Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան կրնար ունենալ Աստուծոյ հաճութիւնը

Ան կրնար ունենալ Աստուծոյ հաճութիւնը

ՄԵՆՔ Եհովային կը ծառայենք եւ իր հաճութիւնը կ’ուզենք։ Բայց ան որո՞ւ կը հաճի եւ կ’օրհնէ։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան անհատներ, որոնք իր հաճութիւնը ունէին, հակառակ որ նախապէս լուրջ մեղքեր գործած էին։ Իսկ կան ուրիշներ, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը չշահեցան, թէեւ շատ լաւ յատկութիւններ ունէին։ Թերեւս մենք մեզի հարցնենք. ‘Եհովան իմ մէջս ի՞նչ բան կը փնտռէ’։ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին օրինակը կրնայ մեզի օգնել որ պատասխանը գտնենք։

ԳԷՇ ՍԿԻԶԲ

Ռոբովամին հայրը Սողոմոնն էր, որ 40 տարի թագաւորեց Իսրայէլին մէջ (Գ. Թագ. 11։42)։ Ք.Ա. 997–ին, Սողոմոն մահացաւ եւ Ռոբովամ Երուսաղէմի հիւսիսը գտնուող Սիւքէմ քաղաքը գնաց, որպէսզի թագաւոր օծուի (Բ. Մն. 10։1)։ Ան վախցա՞ւ Սողոմոնէն ետք թագաւոր ըլլալու,– Սողոմոն որ ճանչցուած էր իր մեծ իմաստութեամբ։ Շատ չանցած, հարկ պիտի ըլլար որ Ռոբովամ ցուցնէր, թէ կարողութիւն ունի՛ խրթին հարցեր լուծելու կամ ոչ։

Իսրայէլացիները ճնշուած կը զգային եւ Ռոբովամին պատգամաւորներ ղրկեցին, որպէսզի իրենց հոգերը պատմեն։ Անոնք ըսին. «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ ու հիմա քու հօրդ դաժան ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր, որ քեզի ծառայութիւն ընենք» (Բ. Մն. 10։3, 4

Ռոբովամ երկու քարի միջեւ մնաց։ Եթէ ժողովուրդին ըսածը ընէր, ինք, իր ընտանիքը եւ պալատին մէջ եղողները ստիպուած պիտի զրկուէին իրենց կարգ մը հաճոյքներէն։ Իսկ եթէ ժողովուրդին խնդրանքը մերժէր, անոնք կրնային իրեն դէմ ըմբոստանալ։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Նախ խօսեցաւ այն ծերերուն, որոնք Սողոմոնին խրատ կու տային։ Բայց ետքը, ան խրատ առաւ իրեն տարեկից եղող երիտասարդներէն։ Անոնց խրատին հետեւելով, Ռոբովամ որոշեց խստութեամբ վարուիլ ժողովուրդին հետ։ Ան պատասխանեց. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ» (Բ. Մն. 10։6-14

Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Միշտ իմաստութիւն է մտիկ ընել տարիքով աւելի մեծ եւ հոգեւորապէս հասուն անհատներու։ Անոնք կրնան լաւ խրատներ տալ մեզի, քանի որ փորձառութիւն ունին եւ կրնան ըմբռնել, թէ որոշ որոշումի մը արդիւնքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ (Յոբ 12։12

«ՏԷՐՈՋԸ ԽՕՍՔԻՆ ՄՏԻԿ ԸՐԻՆ»

Երբ Ռոբովամ այդ որոշումը առաւ, ժողովուրդը իրեն դէմ ըմբոստացաւ։ Այս պատճառով, ան իր բանակը հաւաքեց, որպէսզի պատերազմի անոնց դէմ։ Բայց Եհովան Սեմայիա մարգարէն ղրկեց, որպէսզի իրենց ըսէ. «Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինձմէ եղաւ» (Գ. Թագ. 12։21-24) *։

Ռոբովամին համար դիւրի՞ն էր Եհովային մտիկ ընել։ Ժողովուրդը ի՞նչ պիտի մտածէր իրեն մասին,– ինք ըսած էր թէ զիրենք «կարիճներով» պիտի խրատէր, բայց հիմա բան մը պիտի չընէր ըմբոստութիւնը կեցնելու համար (համեմատէ՛ Բ. Մնացորդաց 13։7)։ Ամէն պարագայի, թագաւորը եւ իր զօրքը «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան»։

Ի՞նչ դաս կը քաղենք ասկէ։ Իմաստութիւն է Աստուծոյ հնազանդիլ, նոյնիսկ եթէ մարդիկ մեր վրայ պիտի խնդան։ Եթէ Աստուծոյ հնազանդինք, միշտ մեզ պիտի օրհնէ (Բ. Օր. 28։2

Աստուած Ռոբովամը օրհնե՞ց իր հնազանդութեան համար։ Ռոբովամին հնազանդութեան պատճառով իր թագաւորութիւնը զօրացաւ։ Ինչպէ՞ս։ Ան շարունակեց թագաւորել Յուդայի ու Բենիամինի ցեղերուն վրայ, եւ որոշեց նոր քաղաքներ շինել։ Ան նաեւ կարգ մը քաղաքներ «խիստ շատ ամրացուց» (Բ. Մն. 11։5-12)։ Ամէնէն կարեւորը, ան ժամանակ մը հնազանդեցաւ Եհովային օրէնքներուն։ Որովհետեւ հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը սկսած էր կուռքեր պաշտել, այդտեղէն շատեր ճամբորդեցին Երուսաղէմ, որպէսզի թիկունք կանգնին Ռոբովամին եւ ճշմարիտ պաշտամունքին (Բ. Մն. 11։16, 17

ՌՈԲՈՎԱՄԻՆ ՄԵՂՔՆ ՈՒ ԶՂՋՈՒՄԸ

Երբ Ռոբովամին թագաւորութիւնը զօրացաւ, ան տարօրինակ բան մը ըրաւ։ Եհովային օրէնքը ձգելով սկսաւ չաստուածներ պաշտել։ Ինչո՞ւ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ազդուեցաւ իր մօրմէն, որ ամմոնացի էր (Գ. Թագ. 14։21)։ Պատճառները չենք գիտեր, բայց գիտենք որ ազգը իրեն հետեւեցաւ։ Այս պատճառով, Եհովան թոյլ տուաւ որ Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը գրաւէ շատ մը քաղաքներ Յուդայի թագաւորութեան մէջ, հակառակ որ Ռոբովամ ամրացուցած էր զանոնք (Գ. Թագ. 14։22-24. Բ. Մն. 12։1-4

Վիճակը աւելի գէշ եղաւ երբ Սիսակ եկաւ Երուսաղէմին վրայ յարձակելու, ուր Ռոբովամ կ’իշխէր։ Այն ատեն, Սեմայիա մարգարէն Ռոբովամին եւ իր իշխաններուն տուաւ Աստուծոյ այս պատգամը. «Դուք զիս թողուցիք, ես ալ ձեզ Սիսակին ձեռքը կը թողում»։ Ռոբովամ ինչպէ՞ս հակազդեց։ Շատ դրական կերպով։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իսրայէլի իշխանները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. ‘Տէրը արդար է’»։ Հետեւաբար, Եհովան Ռոբովամը փրկեց եւ Երուսաղէմը կործանուելէ ազատեց (Բ. Մն. 12։5-7, 12

Ատկէ ետք, Ռոբովամ շարունակեց իշխել հարաւային թագաւորութեան վրայ։ Իր մահէն առաջ, ան առատաձեռնօրէն նուէրներ տուաւ իր որդիներուն, հաւանաբար որպէսզի վստահ ըլլայ որ անոնք պիտի չըմբոստանան իրենց եղբօր՝ Աբիային դէմ, որ իրեն պիտի յաջորդէր որպէս թագաւոր (Բ. Մն. 11։21-23)։ Այս դէպքին մէջ, Ռոբովամ առաջուընէ աւելի իմաստութեամբ վարուեցաւ։

ՌՈԲՈՎԱՄ ԼԱ՞Ւ ԱՆՁ ԷՐ, ԹԷ ՈՉ՝ ԳԷՇ

Թէեւ Ռոբովամ լաւ բաներ ըրաւ, բայց Աստուծոյ հաճութիւնը չշահեցաւ։ Սուրբ Գիրքը զինք կը նկարագրէ որպէս անձ մը որ «չարութիւն ըրաւ»։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «իր սիրտը չուզեց, որ Տէրը փնտռէ» (Բ. Մն. 12։14

Ռոբովամ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն չունէր, ինչպէս որ Դաւիթ ունէր

Ռոբովամի կեանքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Ան ատեններ հնազանդեցաւ Աստուծոյ եւ կարգ մը լաւ բաներ ըրաւ Իր ժողովուրդին համար։ Բայց մօտիկ փոխյարաբերութիւն չունէր Աստուծոյ հետ, ոչ ալ զօրաւոր փափաք ունէր որ զինք հաճեցնէ։ Այսպիսով, ան սխալի մէջ իյնալով սկսաւ չաստուածներ պաշտել։ Թերեւս դուն քեզի հարցնես. ‘Ռոբովամ ինչո՞ւ Եհովային խրատը ընդունեց։ Քանի որ սրտա՞նց զղջաց եւ ուզեց Աստուած հաճեցնել, թէ ոչ քանի որ ուրիշները ըսին որ պէտք է հնազանդի’ (Բ. Մն. 11։3, 4. 12։6)։ Յետագային, ան դարձեալ գէշ բաներ ըրաւ։ Ան որքա՜ն տարբեր էր իր մեծ հօրմէն՝ Դաւիթ թագաւորէն։ Ճիշդ է որ Դաւիթ սխալներ ըրաւ, բայց խորապէս զղջաց։ Ան նաեւ Եհովային եւ ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ սէր ունէր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին (Գ. Թագ. 14։8. Սաղ. 51։1, 17. 63։1

Շատ բաներ կրնանք սորվիլ այս արձանագրութենէն։ Ընտանիքին հոգ տանիլը եւ ուրիշներուն լաւութիւն ընելը գովելի են, բայց Եհովային հաճութիւնը ունենալու համար, պէտք է զինք ի՛ր ուզած կերպով պաշտենք եւ իրեն հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունենանք։

Ասիկա ընելու համար պէտք է խոր սէր ունենանք Աստուծոյ հանդէպ։ Ճիշդ ինչպէս որ փայտ կ’աւելցնենք, կրակը բոցավառուած պահելու համար, նոյնպէս պէտք է Եհովային Խօսքը կանոնաւորաբար սերտենք, մեր կարդացածին վրայ խոկանք եւ միշտ աղօթենք, որպէսզի Եհովային հանդէպ մեր սէրը վառ պահենք (Սաղ. 1։2. Հռով. 12։12)։ Եւ այս սէրը իր կարգին պիտի զօրացնէ մեր փափաքը, որ Եհովան հաճեցնենք ամէն բանի մէջ։ Ատիկա նաեւ մեզ պիտի մղէ որ իսկապէս զղջանք, երբ մեղք գործենք։ Այսպիսով, պիտի չնմանինք Ռոբովամին, հապա՝ անխախտ պիտի մնանք ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ (Յդ. 20, 21

^ պարբ. 9 Եհովան նախապէս ըսած էր որ թագաւորութիւնը երկուքի պիտի բաժնուէր, քանի որ Սողոմոն անհաւատարիմ գտնուած էր (Գ. Թագ. 11։31