Հին մագաղաթ մը «քակուեցաւ»
Են Գադդիի մագաղաթը չէր կարդացուեր, երբ 1970–ին յայտնաբերուեցաւ։ Եռաչափ տեսածրումով յստակ դարձաւ, որ մագաղաթը Ղեւտացւոց գիրքէն հատուած մըն է եւ Աստուծոյ անունը կը բովանդակէ
ՀՆԱԳԷՏՆԵՐԸ 1970–ին յայտնաբերեցին այրած մագաղաթ մը, Մեռեալ ծովու արեւմտեան ափին մօտ գտնուող Են Գադդիի մէջ, Իսրայէլ։ Մագաղաթը գտան երբ կը պեղէին ժողովարան մը, որ հաւանաբար Ք.Ե. վեցերորդ դարուն, գիւղին կործանման ատեն այրուած էր։ Մագաղաթը այնպիսի վիճակի մէջ էր, որ անկարելի էր զայն կարդալ եւ նոյնիսկ քակել՝ առանց վնասելու։ Սակայն, եռաչափ տեսածրումի մեթոտին օգնութեամբ, վերջերս կարելի եղաւ տեսնել մագաղաթին գրութիւնը, իսկ թուանշային նոր ծրագրակազմ մը կրցաւ անոր բովանդակութիւնը կարդալ։
Տեսածրումը ի՞նչ մէջտեղ հանեց։ Մագաղաթը Աստուածաշունչէն հատուած մըն է։ Անոր բեկորը կը կրէ Ղեւտացւոց գիրքին սկիզբի համարները։ Այդ համարները կը բովանդակեն Աստուծոյ անունը եբրայերէնով՝ քառագիրը գործածելով։ Մագաղաթը հաւանաբար գրուած է Ք.Ե. 50–ի եւ Ք.Ե. 400–ի միջեւ, այսպիսով դառնալով Աստուածաշունչի ամենահին եբրայերէն մագաղաթը, որ գտնուած է Գումրանի կամ Մեռեալ ծովու մագաղաթներէն ետք։ The Jerusalem Post–ին մէջ Կիլ Զոհար կը գրէ, որ Են Գադդիի մագաղաթը գտնուելէ առաջ, շուրջ 1000 տարուան բացութիւն կար Աստուածաշունչի ամենահին ձեռագիրներուն միջեւ, այսինքն՝ Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն (գրուած 2000 տարի առաջ) եւ Հալէպի ձեռագիր մատեանին միջեւ (գրուած 10–րդ դարուն)։ Ան կ’աւելցնէ թէ, ըստ մասնագէտներու, այս մագաղաթը ցոյց կու տայ թէ Հնգամատեանը * «հազարաւոր տարիներու ընթացքին չէ փոխուած եւ ընդօրինակողները անոր մէջ սխալներ չեն ըրած»։
^ պարբ. 4 Հնգամատեանը Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերն են՝ Ծննդոց, Ելից, Ղեւտացւոց, Թուոց եւ Բ. Օրինաց։