Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կենսագրութիւն

Ուրիշներով հետաքրքրուիլը մնայուն օգուտներ կը բերէ

Ուրիշներով հետաքրքրուիլը մնայուն օգուտներ կը բերէ

Մօրս եւ քրոջս հետ, Փէթըրսընի մէջ, 1948–ին

«ԱՆԿԼԻՔԱՆ եկեղեցին ճշմարտութիւնը չի սորվեցներ։ Շարունակէ՛ ատիկա փնտռել»։ Անկլիքան կրօնքէն եղող մեծ մայրս ասիկա ըսելէ ետք, մայրս սկսաւ ճշմարիտ կրօնքը փնտռել։ Բայց, ան չէր ուզեր Եհովայի վկաներուն հետ խօսիլ, եւ ինծի կ’ըսէր որ պահուըտիմ, երբ անոնք մեր տունը կու գային Թորոնթոյի մէջ, Քանատա։ Բայց երբ մօրաքոյրս Վկաներուն հետ սկսաւ սերտել 1950–ին, մայրս ալ քաջալերուեցաւ ատիկա ընելու։ Անոնք մօրաքրոջս տան մէջ սերտեցին, եւ ետքը մկրտուեցան։

Պապաս Քանատայի Միացեալ եկեղեցիին մէջ կրօնական դիրք ունէր։ Անոր համար, ան ամէն շաբաթ զիս ու քոյրս կիրակնօրեայ կը ղրկէր, որմէ ետք իրեն հետ եկեղեցական ծառայութեան կ’երթայինք կ.ա. ժամը 11–ին։ Իսկ կէսօրէ ետք, մամայիս հետ Թագաւորութեան սրահ կ’երթայինք։ Ասանկով, շատ դիւրութեամբ կրնայինք այդ երկու կրօնքներուն միջեւ եղած տարբերութիւնը տեսնել։

1958–ի «Աստուածային կամք միջազգային համաժողով»ին ընթացքին, Հաչըսըն ընտանիքին հետ

Մայրս իր նոր սորվածները բացատրեց իր մտերիմ բարեկամներուն՝ Պոպ եւ Մէրիոն Հաչըսըններուն, որոնք նաեւ Եհովայի վկաներ եղան։ 1958–ին, Հաչըսընները զիս առին եւ իրենց երեք տղոց հետ տարին ութ օր տեւող «Աստուածային կամք միջազգային համաժողով»ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Հիմա կ’անդրադառնամ որ դիւրին չէր իրենց համար որ զիս հետերնին տանէին, բայց այս համաժողովը իմ կեանքիս ամէնէն լաւագոյն յիշատակներէն մէկն էր։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԻՆՁՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԻԼԸ ԱԶԴԵՑ ԻՆԾԻ

Պատանեկան տարիներուս ընթացքին, կ’ապրէինք ագարակի մը մէջ, ուր հաճոյք կ’առնէի կենդանիներուն հոգ տանելով։ Լրջօրէն մտածեցի անասնաբոյժ ըլլալու մասին։ Մայրս ժողովքի երէցի մը հետ ասոր մասին խօսեցաւ։ Եղբայրը ազնուօրէն յիշեցուց ինծի, որ մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, եւ հարցուց որ երկար տարիներով համալսարան երթալը ինչպէ՛ս Եհովային հետ իմ փոխյարաբերութեանս պիտի ազդէ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այսպիսով, որոշեցի որ համալսարան չերթամ։

Բայց դեռ կը մտածէի որ վարժարանս աւարտելէ ետք ինչ պիտի ընէի։ Թէեւ ամէն շաբաթ ծառայութեան կ’ելլէի, բայց անկէ հաճոյք չէի առներ, եւ օր մը օրանց չէի մտածեր որ ռահվիրայ ըլլամ։ Նոյն ատեն, Վկայ չեղող հայրս եւ հօրեղբայրս կը քաջալերէին, որ լման ժամանակով ապահովագրութեան մեծ ընկերութեան մը մէջ աշխատիմ, Թորոնթոյի մէջ, ուր հօրեղբայրս կարեւոր դիրք ունէր։ Ասանկով ընդունեցի այս գործը։

Թորոնթոյի մէջ, քանի՛ որ միշտ յաւելեալ ժամեր կ’աշխատէի եւ Վկայ չեղող անհատներու հետ կ’ընկերակցէի, չէի կրնար Եհովային հետ բարեկամութիւնս զօրացնել։ Սկիզբը կ’ապրէի Վկայ չեղող մեծ հօրս հետ, բայց իր մեռնելէն ետք, պէտք էր ուրիշ տեղ փոխադրուէի։

Հաչըսընները, որոնք զիս 1958–ի համաժողովին տարած էին, ինծի համար ծնողքի պէս էին։ Զիս հրաւիրեցին որ իրենց տունը մնամ, եւ օգնեցին որ հոգեւորապէս աճիմ։ Եւ 1960–ին, մկրտուեցայ իրենց տղուն՝ Ճոնին հետ։ Ճոնը ռահվիրայութեան սկսաւ, եւ զիս քաջալերեց որ ծառայութիւնս աւելցնեմ։ Ժողովքի երէցները նկատեցին հոգեւոր յառաջդիմութիւնս, եւ ի վերջոյ նշանակուեցայ որպէս «Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց»ի ծառայ a։

ՀՈՅԱԿԱՊ ԿՈՂԱԿԻՑ ԳՏԱՅ ԵՒ ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԵՂԱՅ

Մեր ամուսնութեան օրը, 1966–ին

1966–ին, ամուսնացայ Ռանտի Պըրկին հետ, որ նախանձախնդիր ռահվիրայ մըն էր եւ շատ կը փափաքէր ծառայել հոն ուր հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Մեր շրջանային տեսուչը մեզմով հետաքրքրուեցաւ՝ քաջալերելով որ Օնթարիոյի մէջ եղող Օրիլիայի ժողովքին օգնենք։ Անոր համար, հոն փոխադրուեցանք։

Հազիւ Օրիլիա հասանք, Ռանտիին պէս կանոնաւոր ռահվիրայ եղայ։ Վարակուեցայ իր խանդավառութենէն։ Սկսայ ջանք թափել որ լաւ ռահվիրայ ըլլամ, եւ անկէ ետք ուրախ կը զգայի երբ Սուրբ Գիրքը կը գործածէի եւ կը տեսնէի, որ մարդիկ ճշմարտութիւնը կը հասկնան։ Եւ մեզի համար ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում մըն էր Օրիլիայի մէջ զոյգի մը օգնել, որ իրենց կեանքը փոխեն եւ Եհովային ծառայեն։

ԼԵԶՈՒ ԵՒ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊ ՓՈԽԵԼ

Երբ Թորոնթօ կ’այցելէի, ծանօթացայ Առնոլտ Մէգնըմարային, որ Բեթէլին մէջ առաջնորդութիւն առնող եղբայրներէն մէկն էր։ Ան հարցուց եթէ կ’ուզէինք մասնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Ես շուտով պատասխանեցի. «Անշուշտ, միայն թէ Քեպէք չըլլայ»։ Քանատայի անգլիախօս շրջանի մարդիկը ժխտական բաներ կ’ըսէին ֆրանսախօս Քեպէք նահանգին մասին, ուր քաղաքական վիճակը լաւ չէր։ Եւ ես այդ կարծիքներէն ազդուած էի։ Այն ատեն, մարդիկ ցոյցեր կ’ընէին կառավարութեան դէմ եւ կ’ուզէին որ Քեպէք նահանգը Քանատայէն անկախանայ։

Առնոլտը ըսաւ. «Հիմակուհիմա, մասնաճիւղը մասնաւոր ռահվիրաները միայն Քեպէք կը ղրկէ»։ Շուտով այո՛ ըսի։ Արդէն գիտէի որ Ռանտին կը սիրէր հոն ծառայել։ Եւ վերջը անդրադարձայ, որ ատիկա մեր կեանքին ամենալաւ որոշումներէն մէկն էր։

Հինգ շաբաթ ֆրանսերէն սորվելէ ետք, ես ու Ռանտին եւ ուրիշ զոյգ մը գացինք Ռիմուսքի, որ Մոնրէալէն շուրջ 540 քմ. հեռու էր։ Դեռ շատ բան ունէինք սորվելիք, եւ ասիկա յստակ եղաւ, երբ ժողովի մը մէջ ծանուցումներ կը կարդայի։ Ես պիտի ըսէի, որ գալիք համաժողովին մեզի պիտի գային շատ մը «աւստրիացի պատուիրակներ», բայց ըսի՝ «ջայլամ պատուիրակներ»։

Ռիմուսքիի «սպիտակ տունը»

Ռիմուսքիի մէջ, մենք չորսս միացանք չորս ամուրի նախանձախնդիր քոյրերու եւ Հիւպըրտոներուն եւ իրենց երկու աղջիկներուն։ Հիւպըրտօ զոյգը մեծ տուն մը վարձեց,– որ մենք կոչեցինք «սպիտակ տունը», իր ճերմակ սիւներուն եւ տեսքին համար,– եւ բոլոր ռահվիրաները անոր վարձքը վճարելու մասնակցեցան։ Մօտ 12-14 հոգի այդ տունին մէջ կ’ապրէին։ Քանի որ ես ու Ռանտին՝ մասնաւոր ռահվիրաներ ըլլալով, պէտք էր առտու, կէսօր, իրիկուն ծառայէինք, շատ կը գնահատէինք երբ միշտ մէկը ըլլար մեզի հետ ծառայութեան ելլելու, նոյնիսկ ձմրան պաղ իրիկունները։

Մենք այդ հաւատարիմ ռահվիրաներուն հետ մտերմացանք եւ մէկ ընտանիքի պէս եղանք։ Ատեններ բոլորս խարոյկի մը շուրջ կը նստէինք, կամ ալ ամբողջ օր մը միասին ճաշ կ’եփէինք։ Եղբայրներէն մէկը երաժիշտ էր, անոր համար շաբաթ իրիկունները միասին կ’երգէինք ու կը պարէինք։

Ռիմուսքիի թաղամասը արդիւնքներ տուաւ։ Ուրախացանք երբ քանի մը Աստուածաշունչի աշակերտներ յառաջդիմեցին դէպի մկրտութիւն։ Ժողովքին թիւը հասաւ շուրջ 35 հրատարակիչներու։

Քեպէքի մէջ, շատ աղուոր մարզում ստացանք որպէս աւետարանիչներ։ Տեսանք թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի օգնեց ծառայութեան մէջ, եւ մեր նիւթական պէտքերը հոգաց։ Ասկէ զատ, սորվեցանք սիրել ֆրանսախօս մարդիկը, իրենց լեզուն եւ իրենց մշակոյթը։ Եւ ասիկա ձգեց որ ուրիշ մշակոյթներ ալ սիրենք (Բ. Կոր. 6։13

Անակնկալի եկանք, երբ մասնաճիւղը մեզմէ խնդրեց որ փոխադրուինք Դրաքատի, որ Նիւ Պրանսուիքի ծովեզերքի կողմը կը գտնուի։ Ասիկա մեզի համար դժուար էր, քանի որ դեռ նոր տուն մը վարձած էինք եւ ստորագրած էի որ դպրոցի մը մէջ կիսաժամ աշխատիմ։ Ասկէ զատ, մեր Աստուածաշունչի աշակերտներէն ոմանք դեռ նոր հրատարակիչներ եղած էին եւ մենք կ’աշխատէինք որ Թագաւորութեան սրահի մը նորոգութիւնը ամբողջացնենք։

Ասոր մասին շատ աղօթեցինք եւ այցելեցինք Դրաքատին, որ Ռիմուսքիէն քիչ մը տարբեր էր։ Բայց մտածեցինք որ եթէ Եհովան մեզի հոն կ’ուզէ, ուրեմն պէտք է երթանք։ Մենք Եհովան փորձեցինք եւ տեսանք որ ինչպէս ամէն անգամ արգելքները մեր առջեւէն կը վերցնէր (Մաղ. 3։10)։ Ինչպէս միշտ, Ռանտիին հոգեւորութիւնը, անձնազոհ եւ ուրախ հոգին, այս փոխադրութիւնը դիւրացուցին։

Մեր նոր ժողովքին մէջ երէց մը կար՝ Ռապըրթ Ռօսը, որ իր կնոջ՝ Լինտային հետ ռահվիրայութիւն ըրած էր, եւ որոշած էին հոն մնալ իրենց առաջին զաւակը ծնելէ ետք։ Հակառակ անոր որ իրենց պզտիկ տղուն հոգ կը տանէին, մենք իրենցմով շատ քաջալերուեցանք, քանի որ հիւրասէր եւ ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր էին։

ՕՐՀՆՈՒԵՑԱՆՔ ԾԱՌԱՅԵԼՈՎ ՈՒՐ ՈՐ ՊԷՏՔ ԿԱՐ

Ձմրան, առաջին շրջանին մէջ ուր ծառայեցի որպէս շրջանային տեսուչ

Երկու տարի Դրաքատիի մէջ ռահվիրայութիւն ընելէ ետք, նորէն անակնկալի եկանք, երբ հրաւիրուեցայ որ ծառայեմ որպէս շրջանային տեսուչ։ Եօթը տարի ծառայեցինք անգլիախօս շրջաններուն մէջ, եւ անկէ ետք նշանակուեցանք ծառայելու Քեպէքի մէջ եղող ֆրանսախօս շրջանի մը մէջ։ Նահանգային տեսուչը՝ Լէոնս Գրէյփոն b զիս կը գովէր դասախօսութիւններուս համար։ Բայց ետքը միշտ կը հարցնէր. «Ինչպէ՞ս կրնաս դասախօսութիւնդ աւելի գործնական դարձնել»։ Այս անձնական հետաքրքրութիւնը ինծի օգնեց, որ սորվեցնելու կերպս աւելի պարզ եւ հասկնալի դարձնեմ։

1978–ին, Մոնրէալին մէջ՝ «Յաղթական հաւատք» միջազգային համաժողովին, ունեցայ առանձնաշնորհում մը որ պիտի չմոռնամ։ Ճաշ եփելու մասնակցեցայ։ Մենք կ’ակնկալէինք որ 80,000 հոգի ներկայ ըլլային եւ նոր կերպով մը զիրենք կերակրէինք։ Ամէն բան նոր էր. գործիքները, ճաշի ցանկը եւ պատրաստելու կերպը։ Մենք ունէինք շուրջ 20 սառնարան, որոնք ատեններ չէին աշխատեր։ Քանի՛ որ համաժողովին նախորդող օրը մարզական խաղ մը կար, միայն կէս գիշերէն ետքն էր որ կրցանք մարզադաշտ մտնել ճաշի պատրաստութիւններ տեսնելու համար։ Եւ պէտք էր որ նախաճաշ պատրաստելու համար, արեւը չելած փուռերը վարէինք։ Թէեւ շատ յոգնեցանք, բայց ես շատ բան սորվեցայ ինծի հետ ծառայող եղբայրներուն ծանր աշխատանքէն, հասունութենէն եւ ուրախ հոգիէն։ Մենք մինչեւ հիմա անոնց հետ բարեկամներ ենք։ Ռանտին եւ ես շատ ուրախացանք մասնակցելով այս կարեւոր համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Քեպէքի մէջ, ուր 1940–ականներուն եւ 1950–ականներուն խիստ հալածանք կար։

Մոնրէալին մէջ, 1985–ին, Ռանտիին հետ համաժողովին համար պատրաստութիւններ կը տեսնենք

Մոնրէալին մէջ, մեր մեծ համաժողովներուն ընթացքին, թէեւ տեսուչ էի, բայց շատ բան սորվեցայ միւս տեսուչներէն։ Տարի մը, Տէյվիտ Սբլէյնը, որ հիմա Կառավարիչ մարմինի անդամներէն մէկն է, համաժողովի տեսուչն էր։ Ուրիշ համաժողովի մը մէջ, երբ ինձմէ խնդրուեցաւ որ ես տեսուչը ըլլամ, Տէյվիտը ինծի լիովին թիկունք կանգնեցաւ։

2011–ին, 36 տարի շրջանային տեսուչ ըլլալէ ետք, հրաւիրուեցայ «Ժողովքի երէցներու դպրոց»ի դասատու ըլլալու։ Երկու տարուան մէջ, ես ու Ռանտին 75 տարբեր անկողիններու մէջ պառկեցանք, բայց ամէն զոհողութիւն կ’արժէր։ Ամէն մէկ շաբթուան վերջաւորութեան, երէցները շատ շնորհակալ կ’ըլլային, քանի որ կը զգային թէ Կառավարիչ մարմինը հետաքրքրուած էր իրենց հոգեւորութեամբ։

Իսկ ետքը, «Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոց»ին դասատուն եղայ։ Աշակերտները յաճախ շատ յոգնած կը զգային խճողուած յայտագրին պատճառով։ Անոնք պէտք էր մօտ եօթը ժամ դասարանին մէջ նստած մնային, անկէ ետք ալ ամէն իրիկուն երեք ժամ իրենց դասերը պատրաստէին։ Ատկէ զատ ալ, ամէն շաբաթ չորսէն հինգ նշանակում ունէին։ Ես ու միւս դասատուն իրենց ըսինք, որ ասիկա չէին կրնար ընել առանց Եհովային օգնութեան։ Միշտ պիտի յիշեմ աշակերտներուն զարմանքը, երբ տեսնէին որ Եհովային վստահելով կրնային իրենց ուզածէն շատ աւելին իրագործել։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԻԼԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

Քանի որ մայրս ուրիշներով կը հետաքրքրուէր, ասիկա ձգեց որ իր Աստուածաշունչի աշակերտները յառաջդիմեն եւ հայրս ճշմարտութեան նկատմամբ իր կարծիքը փոխէ։ Մօրս մեռնելէն երեք օր ետք, հայրս մեզ անակնկալի բերաւ Թագաւորութեան սրահ գալով՝ դասախօսութիւն մը մտիկ ընելու համար, եւ ան յաջորդող 26 տարիներուն շարունակեց ժողովներու երթալ։ Ճիշդ է որ հայրս չմկրտուեցաւ, բայց երէցները ինծի ըսին, որ ան միշտ առաջին անձն էր որ սրահ կու գար ամէն շաբաթ։

Ասկէ զատ, մայրս հոյակապ օրինակ էր ինծի եւ քոյրերուս համար։ Երեք քոյրերս եւ անոնց ամուսինները հաւատարմօրէն Եհովային կը ծառայեն։ Անոնցմէ երկուքը կը ծառայեն մասնաճիւղերու մէջ. մէկը՝ Փորթուգալ, իսկ միւսը՝ Հայիթի։

Ռանտին ու ես հիմա որպէս մասնաւոր ռահվիրաներ կը ծառայենք Հէմիլթըն–ի մէջ, Օնթարիօ։ Երբ շրջանային տեսուչ էի, հաճոյք կ’առնէինք, երբ եղբայրներուն հետ իրենց վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն կ’երթայինք։ Բայց հիմա մենք կ’ուրախանանք, երբ կը տեսնենք որ մե՛ր աշակերտները հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։ Մինչ մեր նոր ժողովքի քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ կը բարեկամանանք, կը քաջալերուինք երբ կը տեսնենք թէ Եհովան ինչպէս իրենց կ’օգնէ՝ լաւ եւ գէշ ժամանակներուն։

Անցեալին մասին մտածելով, մենք շատ կը գնահատենք այն հետաքրքրութիւնը, որ շատեր մեզի հանդէպ ցոյց տուին։ Ասիկա ձգեց որ մենք ալ ուրիշներով հետաքրքրուինք՝ զիրենք քաջալերելով որ իրենց լաւագոյնը տան Եհովայի ծառայութեան մէջ (Բ. Կոր. 7։6, 7)։ Օրինակ, ընտանիքի մը մէջ, կինը, տղան եւ աղջիկը լիաժամ ծառայութեան մէջ էին։ Ես ամուսինին հարցուցի եթէ կը մտածէր ռահվիրայութիւն ընել։ Ան ալ ինծի ըսաւ որ պէտք էր աշխատէր որ երեք ռահվիրաներու հոգ տանի։ Բայց ես հարցուցի. «Դուն Եհովայէն աւելի՞ լաւ հոգ պիտի տանիս իրենց»։ Զինք քաջալերեցի, որ ինքն ալ ունենար այն ուրախութիւնը որ իրենք ունէին։ Անկէ վեց ամիս ետք, ինքն ալ ռահվիրայ եղաւ։

Ռանտին ու ես պիտի շարունակենք «գալու ազգին» պատմել Եհովայի «հրաշալի գործեր»ուն մասին, եւ կը յուսանք որ իրենք ալ նո՛յնքան ուրախանան Եհովայի ծառայութեամբ, ո՛րքան մենք ուրախացանք (Սաղ. 71։17, 18

a Հիմա կը կոչուի «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տեսուչ։

b Տե՛ս Լէոնս Գրէյփոյի կենսագրութիւնը, Դիտարան–ի փետրուար 2020 թիւին մէջ, էջ 26-30։