Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 9

Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս Եհովայի սէրն ու արդարադատութիւնը յայտնեց

Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս Եհովայի սէրն ու արդարադատութիւնը յայտնեց

«Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է» (ՍԱՂ. 33։5

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Բոլորս ի՞նչ կ’ուզենք։ բ) Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։

ԲՈԼՈՐՍ կ’ուզենք սիրուած ըլլալ։ Եւ բոլորս կ’ուզենք որ մեզի հետ արդարօրէն վարուին։ Եթէ մեզի հանդէպ յաճախ սէր եւ արդարադատութիւն ցոյց չտրուին, թերեւս անարժէք եւ անյոյս զգանք։

2 Եհովան գիտէ որ սիրոյ տենչ ունինք եւ կ’ուզենք որ արդարադատութիւն ըլլայ (Սաղ. 33։5)։ Վստահ ենք որ ան մեզ շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ որ մարդիկ մեզի հետ արդարօրէն վարուին։ Ասիկա յստակ կը դառնայ, երբ մօտէն նկատի կ’առնենք այն Օրէնքը, որ Եհովան իսրայէլ ազգին տուաւ Մովսէսին միջոցաւ։ Եթէ ջախջախուած կը զգաս, քանի որ ուրիշներ քեզի հետ սիրով կամ արդարադատութեամբ չեն վարուած, տե՛ս թէ Մովսիսական օրէնքը * ինչպէ՛ս կը յայտնէ Եհովայի հետաքրքրութիւնը իր ժողովուրդին հանդէպ։

3. ա) Ինչպէս բացատրուած է Հռովմայեցիս 13։8-10–ի մէջ, երբ Մովսիսական օրէնքը սերտենք, ի՞նչ կը գիտնանք։ բ) Այս յօդուածը ո՞ր հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

3 Երբ Մովսիսական օրէնքը սերտենք, մեր սիրալիր Աստուծոյ՝ Եհովայի ջերմ զգացումներուն մասին կը գիտնանք (կարդա՛ Հռովմայեցիս 13։8-10)։ Այս յօդուածին մէջ, իսրայէլ ազգին տրուած քանի մը օրէնք պիտի քննարկենք, եւ պիտի պատասխանենք այս հարցումներուն. ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Օրէնքը սիրոյ վրայ հիմնուած էր։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Օրէնքը մարդիկը կը քաջալերէր որ արդարադատ ըլլան։ Հեղինակութիւն ունեցողները ինչպէ՞ս պէտք էր Օրէնքը գործադրէին։ Եւ Օրէնքը մասնաւորաբար որո՞նք կը պաշտպանէր։ Այս հարցումներուն պատասխանները մեզ կը մխիթարեն, յոյս կու տան եւ մեզ աւելի կը մօտեցնեն մեր սիրալիր Հօր (Գործք 17։27. Հռով. 15։4

ՄՈՎՍԻՍԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ՍԻՐՈՅ ՎՐԱՅ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԷՐ

4. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Մովսիսական օրէնքը սիրոյ վրայ հիմնուած էր։ բ) Ըստ Մատթէոս 22։36-40–ի, Յիսուս ո՞ր պատուիրանները ցցուն ըրաւ։

4 Կրնանք ըսել որ Մովսիսական օրէնքը սիրոյ վրայ հիմնուած էր, քանի որ Եհովան ամէն ինչ որ կ’ընէ, սէրէ մղուած կ’ընէ (Ա. Յովհ. 4։8)։ Ան Մովսիսական օրէնքին մաս կազմող բոլոր օրէնքները հիմնեց երկու գլխաւոր պատուիրաններու վրայ. Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել (Ղեւ. 19։18. Բ. Օր. 6։5. կարդա՛ Մատթէոս 22։36-40)։ Ուստի կրնանք ակնկալել, որ Օրէնքին մաս կազմող աւելի քան 600 պատուիրաններէն ամէն մէկը մեզի բան մը սորվեցնէ Եհովայի սիրոյն մասին։ Կարգ մը օրինակներ նկատի առնենք։

5-6. Եհովան ի՞նչ կ’ուզէ որ կողակիցները ընեն, եւ ի՞նչ բան շատ լաւ գիտէ. օրինակ մը տուր։

5 Կողակիցիդ հաւատարիմ եղիր ու զաւակներուդ հոգ տար։ Եհովան կ’ուզէ որ կողակիցները իրար ա՛յնքան սիրեն, որ իրենց սէրը գոյատեւէ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին (Ծն. 2։24. Մատ. 19։3-6)։ Շնութիւնը ամենագէշ բաներէն մէկն է, որ ամուսնացած անհատ մը կրնայ ընել։ Ուստի տեղին ըլլալով, Տասը պատուիրաններուն եօթներորդը շնութիւնը արգիլեց (Բ. Օր. 5։18)։ Շնութիւնը «Աստուծոյ դէմ» եղած մեղք մըն է եւ կողակիցին դէմ գործուած անգութ բան մըն է (Ծն. 39։7-9)։ Շնացողին կողակիցը թերեւս դաւաճանութեան ցաւը տասնեակ տարիներ զգայ։

6 Եհովան շատ լաւ գիտէ թէ կողակիցները իրարու հետ ինչպէ՛ս կը վարուին։ Ան յատկապէս ուզեց որ իսրայէլացի կիներուն հանդէպ լաւ վերաբերմունք ցուցաբերուի։ Օրէնքը յարգող ամուսին մը իր կինը պիտի սիրէր եւ որեւէ չնչին պատճառով պիտի չամուսնալուծուէր (Բ. Օր. 24։1-4. Մատ. 19։3, 8)։ Բայց եթէ լուրջ խնդիր մը ծագէր եւ իր կնոջմէն ամուսնալուծուէր, պէտք էր արձակման թուղթ տար անոր։ Արձակման թուղթը կինը կը պաշտպանէր անբարոյութիւն գործելու սուտ ամբաստանութիւններէ։ Ասկէ զատ, առաջ որ ամուսին մը արձակման թուղթ տար իր կնոջ, ըստ երեւոյթին, պէտք էր քաղաքի ծերերուն հետ խորհրդակցէր։ Այսպէս ծերերը առիթը կ’ունենային զոյգին օգնելու, որ իրենց ամուսնութիւնը փրկեն։ Երբ իսրայէլացի տղամարդ մը անձնասէր պատճառներով իր կինը արձակէր, Եհովան միշտ չէր միջամտեր ծերերուն կամ մարգարէներուն միջոցաւ։ Բայց եւ այնպէս, ան կը տեսնէր կնոջ թափած արցունքները, եւ անոր ցաւը կը զգար (Մաղ. 2։13-16

(տե՛ս պարբերութիւն 7-8) *

7-8. ա) Եհովան ծնողներուն պատուիրեց որ ի՞նչ ընեն (տե՛ս կողքին նկարը)։ բ) Ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

7 Օրէնքը նաեւ կը յայտնէ, թէ Եհովան երեխաներու բարօրութեամբ մեծապէս հետաքրքրուած է։ Ան ծնողներուն պատուիրեց, որ ոչ միայն իրենց զաւակներուն ֆիզիքական պէտքերը հոգան, հապա նաեւ անոնց հոգեւոր պէտքերը։ Ծնողները պէտք էր ամէն առիթ օգտագործէին, որ իրենց զաւակներուն օգնէին Եհովան սիրելու եւ անոր Օրէնքը հասկնալու եւ գնահատելու (Բ. Օր. 6։6-9. 7։13)։ Պատճառներէն մէկը, որուն համար Եհովան իսրայէլացիները պատժեց, այն է՝ որ իրենց զաւակներէն ոմանց հետ ահռելի կերպով վարուեցան (Եր. 7։31, 33)։ Ծնողները պէտք չէր զաւակները նկատէին ստացուածք մը, որ կրնային անտեսել կամ անոր հետ գէշ կերպով վարուիլ, հապա՝ Եհովային կողմէ ժառանգ մը կամ նուէր մը, որուն վրայ պէտք է գուրգուրալ (Սաղ. 127։3

8 Դասեր։ Եհովան կը նկատէ, թէ կողակիցները իրարու հետ ինչպէ՛ս կը վարուին։ Ան կ’ուզէ որ ծնողները իրենց զաւակները սիրեն, եւ ծնողներէն հաշիւ կը պահանջէ, երբ իրենց զաւակներուն հետ սխալ կերպով վարուին։

9-11. Եհովան ինչո՞ւ ցանկալը արգիլող օրէնքը տուաւ։

9 Մի՛ ցանկար։ Տասը պատուիրաններուն վերջինը արգիլեց ցանկալը, կամ ուրիշին ունեցածին վրայ աչք տնկելը (Բ. Օր. 5։21. Հռով. 7։7)։ Եհովան այս օրէնքը տուաւ արժէքաւոր դաս մը սորվեցնելու համար. իր ծառաները պէտք է պահպանեն իրենց սիրտը, այսինքն՝ իրենց մտածումներն ու զգացումները։ Ան գիտէ թէ չար արարքները կը սկսին չար մտածումներով եւ զգացումներով (Առ. 4։23)։ Եթէ իսրայէլացի մը թոյլ տար, որ սխալ ցանկութիւնները իր սրտին մէջ աճէին, շատ հաւանաբար ուրիշներու հետ սիրալիր կերպով պիտի չվարուէր։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւոր այդ ծուղակին մէջ ինկաւ։ Ընդհանուր առմամբ, ան լաւ մարդ էր։ Բայց առիթով մը, ուրիշ մարդու մը կնոջ ցանկաց։ Իր այդ ցանկութեան պատճառով մեղք գործեց (Յակ. 1։14, 15)։ Ան շնութիւն գործեց, փորձեց կնոջ ամուսինը խաբել եւ յետոյ կարգադրեց անոր սպանութիւնը (Բ. Թագ. 11։2-4. 12։7-11

10 Եհովան կը գիտնար, երբ իսրայէլացի մը ցանկալու վերաբերեալ օրէնքը խախտէր. Ան կրնայ սրտերը կարդալ (Ա. Մն. 28։9)։ Ցանկալու դէմ եղած օրէնքը ժողովուրդին սորվեցուց, որ պէտք չէ ունենան այնպիսի մտածումներ, որոնք չար արարքի կ’առաջնորդեն։ Որքա՜ն իմաստուն ու սիրառատ Հայր է Եհովան։

11 Դասեր։ Եհովան միայն անհատի մը դրսերեւոյթին չի նայիր։ Ան կը տեսնէ ինչ որ ենք՝ մեր ներսը, մեր սրտին մէջ (Ա. Թագ. 16։7)։ Ո՛չ մէկ մտածում, զգացում եւ արարք կրնանք իրմէ պահել։ Ան մեր մէջի լաւ յատկութիւնները կը փնտռէ եւ կ’ուզէ որ զանոնք զարգացնենք։ Բայց նաեւ կ’ուզէ որ մեր սխալ մտածումները բնորոշենք եւ զսպենք, առաջ որ սխալ արարքներու վերածուին (Բ. Մն. 16։9. Մատ. 5։27-30

ՄՈՎՍԻՍԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՄՂԷՐ

12. Մովսիսական օրէնքը ի՞նչ կը սորվեցնէ։

12 Մովսիսական օրէնքը նաեւ կը սորվեցնէ, թէ Եհովան արդարադատութիւնը կը սիրէ (Սաղ. 37։28. Եսա. 61։8)։ Ան կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ ուրիշներուն հետ արդարօրէն վարուելու մէջ։ Երբ իսրայէլացիները իր օրէնքներուն հնազանդեցան, զիրենք օրհնեց։ Բայց երբ իր արդար չափանիշները անտեսեցին, իրենց ըրածներուն հետեւանքը կրեցին։ Նկատի առ Տասը պատուիրաններէն ուրիշ երկու օրէնքներ։

13-14. Տասը պատուիրաններուն առաջին երկուքը ի՞նչ պահանջեցին, եւ իսրայէլացիները ինչպէ՞ս պիտի օգտուէին այդ օրէնքներուն հնազանդելով։

13 Միայն Եհովան պաշտէ։ Տասը պատուիրաններուն առաջին երկուքը իսրայէլացիներէն պահանջեցին, որ միայն Եհովան պաշտեն, եւ զգուշացուցին կռապաշտութենէ (Ել. 20։3-6)։ Եհովան իր օգտին համար չէր որ այդ պատուիրանները տուաւ, հապա իր ժողովուրդին օգտին համար։ Երբ ժողովուրդը իրեն հաւատարիմ մնաց, բարգաւաճեցաւ։ Իսկ երբ ուրիշ ազգերու աստուածները պաշտեց, շատ վնաս կրեց։

14 Մտածէ քանանացիներուն մասին։ Անոնք կը պաշտէին անկենդան կուռքեր, փոխանակ պաշտելու ճշմարիտ եւ ապրող Աստուածը։ Առ ի արդիւնք, անոնք նուաստացուցիչ բաներ ըրին (Սաղ. 115։4-8)։ Իրենց պաշտամունքին մէկ մասն էր զզուելի սեռային արարքներու միջամուխ ըլլալ եւ մանուկները զոհել։ Նոյնպէս, երբ իսրայէլացիները Եհովան անտեսեցին եւ որոշեցին կուռքեր պաշտել, անոնք նուաստացուցիչ բաներ ըրին եւ իրենց ընտանիքներուն վնասեցին (Բ. Մն. 28։1-4)։ Հեղինակութիւն ունեցողները մերժեցին Եհովայի արդարադատութեան չափանիշները։ Անոնք իրենց հեղինակութիւնը չարաշահեցին եւ տկար ու խոցելի անհատները հարստահարեցին (Եզեկ. 34։1-4)։ Եհովան իսրայէլացիները զգուշացուց, թէ պիտի դատապարտէր անոնք՝ որոնք անօգնական կիներուն ու երեխաներուն հետ գէշ կերպով կը վարուէին (Բ. Օր. 10։17, 18. 27։19)։ Միւս կողմէ, Եհովան իր ժողովուրդը օրհնեց, երբ իրեն հաւատարիմ էին եւ իրարու հետ արդարօրէն կը վարուէին (Գ. Թագ. 10։4-9

Եհովան մեզ կը սիրէ, եւ կը տեսնէ երբ անարդարութեան զոհ կ’երթանք (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Եհովայի մասին ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

15 Դասեր։ Եհովան մեղադրելի չէ, երբ իրեն ծառայել դաւանողները իր չափանիշները կ’անտեսեն եւ իր երկրպագուներուն վնաս կը հասցնեն։ Սակայն, ան մեզ կը սիրէ եւ կը տեսնէ երբ անարդարութենէ տառապինք։ Ան մեր ցաւը շատ աւելի կը զգայ քան՝ մայր մը իր մանուկին չարչարուիլը (Եսա. 49։15)։ Ճիշդ է որ թերեւս անմիջապէս չմիջամտէ, բայց յարմար ժամանակին՝ անզեղջ յանցագործներէն հաշիւ պիտի պահանջէ, քանի որ գէշ կերպով վարուեցան։

ՕՐԷՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս Ի ԳՈՐԾ ՊԷՏՔ ԷՐ ԴՐՈՒԷՐ

16-18. Մովսիսական օրէնքը կեանքի ո՞ր երեսակները կը ծածկէր, եւ ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

16 Մովսիսական օրէնքը իսրայէլացիին կեանքին շատ մը երեսակները կը ծածկէր, ուստի շատ կարեւոր էր, որ նշանակուած ծերերը Եհովային ժողովուրդը արդարութեամբ դատէին։ Անոնք պատասխանատու էին նկատի առնելու ոչ միայն հոգեւոր հարցերը, հապա նաեւ վէճերն ու ոճիրները։ Տե՛ս հետեւեալ օրինակները։

17 Եթէ իսրայէլացի մը մէկը մեռցնէր, ինքնաբերաբար մահապատիժի չէր ենթարկուեր։ Իր քաղաքին ծերերը պարագաները կը քննէին, առաջ որ որոշէին թէ անհատը մահուան պատիժին արժանի է կամ ոչ (Բ. Օր. 19։2-7, 11-13)։ Ծերերը նաեւ կը դատէին առօրեայ կեանքին զանազան երեսակները, ինչպէս՝ ստացուածքի վերաբերեալ անհամաձայնութիւններ եւ ամուսնական վէճեր (Ել. 21։35. Բ. Օր. 22։13-19)։ Երբ ծերերը արդարօրէն կը վարուէին եւ իսրայէլացիները Օրէնքին կը հնազանդէին, ամէն մարդ կ’օգտուէր, եւ ազգը Եհովային պատիւ կը բերէր (Ղեւ. 20։7, 8. Եսա. 48։17, 18

18 Դասեր։ Մեր կեանքին ամէն մէկ երեսակը Եհովային համար կարեւոր է։ Ան կ’ուզէ որ ուրիշներուն հետ արդարօրէն եւ սիրով վարուինք։ Եւ նկատի կ’առնէ, թէ ի՛նչ կ’ըսենք եւ կ’ընենք, նոյնիսկ երբ մեր տան մէջն ենք (Եբ. 4։13

19-21. ա) Ծերերն ու դատաւորները Աստուծոյ երկրպագուներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք էր վարուէին։ բ) Մովսիսական օրէնքը յատկապէս ինչպէ՞ս ժողովուրդը պաշտպանեց, եւ ի՞նչ դասեր կը սորվինք։

19 Եհովան ուզեց իր ժողովուրդը պաշտպանել դրացի ազգերու ապականիչ ազդեցութենէն։ Ուստի պահանջեց, որ ծերերն ու դատաւորները Օրէնքը անաչառօրէն գործադրեն։ Սակայն, դատողները պէտք չէր իր երկրպագուներուն հետ կոշտ կամ խիստ կերպով վարուէին, հապա պէտք էր արդարադատութիւնը սիրէին (Բ. Օր. 1։13-17. 16։18-20

20 Եհովան իր ժողովուրդին կը կարեկցի, ուստի օրէնքներ դրաւ, որպէսզի անհատներ անարդարութեան զոհ չերթան։ Օրինակ, Օրէնքը պակսեցուց այն հաւանականութիւնը, որ անմեղ անձ մը ամբաստանուի թէ ոճիր մը գործած է։ Ամբաստանեալը իրաւունք ունէր գիտնալու, թէ ո՛վ զինք ամբաստանած էր (Բ. Օր. 19։16-19. 25։1)։ Եւ ան որպէս յանցաւոր դատուելէ առաջ, առնուազն երկու վկաներ պէտք էր փաստեր ներկայացնէին (Բ. Օր. 17։6. 19։15)։ Իսկ ի՞նչ կ’ըլլար եթէ իսրայէլացի մը գործած էր ոճիր մը, որուն միայն մէկ հոգի ականատես եղած էր։ Ան բնա՛ւ պէտք չէր մտածէր որ իր յանցագործութեան համար պիտի չպատժուէր. Եհովան տեսած էր իր ըրածը։ Ընտանիքէն ներս, հայրերուն հեղինակութիւն տրուած էր, բայց այդ հեղինակութիւնը սահմանափակումներ ունէր։ Կարգ մը ընտանեկան հարցերու պարագային, քաղաքին ծերերը պատասխանատուութիւն ունէին հարցին մէջ մտնելու եւ վերջնական որոշումը տալու (Բ. Օր. 21։18-21

21 Դասեր։ Եհովան կատարեալ օրինակն է. ան միշտ արդարօրէն կը վարուի (Սաղ. 89։14)։ Ան կը վարձատրէ անոնք՝ որոնք հաւատարմօրէն իր չափանիշներուն համաձայն կ’ապրին, բայց կը պատժէ անոնք՝ որոնք իրենց հեղինակութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն (Բ. Թագ. 22։21-23. Եզեկ. 9։9, 10)։ Թերեւս ոմանք չարութեամբ վարուին եւ այնպէս երեւի որ չեն պատժուիր, բայց Եհովան յարմար ժամանակին զիրենք դատի կը քաշէ (Առ. 28։13)։ Եւ եթէ չզղջան, շուտով կը գիտնան, թէ «սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը» (Եբ. 10։30, 31

ՕՐԷՆՔԸ ՄԱՍՆԱՒՈՐԱԲԱՐ ՈՐՈ՞ՆՔ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ

Անհամաձայնութիւններ լուծելու ատեն, ծերերը Եհովան ընդօրինակելով պէտք էր ցոյց տային, թէ կը սիրեն մարդիկն ու արդարադատութիւնը (տե՛ս պարբերութիւն 22) *

22-24. ա) Օրէնքը մասնաւորաբար որո՞նք պաշտպանեց, եւ Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվինք։ բ) Ելից 22։22-24–ի մէջ ի՞նչ ազդարարութիւն տրուած է։

22 Օրէնքը մասնաւորաբար պաշտպանեց անոնք, որոնք չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել, ինչպէս՝ որբերը, այրիները եւ օտարականները։ Իսրայէլի դատաւորներուն ըսուեցաւ. «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւայրիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ» (Բ. Օր. 24։17)։ Եհովան անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ համայնքին ամէնէն խոցելի անհատներուն հանդէպ։ Եւ անոնց հետ գէշ կերպով վարուողներէն հաշիւ պահանջեց (կարդա՛ Ելից 22։22-24

23 Օրէնքը նաեւ ընտանիքի անդամները պաշտպանեց սեռային ոճիրներէն, ամէն տեսակ ազգապղծութիւն արգիլելով (Ղեւ. 18։6-30)։ Իսրայէլի շուրջի ազգերուն հակառակը,– որոնք ազգապղծութիւնը հանդուրժեցին կամ նոյնիսկ ընդունեցին,– Եհովայի ծառաները պէտք էր զայն նկատէին ինչպէս որ ինք կը նկատէր՝ գարշելի արարք մը։

24 Դասեր։ Եհովան կ’ուզէ որ այն անհատները, որոնց պատասխանատու դիրքեր կու տայ, սիրալիրօրէն հետաքրքրուին անոնցմով, որոնք իրենց վերակացութեան տակ են։ Ան սեռային ոճիրները կ’ատէ եւ կ’ուզէ որ ամէն մարդ,– մանաւանդ խոցելի անհատները,– պաշտպանուի եւ անարդարութեան զոհ չերթայ։

«ՕՐԷՆՔԸ ԳԱԼԻՔ ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՔՆ Է»

25-26. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ սէրը եւ արդարադատութիւնը շնչելու եւ ապրելու պէս են։ բ) Այս յօդուածաշարքին յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

25 Սէրը եւ արդարադատութիւնը շնչելու եւ ապրելու պէս են. եթէ չշնչենք, չենք կրնար ապրիլ։ Երբ համոզուինք որ Եհովան մեզի հետ արդարօրէն կը վարուի, զինք աւելի կը սիրենք։ Եւ երբ զինք եւ իր արդար չափանիշները սիրենք, կը մղուինք ուրիշները սիրելու եւ անոնց հետ արդարօրէն վարուելու։

26 Մովսիսական օրէնքի ուխտը իսրայէլացիներուն օգնեց, որ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Սակայն, Օրէնքը վերջ գտաւ Յիսուսի զոհէն ետք, եւ աւելի լաւ բանով փոխարինուեցաւ (Հռով. 10։4)։ Պօղոս առաքեալ Օրէնքը նկարագրեց որպէս «գալիք բարիքներուն շուքը» (Եբ. 10։1)։ Այս յօդուածաշարքին յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ այդ բարիքներէն ոմանք, ինչպէս նաեւ՝ սիրոյ եւ արդարադատութեան դերը քրիստոնէական ժողովքին մէջ։

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

^ պարբ. 5 Այս յօդուածը առաջինն է այն չորս յօդուածներէն, որոնք պիտի քննարկեն, թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Եհովան մեզի համար կը հոգայ։ Միւս երեք յօդուածները լոյս պիտի տեսնեն Դիտարան–ի մայիս 2019 թիւին մէջ։ Անոնք պիտի քննարկեն թէ ինչպէ՛ս սէրը եւ արդարադատութիւնը կը ցուցաբերուին քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ինչպէ՛ս երեխաները սեռային բռնութենէն պաշտպանել, եւ ինչպէ՛ս կրնանք մխիթարել զանոնք՝ որոնք սեռային բռնութեան զոհ գացած են։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Հետեւեալ արտայայտութիւնները՝ «Օրէնքը», «Մովսէսին Օրէնքը», «Մովսիսական օրէնքը» եւ «պատուիրանքները», կ’ակնարկեն աւելի քան 600 օրէնքներուն, որոնք Եհովան իսրայէլացիներուն տուաւ Մովսէսին միջոցաւ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերուն (Ծննդոց գիրքէն մինչեւ Բ. Օրինաց) յաճախ կ’ակնարկուի որպէս Օրէնքը։ Այս բառը երբեմն կը գործածուի ակնարկելու բոլոր ներշնչուած Եբրայերէն Գրութիւններուն։

^ պարբ. 60 ԿՈՂՔԻՆ ՆԿԱՐԸ. Եհովան ուզեց որ երեխաները ապահով զգան, մինչ անոնց ծնողքը իրենց սիրալիրօրէն հոգ կը տանէր եւ կը սորվեցնէր։

ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ճաշ պատրաստած ատեն, իսրայէլացի մայր մը իր աղջիկներուն հետ հաճելի զրոյց մը կ’ունենայ։ Իսկ հայրը իր տղան կը մարզէ, որ ոչխարներուն հոգ տանի։

^ պարբ. 64 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քաղաքի դրան մուտքը, ծերերը սիրալիրօրէն կ’օգնեն այրիի մը եւ անոր երեխային, որոնց հետ տեղական վաճառական մը գէշ կերպով վարուած է։