Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Քու ճշմարտութեանդ մէջ պիտի քալեմ’

‘Քու ճշմարտութեանդ մէջ պիտի քալեմ’

«Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ» (ՍԱՂ. 86։11

ԵՐԳԵՐ. 26, 101

1-3. ա) Ի՞նչ աչքով պէտք է նայինք Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան. օրինակով մը յստակացուր (տե՛ս բացման նկարները)։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ՆԵՐԿԱՅԻՍ, սովորական եղած է, որ մարդիկ ապրանք մը գնեն եւ ետքը զայն ետ դարձնեն։ Կ’ենթադրուի որ կարգ մը երկիրներու մէջ, մարդիկ իրենց գնած ապրանքներուն 9 առ հարիւրը կը վերադարձնեն։ Իսկ առցանց գնուած ապրանքներուն աւելի քան 30 առ հարիւրը կը վերադարձուի։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս քանի որ ապրանքը անհատին ակնկալածին պէս չ’ելլեր, կամ թերութիւն մը կ’ունենայ, կամ ալ պարզապէս անհատը զայն չի հաւնիր։ Այսպիսով, անոնք կ’որոշեն զայն փոխարինել ուրիշ ապրանքով, կամ ալ կը խնդրեն որ իրենց դրամը վերադարձուի։

2 Բնա՛ւ չենք ուզեր նոյն բանը ընել Սուրբ Գիրքին ճշմարտութեան հետ։ Անգամ մը որ զայն ‘ծախու առնենք’, այսինքն՝ ճշմարտութիւնը սորվինք, բնա՛ւ չենք ուզեր զայն ‘ծախել’, այսինքն՝ ձգել (կարդա՛ Առակաց 23։23. Ա. Տիմ. 2։4)։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, մենք ժամանակ տրամադրեցինք ճշմարտութիւնը սորվելու համար։ Թերեւս ալ վազ անցանք շատ շահաբեր գործէ մը։ Նաեւ, թերեւս կարգ մը անհատներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնները փոխուեցան, մեր մտածելակերպը եւ վարքը փոխեցինք կամ վազ անցանք այն սովորութիւններէն եւ աւանդութիւններէն, որոնք Եհովան չեն հաճեցներ։ Բայց մեր վճարած գինը բան մը չէ՝ մեր ստացած օրհնութիւններուն հետ բաղդատած։

3 Յիսուս առակ մը պատմեց վաճառականի մը մասին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէր։ Երբ շատ արժէքաւոր մարգարիտ մը գտաւ, շուտով իր ամբողջ ունեցածը ծախեց եւ զայն գնեց։ Այդ մարգարիտը կը ներկայացնէր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը։ Յիսուս այս առակով ցուցուց, որ ճշմարտութիւնը որքա՜ն արժէքաւոր պիտի ըլլար զայն փնտռողներուն համար (Մատ. 13։45, 46)։ Նմանապէս, մեր գտած ճշմարտութիւնը,– Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը եւ Սուրբ Գիրքին մէջ գտնուող բոլոր միւս ճշմարտութիւնները,– մեզի համար այնքա՛ն արժէքաւոր էր որ պատրաստ էինք շուտով զոհողութիւններ ընելու, որպէսզի զայն ձեռք ձգէինք։ Այնքան ատեն որ ճշմարտութիւնը կ’արժեւորենք, զայն բնա՛ւ պիտի չծախենք։ Բայց ցաւօք սրտի, Աստուծոյ կարգ մը ծառաները զայն ծախած են։ Բնա՛ւ չենք ուզեր որ ասիկա մեզի պատահի։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ շարունակենք ‘ճշմարտութեամբ քալել’ (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 2-4)։ Ճշմարտութեամբ քալել կը նշանակէ՝ ճշմարտութիւնը առաջին տեղը դնել եւ ասիկա մեր ապրելակերպով ցուցնել։ Նկատի առնենք երեք հարցումներ. թերեւս ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մէկը ճշմարտութիւնը «ծախէ», ինչպէ՞ս կրնանք այս սխալը չընել եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր վճռականութիւնը զօրացնել, որ շարունակենք ‘ճշմարտութեամբ քալել’։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ «ԿԸ ԾԱԽԵՆ»

4. Առաջին դարուն, ոմանք ինչո՞ւ ճշմարտութիւնը ‘ծախեցին’։

4 Առաջին դարուն, ոմանք որ սկիզբը ճշմարտութիւնը ընդունեցին, չշարունակեցին ատոր մէջ քալել։ Օրինակ, երբ Յիսուս հրաշքով մը կերակրեց մեծ խումբ մը, անոնք իր ետեւէն գացին Գալիլիա ծովուն միւս կողմը։ Հոն, Յիսուս բան մը ըսաւ, որ զանոնք ցնցեց. «Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար»։ Փոխանակ Յիսուսէն խնդրելու որ իր ըսածը բացատրէ, անոնք գայթակղեցան եւ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ Այսպիսով, «իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտեր» (Յովհ. 6։54-67

5, 6. ա) Մեր օրերուն, ոմանք ինչո՞ւ ճշմարտութենէն հեռացած են։ բ) Օրինակով մը յստակացուր որ մէկը ինչպէ՛ս կրնայ ճշմարտութենէն հեռու քշուիլ։

5 Ցաւօք սրտի, մեր օրերուն ալ ոմանք ճշմարտութիւնը ձգած են։ Ինչո՞ւ։ Կան անձեր որոնք գայթակղեցան, երբ համարի մը բացատրութիւնը ճշդուեցաւ, կամ երբ պատասխանատու եղբայր մը որոշ բան մը ըսաւ կամ ըրաւ։ Ուրիշներ իրենց տրուած սուրբգրային խրատը չհաւնեցան, կամ լուրջ անհամաձայնութիւն մը ունեցան հաւատակիցի մը հետ։ Ոմանք հաւատուրացներուն եւ մեր մասին սուտ խօսողներուն սխալ ուսուցումներուն հետեւեցան։ Այսպիսով ոմանք իրենց կամքով ‘հեռացան’ (ԱԾ) Եհովայէն եւ ժողովքէն (Եբ. 3։12-14)։ Որքա՜ն աւելի լաւ կ’ըլլար, եթէ անոնք Յիսուսին վստահէին, ինչպէս որ Պետրոս առաքեալ ըրաւ։ Երբ ուրիշներ ցնցուեցան Յիսուսի ըսածէն, իր առաքեալներուն հարցուց որ արդեօք իրե՞նք ալ կ’ուզէին երթալ։ Պետրոս շուտով պատասխանեց. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յովհ. 6։68-70

6 Ոմանք աստիճանաբար ձգած են ճշմարտութիւնը, թերեւս նոյնիսկ առանց անդրադառնալու թէ ի՛նչ կը պատահէր։ Այն անձը որ աստիճանաբար կը ձգէ ճշմարտութիւնը, կը նմանի նաւակի մը որ կամաց–կամաց ծովեզերքէն հեռու կը քշուի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ուշադիր ըլլանք որ ‘բնա՛ւ չքշուինք’ (Եբ. 2։1, ՆԱ)։ Ճշմարտութենէն հեռու քշուողը դիտմամբ չէ որ կը հեռանայ։ Սակայն թոյլ կու տայ որ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնը տկարանայ, եւ ժամանակի ընթացքին կրնայ զայն կորսնցնել։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ասիկա մեզի չպատահի։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՉԾԱԽԵՆՔ

7. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ճշմարտութիւնը բնա՛ւ չծախենք։

7 Որպէսզի ճշմարտութեան մէջ քալենք, պէտք է ընդունինք եւ հնազանդինք Եհովայի բոլոր ըսածներուն։ Պէտք է ճշմարտութիւնը առաջին տեղը դնենք եւ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն ապրինք։ Դաւիթ թագաւոր աղօթքով Եհովային ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ» (Սաղ. 86։11)։ Ան վճռած էր շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել, եւ մենք ալ պէտք է վճռած ըլլանք։ Այլապէս, թերեւս սկսինք մեր միտքը բերել այն բաները, որոնցմէ վազ անցանք ճշմարտութեան համար, եւ նոյնիսկ ուզել ատոնցմէ ոմանց վերադառնալ։ Բայց չենք կրնար ընտրել թէ ո՛ր ճշմարտութիւնները կ’ուզենք եւ ո՛ր ճշմարտութիւնները չենք ուզեր։ Պէտք է «ամէն ճշմարտութեան» մէջ քալենք (Յովհ. 16։13)։ Նախորդ յօդուածին մէջ, խօսեցանք հինգ բաներու մասին, որ թերեւս զոհած ենք ճշմարտութեան համար։ Հիմա նկատի պիտի առնենք թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որպէսզի մեր ետին ձգած բաներուն բնա՛ւ չվերադառնանք (Մատ. 6։19

8. Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ ճշմարտութենէն հեռու քշուիլ, եթէ իր ժամանակը իմաստութեամբ չգործածէ. օրինակ մը տուր։

8 Ժամանակ։ Որպէսզի ճշմարտութենէն հեռու չքշուինք, պէտք է մեր ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք։ Եթէ ուշադիր չըլլանք, կրնանք չափէ դուրս ժամանակ տրամադրել ժամանցին, մեր նախասիրած զբաղումներուն, համացանցին կամ հեռատեսիլին։ Թէեւ այս բաները պայման չէ որ սխալ ըլլան, բայց թերեւս սկսինք ուսումնասիրութեան ժամանակէն եւ ծառայութեան ժամանակէն առնել ատոնց համար։ Այս բանը պատահեցաւ Էմա * անունով քրոջ մը։ Ան իր պատանեկութենէն կը սիրէր ձիերը, եւ երբ որ կրնար՝ ձի քշելու կ’երթար։ Ժամանակ մը ետք, ան սկսաւ յանցաւոր զգալ, որ շա՜տ ժամանակ կը տրամադրէր ձի քշելուն։ Ան որոշեց իր առաջնահերթութիւնները փոխել։ Էման նաեւ քաջալերուեցաւ Քօրի Ուէլզ անունով քրոջ մը փորձառութենէն, որ նախապէս ձիարշաւներու կը մասնակցէր *։ Էման այլեւս աւելի ժամանակ կը տրամադրէ հոգեւոր բաներու եւ իր ընտանիքին ու բարեկամներուն, որոնք Եհովային կը ծառայեն։ Ան Եհովային աւելի մօտիկ կը զգայ եւ ուրախ է, որ իր ժամանակը իմաստութեամբ կը գործածէ։

9. Նիւթական բաները ինչպէ՞ս կրնան շատ կարեւոր դառնալ մեզի համար։

9 Նիւթական շահեր։ Եթէ կ’ուզենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ նիւթական բաները չափէ դուրս կարեւոր չդառնան մեզի համար։ Երբ ճշմարտութիւնը ճանչցանք, հոգեւոր բաները առաջին տեղը դրինք, իսկ նիւթական բաները՝ երկրորդ տեղը, եւ ուրախութեամբ նիւթական զոհողութիւններ ըրինք ճշմարտութեան համար։ Բայց թերեւս երբ տեսնենք որ ուրիշներ վերջին նորոյթ ապրանքներ կը գնեն կամ ուրիշ նիւթական բաներ կը վայելեն, սկսինք զրկուած զգալ։ Չգոհանալով մեր ունեցածով, կը սկսինք աւելի կեդրոնանալ նիւթական բաներ դիզելու վրայ, քան՝ հոգեւոր գործունէութիւններու վրայ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Դեմասին պարագան։ Ան այնքա՛ն սիրեց «աշխարհը», որ վազ անցաւ Պօղոս առաքեալին հետ ծառայելէն (Բ. Տիմ. 4։10)։ Ան ինչո՞ւ ձգեց Պօղոսը։ Թերեւս նիւթական բաները աւելի սիրեց քան՝ Աստուծոյ ծառայելը։ Կամ թերեւս այլեւս չէր ուզեր զոհողութիւններ ընել՝ Պօղոսին հետ ծառայելու համար։ Դասը ի՞նչ է։ Չենք ուզեր մեր մէջ ետ արթնցնել նիւթական բաներու հանդէպ սէրը, եւ թոյլ տալ որ ճշմարտութեան հանդէպ մեր սիրոյն տեղը առնէ։

10. Որո՞նց ազդեցութեան պէտք չէ տեղի տանք։

10 Ուրիշներուն հետ փոխյարաբերութիւններ։ Որպէսզի շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել, պէտք չէ ձգենք որ Եհովան չպաշտողները ազդեն մեզի։ Երբ ճշմարտութեան մէջ սկսանք քալել, Վկայ չեղող բարեկամներուն եւ ազգականներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնները փոխուեցան։ Թերեւս ոմանք մեր նոր հաւատալիքները յարգեցին, իսկ ուրիշներ՝ հակառակեցան (Ա. Պետ. 4։4)։ Թէեւ կը ջանանք լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալ եւ ազնուութեամբ վարուիլ ընտանիքի անդամներուն հետ, բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք որ Եհովային չափանիշները չանտեսենք՝ զիրենք հաճեցնելու համար։ Ինչպէս որ Ա. Կորնթացիս 15։33–էն կը սորվինք, մեր մտերիմ բարեկամները պէտք է ըլլան անհատներ, որոնք Եհովան կը սիրեն։

11. Ինչպէ՞ս կրնանք անմաքուր մտածումներէն ու գործերէն հեռու մնալ։

11 Անմաքուր մտածումներ եւ վարք։ Բոլոր անոնք, որոնք ճշմարտութեան մէջ կը քալեն, պէտք է ըլլան սուրբ, կամ մաքուր (Եսա. 35։8. կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։14-16)։ Երբ սկսանք ճշմարտութիւնը ճանչնալ, մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրինք, որպէսզի Սուրբ Գիրքին չափանիշներուն հետեւինք։ Ոմանք շատ մեծ փոփոխութիւններ ըրին։ Բայց տակաւին պէտք է ուշադիր ըլլանք որ բնա՛ւ մեր մաքուր կեանքը չփոխարինենք անբարոյ կեանքով։ Ինչպէ՞ս կրնանք անբարոյ ընթացք մը չբռնել։ Մտածէ այն սուղ գինին մասին որ Եհովան վճարեց, որպէսզի սուրբ ըլլանք։ Ան իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին թանկագին կեանքը տուաւ (Ա. Պետ. 1։18, 19)։ Որպէսզի Եհովայի աչքին մաքուր մնանք, միշտ պէտք է մտքերնիս պահենք, թէ Յիսուսին զոհը որքա՜ն արժէքաւոր է։

12, 13. ա) Ինչո՞ւ պէտք է Եհովային աչքով նայինք տօներուն։ բ) Հիմա ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

12 Սովորութիւններ եւ աւանդութիւններ, որոնք Աստուած չեն հաճեցներ։ Թերեւս մեր ընտանիքին անդամները, գործակիցները եւ դասընկերները փորձեն մեզ մասնակից դարձնել իրենց տօնակատարութիւններուն, ինչպէս՝ ծննդեան տարեդարձներուն կամ տօներուն։ Ինչպէ՞ս կրնանք դէմ դնել անոնց ճնշումին եւ չմասնակցիլ այն սովորութիւններուն եւ տօներուն, որոնք Եհովան չեն պատուեր։ Պէտք է մեր միտքին մէջ յստակ պահենք, թէ Եհովան ինչո՛ւ չի հաճիր այդ տօներուն։ Կրնանք մեր հրատարակութիւններուն մէջ պրպտում ընել եւ մենք մեզի յիշեցնել որ որոշ տօներ ինչպէ՛ս սկսան։ Երբ խոկանք թէ ի՛նչ սուրբգրային պատճառներով այդ տօները չենք տօներ, կը համոզուինք որ «Տէրոջը հաճելի» եղող ճամբուն մէջ կը քալենք (Եփ. 5։10)։ Եթէ Եհովային եւ իր Խօսքին վստահինք, մարդոցմէ պիտի չվախնանք (Առ. 29։25

13 Կը յուսանք որ շարունակենք յաւիտեան քալել ճշմարտութեան մէջ։ Ի՞նչը կրնայ օգնել որ աւելի վճռենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել։ Երեք բաներ նկատի առնենք։

ԱՒԵԼԻ ՎՃՌԷ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔԱԼԵԼ

14. ա) Սուրբ Գիրքը շարունակ սերտելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ աւելի վճռենք ճշմարտութիւնը չձգել։ բ) Իմաստութիւնը, խրատը եւ հանճարը ինչո՞ւ կարեւոր են։

14 Առաջին, շարունակէ Սուրբ Գիրքը սերտել եւ կարդացածներուդ վրայ խոկալ։ Կանոնաւորաբար ատոր ժամանակ տրամադրէ։ Որքա՛ն աւելի սերտես, այնքան աւելի պիտի սիրես ճշմարտութիւնը եւ պիտի վճռես բնա՛ւ զայն չձգել։ Բայց ճշմարտութիւնը գիտնալը ինքնին բաւարար չէ. պէտք է զայն գործադրենք մեր կեանքին մէջ։ Առակաց 23։23–ը կ’ըսէ որ ճշմարտութիւնը ծախու առնելէն զատ, նաեւ պէտք է «իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը» ծախու առնենք։ «Հանճարը» կը ձգէ որ մեր սորվածները կապենք այն բաներուն հետ, որ արդէն գիտենք։ Իսկ «իմաստութիւնը» մեզ կը մղէ որ մեր գիտցածին հիման վրայ գործենք։ Ատեններ, ճշմարտութիւնը մեզ ‘կը խրատէ’ կամ կը կրթէ, մեզի ցուցնելով որ ի՛նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընենք։ Թող որ շուտով ընդառաջենք այսպիսի կրթութեան, որ արծաթէն շատ աւելի արժէքաւոր է (Առ. 8։10

15. Ճշմարտութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ գօտիի մը պէս։

15 Երկրորդ, վճռէ ճշմարտութիւնը գործադրել ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ։ Սուրբ Գիրքը ճշմարտութիւնը կը նմանցնէ զինուորին գօտիին (Եփ. 6։14)։ Սուրբ Գիրքի ժամանակներուն, զինուորին գօտին զինք կը պաշտպանէր պատերազմի ընթացքին, այնքան ատեն որ ամուր կապուած էր։ Եթէ թոյլ ըլլար, օգուտ մը չունէր։ Ճշմարտութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ գօտիի պէս։ Եթէ ճշմարտութիւնը միշտ մեզի մօտիկ պահենք, մեզ պիտի պաշտպանէ սխալ մտածելակերպէն եւ պիտի օգնէ որ լաւ որոշումներ առնենք։ Երբ փորձութեան առջեւ ըլլանք կամ լուրջ խնդիր մը ունենանք, Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը մեր վճռականութիւնը պիտի զօրացնէ որ ճիշդը ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ զինուորը առանց գօտիի պատերազմի չէր երթար, մենք ալ պէտք է ճշմարտութիւնը բնա՛ւ չձգենք։ Ամէն մարզի մէջ պէտք է ճշմարտութիւնը գործադրենք։ Զինուորին գօտին նաեւ իր սուրը կը կրէր։ Ասիկա ըսելով, տեսնենք թէ ուրիշ ի՛նչ կերպ կայ որ աւելի վճռենք ճշմարտութեան մէջ քալել։

16. Ճշմարտութիւնը ուրիշներուն սորվեցնելը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք ճշմարտութեան մէջ քալել։

16 Երրորդ, կրցածիդ չափ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը սորվեցուր ուրիշներուն։ Սուրբ Գիրքը նմանցուած է սուրի։ Ճիշդ ինչպէս որ զինուորը ամուր կը բռնէր իր սուրը, պէտք է ամուր բռնենք մեր հոգեւոր սուրը՝ Աստուծոյ Խօսքը (Եփ. 6։17)։ Բոլորս կրնանք աւելի ատակ ուսուցիչներ դառնալ, «ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով» (Բ. Տիմ. 2։15)։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը գործածենք ուրիշներուն սորվեցնելու համար, ճշմարտութիւնը ա՛լ աւելի կը ճանչնանք ու կը սիրենք։ Այսպիսով, աւելի կը վճռենք շարունակել ճշմարտութեան մէջ քալել։

17. Ճշմարտութիւնը ինչո՞ւ արժէքաւոր է քեզի համար։

17 Ճշմարտութիւնը արժէքաւոր նուէր մըն է Եհովային կողմէ։ Ատիկա կարելի կը դարձնէ որ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենանք մեր երկնաւոր Հօր հետ, ինչ որ մեր կեանքին ամէնէն արժէքաւոր բանն է։ Աստուած արդէն շատ բաներ սորվեցուցած է մեզի, բայց կը խոստանայ շարունակել սորվեցնել յաւիտեան։ Ուրեմն, թանկագին մարգարիտի մը նման արժեւորէ ճշմարտութիւնը։ Շարունակէ ‘ճշմարտութիւնը ծախու առնել ու զանիկա բնաւ մի՛ ծախեր’։ Այն ատեն է որ Դաւիթին պէս ‘ճշմարտութեան մէջ պիտի քալես’ (Սաղ. 86։11

^ պարբ. 8 Անունը փոխուած է։

^ պարբ. 8 Բա՛ց JW Հեռատեսիլի կայանը, եւ նայէ՛ INTERVIEWS AND EXPERIENCES > TRUTH TRANSFORMS LIVES։