Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային քով կ’ապաստանի՞ս

Եհովային քով կ’ապաստանի՞ս

«Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի» (ՍԱՂ. 34։22

ԵՐԳԵՐ. 49, 65

1. Եհովայի հաւատարիմ ծառաներէն ոմանք ի՞նչ կը զգան երբ մեղք գործեն։

«Ի՜ՆՉ խղճալի մարդ եմ ես» (Հռով. 7։24)։ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներէն շատեր Պօղոս առաքեալին պէս արտայայտուած են։ Ինչո՞ւ։ Թէեւ կ’ուզենք Եհովան հաճեցնել, բայց ատեններ ժառանգուած մեղքին եւ անկատարութեան պատճառով կը ձախողինք եւ գէշ կը զգանք։ Կարգ մը քրիստոնեաներ, որոնք լուրջ մեղք մը գործած են, թերեւս նոյնիսկ խորհին որ Եհովան բնա՛ւ պիտի չներէ իրենց։

2. ա) Սաղմոս 34։22–ը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ պէտք չկայ որ Աստուծոյ ծառաները չափէ դուրս յանցաւոր զգան։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի (տե՛ս « Դասե՞ր, թէ ոչ հակատիպեր» շրջանակը)։

2 Բայց Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Եհովային «յուսացողները»՝ կամ իր քով ապաստանողները, պէտք չէ ձգեն որ յանցաւոր ըլլալու զգացումները զիրենք ուտեն (կարդա՛ Սաղմոս 34։22)։ Ի՞նչ կը նշանակէ Եհովային քով ապաստանիլ։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի Եհովան մեզի ողորմի եւ ներէ։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնանք գտնել, նկատի առնելով ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը Իսրայէլին մէջ։ Այդ կարգադրութիւնը եղած էր Օրէնքի ուխտին տակ, որ փոխարինուեցաւ Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին։ Բայց քանի որ Օրէնքը Եհովային կողմէն էր, կրնանք ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութենէն սորվիլ, որ ինք ի՛նչ աչքով կը նայի մեղքերուն, մեղաւորներուն եւ զղջացողներուն։ Նախ, տեսնենք թէ Եհովան ինչո՛ւ ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը ըրաւ։

«ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՈՐՈՇԵՑԷՔ»

3. Իսրայէլացիները ի՞նչ պէտք էր ընէին դիտմամբ սպաննողին։

3 Իսրայէլի մէջ Եհովան լուրջի կ’առնէր բոլոր մարդասպանութիւնները։ Երբ մէկը դիտմամբ անհատ մը մեռցնէր, պէտք էր սպաննուէր՝ մեռնողին ամէնէն մօտիկ ազգականին կողմէ, որ կը կոչուէր «արեան վրէժխնդիրը» (Թւ. 35։19)։ Այսպիսով, մարդասպանը իր կեանքով կը վճարէր անմեղ անհատին կեանքին գինը։ Եթէ մարդասպանը շուտով չմեռցուէր, Աւետեաց երկիրը կրնար պղծուիլ եւ սուրբ չմնալ, քանի որ Եհովան պատուիրեց. «Ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը [թափելը] կը պղծէ երկիրը» (Թւ. 35։33, 34

4. Ի՞նչ կը պատահէր երբ իսրայէլացի մը առանց ուզելու մէկը մեռցնէր։

4 Իսկ երբ իսրայէլացի մը պատահմամբ մէկը մեռցնէր, ողորմութեամբ կը վարուէին իրեն հետ, հակառակ որ տակաւին յանցաւոր էր որ անմեղ արիւն թափեց (Ծն. 9։5)։ Ան կրնար ապաստանի վեց քաղաքներէն մէկը փախչիլ եւ հոն պաշտպանուած ըլլալ։ Ապաստանի քաղաքին մէջ պէտք էր մնար մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր (Թւ. 35։15, 28

5. Ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ Եհովան աւելի հասկնանք։

5 Մարդիկ չէին որ ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը դրին. Եհովա՛ն էր դնողը։ Ան Յեսուին ըսաւ. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՝ ‘Մովսէսին միջոցով ձեզի ըսուած ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք’» (Յես. 20։1, 2, 7, 8)։ Եհովան որոշեց որ այդ քաղաքները զատուին։ Ասոր համար, մենք մեզի հարցնենք. ‘Այս կարգադրութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ, որ աւելի լաւ հասկնանք Եհովայի ողորմութիւնը։ Եւ ներկայիս, ի՞նչ կերպով կրնանք Եհովային քով ապաստանիլ’։

ԱՆ ՊԷՏՔ ԷՐ ‘ԾԵՐԵՐՈՒՆ ԻՐ ՊԱՐԱԳԱՆ ՅԱՅՏՆԷՐ’

6, 7. ա) Ծերերը ինչպէ՞ս կը դատէին անգիտութեամբ սպաննողը (տե՛ս բացման նկարը)։ բ) Ինչո՞ւ իմաստութիւն էր որ փախստականը խօսէր ծերերուն հետ։

6 Եթէ իսրայէլացի մը պատահմամբ մէկը մեռցնէր, պէտք էր ապաստանի քաղաք մը վազէր, եւ քաղաքին դրան մօտ ծերերուն ‘յայտնէր’ իր պարագան։ Անոնք պէտք էր հիւրասիրութեամբ ընդունէին զինք (Յես. 20։4)։ Ժամանակ մը ետք, ան կը ղրկուէր այն քաղաքին ծերերուն, ուր սպանութիւնը եղած էր, որպէսզի զինք դատեն (կարդա՛ Թուոց 35։24, 25)։ Եթէ որոշուէր որ սպանութիւնը դիտմամբ չէր, զինք կը վերադարձնէին ապաստանի քաղաքը։

7 Փախստականը ինչո՞ւ պէտք էր խօսէր ծերերուն հետ։ Որպէսզի իսրայէլ ժողովուրդը մաքուր մնար, եւ որպէսզի անգիտութեամբ սպաննողը օգտուէր Եհովայի ողորմութենէն։ Աստուածաշնչագէտ մը գրեց, որ եթէ փախչողը չերթար ծերերուն, «իր կեանքը վտանգի տակ կ’ըլլար. . . իր արիւնը իր գլխուն վրայ կ’ըլլար», քանի որ չհետեւեցաւ Եհովայի տուած կարգադրութեան։ Ան պէտք էր օգնութիւն խնդրէր եւ զայն ընդունէր, որպէսզի ապրէր։ Եթէ չերթար ապաստանի քաղաքներէն մէկը, իր սպաննած անհատին ամէնէն մօտիկ ազգականը ազատ էր զինք մեռցնելու։

8, 9. Լուրջ մեղք գործողը ինչո՞ւ պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրէ։

8 Ներկայիս, այն քրիստոնեան որ լուրջ մեղք կը գործէ, պէտք է երէցներէն օգնութիւն խնդրէ, որպէսզի դարձեալ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենայ Եհովային հետ։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Առաջին, Եհովայի՛ն կարգադրութիւնն է, որ երէցները յանձն առնեն հարցը, երբ լուրջ մեղք մը գործուի (Յակ. 5։14-16)։ Երկրորդ, անոնք կ’օգնեն զղջացողներուն, որ դարձեալ Աստուծոյ հաճութիւնը ունենան եւ մեղք գործելը սովորութիւն չդարձնեն (Գաղ. 6։1. Եբ. 12։11)։ Երրորդ, երէցները հեղինակութիւն ունին եւ մարզուած են, որ զղջացողներուն միտքը եւ սիրտը հանգստացնեն եւ անոնց ցաւը թեթեւցնեն։ Եհովան երէցները կը կոչէ՝ «փոթորիկին դէմ դնող ծածկոց» (Եսա. 32։1, 2)։ Չե՞ս համաձայնիր որ այս կարգադրութիւնը կը ցուցնէ Եհովային որքան ողորմած ըլլալը։

9 Աստուծոյ ծառաներէն շատեր հանգստացած են, երէցներուն հետ խօսելէ եւ անոնց օգնութիւնը ստանալէ ետք։ Օրինակ, Տանիէլ անունով եղբայր մը լուրջ մեղք մը գործեց, բայց ամիսներով չդիմեց երէցներուն։ Ան կը խոստովանի. «Այդքան երկար ժամանակ անցնելէ ետք, զգացի որ երէցները այլեւս բան մը չեն կրնար ընել ինծի համար։ Միեւնոյն ժամանակ, միշտ ջիղերուս վրայ կ’ըլլայի, որ ըրածներուս հետեւանքները պիտի կրեմ։ Իսկ երբ Եհովային կ’աղօթէի, միշտ աղօթքս ներողութիւն խնդրելով կը սկսէի»։ Ի վերջոյ, երէցներէն օգնութիւն խնդրեց։ Անցեալը յիշելով, կ’ըսէ. «Վստահաբար վախցայ իրենց մօտենալու, բայց յետոյ զգացի որ կարծես թէ մէկը ուսերուս վրայէն բեռ մը հանեց։ Հիմա կը զգամ որ առանց որեւէ արգելքի կրնամ Եհովային մօտենալ»։ Այլեւս Տանիէլին խիղճը հանգիստ է, եւ վերջերս օգնական ծառայ նշանակուեցաւ։

«ԱՅՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒՆ ՄԷՋ ԹՈՂ ՓԱԽՉԻ»

10. Անգիտակցաբար մեռցնողը ի՞նչ պէտք էր առանց ուշացումի ընէր, որպէսզի ողորմութիւն ստանար։

10 Անգիտակցաբար մեռցնողը պէտք էր քայլ մը առնէր, որպէսզի ողորմութիւն ստանար. պէտք էր փախչէր ամէնէն մօտիկ ապաստանի քաղաքը (կարդա՛ Յեսու 20։4)։ Փախստականը չէր կրնար անհոգ գտնուիլ, քանի որ եթէ շուտով այդ քաղաքը չերթար եւ հոն չմնար, իր կեանքը վտանգի տակ կ’ըլլար։ Ասոր մէջ զոհողութիւն կար։ Ան պէտք էր իր ետեւ ձգէր գործը, հանգստաւէտ տունը եւ ճամբորդելու ազատութիւնը, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր (Թւ. 35։25) *։ Բայց կ’արժէր այս զոհողութիւնները ընել։ Եթէ ան այդ քաղաքէն դուրս ելլէր, ցուցուցած կ’ըլլար թէ իր հոգը չէ որ մարդ մեռցուցած է, եւ իր կեանքը վտանգի տակ դրած կ’ըլլար։

11. Զղջացող քրիստոնեան ինչպէ՞ս կը ցուցնէ որ Աստուծոյ ողորմութիւնը թեթեւի չէ առած։

11 Ներկայիս ալ այն անձը, որ մեղք կը գործէ ու կը զղջայ, պէտք է որոշ բաներ ընէ, որպէսզի Աստուած իրեն ներէ։ Ան պէտք է մեղք գործելու իր սովորութիւնը լման ձգէ, այսինքն՝ պէտք է հեռու մնայ ոչ միայն լուրջ մեղքերէ, հապա նաեւ աւելի պզտիկ մեղքերէ, որ մեծ սխալներու կ’առաջնորդեն։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ թէ Կորնթոսի զղջացող քրիստոնեաները ի՛նչ ըրին։ Ան գրեց. «Աստուծոյ ուզածին պէս եղած տրտմութիւնը փրկութեան համար ապաշխարութեան կ’առաջնորդէ, որ չի զղջացներ. բայց աշխարհի տրտմութիւնը մահ կը պատճառէ։ Քանզի դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, ձեր մէջ ո՛րչափ սրտմտութիւն, ո՛րչափ վախ, ո՛րչափ բաղձանք, ո՛րչափ նախանձախնդրութիւն. . . յառաջ բերիք» (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Ուրեմն, եթէ մեր ամէն կարելին ընենք, որ այլեւս մեղք չգործենք, Եհովային ցուցուցած կ’ըլլանք, որ մեր հարցը թեթեւի չենք առներ եւ իր ողորմութիւնը չարաչար չենք օգտագործեր։

12. Քրիստոնեան թերեւս ստիպուի որ ի՞նչ բաներէ վազ անցնի, որպէսզի շարունակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալ։

12 Քրիստոնեան թերեւս ստիպուի որ ի՞նչ բաներէ վազ անցնի, որպէսզի շարունակէ Աստուծոյ ողորմութիւնը ստանալ։ Ան պէտք է պատրաստ ըլլայ նոյնիսկ իր սիրած բաներէն վազ անցնելու, եթէ կրնան պատճառ դառնալ որ մեղքի մէջ իյնայ (Մատ. 18։8, 9)։ Օրինակ, եթէ ընկերներդ կը քաջալերեն որ ընես բաներ, որ Եհովան չեն ուրախացներ, պիտի կտրե՞ս ընկերակցութիւնդ անոնց հետ։ Եթէ դժուարութիւն ունիս չափաւոր ըլլալու խմիչք խմելու մէջ, հեռու պիտի մնա՞ս այն պարագաներէն, ուր վտանգ կայ որ չափէ դուրս խմես։ Եթէ սեռային անբարոյ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարիս, պիտի մերժե՞ս այն ֆիլմերը, կայքերը կամ գործունէութիւնները, որոնք կրնան անմաքուր մտածումներ ծագեցնել։ Միտքդ պահէ թէ կ’արժէ ընել որեւէ զոհողութիւն, որպէսզի Եհովային հնազանդ մնաս։ Ամէնէն գէշ բանն է որ զգաս թէ ան քեզմէ հեռացած է։ Իսկ ամէնէն աղուոր բանն է, որ իր «հաւատարիմ սէր»ը զգաս (Եսա. 54։7, 8, ՆԱ

«ԱՆՈՆՔ ՁԵԶԻ ԱՊԱՍՏԱՆԱՐԱՆ ԸԼԼԱՆ»

13. Բացատրէ թէ փախստականը ինչո՛ւ կրնար ապահով, պաշտպանուած եւ ուրախ զգալ ապաստանի քաղաքին մէջ։

13 Մէյ մը որ փախստականը ապաստանի քաղաքը մտնէր, ապահով կ’ըլլար։ Եհովան այդ քաղաքներուն նկատմամբ ըսաւ. «Անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան» (Յես. 20։2, 3)։ Եհովան չպահանջեց որ փախստականը երկրորդ անգամ ալ դատուի նոյն հարցին համար։ Նաեւ, արտօնութիւն չէր տրուեր որ «արեան վրէժխնդիրը» քաղաքը մտնէ եւ փախստականը մեռցնէ։ Ուրեմն, փախստականը պէտք չունէր վախնալու, քանի որ քաղաքին մէջ ապահով էր Եհովային պաշտպանութեան տակ։ Ան բանտի մէջ չէր։ Ան կրնար քաղաքին մէջ աշխատիլ, ուրիշներուն օգնել եւ խաղաղութեամբ Եհովային ծառայել։ Ան իրապէս կրնար ուրախ եւ իմաստալից կեանք մը ունենալ։

Վստահ եղիր որ Եհովան քեզի կը ներէ (տե՛ս պարբերութիւն 14-16)

14. Զղջացող քրիստոնեան ի՞նչ բանէ կրնայ վստահ ըլլալ։

14 Աստուծոյ կարգ մը ծառաները, որոնք լուրջ մեղք մը գործած եւ զղջացած են, իրենց յանցանքին մէջ «բանտարկուած» կը զգան։ Ոմանք նոյնիսկ կը զգան որ Եհովան բնա՛ւ պիտի չմոռնայ իրենց ըրածը։ Եթէ այսպէս կը զգաս, հաճիս վստահ եղիր, որ երբ Եհովան քեզի կը ներէ՝ կէսկատար չի ներեր, լման կը ներէ։ Այլեւս պէտք չունիս յանցաւոր զգալու։ Ասիկա պատահեցաւ Տանիէլին, որ սկիզբը նշուած է։ Երէցները զինք սրբագրելէ եւ օգնելէ ետք, որ դարձեալ խիղճը հանգիստ ըլլայ, ան ըսաւ. «Կարծես թէ նորէն շունչ առնելու սկսայ։ Հարցը ճիշդ կերպով լուծուելէ ետք, պէտք չունէի այլեւս յանցաւոր զգալու։ Մէյ մը որ մեղքը սրբուի, լման կ’անհետանայ։ Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան ըսաւ, ինք քու բեռդ կ’առնէ եւ քեզմէ շատ հեռու տեղ մը կը դնէ, եւ անգամ մըն ալ ստիպուած պիտի չըլլաս զայն տեսնելու»։ Անցեալին, երբ փախստականը ապաստանի քաղաքին մէջ ըլլար, պէտք չէր ունենար ջիղերուն վրայ ըլլալու, որ «արեան վրէժխնդիրը» պիտի գայ եւ զինք մեռցնէ։ Նմանապէս, մէյ մը որ Եհովան մեր մեղքը ներեց, պէտք չունինք վախնալու որ օր մը դարձեալ մէջտեղ պիտի հանէ զայն կամ մեզ պիտի պատժէ (կարդա՛ Սաղմոս 103։8-12

15, 16. Եհովային ողորմութեան հանդէպ վստահութիւնդ ինչպէ՞ս կը զօրանայ, գիտնալով որ Յիսուս փրկանքը վճարած է եւ մեր Քահանայապետն է։

15 Իրականութեան մէջ, մենք իսրայէլացիներէն աւելի պատճառ ունինք, որ Եհովային ողորմութեան վստահինք։ Երբ Պօղոս ըսաւ որ «խղճալի» մարդ է, քանի որ չի կրնար կատարեալ կերպով հնազանդիլ Եհովային, ան աւելցուց. «Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 7։25)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։ Թէեւ մեղաւոր ցանկութիւններու դէմ կը պայքարէր եւ անցեալին մեղք գործած էր,– ու զղջացած էր,– բայց վստահ էր որ Եհովան իրեն կը ներէր Յիսուսի զոհին հիման վրայ։ Որովհետեւ Յիսուս փրկանքը վճարեց, կրնանք մաքուր խիղճ եւ ներքին խաղաղութիւն ունենալ (Եբ. 9։13, 14)։ Ան մեր Քահանայապետը ըլլալով՝ «բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար» (Եբ. 7։24, 25)։ Անցեալին, քահանայապետը իսրայէլացիները կը վստահեցնէր, որ Եհովան իրենց մեղքերը պիտի ներէ։ Իսկ մենք քանի որ Յիսուսը ունինք որպէս Քահանայապետ, որքա՜ն աւելի վստահ պէտք է ըլլանք, որ «ողորմութիւն [պիտի] ընդունինք ու շնորհք [պիտի] գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու» (Եբ. 4։15, 16

16 Ուրեմն, որպէսզի Եհովային քով ապաստանիս, պէտք է հաւատաս Յիսուսի զոհին։ Մի՛ կարծեր որ փրկանքը պարզապէս ընդհանուր առմամբ մարդկութեան համար է, հապա՝ հաւատա՛ որ քեզի համար է (Գաղ. 2։20, 21)։ Հաւատա՛ որ Եհովան քու մեղքերդ պիտի ներէ փրկանքին հիման վրայ։ Հաւատա՛ որ փրկանքը քեզի կու տայ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Յիսուսի զոհը՝ քեզի տրուած Եհովային նուէրն է։

17. Ինչո՞ւ կ’ուզես Եհովային քով ապաստանիլ։

17 Ապաստանի քաղաքներուն մասին գիտնալը մեզի կ’օգնէ, որ Եհովային ողորմութիւնը հասկնանք։ Այս կարգադրութեան միջոցաւ Եհովան ոչ միայն սորվեցուց, թէ կեանքը սուրբ է, հապա նաեւ ցուցուց թէ երէցները ինչպէ՛ս կրնան մեզի օգնել, ի՛նչ է իսկական զղջումը եւ ինչո՛ւ կրնանք լման վստահ ըլլալ որ ինք կը ներէ մեզի։ Եհովային քով կ’ապաստանի՞ս։ Ուրիշ աւելի ապահով տեղ մը չկայ (Սաղ. 91։1, 2)։ Յաջորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ապաստանի քաղաքներուն կարգադրութիւնը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ, որ Եհովային նմանինք, որ արդարութեան եւ ողորմութեան մեծագոյն օրինակն է։

^ պարբ. 10 Ըստ հրեայ ուսումնականներու, հաւանաբար փախստականին ընտանիքը ապաստանի քաղաքը կու գային, որպէսզի իրեն հետ ըլլային։