Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31

Աղօթելու առանձնաշնորհումդ գանձ սեպէ

Աղօթելու առանձնաշնորհումդ գանձ սեպէ

«Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ» (ՍԱՂ. 141։2

ԵՐԳ 67 Եհովային աղօթէ ամէն օր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ պէտք է զգանք, գիտնալով որ Եհովան մեզի թոյլ կու տայ որ իրեն աղօթենք։

 ՄԵԶԻ տրուած է հոյակապ առանձնաշնորհում մը. աղօթքով մօտենալ երկինքը եւ երկիրը Ստեղծողին։ Պահ մը մտածէ. կրնանք մեր սիրտը Եհովային առջեւ պարպել որեւէ ժամու եւ որեւէ լեզուով՝ առանց ժամադրութեան։ Կրնանք աղօթել՝ ըլլանք հիւանդանոցը կամ բանտը, վստահ ըլլալով որ մեր հոգատար Հայրը մեզի պիտի լսէ։ Աղօթքի առանձնաշնորհումը բնա՛ւ թեթեւի չենք առներ։

2. Դաւիթ թագաւոր ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ աղօթելու առանձնաշնորհումը կը գնահատէր։

2 Դաւիթ թագաւոր աղօթելու առանձնաշնորհումը շա՜տ գնահատեց։ Ան Եհովային երգեց. «Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ» (Սաղ. 141։1, 2)։ Դաւիթի ժամանակ, այն սուրբ խունկը, որ քահանաները ճշմարիտ պաշտամունքին համար կը գործածէին, մեծ խնամքով կը պատրաստուէր (Ել. 30։34, 35)։ Խունկը յիշելով, Դաւիթ ցոյց տուաւ որ կ’ուզէր լաւ մտածել, թէ ի՛նչ պիտի ըսէր իր երկնաւոր Հօր։ Մենք ալ անկեղծօրէն կը փափաքինք այդպէս ընել։ Կ’ուզենք որ մեր աղօթքները Եհովան հաճեցնեն։

3. Երբ աղօթքով Եհովային կը մօտենանք, ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք, եւ ինչո՞ւ։

3 Երբ Եհովային կ’աղօթենք, լաւ կ’ըլլայ որ խոր յարգանքով իրեն մօտենանք։ Մտածէ այն հիանալի տեսիլքներուն մասին, որ Եսային, Եզեկիէլը, Դանիէլը եւ Յովհաննէսը տեսան։ Այդ տեսիլքները իրարմէ տարբեր են, բայց բանով մը իրարու կը նմանին։ Անոնք բոլորն ալ Եհովան կը ներկայացնեն որպէս փառաւոր Թագաւոր մը։ Եսային տեսաւ Եհովան, որ «բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր» (Եսա. 6։1-3)։ Եզեկիէլ տեսաւ, թէ Եհովան նստած էր իր երկնային կառքին վրայ, որուն շուրջը «պայծառութիւն» կար՝ «ծիածանի երեւոյթ»ին պէս (Եզեկ. 1։26-28)։ Դանիէլ տեսաւ «Հինաւուրցը», որ ճերմակ զգեստ հագած էր եւ իր աթոռէն կրակի բոց կ’ելլէր (Դան. 7։9, 10)։ Իսկ Յովհաննէս տեսաւ Եհովան՝ նստած կառքի մը վրայ, որ շրջապատուած էր կանաչ գեղեցիկ ծիածանով (Յայտ. 4։2-4)։ Երբ Եհովայի աննման փառքին շուրջ կը խոկանք, մեզի համար յիշեցում կ’ըլլայ, թէ աղօթքով իրեն մօտենալը ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն է, եւ թէ կարեւոր է որ իրեն աղօթենք խոր յարգանքով։ Բայց ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք։

«ԱՅՍՊԷՍ ԱՂՕԹՔ ԸՐԷՔ»

4. Ի՞նչ կը սորվինք Մատթէոս 6։9, 10–ին մէջ յիշուած տիպար աղօթքին բացման խօսքերէն։

4 Կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց ինչպէս աղօթել կերպով մը, որ Աստուած կը հաճեցնէ։ «Այսպէս աղօթք ըրէք» ըսելէ ետք, Յիսուս նա՛խ նշեց կարեւոր հարցեր, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին Եհովայի նպատակին հետ. Իր անուան սրբացումը, Թագաւորութեան գալը, որ Աստուծոյ բոլոր հակառակորդները պիտի բնաջնջէ, եւ ապագայ օրհնութիւններ, որոնք Ան պիտի բերէ երկրին եւ մարդկութեան։ Մեր աղօթքներուն մէջ այսպիսի հարցեր յիշելով, ցոյց կու տանք որ Աստուծոյ կամքը կարեւոր է մեզի համար։

5. Տեղի՞ն է անձնական բաներու մասին աղօթել։

5 Աղօթքին շարունակութեան մէջ, Յիսուս ցոյց տուաւ որ տեղին է անձնական բաներու մասին աղօթել։ Եհովայէն կրնանք խնդրել, որ մեզի օրուան հացը տայ, մեր մեղքերը ներէ, փորձութենէն մեզ պաշտպանէ եւ ազատէ չարէն (Մատ. 6։11-13)։ Երբ Եհովայէն այս բաները կը խնդրենք, իրեն ցոյց տուած կ’ըլլանք, որ գիտենք թէ իր օգնութեան պէտք ունինք եւ թէ կ’ուզենք զինք հաճեցնել։

Ամուսին մը ի՞նչ բաներու մասին կրնայ աղօթել իր կնոջ հետ (տե՛ս պարբ. 6) *

6. Միայն տիպար աղօթքին մէջ յիշուած նիւթերո՞ւն մասին պէտք է աղօթենք. բացատրէ։

6 Յիսուս իր հետեւորդներէն չակնկալեց, որ տիպար աղօթքին խօսքերը բառ առ բառ կրկնեն։ Ուրիշ աղօթքներու մէջ որ Յիսուս ըսաւ, ան նշեց տարբեր բաներ, որոնք իրեն համար կարեւոր էին (Մատ. 26։39, 42. Յովհ. 17։1-26)։ Նոյնպէս, մենք կրնանք աղօթել բաներու մասին, որոնք մեզ կը մտահոգեն։ Երբ որոշում պիտի առնենք, կրնանք աղօթել որ Եհովան մեզի իմաստութիւն եւ հասկացողութիւն տայ (Սաղ. 119։33, 34)։ Երբ դժուար նշանակում մը պիտի սկսինք, կրնանք աղօթքով օգնութիւն խնդրել՝ հասկնալու թէ զայն ինչպէ՛ս պիտի կատարենք (Առ. 2։6)։ Ծնողները կրնան իրենց զաւակներուն համար աղօթել, զաւակներն ալ կրնան իրենց ծնողներուն համար աղօթել, իսկ բոլորս կրնանք եւ պէ՛տք է աղօթենք մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն համար եւ անոնց համար, որոնց կը քարոզենք։ Անշուշտ, մեր աղօթքները պէտք չէ միայն խնդրանքներ ըլլան։

Ի՞նչ բաներու համար կրնանք Եհովան փառաբանել եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնել մեր աղօթքներուն մէջ (տե՛ս պարբ. 7-9) *

7. Ինչո՞ւ պէտք է Եհովան փառաբանենք աղօթքի մէջ։

7 Պէտք է յիշենք աղօթքի մէջ Եհովան փառաբանել։ Ամէնէն շատ Եհովան արժանի է գովուելու։ Ան «բարի ու ներող» է։ Նաեւ, «գթած ու ողորմած» եւ «երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն» է (Սաղ. 86։5, 15)։ Անկասկած, շատ պատճառներ ունինք Եհովան փառաբանելու իր յատկութիւններուն եւ ըրածներուն համար։

8. Ի՞նչ կարգ մը բաներու համար կրնանք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել (Սաղմոս 104։12-15, 24

8 Մեր աղօթքներուն մէջ Եհովան փառաբանելէ զատ, կը մղուինք իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու իր տուած հիանալի բաներուն համար։ Օրինակ, կրնանք շնորհակալ ըլլալ գոյնզգոյն ծաղիկներուն, տեսակ–տեսակ համեղ ուտելիքներուն եւ մեր բարեկամներուն թարմացուցիչ ընկերակցութեան համար։ Մեր հոգատար Հայրը մեզի կու տայ ասոնք եւ ասոնցմէ աւելին՝ միայն մեզ ուրախացնելու համար (կարդա՛ Սաղմոս 104։12-15, 24)։ Եւ աւելի կարեւորը, մենք Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնենք իր տուած առատ հոգեւոր սնունդին համար եւ այն հոյակապ յոյսին համար, որ ունինք ապագային նկատմամբ։

9. Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել, որ յիշենք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18

9 Շատ դիւրութեամբ կրնանք մոռնալ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել այն ամէն բաներուն համար, որոնք մեզի համար կ’ընէ։ Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ չմոռնաս։ Կրնաս ըրած խնդրանքներուդ համար ցանկ մը պատրաստել եւ ատեն–ատեն նայիլ, թէ Եհովան անոնց ինչպէ՛ս պատասխանած է։ Ետքը, իր օգնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17, 18)։ Վստահաբար, կը համաձայնիս որ կ’ուրախանանք եւ գնահատուած կը զգանք, երբ ուրիշներ բանի մը համար մեզմէ շնորհակալ կ’ըլլան եւ ատիկա ցոյց կու տան։ Նոյն կերպով, երբ կը յիշենք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնել մեր աղօթքներուն պատասխանելուն համար, իր սիրտը կ’ուրախանայ (Կող. 3։15)։ Բայց կայ ուրիշ շատ կարեւոր բան մը, որուն համար պէտք է մեր Աստուծմէն շնորհակալ ըլլանք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐ ՍԻՐԵԼԻ ՈՐԴԻԻՆ ՀԱՄԱՐ

10. Ա. Պետրոս 2։21–ին համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է Եհովայէն շնորհակալ ըլլանք Յիսուսը աշխարհ ղրկելուն համար։

10 Կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։21։ Պէտք է Եհովային շնորհակալութիւն յայտնենք իր սիրելի Որդին ղրկելուն համար, որպէսզի մեզի սորվեցնէ։ Յիսուսի կեանքը սերտելով, շատ բան կը սորվինք Եհովային մասին եւ զինք հաճեցնելուն մասին։ Եթէ Քրիստոսի զոհին հանդէպ հաւատք ցոյց տանք, կրնանք Եհովա Աստուծոյ մտերիմ բարեկամը ըլլալ եւ իրեն հետ խաղաղ փոխյարաբերութիւն վայելել (Հռով. 5։1

11. Մեր աղօթքներուն նկատմամբ, Յիսուսին դերը ի՞նչ է։

11 Եհովայէն շնորհակալ ենք, որ կրնանք իրեն աղօթել իր Որդիին միջոցաւ։ Եհովան Յիսուսը կը գործածէ, որ մեր խնդրանքները կատարէ։ Ան մտիկ կ’ընէ եւ կը պատասխանէ այն աղօթքներուն, որոնք Յիսուսի անունով կ’ըսուին։ Յիսուս ըսաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի» (Յովհ. 14։13, 14

12. Ուրիշ ի՞նչ պատճառ ունինք Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու իր Որդիին համար։

12 Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ Յիսուսի զոհին հիման վրայ։ Սուրբ Գրութիւնները Յիսուսը կը նկարագրեն որպէս մեր ‘քահանայապետը, որ երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստած է’ (Եբ. 8։1)։ Յիսուս «Հօրը քով [մեր] բարեխօս»ն է (Ա. Յովհ. 2։1)։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն, որ մեզի տուած է կարեկից Քահանայապետ մը, որ մեզ կը հասկնայ եւ «մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ» (Հռով. 8։34. Եբ. 4։15)։ Մենք՝ անկատար ըլլալով, առանց Յիսուսի զոհին պիտի չկարենայինք Եհովային աղօթել։ Անկասկած, կը համաձայնիս, որ խօսքերը չեն բաւեր որ արտայայտենք թէ որչա՜փ շնորհակալ ենք այն թանկագին նուէրին համար, որ մեզի տուած է. իր սիրելի Որդին։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒԴ ՈՒ ՔՈՅՐԵՐՈՒԴ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹԷ

13. Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ իր աշակերտները կը սիրէր։

13 Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս բաւական ժամանակ անցուց իր աշակերտներուն համար աղօթելով՝ իր Հօրմէն խնդրելով որ ‘զանոնք չարէն պահէ’ (Յովհ. 17։15)։ Յիսուս ի՜նչ մեծ սէր ունէր։ Քիչ ետք, ի՛նք դժուար փորձութենէ պիտի անցնէր, բայց իր առաքեալներո՛վ մտահոգուած էր։

Ի՞նչ բաներ կրնանք աղօթքով խնդրել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար (տե՛ս պարբ. 14-16) *

14. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրենք։

14 Մենք՝ Յիսուսը ընդօրինակելով, միայն մեր պէտքերուն մասին չենք մտածեր։ Փոխարէնը, միշտ կ’աղօթենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար։ Այդպէս ընելով, կը հնազանդինք իրար սիրելու Յիսուսի պատուէրին, եւ Եհովային ցոյց կու տանք, որ մեր հաւատակիցները շատ կը սիրենք (Յովհ. 13։34)։ Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար աղօթելով, մեր ժամանակը պարապի չ’երթար։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ, որ «արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի» (Յակ. 5։16

15. Մեր հաւատակիցները ինչո՞ւ պէտք ունին, որ իրենց համար աղօթենք։

15 Մեր հաւատակիցները մեր աղօթքներուն պէտք ունին, քանի որ շատ մը դժուար պարագաներէ կ’անցնին։ Եհովայէն կրնանք խնդրել, որ անոնց օգնէ դիմանալու հիւանդութիւններու, բնական աղէտներու, քաղաքացիական պատերազմի, հալածանքի կամ ուրիշ փորձութիւններու։ Կրնանք նաեւ մեր անձնազոհ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար աղօթել, որոնք ձեռք կու տան օգնութեան պէտք ունեցող հաւատակիցներու։ Թերեւս անձամբ կը ճանչնաս անհատներ, որոնք նման դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Կրնա՞ս անոնց համար աղօթել, իրենց անունները նշելով։ Մենք մեր եղբայրներուն հանդէպ անկեղծ սէր ցոյց տուած կ’ըլլանք, երբ Եհովայէն կը խնդրենք որ անոնց օգնէ որ տոկան։

16. Ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն համար։

16 Ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողները շատ կը գնահատեն, երբ ուրիշներ իրենց համար կ’աղօթեն, եւ այդ աղօթքները իրենց կ’օգնեն։ Պօղոս առաքեալն ալ գիտէր, որ ուրիշներու աղօթքներուն պէտք ունէր։ Ան գրեց. «Ինծի համար ալ [աղօթեցէք], որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու» (Եփ. 6։19)։ Այսօր ալ, ունինք շատ մը ծանր աշխատող եղբայրներ, որոնք մեր մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն։ Անոնց հանդէպ սէր ցոյց տուած կ’ըլլանք, երբ Եհովայէն կը խնդրենք, որ իրենց ջանքերը օրհնէ։

ԵՐԲ ԱՂՕԹՔՈՎ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ

17-18. Ի՞նչ առիթներով թերեւս մեզմէ խնդրուի որ ուրիշները ներկայացնենք աղօթքով, եւ ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

17 Ատեններ, մեզմէ կը խնդրուի որ աղօթքով ուրիշները ներկայացնենք։ Օրինակ, քոյր մը կրնայ իր վարած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուող քրոջմէն խնդրել որ աղօթէ։ Այդ քոյրը թերեւս աշակերտը լաւ չի ճանչնար։ Անոր համար, կրնայ նախընտրել որ փակման աղօթքը ընէ։ Այդպիսով, ան աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենայ իր աղօթքը յարմարցնել աշակերտին պէտքերուն։

18 Թերեւս եղբօրմէ մը խնդրուի, որ աղօթէ դաշտի ծառայութեան ժողովի մը մէջ կամ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ։ Այդ առանձնաշնորհումը ունեցող եղբայրները պէտք է իրենց միտքը պահեն, թէ ժողովին նպատակը ի՛նչ է։ Պէտք չէ աղօթքը օգտագործեն ժողովքին խրատ տալու կամ ծանուցումներ ընելու համար։ Գրեթէ բոլոր ժողովներուն մէջ, ընդամէնը հինգ վայրկեան տրամադրուած է երգեցողութեան եւ աղօթքին։ Անոր համար, աղօթող եղբայրը պէտք չէ ‘շատ խօսի’, մանաւանդ՝ ժողովին սկիզբը (Մատ. 6։7

ԹՈ՛Ղ ԱՂՕԹՔԸ ԿԵԱՆՔԻԴ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂ ՈՒՆԵՆԱՅ

19. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովայի դատաստանի օրուան համար պատրաստ ըլլանք։

19 Մինչ Եհովայի դատաստանի օրը կը մօտենայ, աղօթքին ա՛լ աւելի կարեւոր տեղ պէտք է տանք մեր կեանքին մէջ։ Ասոր նկատմամբ Յիսուս ըսաւ. «Արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկ. 21։36)։ Այո, միշտ աղօթելը մեզի պիտի օգնէ, որ հոգեւորապէս արթուն մնանք եւ պատրաստ ըլլանք, երբ Աստուծոյ դատաստանի օրը հասնի։

20. Մեր աղօթքները ինչպէ՞ս կրնան անուշահոտ խունկի պէս ըլլալ։

20 Մինչեւ հիմա ի՞նչ քննարկեցինք։ Մենք շատ կը գնահատենք աղօթելու առանձնաշնորհումը։ Մեր աղօթքներուն մէջ գլխաւորաբար պէտք է կեդրոնանանք Եհովայի նպատակին հետ ուղղակիօրէն կապ ունեցող բաներու վրայ։ Նաեւ, շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ Որդիին ու իր Թագաւորութեան իշխելուն համար եւ կ’աղօթենք մեր հաւատակիցներուն համար։ Եւ անշուշտ, կրնանք աղօթել մեր ֆիզիքական եւ հոգեւոր պէտքերուն համար։ Երբ լաւ կը մտածենք, թէ մեր աղօթքներուն մէջ ի՛նչ պիտի ըսենք, ցոյց կու տանք որ այս հիանալի առանձնաշնորհումը կ’արժեւորենք։ Եւ այն ատեն մեր խօսքերը Եհովային համար անուշահոտ խունկի պէս պիտի ըլլան՝ «անոր ընդունելի» (Առ. 15։8

ԵՐԳ 57 Սրտիս խորհրդածութիւնը

^ Շատ շնորհակալ ենք որ Եհովան մեզի թոյլ կու տայ, որ իրեն աղօթենք։ Մենք կ’ուզենք որ մեր աղօթքները անուշահոտ խունկի պէս ըլլան եւ զինք հաճեցնեն։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ի՛նչ բաներու մասին կրնանք աղօթել։ Նաեւ, նկատի պիտի առնենք քանի մը կէտեր, որոնք պէտք է մեր միտքը պահենք, երբ մեզմէ խնդրուի որ աղօթքով ուրիշները ներկայացնենք։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ամուսին մը իր կնոջ հետ կ’աղօթէ՝ դպրոցին մէջ իրենց պզտիկին ապահովութեան, կնոջ հօր առողջութեան եւ Աստուածաշունչի աշակերտի մը յառաջդիմութեան համար։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երիտասարդ եղբայր մը Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնէ Յիսուսի զոհին, մեր գեղեցիկ երկրագունդին եւ սննդարար ուտելիքին համար։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը կ’աղօթէ, որ Եհովան Կառավարիչ մարմինին իր սուրբ հոգին տայ եւ օգնէ աղէտներէ տուժածներուն եւ հալածուողներուն։