ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 26
«Ինծի դարձէք»
«Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ» (ՄԱՂ. 3։7)։
ԵՐԳ 42 ‘Տկարներուն օգնենք’
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ, երբ իր կորսուած ոչխարներէն մէկը իրեն վերադառնայ։
ԻՆՉՊԷՍ նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, Եհովան ինքզինք լաւ հովիւի մը կը նմանցնէ, որ քնքշօրէն հոգ կը տանի իր ոչխարներէն իւրաքանչիւրին։ Ան նաեւ ոեւէ կորսուած ոչխար կը փնտռէ։ Իրմէ հեռացած իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ»։ Վստահ ենք, որ ան տակաւին նոյն կերպով կը զգայ, քանի որ կ’ըսէ. «Չեմ փոխուիր» (Մաղ. 3։6, 7)։ Յիսուս ըսաւ, թէ Եհովան եւ հրեշտակները մեծապէս կ’ուրախանան, երբ հեռացած ծառայ մը Եհովային վերադառնայ (Ղուկ. 15։10, 32)։
2. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
2 Այժմ պիտի քննարկենք Յիսուսի կողմէ տրուած երեք առակներ, որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս օգնել անոնց, որոնք Եհովայէն հեռացած են։ Պիտի տեսնենք որոշ յատկութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի կարենանք օգտակար դառնալ կորսուած ոչխարներուն։ Եւ յստակ պիտի դառնայ, թէ ինչո՛ւ կ’արժէ ջանք թափել տկարներուն ձեռք տալու։
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԴՐԱՄԸ ՓՆՏՌԵԼ
3-4. Ղուկաս 15։8-10–ի մէջ նշուած կինը ինչո՞ւ բծախնդրաբար փնտռեց իր կորսնցուցած դրամը։
3 Պէտք է ծանր աշխատինք, որպէսզի գտնենք անոնք, որոնք կ’ուզեն Եհովային վերադառնալ։ Ղուկաս Աւետարանին մէջ արձանագրուած առակի մը մէջ, Յիսուս կը նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս կին մը կը փնտռէ իր կորսնցուցած դրամը, որ արժէքաւոր է։ Այս առակը մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ գլխաւորաբար փնտռտուքին վրայ (կարդա՛ Ղուկաս 15։8-10)։
4 Յիսուս կը նկարագրէ կնոջ զգացումները, երբ իր կորսնցուցած արժէքաւոր դրամը կը գտնէ։ Յիսուսի օրերուն, հրեայ մայրերէն ոմանք իրենց աղջկան ամուսնութեան օրը, ըստ երեւոյթին՝ անոր կու տային տասը դրամներու շարան մը։ Առակին
մէջ, կորսուած դրամը հաւանաբար այդպիսի շարանի մը կը պատկանէր։ Կինը, ենթադրելով որ դրամը գետին ինկած է, ճրագ մը կը վառէ ու կը սկսի փնտռել, բայց ի զուր։ Լապտերին լոյսը բաւարար չէ, որ յայտնէ պզտիկ արծաթեայ դրամը։ Ուստի ան կը սկսի բծախնդրաբար աւլել ամբողջ տունը։ Ի վերջոյ, ան կը նկատէ, որ հաւաքուած փոշիին մէջ, լապտերի լոյսին տակ կը փայլի իր թանկագին դրամը։ Երկա՜ր շունչ մը կը քաշէ։ Ան իր բարեկամներն ու դրացիները կը կանչէ, որպէսզի իրենց տայ ուրախ լուրը։5. Ինչո՞ւ թերեւս դժուար ըլլայ գտնել անոնք, որոնք ժողովքէն հեռացած են։
5 Ինչպէս որ Յիսուսի առակը ցոյց կու տայ, կորսուած բան մը գտնելը ջանք կը պահանջէ։ Նմանապէս, հարկ կայ որ ջանք թափենք, որպէսզի գտնենք անոնք, որոնք ժողովքէն հեռացած են։ Անոնք թերեւս տարիներէ ի վեր մեզի հետ չեն ընկերակցիր։ Եւ կրնայ ըլլալ որ փոխադրուած են շրջան մը, ուր տեղացի եղբայրները զիրենք չեն ճանչնար։ Բայց անկասկած, ճիշդ այս պահուն, անգործունեայ եղողներէն ոմանք իրապէս կ’ուզեն Եհովային վերադառնալ։ Անոնք կ’ուզեն դարձեալ Եհովայի ծառայել իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ, բայց օգնութեան պէտք ունին։
6. Անգործունեայ եղողները փնտռելու մէջ, ինչպէ՞ս ամբողջ ժողովքը կրնայ բաժին բերել։
6 Անգործունեայ եղողները փնտռելու մէջ որո՞նք կրնան բաժին բերել։ Զանոնք գտնելու համար, բոլորս կրնանք ձեռք տալ. երէցները, ռահվիրաները, ընտանիքի անդամները եւ ժողովքի հրատարակիչները։ Ունի՞ս բարեկամ մը կամ ազգական մը, որ անգործունեայ դարձած է։ Անգործունեայ անհատի մը հանդիպա՞ծ ես տունէ տուն ծառայութեան կամ հանրային վկայութեան ընթացքին։ Անհատին ըսէ, թէ եթէ կ’ուզէ այցելութիւն մը ստանալ, ուրախ պիտի ըլլաս իր հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը երէցներուն փոխանցելու։
7. Թոմաս անունով երէցի մը խօսքերէն ի՞նչ կը սորվիս։
7 Յատկապէս երէցները ի՞նչ գործնական քայլեր կրնան առնել, որպէսզի գտնեն անոնք, որոնք կ’ուզեն Եհովային վերադառնալ։ Թոմաս * անունով երէց մը, որ Սպանիոյ մէջ կ’ապրի, աւելի քան 40 Վկաներու օգնած է, որ ժողովքին վերադառնան։ Ան կ’ըսէ. «Նախ, կը հարցնեմ զանազան եղբայրներու եւ քոյրերու, թէ արդեօք գիտե՞ն թէ մեր ժողովքի անգործունեայ անհատները հիմա ո՛ւր կ’ապրին։ Կամ, հրատարակիչներուն կը հարցնեմ եթէ կը յիշեն ոեւէ անհատ, որ այլեւս ժողովներու չի գար։ Շատեր խանդավառօրէն կ’ընդառաջեն, քանի որ կը զգան թէ փնտռտուքին մէջ բաժին պիտի բերեն։ Ետքը, երբ կ’այցելեմ անգործունեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, կը հարցնեմ անոնց զաւակներուն եւ ազգականներուն մասին։ Անգործունեայ եղողներէն ոմանք սովորաբար իրենց զաւակները իրենց հետ ժողովներու կը բերէին, եւ այս զաւակները թերեւս անգամ մը հրատարակիչներ էին։ Ուստի, անոնց ալ կրնանք օգնել որ Եհովային վերադառնան»։
ԵՀՈՎԱՅԻ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՏՂԱՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԵԼ
8. Ղուկաս 15։17-24–ի մէջ արձանագրուած անառակ որդիին առակին մէջ, հայրը ինչպէ՞ս վարուեցաւ իր զղջացած որդիին հետ։
8 Ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ունենանք, որպէսզի կարենանք օգնել անոնց, որոնք կ’ուզեն Եհովային վերադառնալ։ Անառակ որդիին առակէն կրնանք կարգ մը կէտեր սորվիլ (կարդա՛ Ղուկաս 15։17-24)։ Յիսուս կը բացատրէ, թէ որդին ի վերջոյ ինչպէ՛ս ինքզինքին եկաւ եւ որոշեց տուն վերադառնալ։ Հայրը վազեց զինք դիմաւորելու եւ ջերմ փաթթուկ մը տուաւ, վստահեցնելով որ զինք կը սիրէ։ Որդիին խիղճը զինք անհանգիստ կ’ընէր, եւ ան կը զգար թէ արժանի չէ որդի կոչուելու։ Բայց հայրը կարեկցեցաւ իր որդիին, որ իր զգացումները արտայայտեց։ Ետքը հայրը գործնական քայլեր առաւ իր որդին վստահեցնելու, թէ ընդունուած է, ո՛չ թէ որպէս վարձկան, հապա որպէս սիրուած որդի։ Ան ի՞նչ ըրաւ։ Խնճոյք մը սարքեց եւ անոր շքեղ հագուստներ տուաւ։
9. Ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ունենանք, որպէսզի անգործունեայ եղողներուն օգնենք Եհովային վերադառնալու (տե՛ս « Ինչպէ՛ս օգնել անոնց, որոնք կ’ուզեն վերադառնալ» շրջանակը)։
9 Եհովան կը նմանի առակին մէջի հօր։ Ան անգործունեայ եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ իրեն վերադառնան։ Եհովան ընդօրինակելով, կրնանք անոնց օգնել վերադառնալու։ Ասիկա մեզմէ կը պահանջէ համբերութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց տալ։ Ինչո՞ւ յատկապէս այս յատկութիւնները պէտք է ցուցաբերենք, եւ ինչպէ՞ս։
10. Ինչո՞ւ պէտք է համբերող ըլլանք, որպէսզի անհատի մը օգնենք հոգեւորապէս բուժուելու։
10 Պէտք է համբերող ըլլանք, քանի որ ժամանակ կ’առնէ, որպէսզի անհատը հոգեւորապէս բուժուի։ Նախապէս անգործունեայ եղողներէն ոմանք կ’ըսեն, թէ ընդառաջեցին միայն երբ երէցներ եւ ուրիշներ իրենց կրկին անգամ այցելեցին։ Հարաւարեւելեան Ասիայէն Նենսի անունով քոյր մը կը գրէ. «Ժողովքին մէջ մտերիմ բարեկամուհի մը ինծի շա՜տ օգնեց։ Ան զիս սիրեց որպէս իր մեծ քոյրը։ Ինծի յիշեցուց այն լաւ ժամանակները, որ անցեալին միասնաբար անցուցինք։ Համբերութեամբ մտիկ կ’ընէր, երբ զգացումներս կ’արտայայտէի, եւ չէր վարաներ խրատ տալու։ Ան իսկական բարեկամուհի էր, պատրաստ՝ որեւէ ատեն օգնելու»։
11. Ինչո՞ւ կարեկցութեան պէտք ունինք, որպէսզի կարենանք վիրաւորուած զգացումները բուժել։
11 Կարեկցութիւնը կը նմանի զօրաւոր դեղի մը, որ կրնայ վիրաւորուած զգացումները բուժել։ Անգործունեայ անհատներէն ոմանք զիրենք նեղացուցած եղբօր կամ քրոջ հանդէպ տակաւին դառն զգացումներ ունին, հակառակ Յակ. 1։19)։ Մարիան, որ նախապէս անգործունեայ էր, կ’ըսէ. «Պէտք ունէի ականջի մը՝ որ զիս լսէր, ուսի մը՝ որուն վրայ լայի եւ օգնական ձեռքի մը՝ որ զիս առաջնորդէր»։
անոր որ տարիներ անցած են։ Այս զգացումները Եհովային վերադառնալու փափաքը խեղդած են։ Անոնք թերեւս կը խորհին, որ անարդարութեան զոհ գացած են։ Պէտք ունին մէկու մը, որ իրենց մտիկ պիտի ընէ եւ իրենց զգացումները պիտի հասկնայ (12. Օրինակով մը բացատրէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր սիրով անգործունեայ եղողները կը քաշէ դէպի իր ժողովուրդը։
12 Աստուածաշունչը Եհովայի սէրը իր ժողովուրդին հանդէպ կը նմանցնէ կապի, կամ պարանի։ Ի՞նչ առումով։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակը. երեւակայէ որ ալեկոծ ծովու մէջ կը խեղդուիս, եւ մէկը փրկարար բաճկոնակ մը կը նետէ քեզի։ Վստահաբար այդ օգնութիւնը պիտի արժեւորես, քանի որ ջուրի երեսը մնալու պայքարդ կրնայ դիւրացնել։ Սակայն փրկարար բաճկոնակը կրնայ բաւարար չըլլալ որ ողջ մնաս։ Ջուրը պաղ ըլլալով պիտի չկարենաս վերապրիլ, եթէ փրկանաւին չհասնիս։ Մէկու մը պէտք ունիս, որ պարան մը նետէ ու քեզ դէպի փրկանաւ քաշէ։ Եհովան մոլորած իսրայէլացիներուն մասին ըսաւ. «Զանոնք. . . սիրոյ կապերով քաշեցի» (Ով. 11։4, ԱԾ)։ Ան ներկայիս նոյնը կը զգայ անոնց նկատմամբ, որոնք իրեն ծառայելէ դադրած են եւ կ’ընկղմին իրենց խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն մէջ։ Ան կ’ուզէ որ գիտնան, թէ զիրենք կը սիրէ եւ կ’ուզէ զիրենք քաշել դէպի իրեն։ Եւ կրնայ քեզ գործածել անոնց հանդէպ իր սէրը արտայայտելու համար։
13. Պատմէ փորձառութիւն մը, որ ցոյց կու տայ եղբայրսիրութեան զօրութիւնը։
13 Կարեւոր է անգործունեայ անհատները
վստահեցնել, թէ Եհովան զիրենք կը սիրէ, եւ մենք ալ զիրենք կը սիրենք։ Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Փապլոն, աւելի քան 30 տարի անգործունեայ էր։ Ան կ’ըսէ. «Առաւօտ մը, մինչ տունէն դուրս կ’ելլէի, հանդիպեցայ ազնիւ տարեց քրոջ մը, որ անուշութեամբ հետս խօսեցաւ։ Պզտիկի մը պէս սկսայ լալ։ Անոր ըսի, թէ կը զգամ որ Եհովան զինք ղրկեց, որպէսզի հետս խօսի։ Այդ ատենն էր որ որոշեցի Եհովային վերադառնալ»։ՏԿԱՐՆԵՐՈՒՆ ՍԻՐԱԼԻՐՕՐԷՆ ԱՋԱԿՑԻԼ
14. Ղուկաս 15։4, 5–ի համաձայն, հովիւը ի՞նչ ըրաւ կորսուած ոչխարը գտնելէ ետք։
14 Անգործունեայ անհատները պէտք ունին, որ իրենց յարատեւ օգնենք։ Անառակ որդիին պէս, թերեւս անոնք զգացական սպիներ ունին։ Եւ Սատանայի աշխարհին մէջ ըլլալով, շատ հաւանաբար հոգեւորապէս տկար են։ Ուստի հարկ կայ որ անոնց օգնենք Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատքը զօրացնելու։ Կորսուած ոչխարին առակին մէջ, Յիսուս նկարագրեց թէ ինչպէ՛ս հովիւը ոչխարը իր ուսերուն վրայ դրաւ եւ զինք վերադարձուց հօտին։ Հովիւը արդէն շատ ջանք թափած էր կորսուած ոչխարը գտնելու համար։ Բայց ան գիտակցեցաւ որ ոչխարը ոյժ չունէր դէպի փարախ քալելու, ուստի զինք իր ուսերուն վրայ կրեց (կարդա՛ Ղուկաս 15։4, 5)։
15. Ինչպէ՞ս կրնանք աջակցիլ տկար եղողներուն, որոնք կ’ուզեն Եհովային վերադառնալ (տե՛ս « Անգին գործիք մը» շրջանակը)։
15 Թերեւս հարկ ըլլայ որ ժամանակ յատկացնենք եւ ջանք թափենք՝ կարգ մը անգործունեայ եղողներուն օգնելու, որ իրենց տկարութիւնները յաղթահարեն։ Եհովայի հոգիին, իր Խօսքին եւ կազմակերպութեան հայթայթած հրատարակութիւններուն միջոցաւ կրնանք անոնց օգնել, որ դարձեալ հոգեւորապէս զօրանան (Հռով. 15։1)։ Ինչպէ՞ս։ Փորձառու երէց մը կ’ըսէ. «Անգործունեայ եղողներէն շատեր, երբ որոշեն իրապէս Եհովային վերադառնալ, պէտք ունին որ իրենց հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարուի» *։ Ուստի, եթէ երէցները քեզմէ խնդրեն անգործունեայ եղողի մը հետ սերտել, այդ առանձնաշնորհումը ուրախութեամբ ընդունէ եթէ կրնաս։ Երէցը նաեւ կ’ըսէ. «Ուսումնասիրութիւն վարող հրատարակիչը պէտք է ըլլայ լաւ բարեկամ մը, մէկը՝ որուն անգործունեայ անհատը կրնայ իր սիրտը բանալ»։
ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԷՋ ՈՒ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ
16. Ինչպէ՞ս գիտենք որ հրեշտակները մեզի պիտի օգնեն։
16 Բազմաթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան, որ հրեշտակները մեզի հետ կ’աշխատին, որպէսզի գտնենք անգործունեայ եղողները, որոնք կը փափաքին Եհովային վերադառնալ (Յայտ. 14։6)։ Օրինակ, Էքուատորի մէջ Սիլվիոն ջերմեռանդ աղօթքով խնդրեց օգնութիւն, որպէսզի ժողովքին վերադառնայ։ Մինչ տակաւին կ’աղօթէր, տան զանգակը հնչեց։ Դուռին առջեւ երկու երէցներ կեցած էին։ Այդ այցելութեան ընթացքին, անոնք ուրախ էին որ սկսան իրեն պէտք եղած օգնութիւնը տալ։
17. Ի՞նչ վարձատրութիւն կը ստանանք, երբ հոգեւորապէս տկար եղողներուն կ’օգնենք։
17 Շատ պիտի ուրախանանք օգնելով հոգեւորապէս տկար եղողներուն, որ Եհովային վերադառնան։ Անգործունեայ եղողներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն դարձնող ռահվիրայ մը կ’ըսէ. «Երբեմն դժուար է, որ ուրախութեան արցունքներ չթափեմ։ Շա՜տ ուրախ եմ որ կրցած եմ Եհովային հետ աշխատիլ իր սիրելի ոչխարներէն մէկուն օգնելու, որ Սատանայի աշխարհէն ելլէ եւ ժողովքին վերադառնայ» (Գործք 20։35)։
18. Եթէ անգործունեայ ես, ի՞նչ բանէ կրնաս վստահ ըլլալ։
18 Եթէ Եհովայի ժողովուրդին հետ ընկերակցելէ դադրած ես, կրնաս վստահ ըլլալ որ ան տակաւին քեզ կը սիրէ։ Ան կ’ուզէ որ իրեն վերադառնաս։ Վերադառնալը քու կողմէդ ջանք կը պահանջէ։ Բայց Յիսուսի տուած առակին մէջի հօր նման, Եհովան կը սպասէ վերադառնալուդ եւ քեզ ուրախութեամբ պիտի ընդունի։
ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են
^ պարբ. 5 Եհովան կ’ուզէ որ իրեն վերադառնան անոնք, որոնք այլեւս ժողովքին չեն ընկերակցիր։ Շատ բան կրնանք ընել օգնելու անոնց, որոնք կ’ընդունին Եհովայի հրաւէրը. «Ինծի դարձէք»։ Յօդուածին մէջ պիտի քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ մէկը ընել։
^ պարբ. 7 Կարգ մը անուններ փոխուած են։
^ պարբ. 15 Անգործունեայ եղողներէն ոմանք կրնան օգտուիլ սերտելով «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքէն որոշ հատուածներ, իսկ ոմանց համար կրնայ օգտակար ըլլալ Եհովայի մօտեցիր գիրքէն (անգլերէն) կարգ մը գլուխներ նկատի առնելը։ Ժողովքի ծառայութեան յանձնախումբը կ’որոշէ, թէ ո՛ր հրատարակիչը այս ուսումնասիրութիւնը պիտի վարէ։
^ պարբ. 68 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երեք եղբայրներ կ’օգնեն եղբօր մը, որ կ’ուզէ վերադառնալ։ Այս մէկը կ’ընեն՝ իրեն հետ կապի մէջ ըլլալով, զինք վստահեցնելով որ սիրուած է եւ հասկացողութեամբ իրեն մտիկ ընելով։