Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որո՞ւն հաճութիւնը կը փնտռես

Որո՞ւն հաճութիւնը կը փնտռես

«Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք» (ԵԲ. 6։10

ԵՐԳԵՐ. 4, 91

1. Բոլորս ի՞նչ բնական փափաք մը ունինք։

Ի՞ՆՉ կը զգաս եթէ մէկը, որ կը ճանչնաս եւ կը յարգես, անունդ մոռնայ կամ նոյնիսկ ով ըլլալդ չգիտնայ։ Հաւանաբար շատ նեղանաս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամէն մէկուս բնական փափաքն է որ ուրիշներ զինք ընդունին։ Նաեւ կ’ուզենք որ ուրիշներ գիտնան թէ ինչպիսի՛ անձ ենք եւ գնահատեն մեր ըրածները (Թւ. 11։16. Յոբ 31։6

2, 3. Գնահատուած ըլլալու ցանկութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ իր սահմանէն դուրս ելլել (տե՛ս բացման նկարը)։

2 Բայց եթէ ուշադիր չըլլանք, գնահատուած ըլլալու մեր ցանկութիւնը կրնայ իր սահմանէն դուրս ելլել։ Թերեւս ուզենք որ ուրիշները մեծարեն մեզ։ Սատանային աշխարհը կրնայ մեր մէջ աճեցնել այն փափաքը, որ հռչակաւոր եւ երեւելի ըլլանք։ Բայց ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ, չտանք այն պատիւը եւ պաշտամունքը, որոնց արժանի է (Յայտ. 4։10բ

3 Յիսուսի օրերուն, կարգ մը կրօնական առաջնորդներ չափէ դուրս ճանչցուելու փափաք ունէին։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն ու ժողովարաններուն մէջ՝ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Անոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին» (Ղուկ. 20։46, 47)։ Անդին, Յիսուս գովեց աղքատ որբեւայրիի մը ըրած նուիրատուութիւնը, մինչ հաւանաբար ուրիշ ո՛չ մէկը նկատեց անոր ըրածը (Ղուկ. 21։1-4)։ Յստակ է թէ ճանչցուած ըլլալու գաղափարը շատ տարբեր իմաստ ունէր Յիսուսին քով։ Այս յօդուածը մեզի պիտի օգնէ, որ ունենանք ճիշդ տեսակէտը, որ Եհովա Աստուծոյ քով ընդունելի է։

ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏԻՒԸ

4. Որո՞ւն կողմէ ճանչցուիլը մեծագոյն պատիւն է, եւ ինչո՞ւ։

4 Որո՞ւն կողմէ ճանչցուիլը մեծագոյն պատիւն է։ Ոմանք բարձրագոյն ուսում կ’առնեն, գործի մէջ կը յառաջդիմեն կամ արուեստագէտներ կը դառնան, որպէսզի մարդոց կողմէ ճանչցուին։ Բայց Պօղոս բացատրեց թէ որո՛ւն կողմէ ճանչցուիլը մեծագոյն պատիւն է, երբ ըսաւ. «Հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել» (Գաղ. 4։9)։ Ի՜նչ մեծ պատիւ է, որ ‘ճանչցուած’ ըլլանք Աստուծոյ կողմէ, որ տիեզերքին Գերիշխանն է։ Ան գիտէ մեր ո՛վ ըլլալը, մեզ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իր բարեկամները ըլլանք, ինչ որ մեր գոյութեան նպատակն է (Ժող. 12։13, 14

5. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Աստուած մեզ ճանչնայ։

5 Գիտենք որ Մովսէս Աստուծոյ բարեկամն էր։ Երբ ան Եհովային ըսաւ՝ «Ինծի ցուցուր. . . քու ճամբադ», Եհովան պատասխանեց. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ» (Ել. 33։12-17)։ Մենք ալ կրնանք հոյակապ օրհնութիւններ վայելել, եթէ Եհովան անձամբ մեզ ճանչնայ։ Բայց ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովային բարեկամը ըլլանք։ Պէտք է զինք սիրենք եւ մեր կեանքը իրեն նուիրենք (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։3

6, 7. Ի՞նչը կրնայ պատճառ ըլլալ որ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կորսնցնենք։

6 Սակայն պէտք է պահպանե՛նք երկնաւոր Հօր հետ մեր ունեցած թանկագին փոխյարաբերութիւնը։ Պէտք չէ գերի դառնանք այս աշխարհի «տկար ու չքաւոր [«խեղճ», ՆԹ] սկզբունքներուն», մէջը ըլլալով ատոր հրամցուցած յաջողութիւնն ու համբաւը (Գաղ. 4։9)։ Առաջին դարու Գաղատիայի քրիստոնեաներուն պարագան այս էր։ Անոնք յառաջդիմած էին այն աստիճան, որ Աստուծոյ հաճութիւնը շահած էին։ Բայց Պօղոս ըսաւ որ նոյն այդ քրիստոնեաները ‘նորէն կը դառնային’ պարապ բաներու։ Ուրիշ խօսքով, Պօղոս կարծես թէ կ’ըսէր. «Այսքան յառաջդիմութենէ ետք, ինչո՞ւ կը վերադառնաք այն անիմաստ, անարժէք բաներուն, որ ձեր ետեւը ձգած էք»։

7 Ասիկա կրնա՞յ մեզի ալ պատահիլ։ Այո՛։ Երբ սկիզբը ճշմարտութեան եկանք, թերեւս Պօղոսին պէս մեր ետեւը ձգեցինք Սատանայի աշխարհին մէջ մեր ունեցած համբաւն ու յաջողութիւնը (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։7, 8)։ Թերեւս վազ անցանք բարձրագոյն ուսում ստանալէ, մերժեցինք գործի լաւ առաջարկ մը կամ՝ շատ դրամ շահելու առիթ մը։ Կամ ալ թերեւս մեր կռնակը դարձուցինք այն համբաւին կամ հարստութեան, որ մեր երաժշտական ձիրքերը կամ մարզական կարողութիւնները կրնային բերել (Եբ. 11։24-27)։ Որքա՜ն անմտութիւն է որ զղջանք մեր առած այս լաւ որոշումներուն վրայ եւ սեպենք, որ լաւ առիթներ փախցուցած ենք մեր կեանքին մէջ։ Այս կեցուածքը կը ձգէ որ վերադառնանք այս աշխարհին հրամցուցած բաներուն, որոնք նախապէս սեպած էինք որ «տկար» ու «խեղճ» են։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՓԱՓԱՔԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

8. Ի՞նչը պիտի զօրացնէ մեր փափաքը որ Եհովային հաճութիւնը ունենանք։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք մեր փափաքը զօրացնել Եհովայի՛ն հաճութիւնը ունենալու, եւ ոչ թէ՝ այս աշխարհին հաճութիւնը։ Պէտք է երկու կարեւոր կէտեր յիշենք։ Առաջին, Եհովան միշտ կը հաճի իրեն հաւատարմօրէն ծառայողներուն (կարդա՛ Եբրայեցիս 6։10. 11։6)։ Ան կը գնահատէ իր ամէն մէկ ծառան եւ կը սեպէ, որ եթէ իրեն հաւատարիմ եղողները անտեսէ, ասիկա իր կողմէ ‘անիրաւութիւն’ է։ Ան միշտ «կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» (Բ. Տիմ. 2։19)։ Եւ «կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան» ու գիտէ զանոնք փորձութենէ ազատել (Սաղ. 1։6. Բ. Պետ. 2։9

9. Օրինակներ տուր թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդին հանդէպ իր հաճութիւնը ցուցուցած է։

9 Եղած են ատեններ, երբ Եհովան իր ժողովուրդին հանդէպ իր հաճութիւնը զարմանալի կերպերով ցուցուցած է (Բ. Մն. 20։20, 29)։ Օրինակ, նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը ազատեց Կարմիր ծովուն քով, երբ փարաւոնին զօրաւոր բանակը կը հալածէր զիրենք (Ել. 14։21-30. Սաղ. 106։9-11)։ Այդ դէպքը այնքա՛ն հրաշալի էր, որ մարդիկ տակաւին ատոր մասին կը խօսէին 40 տարի ետք (Յես. 2։9-11)։ Որքա՜ն քաջալերական է որ խոկանք, թէ Եհովան անցեալին ինչպէ՛ս իր սէրն ու զօրութիւնը ցուցուցած է, քանի որ մօտ ատենէն՝ Մագոգի Գոգը պիտի յարձակի մեր վրայ (Եզեկ. 38։8-12)։ Այդ ժամանակ, շատ ուրախ պիտի ըլլանք որ Աստուծո՛յ հաճութիւնը փնտռեցինք, եւ ոչ թէ աշխարհին հաճութիւնը։

10. Ուրիշ ի՞նչ կէտ պէտք է մեր միտքը պահենք։

10 Երկրորդ կէտը այն է, որ Եհովան կրնայ մեր չակնկալած կերպով ցուցնէ իր հաճութիւնը։ Անոնք որոնք մարդոց երեւնալու համար լաւ բաներ կ’ընեն, վարձք պիտի չստանան Եհովայէն։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ երբ ուրիշներ պատուեն զիրենք, իրենց ամբո՛ղջ վարձքը առած կ’ըլլան (կարդա՛ Մատթէոս 6։1-5)։ Անդին, Եհովան, որ «գաղտուկը կը տեսնէ», կը նայի անոնց որոնք իրենց ըրած լաւութիւններուն համար պատիւ չեն ստանար։ Ան կը նկատէ անոնց ըրածները, եւ ատոնց համեմատ կ’օրհնէ զանոնք։ Սակայն ատեններ Եհովան չակնկալուած կերպերով կը վարձատրէ իր ծառաները։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

ԽՈՆԱՐՀ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻ ՄԸ ԻՐ ՉԱԿՆԿԱԼԱԾ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻ

11. Եհովան ինչպէ՞ս պատուեց Մարիամը։

11 Երբ ժամանակը եկաւ որ Յիսուս որպէս մարդ ծնի, Եհովան խոնարհ կոյս մը՝ Մարիամը զատեց որ այս յատուկ մանուկին մայրը ըլլայ։ Մարիամ կ’ապրէր Նազարէթին մէջ, որ աննշան քաղաք մըն էր եւ հեռու էր Երուսաղէմէն ու անոր փառաւոր տաճարէն (կարդա՛ Ղուկաս 1։26-33)։ Եհովան ինչո՞ւ Մարիամը զատեց։ Քանի որ ‘Աստուծմէ շնորհք գտաւ’, ինչպէս որ Գաբրիէլ հրեշտակը ըսաւ իրեն։ Մարիամին խոր հոգեւորութիւնը յայտնի կ’ըլլայ իր խօսքերէն, որոնք ըսաւ իր ազգականին՝ Եղիսաբէթին (Ղուկ. 1։46-55)։ Եհովան կը դիտէր Մարիամը, եւ քանի որ ան հաւատարիմ էր, այս չակնկալուած առանձնաշնորհումը տուաւ իրեն։

12, 13. Եհովան ինչպէ՞ս պատիւ տուաւ Յիսուսին երբ ծնաւ, եւ երբ տաճար տարուեցաւ 40 օր ետք։

12 Երբ Յիսուս ծնաւ, Եհովան որո՞նց պատիւ տուաւ, տեղեկացնելով Յիսուսի ծնունդին մասին։ Ոչ թէ Երուսաղէմի եւ Բեթլեհէմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կամ իշխաններուն, հապա՝ խոնարհ հովիւներու, որոնք ոչխարներ կ’արածէին Բեթլեհէմէն դուրս գտնուող դաշտերու մէջ։ Եհովան հրեշտակներ ղրկեց անոնց (Ղուկ. 2։8-14)։ Ետքը, հովիւները գացին նորածինը տեսնելու (Ղուկ. 2։15-17)։ Մարիամը եւ Յովսէփը որքա՜ն զարմացած եւ ուրախացած ըլլալու էին, երբ տեսան որ այսպիսի կերպով պատիւ տրուեցաւ Յիսուսին։ Տես թէ ի՛նչ տարբերութիւն կայ Եհովայի կերպին եւ Սատանայի կերպին միջեւ։ Երբ Սատանան մոգեր ղրկեց որ այցելեն Յիսուսին եւ իր ծնողքին, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները իմացան Յիսուսի ծնունդին մասին եւ շատ խռովեցան (Մատ. 2։3)։ Ասիկա պատճառ եղաւ որ ետքը մեծ թիւով անմեղ մանուկներ մեռնին (Մատ. 2։16

13 Օրէնքը կը պահանջէր որ մայր մը տղայ զաւակի մը ծնունդ տալէն 40 օր ետք զոհ մը ընծայէր Եհովային։ Այս պատճառով, Մարիամ Յովսէփին եւ Յիսուսին հետ շուրջ 9 քմ. կտրեց, ճամբորդելով Բեթլեհէմէն դէպի Երուսաղէմի տաճարը (Ղուկ. 2։22-24)։ Ճամբան, Մարիամ թերեւս մտածեց որ արդեօք այդտեղի քահանան պիտի պատուէ՞ր Յիսուսը, յատուկ յայտարարութիւն մը ընելով, թէ Յիսուս ի՛նչ դեր պիտի խաղար ապագային։ Յիսուսին պատիւ տրուեցա՛ւ, բայց ոչ թէ ինչպէս Մարիամ կ’ակնկալէր։ Եհովան զատեց Սիմէոնը, որ «արդար ու աստուածավախ» էր, ինչպէս նաեւ Աննա մարգարէուհին, որ 84 տարեկան որբեւայրի մըն էր, որպէսզի յայտարարեն թէ Յիսուս պիտի ըլլար խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսը (Ղուկ. 2։25-38

14. Եհովան ի՞նչ օրհնութիւններ տուաւ Մարիամին։

14 Եհովան շարունակե՞ց պատուել Մարիամը, քանի որ հաւատարմօրէն հոգ տարաւ եւ մեծցուց իր Որդին։ Ա՛յո։ Ան Մարիամին խօսքերը եւ գործերը գրել տուաւ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Այնպէս կ’երեւի թէ Մարիամ յարմարութիւն չունէր Յիսուսին հետ ճամբորդելու անոր երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին։ Թերեւս ան պէտք էր Նազարէթ մնար, քանի որ որբեւայրի էր։ Թէեւ իր վրայէն գացին շատ մը գեղեցիկ առանձնաշնորհումներ, բայց Յիսուսին քովն էր երբ ան մահացաւ (Յովհ. 19։26)։ Յետագային, Պէնտէկոստէին սուրբ հոգին թափուելէն առաջ, Մարիամ Յիսուսի աշակերտներուն հետ էր Երուսաղէմին մէջ (Գործք 1։13, 14)։ Շատ հաւանաբար ան միւս աշակերտներուն հետ օծուեցաւ։ Ասիկա կը նշանակէ որ յաւիտեան երկինքին մէջ Յիսուսին հետ ըլլալու առիթը ունեցաւ։ Ան ի՜նչ գեղեցիկ կերպով վարձատրուեցաւ իր հաւատարիմ ծառայութեան համար։

ԵՀՈՎԱՆ ՊԱՏՈՒԵՑ ԻՐ ՈՐԴԻՆ

15. Եհովան ինչպէ՞ս իր Որդիին հանդէպ իր հաճութիւնը ցուցուց, երբ ան երկրի վրայ էր։

15 Յիսուս պատիւ չփնտռեց կրօնական կամ քաղաքական առաջնորդներէն։ Բայց երեք առիթներով, Եհովան ուղղակի երկինքէն խօսելով ըսաւ, որ իր Որդին կը սիրէր։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Յիսուսը։ Նախ, հազիւ որ ան մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, Եհովան ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17)։ Այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուսէն զատ միայն Յովհաննէս Մկրտիչը լսեց այս խօսքը։ Ետքը, Յիսուսին մահէն շուրջ մէկ տարի առաջ, իր առաքեալներէն երեքը լսեցին, որ Եհովան Յիսուսին մասին ըսաւ. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք» (Մատ. 17։5)։ Իսկ երրորդ անգամը, Յիսուսի մահէն միայն քանի մը օր առաջ, Եհովան դարձեալ երկինքէն խօսեցաւ իր Որդիին (Յովհ. 12։28

Ի՞նչ կը սորվիս այն կերպէն, որով Եհովան իր Որդին պատուեց (տե՛ս պարբերութիւն 15-17)

16, 17. Եհովան ինչպէ՞ս չակնկալուած կերպով մը պատուեց Յիսուսը։

16 Թէեւ Յիսուս գիտէր որ մարդիկ զինք Աստուծոյ հայհոյիչ պիտի կոչէին եւ թէ արհամարհական մահով մը պիտի մեռնէր, բայց տակաւին աղօթեց որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ եւ ոչ թէ իր կամքը (Մատ. 26։39, 42)։ Ան «խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց», քանի որ միայն իր Հօր հաճութիւնը կ’ուզէր, եւ ոչ թէ աշխարհին հաճութիւնը (Եբ. 12։2)։ Եհովան ինչպէ՞ս Յիսուսի հանդէպ իր հաճութիւնը ցուցուց։

17 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, աղօթեց որ դարձեալ ունենայ այն փառքը, որ ժամանակին ունէր, երբ երկինքին մէջ իր Հօր հետ էր (Յովհ. 17։5)։ Սուրբ Գիրքին մէջ ո՛չ մէկ տեղ կը կարդանք, որ Յիսուս ատկէ աւելի բան մը ուզեց։ Ան չէր ակնկալեր որ յատուկ վարձատրութիւն մը ստանար։ Բայց Եհովան ի՞նչ ըրաւ։ Ան չակնկալուած կերպով պատուեց Յիսուսը։ Երբ իրեն յարութիւն տուաւ, զինք «խիստ բարձրացուց»։ Նաեւ անոր անմահ հոգեղէն կեանք տուաւ, ինչ որ ո՛չ մէկը ստացած էր մինչեւ այդ ատեն (Փլպ. 2։9. Ա. Տիմ. 6։16) *։ Եհովան ի՜նչ հիանալի կերպով վարձատրեց Յիսուսին հաւատարմութիւնը։

18. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ Եհովային հաճութիւնը փնտռենք եւ ոչ թէ այս աշխարհին հաճութիւնը։

18 Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ այս աշխարհին հաճութիւնը չփնտռենք։ Պէտք է մեր միտքը պահենք, որ Եհովան միշտ կը հաճի իր հաւատարիմ ծառաներուն, եւ թէ շատ անգամ չակնկալուած կերպերով կը վարձատրէ զանոնք։ Ո՞վ գիտէ թէ ապագային ի՜նչ խելքէ–միտքէ վեր եղող օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի։ Բայց հիմակուհիմա, մինչ փորձութիւններու եւ դժուարութիւններու դէմ կը պայքարինք այս չար աշխարհին մէջ, պէտք է մտքերնիս պահենք որ ‘այս աշխարհը կ’անցնի’, իր հրամցուցած փառքն ալ կ’անցնի (Ա. Յովհ. 2։17)։ Բայց մեր սիրալիր Հայրը՝ Եհովան ‘անիրաւ չէ, որ մեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար կը ցուցնենք’ (Եբ. 6։10)։ Ան անկասկած իր հաճութիւնը պիտի ցուցնէ մեզի,– թերեւս նոյնիսկ մեր չերեւակայած կերպերով։

^ պարբ. 17 Ասիկա թերեւս չակնկալուած օրհնութիւն մըն էր, քանի որ անմահութիւնը չէ նշուած Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։