Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 46

‘Հաւատքի վահանիդ’ հոգ կը տանի՞ս

‘Հաւատքի վահանիդ’ հոգ կը տանի՞ս

«Հաւատքին վահանը առէ՛ք» (ԵՓ. 6։16

ԵՐԳ 54 Պէտք է հաւատք ունենանք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Եփեսացիս 6։16–ին համաձայն, ինչո՞ւ «հաւատքին վահան»ին պէտք ունինք։ բ) Ի՞նչ հարցումներու պիտի պատասխանենք։

«ՀԱՒԱՏՔԻՆ վահանը» ունի՞ս (կարդա՛ Եփեսացիս 6։16)։ Անկասկած ունիս։ Ինչպէս որ մեծ վահանը մարմնին մեծ մասը կը պաշտպանէ, նոյնպէս հաւատքդ քեզ կը պաշտպանէ այս ապականուած աշխարհին անբարոյ, վայրագ եւ անբարեպաշտ ազդեցութիւններէն։

2 Սակայն «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, եւ մեր հաւատքը շարունակ պիտի փորձուի (Բ. Տիմ. 3։1)։ Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքի վահանդ զննել, վստահ ըլլալու համար որ զօրաւոր է։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս զայն ամուր բռնել։ Քննարկե՛նք պատասխանները։

ՎԱՀԱՆԴ ՈՒՇԻ–ՈՒՇՈՎ ԶՆՆԷ

Պատերազմը աւարտելէ ետք, զինուորները իրենց վահանները կը նորոգէին (տե՛ս պարբերութիւն 3)

3. Զինուորները իրենց վահաններուն ի՞նչ կ’ընէին եւ ինչո՞ւ։

3 Սուրբգրական ժամանակներուն, վահանները յաճախ կաշիով պատուած կ’ըլլային։ Զինուորները վահանին վրայ ձէթ կը քսէին՝ կաշին պահպանելու եւ մետաղեայ մասերը ժանգոտելէ արգիլելու համար։ Եթէ զինուոր մը նկատէր, թէ իր վահանը վնասուած է, անպայման կը նորոգէր, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլար յաջորդ պատերազմին։ Ասիկա ինչպէ՞ս կը կիրարկուի հաւատքիդ։

4. Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է հաւատքի վահանդ զննես։

4 Անցեալի զինուորներուն պէս, պէտք է հաւատքի վահանդ կանոնաւորաբար զննես եւ լաւ վիճակի մէջ պահես, որպէսզի միշտ պատրաստ ըլլաս պատերազմելու։ Մենք՝ քրիստոնեաներս, հոգեւոր պատերազմ կը մղենք, իսկ մեր թշնամիները կը պարփակեն չար ոգիները (Եփ. 6։10-12)։ Քու տեղդ ուրիշը չի կրնար հոգ տանիլ հաւատքի վահանիդ։ Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ, որ պատրաստ ես հաւատքդ փորձուելու։ Առաջին, պէտք է աղօթքով Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրես։ Երկրորդ, պէտք է Աստուծոյ Խօսքին լոյսին տակ դուն քեզ տեսնես ինչպէս որ Աստուած քեզ կը տեսնէ (Եբ. 4։12)։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր» (Առ. 3։5, 6)։ Ատիկա ի մտի ունենալով, լաւ կ’ըլլայ որ վերջերս առած որոշումներդ աչքէ անցընես։ Օրինակ, եթէ դրամական լուրջ խնդիր մը դիմագրաւեցիր, յիշեցի՞ր Եբրայեցիս 13։5–ին մէջ արձանագրուած Եհովայի խոստումը. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Այդ խոստումը քեզ վստահեցո՞ւց որ Եհովան պիտի օգնէ։ Եթէ այո, ուրեմն հաւատքի վահանիդ լաւ հոգ կը տանիս։

5. Երբ հաւատքդ քննես, թերեւս ի՞նչ նկատես։

5 Երբ հաւատքդ ուշի–ուշով քննես, թերեւս նկատածդ քեզ զարմացնէ։ Թերեւս յայտնաբերես տկարութիւններ, որոնք ժամանակ մը աննկատ մնացած են։ Օրինակ, թերեւս անդրադառնաս որ անտեղի մտահոգութիւնը, սուտերը եւ վհատութիւնը հաւատքիդ վնասած են։ Այս պարագային, ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ պաշտպանել որ աւելի չվնասուի։

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՆՏԵՂԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵՆԷ, ՍՈՒՏԵՐԷ ԵՒ ՎՀԱՏՈՒԹԵՆԷ

6. Լաւ մտահոգութեան օրինակներ տուր։

6 Կարգ մը բաներու համար մտահոգուիլը լաւ է։ Օրինակ, տեղին է որ մտահոգուինք թէ ինչպէ՛ս Եհովան եւ Յիսուսը հաճեցնենք (Ա. Կոր. 7։32)։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, հոգ կ’ընենք որ շուտով Աստուծոյ հետ մեր բարեկամութիւնը վերահաստատենք (Սաղ. 38։18)։ Նաեւ մեր կողակիցը հաճեցնելու հոգը ունինք եւ մեր ընտանիքի անդամներուն ու հաւատակիցներուն բարօրութեամբ շատ հետաքրքրուած ենք (Ա. Կոր. 7։33. Բ. Կոր. 11։28

7. ա) Ինչպէ՞ս կրնայ անտեղի մտահոգութիւնը մեր հաւատքին վնասել։ բ) Առակաց 29։25–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք չէ մարդու հանդէպ վախ ունենանք։

7 Միւս կողմէ, անտեղի մտահոգութիւնը կրնայ մեր հաւատքին վնասել։ Օրինակ, թերեւս շարունակ մտահոգուինք բաւարար ուտելիք եւ հագուելիք ունենալու մասին (Մատ. 6։31, 32)։ Այդ մտահոգութիւնը թեթեւցնելու համար, թերեւս կեդրոնանանք նիւթական ստացուածքներ ձեռք ձգելու վրայ։ Թերեւս նոյնիսկ դրամասէր դառնանք։ Եթէ թոյլ տանք որ ատիկա պատահի, Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը պիտի տկարանայ եւ հոգեւորապէս պիտի վնասուինք (Մար. 4։19. Ա. Տիմ. 6։10)։ Ուրիշ օրինակ մըն է՝ չափէ դուրս մտահոգ ըլլալ ուրիշներուն հաճութիւնը շահելով։ Ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ աւելի վախնանք որ մեզ ծաղրեն կամ հալածեն, քան որ Եհովան նեղացնենք։ Այս վտանգէն պաշտպանուելու համար, պէտք է Եհովային աղաչենք որ մեր հաւատքը աւելցնէ եւ մեզի քաջութիւն տայ, որպէսզի մարդու հանդէպ վախ չունենանք (կարդա՛ Առակաց 29։25. Ղուկ. 17։5

(տե՛ս պարբերութիւն 8) *

8. Սուտերուն ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք։

8 Սատանան՝ «սուտին հայրը», իր հակակշռին տակ եղողները կը գործածէ սուտեր տարածելու Եհովային եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին (Յովհ. 8։44, ԱԾ)։ Օրինակ, հաւատուրացները Եհովայի կազմակերպութեան մասին սուտեր եւ խեղաթիւրուած իրողութիւններ կը ներկայացնեն կայքերու մէջ, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլին ու այլ լրատուամիջոցներու միջոցաւ։ Այդ սուտերը Սատանային «կրակոտ նետեր»էն են (Եփ. 6։16)։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ մէկը մեզի այսպիսի սուտեր խօսի։ Զանոնք կը մերժե՛նք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովային կը հաւատանք եւ մեր եղբայրներուն կը վստահինք։ Մենք հաւատուրացներուն հետ ամէն կապ կը խզենք։ Թոյլ չենք տար ոեւէ մէկու կամ որեւէ բանի, նոյնիսկ հետաքրքրասիրութեան, որ մեզ մղէ իրենց հետ վիճաբանելու։

9. Վհատութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել։

9 Վհատութիւնը կրնայ մեր հաւատքը տկարացնել։ Երբեմն խնդիրներու պատճառաւ կրնանք վհատիլ։ Անշուշտ պէտք չէ զանոնք անտեսենք, բայց նաեւ պէտք չէ անոնց մասին օրն ի բուն մտածենք։ Այլապէս, կրնանք մոռնալ բոլոր այն լաւ բաները, որոնք Եհովան մեզի խոստացած է (Յայտ. 21։3, 4)։ Եւ վհատութեան զգացումը կրնայ մեր ուժը խլել ու պատճառ դառնալ որ յանձնուինք (Առ. 24։10)։ Բայց պէտք չունինք հոն հասնելու։

10. Քրոջ նամակէն ի՞նչ կէտեր կը քաղես։

10 Նկատի առ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ քոյր մը ինչպէ՛ս իր հաւատքը կը պահպանէ, մինչ հոգ կը տանի իր ամուսինին, որ լուրջ հիւանդութիւն ունի։ Կեդրոնատեղիին ուղղած իր նամակին մէջ, ան նշեց. «Երբեմն մեր վիճակին պատճառաւ կը ճնշուինք ու կը վհատինք, բայց մեր յոյսը զօրաւոր է։ Շա՜տ շնորհակալ եմ ամէն բանի համար, որ Եհովան մեզի կու տայ, մեր հաւատքը զօրացնելու եւ մեզ քաջալերելու համար։ Մենք այդ խրատներուն ու քաջալերանքին իրապէս պէտք ունինք։ Ատոնց շնորհիւ կը շարունակենք Եհովային ծառայել եւ տոկալ այն փորձութիւններուն, որոնք Սատանան կը գործածէ մեզ տկարացնելու համար»։ Քրոջ խօսքերը կը յայտնեն, թէ կրնա՛նք վհատութիւնը յաղթահարել։ Ինչպէ՞ս։ Խնդիրդ սեպէ առիթ մը Սատանային դէմ դնելու։ Գիտակցէ թէ Եհովան մխիթարութեան Աղբիւրն է։ Եւ գնահատէ իր տուած հոգեւոր սնունդը։

‘Հաւատքի վահանիդ’ հոգ կը տանի՞ս (տե՛ս պարբերութիւն 11) *

11. Մեր հաւատքին վիճակը քննելու համար, ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի հարցնենք։

11 Կը նկատե՞ս, որ հաւատքի վահանդ կարգ մը մարզերու մէջ նորոգուելու պէտք ունի։ Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, կրցա՞ծ ես անտեղի մտահոգութեան դէմ դնել։ Կրցա՞ծ ես մերժել հաւատուրացներուն մտիկ ընել եւ անոնց հետ վիճաբանիլ իրենց տարածած սուտերուն նկատմամբ։ Իսկ կրցա՞ծ ես վհատութեան հետ գլուխ ելլել։ Եթէ այո, ուրեմն հաւատքդ լաւ վիճակի մէջ է։ Բայց պէտք է արթուն մնանք, քանի որ Սատանան կը փորձէ ուրիշ զէնքեր ալ մեզի դէմ գործածել։ Հիմա անոնցմէ մէկը քննարկենք։

ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՊԱՇՏՊԱՆԷ

12. Նիւթապաշտութիւնը կրնայ մեզ մղել ի՞նչ ընելու։

12 Նիւթապաշտութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ որ մեր հաւատքի վահանը անտեսենք եւ Եհովային համար քիչ բան ընենք։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ» (Բ. Տիմ. 2։4)։ Իրականութեան մէջ, հռոմայեցի զինուորներուն չէր արտօնուած ասպարէզի մը հետամուտ ըլլալ։ Ի՞նչ կրնար պատահիլ, եթէ զինուոր մը այդ պահանջին ականջ չտար։

13. Զինուոր մը ինչո՞ւ պէտք չէր ասպարէզի մը հետամուտ ըլլար։

13 Հետեւեալը պատկերացուր։ Խումբ մը զինուորներ առաւօտուն իրենց սուրերով կը մարզուին, բայց զինակից մը ներկայ չէ։ Ան քաղաք գացած է եւ շուկային մէջ ուտելիք կը ծախէ։ Իրիկունը, զինուորները իրենց զրահները կը քննեն եւ սուրերը կը սրեն։ Իսկ ուտելիք ծախողը, իր ժամանակը կ’անցընէ յաջորդ օրուան ծախուելիքը պատրաստելով։ Սակայն արշալոյսին, թշնամին անակնկալօրէն կը յարձակի։ Ո՞ր զինուորը պատրաստ պիտի ըլլայ պատերազմելու եւ իր հրամանատարին հաճութիւնը պիտի շահի։ Իսկ եթէ դուն ալ պիտի մասնակցէիր այդ պատերազմին, ո՞ր զինուորին քով պիտի ուզէիր կենալ. մարզուածի՞ն, թէ՞ ուտելիք ծախողին։

14. Քրիստոսի զինուորները ըլլալով, ի՞նչ բան կ’արժեւորենք։

14 Լաւ զինուորներուն պէս, մենք չենք շեղիր մեր հիմնական նպատակակէտէն. մեր Հրամանատարներուն՝ Եհովայի ու Քրիստոսի, հաճութիւնը ունենալ։ Մեզի համար ատիկա շա՜տ աւելի արժէքաւոր է՝ քան Սատանայի աշխարհին մատուցած որեւէ բան։ Վստահ կ’ըլլանք, որ պէտք եղած ժամանակը եւ ուժը ունինք Եհովային ծառայելու եւ մեր հաւատքի վահանը ու հոգեւոր սպառազինութեան մնացեալ մասերը լաւ վիճակի մէջ պահելու։

15. Պօղոս մեզի ի՞նչ զգուշացում տուաւ եւ ինչո՞ւ։

15 Պէտք է միշտ արթուն ըլլանք։ Ինչո՞ւ։ Պօղոս առաքեալ զգուշացուց, թէ «անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն», ‘հաւատքէն պիտի մոլորին’ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ «Մոլորիլ» բառը ցոյց կու տայ, թէ կրնանք աստիճանաբար աւելի կեդրոնանալ ստացուածքներ ձեռք ձգելու վրայ, որոնց պէտք չունինք։ Այսպէս, կը սկսինք «շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններ» զարգացնել։ Փոխանակ թոյլ տալու որ այդպիսի ցանկութիւններ մեր սրտին մէջ արմատ կապեն, պէտք է յիշենք, թէ Սատանան զանոնք կը գործածէ որպէս զէնքեր մեր հաւատքը տկարացնելու համար։

16. Մարկոս 10։17-22–ի դէպքը մեզ պէտք է մղէ ո՞ր հարցումներուն վրայ խոկալու։

16 Սեպենք թէ մեր նիւթական վիճակը կը ներէ որ շատ բաներ գնենք։ Արդեօք սխալ կ’ընե՞նք, եթէ գնենք բաներ, որոնք կ’ուզե՛նք ունենալ բայց անոնց պէտք չունինք։ Պայման չէ։ Բայց մտածէ այս հարցումներուն մասին. նոյնիսկ եթէ կրնանք բան մը գնել, բաւարար ժամանակ ու կորով ունի՞նք զայն գործածելու եւ անոր հոգ տանելու։ Ասկէ զատ, կարելի՞ է որ սկսինք մեր ստացուածքներուն չափէ դուրս կապուիլ։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ստացուածքներ սիրելը պատճառ դառնայ որ վարուինք այն երիտասարդին պէս, որ մերժեց Յիսուսին հրաւէրը Աստուծոյ աւելի ծառայելու (կարդա՛ Մարկոս 10։17-22)։ Որքա՜ն աւելի լաւ է որ պարզ կեանք վարենք եւ մեր թանկագին ժամանակն ու կորովը տրամադրենք Աստուծոյ կամքը կատարելու։

ՀԱՒԱՏՔԻ ՎԱՀԱՆԴ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԷ

17. Ի՞նչ բան պէտք է բնա՛ւ չմոռնանք։

17 Պէտք է բնա՛ւ չմոռնանք որ պատերազմի մէջ ենք, եւ պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն օր պատերազմելու (Յայտ. 12։17)։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը մեր տեղը չեն կրնար մեր հաւատքի վահանը կրել։ Պէտք է անձամբ զայն ամուր բռնենք։

18. Անցեալին, զինուորները ինչո՞ւ իրենց վահանները ամուր կը բռնէին։

18 Անցեալին զինուոր մը պատիւ կը ստանար պատերազմին մէջ իր ցուցաբերած քաջութեան համար։ Բայց ամօթալի բան մըն էր, եթէ ան պատերազմէն վերադառնար առանց իր վահանին։ Հռոմայեցի պատմաբան Տակիտոս գրեց. «Եթէ զինուոր մը իր վահանը լքէր, ատիկա մեծ անարգանք էր իրեն համար»։ Ասիկա պատճառներէն մէկն էր, թէ ինչո՛ւ զինուորները իրենց վահանները ամուր կը բռնէին։

Քրիստոնեայ քոյր մը իր հաւատքի վահանը ամուր կը բռնէ՝ Աստուծոյ Խօսքը կարդալով, ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով եւ ծառայութեան լիովին մասնակցելով (տե՛ս պարբերութիւն 19)

19. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հաւատքի վահանը ամուր բռնել։

19 Մեր հաւատքի վահանը ամուր կը բռնենք, կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ գտնուելով եւ Եհովայի անուան եւ իր Թագաւորութեան մասին խօսելով ուրիշներուն (Եբ. 10։23-25)։ Ասկէ զատ, ամէն օր աղօթքով Աստուծոյ դիմելէ ետք, իր Խօսքը կը կարդանք, ինչպէս նաեւ անոր խրատները կը գործադրենք ամէն բանի մէջ որ կ’ընենք (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Այն ատեն, մեզի դէմ Սատանայի գործածած որեւէ գործիք մնայուն կերպով մեզի պիտի չվնասէ (Եսա. 54։17)։ Մեր «հաւատքին վահանը» մեզ պիտի պաշտպանէ։ Մենք ուս–ուսի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ քաջաբար պիտի գործենք։ Մենք ոչ միայն մեր ամէնօրեայ պատերազմը պիտի շահինք, հապա նաեւ պատիւը պիտի ունենանք Յիսուսի կողքին ըլլալու, երբ Սատանային ու անոր հետեւորդներուն դէմ մղուած պատերազմը շահի (Յայտ. 17։14. 20։9, 10

ԵՐԳ 81 «Մեր հաւատքը աւելցուր»

^ պարբ. 5 Զինուորները իրենց վահանին կը վստահէին, որպէսզի վնասուելէ պաշտպանուէին։ Մեր հաւատքն ալ վահան է։ Եւ բառացի վահանին նման, հարկ կայ որ մեր հաւատքին հոգ տանինք։ Յօդուածը կը քննարկէ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել վստահ ըլլալու համար, որ մեր «հաւատքին վահանը» լաւ վիճակի մէջ է։

^ պարբ. 58 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երբ հեռատեսիլը կը սկսի ներկայացնել հաւատուրացներ, Վկայ ընտանիք մը անմիջապէս հեռատեսիլը կը մարէ։

^ պարբ. 60 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ետքը, ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, հայրը Աստուածաշունչէն հատուած մը կը գործածէ ընտանիքին հաւատքը զօրացնելու համար։