պայմաններուն մէջ’։
ԱՆԻՐԱՒ ՏՆՏԵՍԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
4, 5. ա) Յիսուսի պատմութեան մէջ տնտեսին ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ խրատ տուաւ։
4 Կարդա՛ Ղուկաս 16։1-9։ Անիրաւ տնտեսին պատմութիւնը միտք կը գրգռէ։ Տնտեսին մասին գանգատ եղաւ որ իր տիրոջ ունեցածը կը վատնէ, եւ իր տէրը որոշեց զինք գործէն հանել *։ Սակայն տնտեսը «խելացութիւնով» վարուեցաւ։ Առաջ որ իր գործը ձգէ, ան ‘բարեկամներ ըրաւ’, որոնք յետագային պիտի կարենային իրեն օգնել։ Յիսուս այս պատմութիւնը չպատմեց իր աշակերտները քաջալերելու որ անիրաւ ըլլան, որպէսզի կարենան ապրիլ։ Աշխարհին պատկանողները այսպէս կը վարուին։ Բայց Յիսուս կ’ուզէր այս պատմութեան միջոցաւ շատ կարեւոր դաս մը սորվեցնել։
5 Յիսուս գիտէր թէ ճիշդ ինչպէս որ տնտեսը յանկարծ ինքզինք դժուար պարագայի մը մէջ գտաւ, իր հետեւորդներուն մեծամասնութիւնը ապրուստ ճարելու դժուարութիւն պիտի ունենար այս անարդար աշխարհին մէջ։ Ասոր համար անոնց ըսաւ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի ձեզ [Եհովան եւ Յիսուսը] յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։ Ի՞նչ կը սորվինք Յիսուսի խրատէն։
6. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ հիմակուան վաճառական սիստեմը Աստուծոյ նպատակին մէկ մասը չէր։
6 Թէեւ Յիսուս չբացատրեց թէ ինչո՛ւ «անիրաւ» կոչեց դրամը, բայց Սուրբ Գիրքը կը յստակացնէ թէ վաճառականութիւնը Աստուծոյ նպատակին մաս չէր կազմեր։ Օրինակ, Եհովան Եդեմի պարտէզին մէջ պէտք եղածէն աւելի տուաւ Ադամին ու Եւային (Ծն. 2։15, 16)։ Յետագային, երբ Աստուած սուրբ հոգին տուաւ իր օծեալներուն, «անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին» (Գործք 4։32)։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր մարդիկը ձրիաբար պիտի վայելեն երկրին բերքը (Եսա. 25։6-9. 65։21, 22)։ Բայց մինչ այդ, Յիսուսին հետեւորդները պէտք պիտի ունենային որ «խելացութիւնով» վարուին։ Անոնք պէտք պիտի ունենային որ «անիրաւ մամոնայով» ապրուստ ճարեն, եւ միեւնոյն ատեն Աստուած հաճեցնեն։
ԱՆԻՐԱՒ ՄԱՄՈՆԱՆ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՄԲ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
7. Ղուկաս 16։10-13–ին մէջ ի՞նչ խրատ կայ։
7 Կարդա՛ Ղուկաս 16։10-13։ Յիսուսի առակին մէջ տնտեսը իր անձնական շահին համար բարեկամներ ըրաւ։ Բայց Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ երկինքին մէջ բարեկամներ ընեն, առանց անձնական շահեր հետապնդելու։ Ան ուզեց որ հասկնանք թէ եթէ կ’ուզենք հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ, պէտք է գիտնանք ի՛նչ կերպով գործածել անիրաւ դրամը։ Ինչպէ՞ս։
8, 9. Ոմանք ինչպէ՞ս կը գործածեն իրենց նիւթական բաները։
8 Օրինակ, մեր նիւթական բաներով մեր հաւատարմութիւնը փաստելու համար, Մատ. 24։14)։ Հնդկաստանի մէջ աղջնակ մը պզտիկ գանձանակ ունէր, որուն մէջ դրամ կը դնէր։ Ան նոյնիսկ խաղալիք չէր գներ, որպէսզի անոր գինը գանձանակը դնէ։ Երբ գանձանակը լեցուեցաւ, ան դրամը տուաւ որ քարոզչութեան գործին համար գործածուի։ Նաեւ Հնդկաստանի մէջ եղբայր մը, որ հնդկընկոյզի պարտէզ ունի, մեծ թիւով հնդկընկոյզներ նուիրեց մալայալամ լեզուի թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակին։ Ան մտածեց թէ փոխանակ գրասենեակը հնդկընկոյզ գնէ, ինք հնդկընկոյզը ուղղակի նուիրելով՝ դրամ տալէն աւելի օգնած պիտի ըլլայ իրենց։ Ասիկա գործնական իմաստութիւն է։ Նմանապէս, Յունաստանի մէջ եղբայրներ միշտ ձիթապտուղի իւղ, պանիր եւ ուրիշ ուտելիքներ կը նուիրեն Բեթէլի ընտանիքին։
կրնանք նուիրատուութիւններ ընել համաշխարհային քարոզչութեան գործին համար, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ (9 Սրի Լանքայէն եղբայր մը, որ հիմա երկրէն դուրս կ’ապրի, Սրի Լանքայի մէջ իր տունը մատչելի դարձուցած է որ ժողովներու ու համաժողովներու համար գործածուի, եւ որպէսզի լիաժամ ծառայողներ ապրին հոն։ Եղբայրը նիւթական զոհողութիւն կ’ընէ, բայց այսպիսով շատ օգտակար կը դառնայ տեղական եղբայրներուն, որոնք նիւթապէս շատ լաւ չեն։ Երկրի մը մէջ, ուր քարոզելու ազատ չենք, եղբայրները իրենց տուները մատչելի կը դարձնեն, որպէսզի գործածուին իբրեւ Թագաւորութեան սրահներ։ Ասիկա կ’օգնէ որ եղբայրները որոնք վիճակով լաւ չեն, առանց վարձքի ժողովի տեղ մը ունենան։
10. Երբ առատաձեռն ըլլանք, ի՞նչ կարգ մը օրհնութիւններ կը վայելենք։
10 Այս օրինակները կը ցուցնեն թէ Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՛ս «քիչ բանի մէջ հաւատարիմ» են (Ղուկ. 16։10)։ Անոնք իրենց նիւթական բաները կը գործածեն որ ուրիշներուն օգտակար դառնան։ Եհովային այս բարեկամները ի՞նչ կը զգան այս զոհողութիւնները ընելով։ Անոնք կ’ըմբռնեն որ առատաձեռն ըլլալով՝ «ճշմարիտ հարստութիւն» կը շահին (Ղուկ. 16։11)։ Քոյր մը որ միշտ դրամ կը նուիրէ Թագաւորութեան գործին համար, կ’ըսէ թէ իր առատաձեռն ըլլալը տարիներու ընթացքին զինք փոխած է։ Ան կը բացատրէ. «Կը զգամ թէ դրամական գետնի վրայ որքա՛ն առատաձեռն ըլլամ, այնքան կը մղուիմ լաւ վարուելու ուրիշներու հետ։ Աւելի առատաձեռն եղած եմ ներելու մէջ, համբերելու մէջ եւ յուսախաբութիւններն ու խրատները ընդունելու մէջ»։ Շատեր նկատած են թէ առատաձեռնութիւնը հոգեւորապէս օգնած է իրենց (Սաղ. 112։5. Առ. 22։9)։
11. ա) Մեր առատաձեռնութիւնը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ «խելացութիւնով» կը վարուինք։ բ) Ներկայիս, ի՞նչ կը պատահի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ (տե՛ս բացման նկարը)։
11 Երբ նիւթական բաները գործածենք Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու համար, ասիկա կը ձգէ որ «խելացութիւնով» ուրիշներուն օգնենք որ ծառայեն։ Օրինակ, եթէ չենք կրնար լիաժամ ծառայել կամ ուրիշ տեղ մը ծառայել, նուիրատուութիւն ընելով ուրիշին օգնած կ’ըլլանք որ ինք ծառայէ (Առ. 19։17)։ Կամ ալ, մեր նուիրատուութիւնները կ’օգնեն որ հրատարակութիւններ հասնին եւ քարոզչութիւնը կատարուի աղքատ երկիրներու մէջ, ուր շատեր ճշմարտութիւնը կ’ընդունին։ Մատակասքարի, Ռուանտայի եւ Քոնկոյի պէս երկիրներու մէջ, Սուրբ Գիրքերը շատ սուղ են։ Ատեններ ատոնց գինը կ’ըլլայ անհատի մը շաբթականին կամ ամսականին չափ։ Տարիներ շարունակ եղբայրները երկու քարի միջեւ կը մնային՝ կա՛մ Սուրբ Գիրք գնել, կամ ալ ուտելիք գնել իրենց ընտանիքին։ Բայց հիմա, Եհովայի կազմակերպութիւնը Սուրբ Գիրքեր կը թարգմանէ եւ ձրիօրէն կը բաժնէ ընտանիքի ամէն մէկ անդամին եւ Աստուածաշունչի աշակերտներուն, քանի որ ուրիշներ նուիրատուութիւն ընելով՝ իրենց «աւելին» անոնց «պակասութիւնը» կը լեցնէ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 8։13-15)։ Այսպիսով, թէ՛ տուողները եւ թէ ստացողները կրնան Եհովային բարեկամը ըլլալ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՇԱՏ ՉԽԱՌՆՈՒԻԼ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
12. Աբրահամ ինչպէ՞ս ցուցուց թէ Աստուծոյ կը վստահէր։
12 Նաեւ կրնանք Եհովային բարեկամը ըլլալ, շատ չխառնուելով վաճառական աշխարհին եւ «ճշմարիտ» հարստութեան ետեւէ ըլլալով։ Աբրահամ այսպէս ըրաւ։ Ան Եհովային հնազանդելով ձգեց հարուստ Ուր քաղաքը եւ վրաններու մէջ ապրեցաւ, քանի որ կ’ուզէր Եհովային բարեկամը ըլլալ (Եբ. 11։8-10)։ Ան միշտ վստահեցաւ Աստուծո՛յ, եւ ոչ թէ նիւթական բաներու (Ծն. 14։22, 23)։ Յիսուս ուրիշները քաջալերեց որ այսպիսի հաւատք ունենան։ Անգամ մը, ան հարուստ երիտասարդի մը ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս» (Մատ. 19։21)։ Ան Աբրահամին հաւատքը չունէր, բայց կային ուրիշներ որոնք Աստուծոյ վստահեցան։
13. ա) Պօղոս ի՞նչ խրատ տուաւ Տիմոթէոսին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել Պօղոսին խրատը։
13 Տիմոթէոս հաւատք ունէր։ Պօղոս զինք կոչեց «Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուոր», եւ իրեն ըսաւ. «Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ» (Բ. Տիմ. 2։3, 4)։ Ներկայիս, Յիսուսին հետեւորդները, մէջը ըլլալով աւելի քան մէկ միլիոն լիաժամ ծառաներ, իրենց լաւագոյնը կ’ընեն որ Պօղոսին խրատը գործադրեն։ Անոնք ականջ չեն կախեր այս ագահ աշխարհին ծանուցումներուն, միտքերնին բերելով այս սկզբունքը. «Փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ» (Առ. 22։7)։ Սատանան կ’ուզէ որ մեր ամբողջ ժամանակով ու կորովով գերի ըլլանք իր վաճառական աշխարհին։ Կարգ մը մարդիկ մեծ պարտքերու տակ կը մտնեն որպէսզի տուն գնեն, ինքնաշարժ գնեն, ուսում առնեն կամ նոյնիսկ մեծ հարսանիքներ ընեն։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք տարիներով պարտքի տակ մնալ։ Իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլանք երբ մեր կեանքը պարզացնենք, պարտքի առնելը թեթեւցնենք եւ աւելի քիչ դրամ ծախսենք։ Այսպիսով, ազատ պիտի ըլլանք Աստուծոյ ծառայելու, փոխանակ այս վաճառական աշխարհին գերին ըլլալու (Ա. Տիմ. 6։10)։
14. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել. օրինակ մը տուր։
14 Որպէսզի մեր կեանքը պարզ պահենք, պէտք է Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնենք։ Ամուսին մը ու իր կինը շատ շահաբեր գործ մը կը դարձնէին։ Բայց անոնք ուզեցին դարձեալ լիաժամ ծառայել։ Ասոր համար, անոնք ծախեցին իրենց գործը, նաւը եւ ուրիշ բաներ։ Ետքը, անոնք կամաւորաբար օգնեցին կեդրոնատեղիին շինարարութեան Ուորուիքի մէջ, Նիւ Եորք։ Ասիկա իրենց համար շատ յատուկ էր, քանի որ Բեթէլին մէջ աշխատեցան իրենց աղջիկին եւ փեսային հետ, եւ քանի մը շաբաթ աշխատեցան ամուսինին ծնողքին հետ, որոնք նաեւ կ’աշխատէին Ուորուիքի ծրագրին մէջ։ Քոլորատոյի մէջ (ԱՄՆ), ռահվիրայ քոյր մը կիսաժամ գործ մը գտաւ դրամատան մը մէջ։ Իր գործատէրերը այնքա՛ն գոհ էին իր գործով, որ իրեն առաջարկուեցաւ լիաժամ աշխատիլ՝ իր ամսականին երեք անգամը առնելով։ Բայց քանի որ այդ գործը
պիտի չձգէր որ ան ծառայութեան վրայ կեդրոնանայ, ան մերժեց առաջարկը։ Եհովային ծառաները ասոր պէս բազմաթիւ զոհողութիւններ ըրած են։ Երբ ամէն գնով Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք, կը ցուցնենք թէ մեզի համար աւելի կարեւոր է Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը եւ հոգեւոր հարստութիւնը, քան՝ նիւթական բաները։ԵՐԲ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱԿՍԻ
15. Ո՞ր հարստութիւնը ամէնէն շատ կ’ուրախացնէ մեզ։
15 Եթէ նիւթական հարստութիւն ունինք, ասիկա ըսել չէ որ անպայման Աստուծոյ հաճութիւնը ունինք։ Եհովան կ’օրհնէ անոնք որոնք ‘բարի գործերով հարուստ են’ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։17-19)։ Օրինակ, երբ Լուչիա * անունով քոյր մը լսեց որ Ալպանիոյ մէջ հրատարակիչներու պէտք կայ, 1993–ին՝ Իտալիայէն փոխադրուեցաւ Ալպանիա։ Ան գործ չունէր, բայց լման վստահ էր որ Եհովան հոգ պիտի տանէր իրեն։ Ան ալպաներէն սորվեցաւ եւ աւելի քան 60 հոգիի օգնած է Եհովային նուիրուելու։ Թերեւս մեր թաղամասին մէջ այսպիսի արդիւնքներու չենք հասած, բայց ինչ որ կ’ընենք որպէսզի մարդոց օգնենք Եհովան ճանչնալու եւ իր բարեկամը ըլլալու, յաւիտեան արժէքաւոր պիտի մնայ թէ՛ մեր աչքին եւ թէ անոնց աչքին (Մատ. 6։20)։
16. ա) Հիմակուան վաճառական սիստեմին ի՞նչ պիտի պատահի։ բ) Ասիկա գիտնալով, ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք նիւթական բաներուն։
16 Յիսուս ըսաւ. «Երբ անիկա պակսի», եւ ոչ թէ «եթէ անիկա պակսի» (Ղուկ. 16։9)։ Այս վերջին օրերուն մէջ, լուրջ տնտեսական նեղութիւններ պատահած են եւ կարգ մը դրամատուներ սնանկացած են։ Բայց ասիկա բան մը չէ, բաղդատած ինչ որ ամբողջ աշխարհին մէջ պիտի պատահի մօտ ապագային։ Սատանային քաղաքական, կրօնական եւ վաճառական սիստեմները պիտի ձախողին։ Եզեկիէլ եւ Սոփոնիա մարգարէացան որ ոսկին եւ արծաթը, որոնք դարերէ ի վեր մեծ տեղ ունին վաճառական աշխարհին մէջ, անարժէք պիտի դառնան (Եզեկ. 7։19. Սոփ. 1։18)։ Ի՞նչ պիտի զգանք եթէ մեր կեանքին վերջը հասնինք եւ անդրադառնանք թէ ճշմարիտ հարստութիւնը զոհած ենք այս աշխարհին «անիրաւ մամոնային» համար։ Պիտի զգանք ճիշդ այդ անհատին պէս, որ իր ամբողջ կեանքը աշխատած է դրամ դիզելու համար, բայց ետքը գիտցած է թէ իր հաւաքած դրամը կեղծ է (Առ. 18։11)։ Այս աշխարհին նիւթական բաները ի վերջոյ պիտի պակսին, այսինքն՝ ձախողին եւ վերջանան։ Ասոր համար, բնա՛ւ առիթը մի՛ փախցներ որ նիւթական բաներդ գործածելով՝ երկնքին մէջ ‘բարեկամներ ընես’։ Ինչ որ կ’ընենք Եհովային եւ իր Թագաւորութեանը համար, իրապէս պիտի ուրախացնէ մեզ։
17, 18. Աստուծոյ բարեկամներուն առջեւ ի՞նչ ապագայ մը կայ։
17 Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, այլեւս պէտք պիտի չունենանք վարձք տալու, պարտք առնելու, բժշկական ծախսեր ընելու։ Ուտելիքը ձրի ու առատ պիտի ըլլայ։ Ոսկին, արծաթը եւ գոհարները զարդարուելու համար պիտի գործածուին եւ ոչ թէ հարստանալու։ Շատ լաւ տեսակի տախտակներ, քարեր եւ մետաղներ ձրիօրէն մատչելի պիտի ըլլան գեղեցիկ տուներ շինելու համար։ Մեր բարեկամները մեզի պիտի օգնեն ոչ թէ դրամի համար, հապա քանի որ սրտանց կ’ուզեն օգնել։ Բոլո՛րս պիտի գործածենք ինչ որ երկիրը կ’արտադրէ։
18 Ասոնք բան մը չեն այն օրհնութիւններուն քով որ պիտի վայելենք, եթէ երկինքին մէջ բարեկամներ ընենք։ Եհովան պաշտողները իրենց ուրախութենէն պիտի ցատկռտեն, երբ լսեն Յիսուս կ’ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք» (Մատ. 25։34)։
^ պարբ. 4 Յիսուս չըսաւ որ գանգատը ճի՛շդ էր կամ սխալ։ Ղուկաս 16։1–ին մէջ «գանգատ եղաւ» թարգմանուած յունարէն բառը կրնայ նշանակել, թէ տնտեսին մասին սուտ խօսուեցաւ։ Սակայն Յիսուս կը կեդրոնանայ տնտեսին հակազդեցութեան վրայ, եւ ոչ թէ իր գործը կորսնցնելուն պատճառներուն վրայ։
^ պարբ. 15 Լուչիա Մուսանեթին կենսագրութիւնը եկած է Զարթի՛ր–ի 22 յունիս 2003 թիւին մէջ, էջ 18-22 (անգլերէն)։