Բանի մը առիթ մի՛ տար որ քեզ մրցանակէն զրկէ
«Ո՛չ մէկը ձեզ թող զրկէ ձեր մրցանակէն» (ԿՈՂ. 2։18, ԱԾ)։
1, 2. ա) Աստուծոյ ծառաները ո՞ր մրցանակին կը սպասեն։ բ) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ մեր աչքը մրցանակին վրայ պահենք (տե՛ս բացման նկարը)։
ՕԾԵԱԼ քրիստոնեաները երկինքին մէջ ապրելու արժէքաւոր յոյսը ունին։ Պօղոս առաքեալ այս յոյսը կոչեց՝ «Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակը» (Փլպ. 3։14)։ Անոնք երկինքին մէջ Յիսուսին հետ պիտի իշխեն եւ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնեն (Յայտ. 20։6)։ Ասիկա ի՜նչ հիանալի յոյս մըն է։ Ուրիշ ոչխարներուն յոյսը տարբեր է։ Անոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունին եւ այս յոյսով շատ ուրախ են (Բ. Պետ. 3։13)։
2 Պօղոս կ’ուզէր օծեալ քրիստոնեաներուն օգնել, որ հաւատարիմ մնան եւ մրցանակը շահին։ Անոնց ըսաւ. «Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք» (Կող. 3։2)։ Անոնք պէտք էր երկնքին մէջ ապրելու իրենց արժէքաւոր յոյսին վրայ կեդրոնանային (Կող. 1։4, 5)։ Եհովայի տալիք օրհնութիւններուն վրայ մտածելը կ’օգնէ իր բոլոր ծառաներուն, որ իրենց աչքը մրցանակին վրայ պահեն, չնայած թէ երկնային կամ երկրային յոյսը ունին (Ա. Կոր. 9։24)։
3. Պօղոս քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ զգուշացուց։
Կող. 2։16-18)։ Նաեւ խօսեցաւ վտանգներու մասին, որոնք մինչեւ այսօր կան եւ կրնան մեզ զրկել մրցանակէն։ Օրինակ, ան բացատրեց թէ ինչպէ՛ս կրնանք անբարոյ ցանկութիւններուն դէմ դնել, եղբայրներուն հետ մեր ունեցած խնդիրները լուծել եւ ընտանեկան դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ Այս խրատները շատ արժէքաւոր են։ Ուրեմն նկատի առնենք կողոսացիներուն ուղղուած նամակին մէջի կարգ մը սիրալիր զգուշացումները։
3 Պօղոս նաեւ քրիստոնեաները զգուշացուց այն վտանգներէն, որոնց պատճառով կրնային զրկուիլ մրցանակէն։ Օրինակ, կողոսացիներուն գրեց այն սուտ քրիստոնեաներուն մասին, որոնք կը փորձէին Աստուած հաճեցնել՝ հետեւելով Մովսիսական օրէնքին, փոխանակ հաւատալու Քրիստոսին (ՍՊԱՆՆԵՑԷՔ ԱՆԲԱՐՈՅ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
4. Անբարոյ ցանկութիւնները ինչո՞ւ կրնան մեզ զրկել մրցանակէն։
4 Երբ Պօղոս եղբայրներուն յիշեցուց իրենց հոյակապ յոյսին մասին, աւելցուց. «Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը» (Կող. 3։5)։ Անբարոյ ցանկութիւնները կրնան շատ զօրաւոր ըլլալ եւ մեզ զրկել հոգեւոր գանձերէ։ Եղբայր մը, որ անբարոյութիւն գործեց եւ ետքը ժողովքին վերադարձաւ, ըսաւ. «Այնքան զօրաւոր ոյժ մը զիս կը քաշէր, որ երբ խելքս գլուխս եկաւ՝ ըլլալիքը եղած էր արդէն»։
5. Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ պաշտպանել վտանգաւոր պարագաներէ։
5 Պէտք է շատ ուշադիր ըլլանք, երբ գտնուինք պարագայի մը մէջ, որ կրնայ պատճառ դառնալ որ Եհովային բարոյական չափանիշներուն չհնազանդինք։ Օրինակ՝ իմաստութիւն է որ այն զոյգերը որ սկսած են մօտէն ճանչնալ իրար, սկիզբէն սահմաններ դնեն որոշ բաներու մէջ, ինչպէս՝ համբուրել, դպչիլ կամ երկուքը առանձին մնալ (Առ. 22։3)։ Ուրիշ բարոյապէս վտանգաւոր պարագաներ ալ կրնան պատահիլ, ինչպէս՝ երբ անհատ մը գործով ճամբորդէ կամ երբ հակառակ սեռի պատկանող անձի մը հետ կ’աշխատի (Առ. 2։10-12, 16)։ Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ ըլլաս, դիմացինին ըսէ թէ դուն Եհովայի վկայ ես, պատշաճ կերպով վարուէ եւ յիշէ թէ հակառակ սեռի պատկանող անձի մը անտեղի մտերմութիւն ցուցնելը կրնայ շատ գէշ արդիւնքներ ունենալ։ Շատ աւելի վտանգի մէջ կ’ըլլանք, երբ ընկճուած կամ միայնակ կը զգանք։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, թերեւս պէտք զգանք որ մէկը մեզ զգացնէ թէ արժէքաւոր ենք։ Թերեւս նոյնիսկ այնքան յուսահատ զգանք, որ եթէ մէկը մեզի հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցնէ՝ ընդունինք, չնայած թէ ով է։ Եթէ ասիկա պատահի քեզի, Եհովայէն եւ եղբայրներէն–քոյրերէն օգնութիւն խնդրէ, որպէսզի չընես բան մը որ քեզ կը զրկէ մրցանակէն (կարդա՛ Սաղմոս 34։18. Առակաց 13։20)։
6. Ի՞նչ պէտք է յիշենք երբ ժամանց կ’ընտրենք։
6 Որպէսզի կարենանք սպաննել անբարոյ ցանկութիւնները, պէտք է անբարոյ ժամանցէն հեռու մնանք։ Մեր օրերուն, ժամանցին մեծ մասը մեզի կը յիշեցնէ Սոդոմի ու Գոմորի վիճակները (Յդ. 7)։ Անոնք որոնք ժամանցի նիւթեր կ’արտադրեն, անբարոյութիւնը այնպէս մը կը ներկայացնեն, որ կարծես թէ բնական եւ անվնաս է։ Ասոր համար, միշտ պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Չենք կրնար աշխարհին հրամցուցած որեւէ ժամանց առանց մտածելու ընդունիլ։ Պէտք է զատենք այն ժամանցները, որոնք մեզ պիտի չզրկեն մրցանակը շահելէն (Առ. 4։23)։
«ՁԵՐ ՎՐԱՅ ՀԱԳԷՔ» ՍԷՐԸ ԵՒ ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆԸ
7. Ի՞նչ խնդիրներ կրնան ծագիլ ժողովքին մէջ։
7 Բոլորս ուրախ ենք որ քրիստոնէական ժողովքին մաս կը կազմենք։ Մենք Աստուծոյ Խօսքը կը սերտենք ժողովներուն եւ սիրալիր կերպով հոգ կը տանինք իրարու։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ մեր աչքը կեդրոնացած պահենք մրցանակին վրայ։ Բայց ատեններ անհասկացողութիւններ կը պատահին ժողովքին անդամներուն միջեւ, ինչ որ խնդիրներ կը պատճառէ։ Եթէ այսպիսի խնդիրներ չլուծենք, շատ դիւրութեամբ կրնանք դժգոհիլ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։8, 9)։
8, 9. ա) Ո՞ր յատկութիւնները մեզի պիտի օգնեն որ մրցանակը շահինք։ բ) Ի՞նչը մեզի կ’օգնէ որ խաղաղութիւնը պահենք, եթէ եղբայրներէն մէկը մեզ նեղացնէ։
8 Պէտք չէ առիթ տանք որ դժգոհութիւնը մեզ զրկէ մրցանակէն։ Պօղոս բացատրեց թէ քրիստոնեաները ի՛նչ պէտք է ընեն. «Իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար։ Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք։ Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կող. 3։12-14, ՆԹ)։
9 Սէրն ու քաղցրութիւնը մեզի կ’օգնեն որ իրարու ներենք։ Օրինակ, եթէ վիրաւորուած կը զգանք մէկու մը ըսածէն կամ ըրածէն, կրնանք մտքերնիս բերել այն պարագաները, ուր մենք ազնիւ կերպով չվարուեցանք ուրիշներուն հետ, բայց մեզի ներեցին։ Որքա՜ն կը գնահատենք անոնց սէրն ու քաղցրութիւնը (կարդա՛ Ժողովող 7։21, 22)։ Մանաւանդ երախտապարտ ենք որ Քրիստոս քաղցրօրէն կը միացնէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծառաները (Կող. 3։15)։ Բոլորս նոյն Աստուածը կը սիրենք, նոյն պատգամը կը քարոզենք եւ շատ մը համանման խնդիրներ ունինք։ Եթէ քաղցր, սիրալիր եւ ներող ըլլանք, ժողովքը աւելի միացած պիտի ըլլայ, իսկ մենք պիտի կարենանք մեր աչքը կեդրոնացած պահել մրցանակին վրայ։
10, 11. ա) Նախանձը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի նախանձը մեզ չզրկէ մրցանակէն։
10 Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ նախանձը կրնայ մեզ զրկել մրցանակէն։ Օրինակ, Կայէն նախանձեցաւ իր եղբօր՝ Աբէլին, եւ զինք մեռցուց։ Կորխ, Դաթան եւ Աբիրոն նախանձեցան Մովսէսին եւ իրեն դէմ ըմբոստացան։ Սաւուղ թագաւոր նախանձեցաւ Դաւիթին եւ փորձեց զինք մեռցնել։ Ինչ որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ շատ ճիշդ է. «Ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները» (Յակ. 3։16)։
11 Եթէ ջանք թափենք որ իսկապէս սիրալիր եւ քաղցր ըլլանք, դիւրին–դիւրին պիտի չնախանձինք։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր» (Ա. Կոր. 13։4)։ Որպէսզի նախանձը արմատ չկապէ մեր սրտին մէջ, պէտք է Եհովային աչքով նայինք հարցերուն։ Պէտք է եղբայրները եւ քոյրերը սեպենք նոյն մարմինին անդամները, որ է ժողովքը։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ վարուինք այս համարին ըսածին պէս. «Եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ» (Ա. Կոր. 12։16-18, 26)։ Այսպիսով, երբ ուրիշներ օրհնութիւններ ստանան, անոնց հետ պիտի ուրախանանք, փոխանակ նախանձելու։ Նկատի առ Սաւուղ թագաւորին տղան՝ Յովնաթանը։ Ան չնախանձեցաւ երբ իր տեղը Դաւիթ ընտրուեցաւ թագաւոր ըլլալու։ Ան նոյնիսկ քաջալերեց Դաւիթը (Ա. Թագ. 23։16-18)։ Կրնա՞նք Յովնաթանին պէս քաղցր եւ սիրալիր ըլլալ։
ԸՆՏԱՆԵՕՔ ՇԱՀԵՑԷՔ ՄՐՑԱՆԱԿԸ
12. Սուրբ Գիրքին ո՞ր խրատը կ’օգնէ որ ընտանեօք շահինք մրցանակը։
12 Երբ ընտանիքին անդամները գործադրեն Սուրբ Գիրքին սկզբունքները, ընտանիքը կրնայ խաղաղ եւ ուրախ ըլլալ ու մրցանակը շահիլ։ Պօղոս հետեւեալ խրատը տուաւ ընտանիքներուն. «Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։ Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։ Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։ Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին» (Կող. 3։18-21)։ Կը տեսնե՞ս թէ այս խրատը ինչպէ՛ս կրնայ ընտանիքիդ օգնել։
13. Քոյր մը ինչպէ՞ս կրնայ իր ամուսինին օգնել որ ճշմարտութեան գայ։
13 Թերեւս քոյր մըն ես եւ ամուսինդ Եհովան չի պաշտեր։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ կը զգաս որ քեզի հետ լաւ չի վարուիր։ Վիճակդ աւելի լաւ կ’ըլլա՞յ եթէ իրեն հետ վիճաբանիս։ Նոյնիսկ եթէ ուզածդ ընել տաս իրեն, վարքդ պիտի օգնէ՞ որ ան ճշմարտութեան գայ։ Հաւանաբար ո՛չ։ Բայց եթէ զինք յարգես որպէս տան գլուխը, պիտի կարենաս ընտանիքիդ Ա. Պետրոս 3։1, 2)։
օգնել որ խաղաղ ըլլայ, եւ փառք պիտի բերես Եհովային։ Թերեւս նոյնիսկ ամուսինդ ճշմարտութեան գայ լաւ վարքիդ պատճառով, եւ այսպիսով կրնաք երկուքդ շահիլ մրցանակը (կարդա՛14. Ամուսին մը ի՞նչ կրնայ ընել, եթէ Եհովան չպաշտող իր կինը զինք չի յարգեր։
14 Թերեւս եղբայր մըն ես եւ կինդ Եհովան չի պաշտեր։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կը զգաս որ քեզ չի յարգեր։ Ան քեզ աւելի պիտի յարգէ՞, եթէ իր վրայ պոռաս, որպէսզի ցուցնես թէ տան գլուխը դո՛ւն ես։ Անշուշտ ո՛չ։ Աստուած քեզմէ կ’ակնկալէ, որ Յիսուսին նմանելով սիրալիր ամուսին մը ըլլաս (Եփ. 5։23)։ Յիսուս, որ ժողովքին գլուխն է, միշտ սիրալիր ու համբերող է (Ղուկ. 9։46-48)։ Եթէ Յիսուսին նմանիս, թերեւս կինդ ժամանակի ընթացքին ճշմարտութեան գայ։
15. Քրիստոնեայ ամուսինը իր կնոջ ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ զինք կը սիրէ։
15 Եհովան ամուսիններուն կ’ըսէ. «Սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց» (Կող. 3։19)։ Սիրալիր ամուսին մը իր կինը կը պատուէ՝ անոր կարծիքը առնելով եւ գիտցնելով որ անոր ըսածներուն արժէք կու տայ (Ա. Պետ. 3։7)։ Թէեւ միշտ չէ որ կրնայ անոր ուզածը ընել, բայց եթէ անոր մտիկ ընէ, թերեւս աւելի լաւ որոշումներ առնէ (Առ. 15։22)։ Սիրալիր ամուսին մը իր կնոջմէն չի պահանջեր որ զինք յարգէ, հապա կը փորձէ շահի՛լ անոր յարգանքը։ Եթէ ամուսինը կը սիրէ իր կինը եւ զաւակները, աւելի հաւանականութիւն կայ որ իր ընտանիքը ուրախութեամբ Եհովային ծառայէ եւ կեանքի մրցանակը շահի։
Ո՛Վ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ, ԲԱՆԻ ՄԸ ԱՌԻԹ ՄԻ՛ ՏԱՔ ՈՐ ՁԵԶ ՄՐՑԱՆԱԿԷՆ ԶՐԿԷ
16, 17. Եթէ պատանի ես, ի՞նչ պէտք է ընես որպէսզի չափէ դուրս չնեղանաս ծնողքէդ։
16 Թերեւս պատանի մըն ես եւ կը զգաս որ ծնողքդ քեզ չի հասկնար եւ հետդ խիստ կը վարուի։ Կրնայ ըլլալ որ այնքան նեղանաս, որ սկսիս կասկածիլ թէ Եհովային ծառայելը լաւագոյն ապրելակերպն է։ Բայց եթէ Եհովան ձգես, շատ չանցած պիտի անդրադառնաս որ ո՛չ մէկը քեզ կը սիրէ աստուածավախ ծնողքիդ եւ ժողովքիդ չափ։
17 Ասոր մասին մտածէ. եթէ ծնողքդ բնա՛ւ խրատ չտային քեզի, պիտի չկասկածէի՞ր որ իրապէս քեզմով հետաքրքրուած են (Եբ. 12։8)։ Բայց թերեւս կը նեղանաս անոնց կրթելու կերպէն։ Ասոր վրայ մի՛ կեդրոնանար, հապա փորձէ հասկնալ թէ անոնք ինչո՛ւ այդպէս կը վարուին։ Հանդարտ մնա՛ եւ չափէ դուրս մի՛ հակազդեր։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է» (Առ. 17։27)։ Նպատակակէտ դիր որ ըլլաս հասուն անձ մը, որ հանդարտութեամբ կ’ընդունի խրատը, ատկէ կը սորվի եւ շատ կարեւորութիւն չի տար դիմացինին խօսած կերպին (Առ. 1։8)։ Բնաւ մի՛ մոռնար որ օրհնութիւն մըն է Եհովան սիրող ծնողք մը ունենալը։ Անոնք կ’ուզեն քեզի օգնել որ յաւիտեան ապրիս։
18. Ինչո՞ւ վճռած ես որ աչքդ մրցանակին վրայ պահես։
18 Ամէն մէկս կրնայ յոյսով սպասել իր առջեւ եղած հոյակապ մրցանակին, ըլլա՛յ երկինքին մէջ անմահութիւն կամ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք։ Մեր յոյսը իրական է, քանի որ մեր Ստեղծիչը զայն խոստացած է, որ կ’ըսէ. «Երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Եսա. 11։9)։ Այն ատեն, երկրի վրայ բոլոր եղողները Աստուծմէ գիտութիւն պիտի առնեն։ Ասիկա անկասկած մրցանակ մըն է, որ կ’արժէ իրեն համար ջանք թափել։ Ուրեմն միշտ յիշէ թէ Եհովան ի՛նչ խոստացած է քեզի, եւ բնաւ բանի մը առիթ մի՛ տար որ քեզ մրցանակէն զրկէ։