ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40
«Քեզի տրուած աւանդը պահէ»
«Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ» (Ա. ՏԻՄ. 6։20)։
ԵՐԳ 34 Մեր անուան համաձայն ապրինք
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1-2. Ա. Տիմոթէոս 6։20–ի համաձայն, Տիմոթէոսին ի՞նչ տրուած էր։
ՇԱՏ անգամ մեր արժէքաւոր բաները ուրիշներու հոգատարութեան կը յանձնենք։ Օրինակ, երբ մեր դրամը պանքայի մէջ դնենք, կ’ակնկալենք որ ապահով ըլլայ եւ չկորսուի կամ չգողցուի։ Ուրեմն կը հասկնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ մեզի համար թանկագին բան մը ուրիշ անձի մը վստահիլ։
2 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։20։ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսին յիշեցուց, որ թանկագին բան մը ստացած էր՝ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւնը։ Տիմոթէոսին նաեւ վստահուած էր ‘խօսքը քարոզելու’ եւ ‘աւետարանիչի գործ գործելու’ առանձնաշնորհումը (Բ. Տիմ. 4։2, 5)։ Պօղոս Տիմոթէոսը յորդորեց, որ իրեն տրուած աւանդը պահէ։ Տիմոթէոսին պէս, մեզի արժէքաւոր բաներ վստահուած են։ Ի՞նչ են ատոնք։ Եւ ինչո՞ւ պէտք է Եհովայի կողմէ մեզի տրուած գանձը պահպանենք։
ՄԵԶԻ ՎՍՏԱՀՈՒԱԾ ԵՆ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
3-4. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները թանկարժէք են։
3 Իր Խօսքին մէջ գտնուող թանկագին ճշմարտութիւններու մասին, Եհովան մեզի ճշգրիտ գիտութիւն շնորհած է։ Այս ճշմարտութիւնները թանկարժէք են, քանի որ կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ, եւ թէ ի՛նչը կեանքի մէջ իսկական երջանկութիւն կը բերէ։ Երբ զանոնք ընդունինք եւ ատոնցմով առաջնորդուինք, սուտ ուսուցումներու եւ անբարոյ սովորութիւններու ստրկութենէն կ’ազատինք (Ա. Կոր. 6։9-11)։
Գործք 13։48, ՆԱ)։ Այդպիսի անհատներ կ’ընդունին, որ Եհովան ներկայիս հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան կը գործածէ, որ այդ ճշմարտութիւնները մեզի փոխանցէ (Մատ. 11։25. 24։45)։ Առանց օգնութեան չենք կրնար Աստուածաշունչը հասկնալ, եւ այդ հասկացողութենէն աւելի արժէքաւոր բան չկայ (Առ. 3։13, 15)։
4 Ուրիշ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող ճշմարտութիւնները թանկարժէք են, այն է՝ որ Եհովան զանոնք կը յայտնէ միայն խոնարհներուն, որոնք «ճիշդ տրամադրուած» են (5. Եհովան ուրիշ ի՞նչ բան մեզի վստահած է։
5 Եհովան նաեւ մեզի վստահած է՝ իր եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը սորվեցնելու առանձնաշնորհումը (Մատ. 24։14)։ Մեր քարոզած պատգամը անգին է, քանի որ մարդոց կ’օգնէ, որ Եհովայի ընտանիքին մէկ մասը դառնան եւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու պատեհութիւնը ունենան (Ա. Տիմ. 4։16)։ Ծառայութեան մէջ մեր բերած բաժինը ըլլա՛յ մեծ թէ պզտիկ, մենք թիկունք կը կանգնինք այս ժամանակներուն կատարուող ամենակարեւոր գործին (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ Ի՜նչ պատիւ է՝ Աստուծոյ գործակիցները ըլլալ (Ա. Կոր. 3։9)։
ՔԵԶԻ ՏՐՈՒԱԾԸ ԱՄՈ՛ՒՐ ԲՌՆԷ
6. Ի՞նչ պատահեցաւ ոմանց, որոնք զգոյշ չեղան։
6 Տիմոթէոսի ժամանակակիցներէն ոմանք Աստուծոյ գործակիցները ըլլալու իրենց առանձնաշնորհումը չգնահատեցին։ Դեմաս աշխարհը սիրելով, Պօղոսի հետ ծառայելու իր առանձնաշնորհումէն վազ անցաւ (Բ. Տիմ. 4։10)։ Այնպէս կ’երեւի թէ Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը իրենց ծառայութիւնը լքեցին, քանի որ վախցան որ Պօղոսի պէս հալածուին (Բ. Տիմ. 1։15)։ Հիմենոս, Աղեքսանդրոս եւ Փիղետոս աստիճանաբար հաւատուրաց դարձան եւ ճշմարտութիւնը ձգեցին (Ա. Տիմ. 1։19, 20. Բ. Տիմ. 2։16-18)։ Ակներեւաբար այս բոլոր անհատները ատեն մը հոգեւորապէս զօրաւոր էին, բայց դադրեցան իրենց տրուած աւանդը արժէքաւոր սեպելէ։
7. Սատանան մեզի դէմ ի՞նչ մեթոտներ կը գործածէ։
7 Սատանան ինչպէ՞ս կը ջանայ մեզ մղել, որ Եհովայի կողմէ մեզի վստահուած գանձերէն վազ անցնինք։ Նկատի առ անոր մեթոտներէն ոմանք։ Ան ժամանցը եւ հաղորդամիջոցները կը գործածէ որոշ արժանիքներ, մտածելակերպ եւ վարուելակերպ յառաջ մղելու, յուսալով որ անոնք պատճառ դառնան, որ ճշմարտութեան հանդէպ մեր սէրը պաղի։ Ան հալածանքը կամ հասակակիցներու ճնշումը գործածելով կը փորձէ մեզ վախցնել, որպէսզի քարոզելէ կենանք։ Նաեւ կը փորձէ հաւատուրացներու «սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններ»ուն միջոցաւ մեզ հրապուրել, որպէսզի ճշմարտութիւնը լքենք (Ա. Տիմ. 6։20, 21)։
8. Ի՞նչ կը սորվիս Տանիէլի փորձառութենէն։
8 Եթէ զգոյշ չըլլանք, կրնանք ճշմարտութիւնը աստիճանաբար ձգել։ Նկատի առ Տանիէլի * փորձառութիւնը, որ վիտէոյի խաղերը կը սիրէր։ Ան կը բացատրէ. «Սկսայ վիտէոյի խաղեր խաղալ, երբ տասը տարեկան էի։ Սկիզբը կը խաղայի խաղեր, որոնք քիչ թէ շատ՝ անվնաս էին։ Բայց երթալով սկսայ վայրագ ու դիւային խաղեր խաղալ»։ Ի վերջոյ, ան օրական 15 ժամ կը խաղար։ Տանիէլ կ’ըսէ. «Գիտէի որ խաղցած խաղերս եւ ատոնց տրամադրած ժամանակս զիս Եհովայէն կը հեռացնէին։ Բայց սիրտս կարծրացած էր, խորհելով թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները ինծի չէին կիրարկուեր»։ Ժամանցի խորամանկ ազդեցութիւնը դիւրաւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ ճշմարտութեան նկատմամբ պաղինք։ Եթէ այս մէկը պատահի, կրնանք Եհովայի տուած թանկագին բաները կորսնցնել։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՈՒՐ ԲՌՆԵԼ
9. Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19–ի համաձայն, Պօղոս Տիմոթէոսը որո՞ւ նմանցուց։
9 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19։ Պօղոս Տիմոթէոսը զինուորի մը նմանցուց եւ զինք յորդորեց, որ ‘պատերազմի բարի պատերազմը’։ Ատիկա ոչ թէ բառացի, հապա հոգեւոր պատերազմ էր։ Քրիստոնեաները ի՞նչ կերպերով կը նմանին պատերազմող զինուորներու։ Եւ ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է մշակենք որպէս Քրիստոսի զինուորներ։ Քննարկենք Պօղոսի տուած օրինակէն սորվելիք հինգ դասեր, որոնք կրնան մեզի օգնել ճշմարտութիւնը ամուր բռնելու։
10. Ինչո՞ւ աստուածպաշտութեան պէտք ունինք։
10 Աստուածպաշտութիւն մշակէ։ Լաւ զինուորը նուիրուած է։ Ան սրտանց պիտի պայքարի, որպէսզի իր մէկ սիրելին կամ արժէքաւոր բան մը պաշտպանէ։ Պօղոս Տիմոթէոսը քաջալերեց որ մշակէ աստուածպաշտութիւն, այսինքն՝ Աստուծոյ հանդէպ խոր յարգանք ու նուիրուածութիւն (Ա. Տիմ. 4։7)։ Ո՛րքան աւելի մեծ սէր ու նուիրուածութիւն ունենանք Աստուծոյ հանդէպ, ա՛յնքան աւելի մեծ փափաք պիտի ունենանք ճշմարտութիւնը ամուր բռնելու (Ա. Տիմ. 4։8-10. 6։6)։
11. Ինչո՞ւ պէտք ունինք մեր անձը կրթելու։
11 Քու անձդ կրթէ։ Զինուոր մը պէտք է իր անձը կրթէ, որպէսզի պատերազմելու միշտ պատրաստ ըլլայ։ Տիմոթէոս հոգեւորապէս առողջ մնաց, քանի որ իր անձը կրթելով հետեւեցաւ Պօղոսի ներշնչեալ խրատին, որ էր՝ սխալ ցանկութիւններէ փախչիլ, բարեպաշտ յատկութիւններ զարգացնել եւ հաւատակիցներու հետ ընկերակցիլ (Բ. Տիմ. 2։22)։ Նոյնպէս մենք պէտք է մեր անձը կրթենք, որպէսզի մարմնային ցանկութիւններուն դէմ մեր մղած պատերազմը շահինք (Հռով. 7։21-25)։ Մեր անձը կրթելու պէտք ունինք նաեւ, որպէսզի մեր վրայէն հին անձնաւորութիւնը հանենք եւ նոր անձնաւորութիւնը հագնինք (Եփ. 4։22, 24)։ Եւ օրուան վերջաւորութեան՝ երբ յոգնած ենք, թերեւս մենք մեզ քաշքշենք, որպէսզի ժողովի երթանք (Եբ. 10։24, 25)։
12. Աստուածաշունչը գործածելուն մէջ, ի՞նչ կերպերով կրնանք բարելաւուիլ։
12 Զինուոր մը պէտք է մարզուի իր զէնքերը գործածելու։ Հմուտ ըլլալու համար, ատիկա պէտք է կանոնաւորաբար ընէ։ Նմանապէս, մենք պէտք է Աստուծոյ Խօսքը գործածելուն վերաբերեալ հմտութիւններ ձեռք ձգենք (Բ. Տիմ. 2։15)։ Այդ հմտութիւններէն ոմանք կրնանք սորվիլ մեր ժողովներուն մէջ։ Իսկ որպէսզի կարենանք ուրիշները համոզել, թէ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրապէս արժէքաւոր է, անհրաժեշտ է Աստուածաշունչի անձնական սերտողութեան կանոնաւոր յայտագիր ունենալ։ Աստուծոյ Խօսքը գործածելը կ’օգնէ, որ մեր հաւատքը զօրանայ։ Ատոր համար, պէտք է ոչ թէ պարզապէս Աստուածաշունչը կարդանք, հապա՝ մեր կարդացածին վրայ խոկանք ու մեր հրատարակութիւններուն մէջ փնտռտուք ընենք, որպէսզի զայն շիտակ կերպով հասկնանք ու բացատրենք (Ա. Տիմ. 4։13-15)։ Այդպիսով, պիտի կարենանք Աստուածաշունչը գործածելով ուրիշներուն սորվեցնել։ Այս մէկը պարզապէս սուրբգրային համար կարդալէն աւելին կը պարփակէ։ Կ’ուզենք մեզի մտիկ ընողներուն օգնել, որ համարը հասկնան եւ տեսնեն թէ ինչպէ՛ս իրենց կը կիրարկուի։ Անձնական սերտողութեան կանոնաւոր յայտագրի մը կառչելով, կրնանք Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կերպով ուրիշներուն սորվեցնել (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։
13. Եբրայեցիս 5։14–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է խորատես ըլլանք։
13 Խորատես եղիր։ Զինուոր մը պէտք է կարենայ վտանգը ակնկալել եւ անկէ խուսափիլ։ Մենք ալ պէտք է կարենանք զատորոշել այն պարագաները, որոնք կրնան մեզի վնաս հասցնել, եւ քայլեր առնել վտանգէն հեռու մնալու համար (Առ. 22։3. կարդա՛ Եբրայեցիս 5։14)։ Օրինակ, հարկ է որ ժամանցն ու զբօսանքը իմաստութեամբ ընտրենք։ Հեռատեսիլի յայտագիրները եւ ֆիլմերը յաճախ անբարոյ վարք կը ցուցադրեն։ Այդպիսի վարք Աստուած կը վիրաւորէ եւ անպայման վնասակար է։ Հետեւաբար կը մերժենք այն ժամանցը, որ կրնայ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը աստիճանաբար տկարացնել (Եփ. 5։5, 6)։
14. Խորատեսութիւնը Տանիէլին ինչպէ՞ս օգնեց։
14 Նախապէս նշուած Տանիէլը գիտակցեցաւ, թէ վայրագ եւ դիւային խաղեր խաղալը իրեն վնաս կը հասցնէր։ Ան Դիտարանի գրադարան–ին մէջ փնտռտուք ըրաւ, որպէսզի գիտնայ ինչպէ՛ս իր խնդիրը լուծել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան վիտէոյի անպատշաճ խաղեր խաղալէ դադրեցաւ եւ առցանց խաղցողներուն հետ իր կապը խզեց։ Տանիէլ կ’ըսէ. «Վիտէոյի խաղեր խաղալու փոխարէն, սկսայ ժամանակ անցընել դուրսը կամ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցիլ»։ Ան այժմ կը ծառայէ որպէս ռահվիրայ եւ երէց։
15. Սուտ պատմութիւնները ինչո՞ւ վտանգաւոր են։
15 Տիմոթէոսի պէս, նաեւ պէտք է զատորոշենք հաւատուրացներու տարածած սուտ տեղեկութիւններուն վտանգը (Ա. Տիմ. 4։1, 7. Բ. Տիմ. 2։16)։ Օրինակ, անոնք կը ջանան մեր եղբայրներուն մասին սուտ պատմութիւններ տարածել կամ Եհովայի կազմակերպութեան նկատմամբ կասկածներ ցանել։ Այդ տեղեկութիւնները կրնան մեր հաւատքը տկարացնել։ Պէտք է մերժենք հաւատալ այդ փրոփականտին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այդպիսի պատմութիւններ կը տարածուին «մտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց» կողմէ։ Անոնց նպատակակէտն է՝ «վէճեր»ու դուռ բանալ (Ա. Տիմ. 6։4, 5)։ Անոնք կ’ուզեն որ իրենց զրպարտութիւններուն հաւատանք եւ մեր եղբայրներուն վստահելէ դադրինք։
16. Ինչպէ՞ս կրնանք կեդրոնացած մնալ։
16 Կեդրոնացած մնացի՛ր։ Որպէս «Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուոր», Տիմոթէոս պէտք Բ. Տիմ. 2։3, 4)։ Տիմոթէոսին պէս, պէտք չէ թոյլ տանք, որ աւելի նիւթական բաներ ունենալու փափաքը մեզ շեղեցնէ։ «Հարստութեան խաբէութիւնը» կրնայ խեղդել՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր գնահատանքը եւ զայն ուրիշներու հետ բաժնելու մեր փափաքը (Մատ. 13։22)։ Պէտք է մեր կեանքը պարզ պահենք եւ մեր ժամանակն ու կորովը գործածենք, որ ‘առաջ խնդրենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը’ (Մատ. 6։22-25, 33)։
էր ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնար, փոխանակ աշխարհիկ կամ նիւթական հետապնդումներու պատճառով շեղելու (17-18. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանել։
17 Պատրաստ եղիր արագօրէն գործելու։ Զինուոր մը պէտք է նախապէս ծրագրէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի հակազդէ։ Եթէ կ’ուզենք Եհովայի կողմէ մեզի վստահուած բաները պահպանել, պէտք է արագօրէն գործենք, երբ վտանգը տեսնենք։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ անմիջապէս հակազդենք։ Հարկ է որ նախապէս ծրագրենք ինչպէ՛ս սպառնալիքի մը հակազդել։
18 Օրինակով մը բացատրենք։ Թատերասրահին մէջ, յայտագիրը սկսելէ առաջ, յաճախ հանդիսատեսներէն կը խնդրուի որ ուշադրութիւն ընեն, թէ ո՛ւր է իրենց ամենամօտ ելքը։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի կարենան անմիջապէս հեռանալ, եթէ անակնկալ դէպք մը պատահի։ Նոյն կերպով, կրնանք նախապէս որոշել, թէ ո՛ր «ելքը» պիտի առնենք, եթէ մեր առջեւ յանկարծ ելլեն՝ անբարոյ տեսարան մը, վայրագութիւն կամ հաւատուրացներու նիւթեր, մինչ կը գործածենք համացանցը կամ կը դիտենք ֆիլմ կամ հեռատեսիլի յայտագիր։ Եթէ պատահելիք բաներուն նախապատրաստուինք, կրնանք արագօրէն գործել, որ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը պաշտպանենք եւ անոր աչքին մաքուր մնանք (Սաղ. 101։3. Ա. Տիմ. 4։12)։
19. Ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի վայելենք, եթէ Եհովայի կողմէ մեզի տրուած արժէքաւոր բաները պահպանենք։
19 Պէտք է պահպանենք Եհովայի կողմէ մեզի տրուած արժէքաւոր բաները. աստուածաշնչական թանկագին ճշմարտութիւնները եւ զանոնք ուրիշներու սորվեցնելու առանձնաշնորհումը։ Այսպիսով, մաքուր խղճմտանք պիտի ունենանք, իմաստալից կեանք պիտի վարենք եւ Եհովան ուրիշներուն ճանչցնելու ուրախութիւնը պիտի վայելենք։ Եհովայի օգնութեամբ, պիտի կարենա՛նք մեզի տրուած աւանդը պահել (Ա. Տիմ. 6։12, 19)։
ԵՐԳ 61 Ինչպիսի անձ մը պէտք է ըլլամ