Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսկական ուրախութիւն տուող սէրը ո՞ր մէկն է

Իսկական ուրախութիւն տուող սէրը ո՞ր մէկն է

«Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (ՍԱՂ. 144։15

ԵՐԳԵՐ. 75, 73

1. Մեր ապրած ժամանակը ինչո՞ւ յատուկ է։

ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ պատմութեան մէջ որեւէ ատենէ աւելի յատուկ ժամանակի մը մէջ կ’ապրինք։ Եհովան կը հաւաքէ «մեծ բազմութիւն մը. . . բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն», ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը մարգարէացած էր։ Անոնք աւելի քան ութ միլիոն ուրախ անհատներէ կազմուած «մեծ ազգ» մըն են, որ «իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր» (Յայտ. 7։9, 15. Եսա. 60։22)։ Բնաւ չէ պատահած որ այսքան շատ մարդիկ սիրեն Աստուած եւ մարդ արարածը։

2. Ո՞ր տեսակի սէր կը տեսնենք Աստուծմէ հեռացած մարդոց մէջ (տե՛ս բացման նկարը)։

2 Բայց Սուրբ Գիրքը նաեւ մարգարէացաւ որ մեր օրերուն, Աստուծմէ հեռացած մարդիկը պիտի ունենային տարբեր տեսակի սէր, որ անձնասիրութեամբ յատկանշուած է։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Վերջին օրերը. . . մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր. . . աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» (Բ. Տիմ. 3։1-4)։ Այս տեսակի սէրը հակառակ է Աստուծոյ հանդէպ սիրոյն։ Ինքնասէր նպատակակէտերու հետամուտ ըլլալը չի բերեր այն ուրախութիւնը, որ մարդիկ կ’ակնկալեն։ Ընդհակառակը, ատիկա անձնասէր աշխարհ մը կը ստեղծէ եւ կեանքը աւելի դժուար կը դարձնէ։

3. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք եւ ինչո՞ւ։

3 Պօղոս գիտէր թէ անձնասիրութիւնը պիտի տարածուէր եւ վտանգաւոր դառնար քրիստոնեաներուն համար։ Ասոր համար, անոնց ըսաւ որ ‘մէկդի կենան’ այն անհատներէն, որոնց սէրը սխալ ուղղուած է (Բ. Տիմ. 3։5)։ Բայց քանի որ չենք կրնար բոլորովին հեռու մնալ այսպիսի անձերէ, ի՞նչ կրնանք ընել որ մենք մեզ պաշտպանենք մեր շուրջը եղող մարդոց կեցուածքներէն եւ ջանանք ուրախացնել Եհովան, որ սիրոյ Աստուածն է։ Տեսնենք թէ ի՛նչ տարբերութիւն կայ աստուածային սիրոյն եւ Բ. Տիմոթէոս 3։2-4–ին մէջ նկարագրուած սիրոյն միջեւ։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ, որ մենք մեզ քննենք եւ տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ունենալ այն սէրը, որ իրապէս ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կը բերէ մեզի։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՍԷ՞Ր, ԹԷ ՈՉ ԱՆՁՆԱՍԷՐ

4. Ինչո՞ւ սխալ չէ որ որոշ չափով սիրենք մեր անձը։

4 Պօղոս գրեց. «Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր»։ Մեր անձը սիրելը սխա՞լ է։ Ո՛չ. բնական է եւ նոյնիսկ կարեւո՛ր է որ մեր անձը սիրենք։ Եհովան այսպէս ծրագրած է մեզ։ Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մար. 12։31)։ Եթէ մենք մեզ չենք սիրեր, չենք կրնար մեր ընկերը սիրել։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա» (Եփ. 5։28, 29)։ Ուրեմն պէտք է որ որոշ չափով սիրենք մեր անձը։

5. Ինչպէ՞ս կը նկարագրես այն անհատները, որոնք չափէ դուրս կը սիրեն իրենց անձը։

5 Բ. Տիմոթէոս 3։2–ին մէջ նշուած այն սէրը, որ մէկը իր անձին հանդէպ կ’ունենայ, վերը նշուած բնական սէրը չէ։ Ատիկա մեր անձին հանդէպ չափազանց սէր է։ Անոնք որոնք չափէ դուրս կը սիրեն իրենց անձը, պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կու տան իրենց անձին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։3)։ Անոնց միակ հետաքրքրութիւնը իրենց անձն է. ուրիշը շատ կարեւորութիւն չունի։ Երբ հարց մը ծագի, ուրիշը յանցաւոր կը հանեն, փոխանակ իրենց սխալը ընդունելու։ Աստուածաշունչի մեկնութիւն մը կ’ըսէ, որ այսպիսի անհատ մը կը նմանի «ոզնիին, որ ինքզինք կլոր գնդակի կը վերածէ, իր փափուկ մորթով ինքզինք տաքցնելով, բայց իր փուշերը ուրիշներուն ցուցնելով»։ Այսպիսի մարդիկ իսկական ուրախութիւն չունին։

6. Ի՞նչ լաւ արդիւնքներ կը քաղենք երբ Աստուած կը սիրենք։

6 Կարգ մը Աստուածաշունչի ուսումնականներ կ’ըսեն, թէ Պօղոս նախ անձնասիրութիւնը նշեց, քանի որ իր գրած յաջորդ յատկութիւնները ատոր արդիւնքն են։ Անդին, այն սէրը որ Աստուած կ’ուզէ որ ունենանք, լաւ յատկութիւններ մէջտեղ կը բերէ։ Ատիկա կապ ունի հետեւեալ յատկութիւններուն հետ. խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է» (Սաղ. 144։15)։ Եհովան ուրախ Աստուած է եւ իր ժողովուրդն ալ ուրախ է։ Ասկէ զատ, Եհովային ծառաները ուրախ են, քանի որ կը սիրեն ուրիշին տալ, մինչդեռ անձնասէրները միայն առնելու կը նային (Գործք 20։35

Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի անձնասէր չդառնանք (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Ո՞ր հարցումները մեզի պիտի օգնեն, որ քննենք թէ որքա՛ն կը սիրենք Աստուած։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ մեր անձին հանդէպ մեր սէրը երթալէն աւելի զօրաւոր կ’ըլլայ քան՝ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը։ Այս իմաստուն խրատը նկատի առ. «Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։3, 4)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Այս խրատը կը գործադրե՞մ կեանքիս մէջ։ Անկեղծօրէն կը ջանա՞մ Աստուծոյ կամքը կատարել։ Առիթներ կ’օգտագործե՞մ որ ուրիշներուն օգնեմ թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ դաշտի ծառայութեան մէջ’։ Միշտ դիւրին չէ մեր ժամանակէն եւ կորովէն տալ ուրիշներուն։ Ատեններ թերեւս պէտք ըլլայ, որ շատ ջանք թափենք եւ զոհողութիւններ ընենք։ Բայց չկայ բան մը որ մեզ աւելի կ’ուրախացնէ քան՝ գիտնալը որ տիեզերքի Գերիշխանը մեզի կը հաճի։

8. Կարգ մը քրիստոնեաներ ի՞նչ ըրած են, քանի որ կը սիրեն Աստուած։

8 Կարգ մը քրիստոնեաներ վազ անցած են այնպիսի գործերէ, որոնք կրնային շատ հարստացնել զիրենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուած կը սիրեն եւ կ’ուզեն լիովին ծառայել իրեն։ Էրիքա անունով քոյր մը Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի եւ բժշկուհի է։ Բայց փոխանակ կեդրոնանալու իր գործին մէջ լաւ դիրքի մը հասնելու վրայ, ան կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ։ Ան իր ամուսինին հետ ծառայած է շատ մը երկիրներու մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Մեր կեանքը շատ ճոխացած է այն փորձառութիւններով, որ ունեցած ենք օտար լեզու գործածող դաշտի մը մէջ ծառայելով, ինչպէս նաեւ մեր շահած բարեկամներով։ Տակաւին բժշկուհի եմ, բայց ժամանակիս եւ կորովիս մեծամասնութիւնը կը տրամադրեմ մարդիկը հոգեւո՛րապէս բուժելու եւ ժողովքին պէտքերուն հոգ տանելու, եւ ասիկա իսկական ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կու տայ ինծի»։

ԳԱՆՁԵՐ ԵՐԿՆՔԻ՞ ՄԷՋ, ԹԷ ՈՉ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

9. Դրամ սիրողը ինչո՞ւ ուրախ չ’ըլլար։

9 Պօղոս գրեց որ մարդիկ «արծաթասէր» պիտի ըլլային։ Քանի մը տարի առաջ, Իրլանտայի մէջ ռահվիրայ մը Աստուծոյ մասին խօսեցաւ մարդու մը։ Մարդը իր դրամապանակէն դրամ հանեց ու հպարտութեամբ ըսաւ. «Ասիկա է իմ աստուածս»։ Շատեր նոյն կեցուածքը ունին, հակառակ որ չեն խոստովանիր։ Անոնք կը սիրեն դրամը եւ ինչ որ դրամը կը գնէ։ Բայց Սուրբ Գիրքը կը զգուշացնէ. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն» (Ժող. 5։10)։ Այսպիսի մարդիկ միշտ կ’ուզեն աւելի դրամ ունենալ, եւ դրամին ետեւէն վազելով կ’անցընեն իրենց կեանքը։ Ասիկա իրենց «շատ ցաւեր» կը բերէ (Ա. Տիմ. 6։9, 10

10. Սուրբ Գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ հարստութեան եւ աղքատութեան մասին։

10 Անշուշտ, բոլորս դրամին պէտք ունինք։ Ատիկա որոշ չափով պաշտպանութիւն կու տայ (Ժող. 7։12)։ Բայց անձ մը իրապէս կրնա՞յ ուրախ ըլլալ, եթէ միայն իր գլխաւոր պէտքերը կրնայ ապահովել։ Ա՛նկասկած (կարդա՛ Ժողովող 5։12)։ Յակէեան Ագուր գրեց. «Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ»։ Դիւրին է գիտնալ թէ ինչո՛ւ չուզեց շատ աղքատ ըլլալ։ Ան պատճառը տալով բացատրեց, որ չէր ուզեր գողնալու փորձութեան առջեւ ըլլալ, քանի որ գողութիւնը անարգանք կը բերէ Աստուծոյ։ Բայց ինչո՞ւ աղօթեց որ հարուստ չըլլայ։ Ան գրեց. «Որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ ու ‘Տէրը ո՞վ է’, ըսեմ» (Առ. 30։8, 9)։ Հաւանաբար գիտես մարդիկ, որոնք իրենց հարստութեան կը վստահին փոխանակ Աստուծոյ վստահելու։

11. Յիսուս ի՞նչ խրատ տուաւ դրամի մասին։

11 Դրամ սիրողները չեն կրնար Աստուած հաճեցնել։ Յիսուս ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Ան նաեւ ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան» (Մատ. 6։19, 20, 24

12. Պարզ կեանքը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ Աստուծոյ ծառայելու. օրինակ մը տուր։

12 Շատեր տեսած են որ պարզ կեանք մը ապրելով ոչ միայն աւելի ուրախ կ’ըլլան, հապա նաեւ աւելի ժամանակ կ’ունենան որ Եհովային ծառայեն։ Ճէք, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի, իր մեծ տունը եւ գործը ծախեց, որպէսզի կարենայ իր կնոջ հետ ռահվիրայութիւն ընել։ Ան կը բացատրէ. «Մեզի համար դժուար էր մեր գեղեցիկ տունէն ու կալուածէն վազ անցնիլը։ Բայց տարիներ շարունակ, յուսախաբ կը վերադառնայի տուն, գործի խնդիրներուն պատճառով։ Մինչ այդ, կինս՝ որ կանոնաւոր ռահվիրայ էր, միշտ շատ ուրախ կ’ըլլար։ Ան կ’ըսէր. ‘Ամէնէն աղուոր գործատէրը ունիմ’։ Հիմա որ ես ալ ռահվիրայութիւն կ’ընեմ, երկուքս կ’աշխատինք նոյն Անձին քով՝ Եհովային»։

Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի արծաթասէր չդառնանք (տե՛ս պարբերութիւն 13)

13. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ ի՛նչ աչքով կը նայինք դրամին։

13 Որպէսզի գիտնանք թէ ի՛նչ աչքով կը նայինք դրամին, կրնանք անկեղծօրէն նկատի առնել, թէ ի՛նչ կը պատասխանենք այս հարցումներուն. ‘Ապրելակերպս կը ցուցնէ՞ թէ կը հաւատամ ինչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ դրամին մասին։ Ինծի համար ամէնէն կարեւոր բանը դրամ շահի՞լն է։ Նիւթական բաներու աւելի՞ արժէք կու տամ քան՝ Եհովային եւ մարդոց հետ ունեցած փոխյարաբերութեանս։ Իրապէս համոզուա՞ծ եմ որ Եհովան պիտի հոգայ պէտքերս’։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան բնա՛ւ յուսախաբ պիտի չընէ իրեն ապաւինողները (Մատ. 6։33

ԵՀՈՎԱ՞Ն ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ, ԹԷ ՈՉ ՀԱՃՈՅՔՆԵՐԸ

14. Ինչպէ՞ս պէտք է նայինք հաճոյքներուն։

14 Ինչպէս մարգարէացուած էր, այսօր բազմաթիւ մարդիկ «հեշտասէր» են։ Ճիշդ ինչպէս որ սխալ չէ հաւասարակշռուած կերպով նայիլը մեր անձին եւ դրամին, նմանապէս սխալ չէ հաւասարակշռուած կերպով հաճոյքները վայելելը։ Եհովան չ’ուզեր որ հաճոյքներէն ամբողջովին հեռու մնանք եւ մեր անձը զրկենք։ Սուրբ Գիրքը հաւատարիմ անհատները կը քաջալերէ, ըսելով. «Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛» (Ժող. 9։7

15. Ի՞նչ կը նշանակէ «հեշտասէր» ըլլալ։

15 Բ. Տիմոթէոս 3։4–ը կը խօսի հաճոյքները այնքա՛ն սիրելու մասին, որ Աստուծոյ հանդէպ սէր չի մնար։ Նկատէ թէ համարը կ’ըսէ որ մարդիկ պիտի ըլլային «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր», բայց ասիկա ըսել չէ որ անոնք որոշ չափով սէր պիտի ունենային Աստուծոյ հանդէպ։ Ուսումնական մը գրեց թէ այս համարը «չի նշանակեր որ անոնք նաեւ որոշ չափով կը սիրեն Աստուած։ Ատիկա կը նշանակէ որ անոնք բնա՛ւ չեն սիրեր Աստուած»։ Ասիկա շատ լուրջ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք չափէ դուրս կը սիրեն հաճոյքները։ «Հեշտասէր» բառը կը նկարագրէ անոնք, որոնք ‘այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած կ’ըլլան’ (Ղուկ. 8։14

16, 17. Յիսուս ի՞նչ աչքով կը նայէր հաճոյքներուն։

16 Յիսուս հաւասարակշռուած կերպով կը նայէր հաճոյքներուն։ Ան թէ՛ «հարսանիք»ի գնաց եւ թէ «կոչունք»ի (Յովհ. 2։1-10. Ղուկ. 5։29)։ Հարսանիքին, ան հրաշքով մը ջուրը գինիի վերածեց, քանի որ գինիէն կտրուեցան։ Իսկ ուրիշ առիթով մը, երբ մարդիկ զինք քննադատեցին որ կ’ուտէ ու կը խմէ, Յիսուս շատ յստակ դարձուց, որ անոնք հաւասարակշռուած կերպով չէին նայեր հարցին (Ղուկ. 7։33-36

17 Բայց հաճոյքը ամէնէն կարեւոր բանը չէր Յիսուսին համար։ Ան Եհովան առաջին տեղը դրաւ եւ իր ամէն կարելին ըրաւ որ ուրիշներուն օգնէ։ Ան յօժար էր ցաւալի կերպով մեռնելու ցիցին վրայ, որպէսզի մարդկութիւնը փրկէր։ Իրեն հետեւիլ ուզողներուն ըսաւ. «Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։11, 12

Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի հեշտասէր չդառնանք (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18. Ո՞ր հարցումները մեզի պիտի օգնեն որ քննենք թէ որքա՛ն կը սիրենք հաճոյքները։

18 Ինչպէ՞ս կրնանք քննել թէ որքա՛ն կը սիրենք հաճոյքները։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Ինծի համար, ժամանցը աւելի՞ կարեւոր է քան՝ ժողովները եւ դաշտի ծառայութիւնը։ Պատրա՞ստ եմ կարգ մը հաճոյքներ զոհելու, որպէսզի կարենամ Աստուծոյ ծառայել։ Երբ ժամանց կը զատեմ, նկատի կ’առնե՞մ որ Եհովան ի՛նչ աչքով պիտի նայի ընտրութիւններուս’։ Եթէ իրապէս կը սիրենք Աստուած, ոչ միայն չենք ըներ այն բաները որ գիտենք թէ իրեն հաճելի չեն, հապա նաեւ՝ այն բաները որ կը կարծենք թէ իրեն հաճելի չեն (կարդա՛ Մատթէոս 22։37, 38

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՈՒՐԱԽ ԸԼԼԱԼ

19. Ո՞վ բնա՛ւ չի կրնար իրապէս ուրախ ըլլալ։

19 Սատանային աշխարհը շուրջ 6000 տարի չարչարած է մարդ արարածը։ Հիմա՝ այս վերջին օրերուն մէջ, աշխարհը լեցուն է մարդոցմով, որոնք կեդրոնացած են իրենց անձին, դրամին եւ հաճոյքներուն վրայ։ Անոնց խելքը–միտքը առնելու վրայ է, եւ ամէնէն կարեւոր բանը՝ իրենց ցանկութիւններն են։ Բայց այսպիսի մարդիկ չեն կրնար իրապէս ուրախ ըլլալ։ Անդին, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է» (Սաղ. 146։5

20. Աստուծոյ հանդէպ սէրդ ինչպէ՞ս ուրախութիւն տուած է քեզի։

20 Եհովայի ծառաները իսկապէս զինք կը սիրեն, եւ ամէն տարի շատեր կը սկսին զինք ճանչնալ ու սիրել։ Ասիկա կը փաստէ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ եւ մօտ ատենէն աներեւակայելի օրհնութիւններ պիտի բերէ երկրին վրայ։ Իսկապէս ուրախ կ’ըլլանք երբ Աստուծոյ կամքը կը կատարենք, գիտնալով որ զինք կ’ուրախացնենք։ Անոնք որոնք Եհովան կը սիրեն, յաւիտեան ուրախ պիտի ըլլան։ Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք, որ անձնասիրութենէն յառաջ եկած կարգ մը յատկութիւնները ի՛նչ են։ Ետքը, պիտի տեսնենք որ ատոնք ինչպէ՛ս Աստուծոյ ծառաներուն ունեցած լաւ յատկութիւններուն հակառակն են։