Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 5

«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է»

«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է»

«Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է» (Ա. ԿՈՐ. 11։3

ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ինչպիսի՞ բաներ կրնան ազդել գլխաւորութեան մասին տղամարդու մը տեսակէտին։

ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ բառը ի՞նչ կը նշանակէ քեզի համար։ Կարգ մը տղամարդիկ թոյլ կու տան, որ աւանդութիւնները, մշակոյթը կամ ընտանեկան ենթահողը ազդեն թէ ինչպէ՛ս կը վարուին իրենց կնոջ եւ զաւակներուն հետ։ Տես թէ Եանիթա անունով քոյր մը, որ կ’ապրի Եւրոպայի մէջ, ի՛նչ կ’ըսէ. «Հոն, ուր ես կ’ապրիմ, արմատացած մտածելակերպ կայ, որ կինը տղամարդէն ցած է եւ պէտք է ծառայի մը պէս նկատուի»։ Միացեալ Նահանգներէն եղող Լուք անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Կարգ մը հայրեր իրենց տղաներուն կը սորվեցնեն, որ կնոջ կարծիքը կարեւոր չէ»։ Սակայն Եհովան չ’ուզեր, որ տղամարդիկ իրենց կիներուն հետ այդպէս վարուին (համեմատէ՛ Մարկոս 7։13)։ Ուրեմն տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ սորվիլ ընտանիքի լաւ գլուխ ըլլալ։

2. Ընտանիքի գլուխը ի՞նչ պէտք է գիտնայ, եւ ինչո՞ւ։

2 Ընտանիքի լաւ գլուխ ըլլալու համար, տղամարդը պէտք է նա՛խ հասկնայ, թէ Եհովան իրմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ Նաեւ պէտք է գիտնայ թէ Եհովան ինչո՛ւ հաստատած է գլխաւորութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել։ Տղամարդը ինչո՞ւ պէտք է այս ամէնը գիտնայ։ Քանի որ Եհովան ընտանիքի գլուխին հեղինակութիւն տուած է եւ կ’ակնկալէ որ ատիկա լաւ կերպով գործածէ (Ղուկ. 12։48բ

ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է

3. Ա. Կորնթացիս 11։3–էն ի՞նչ կը սորվինք գլխաւորութեան մասին։

3 Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 11։3։ Այս համարը կը նկարագրէ այն կերպը, որով Եհովան իր տիեզերական ընտանիքը կազմակերպած է։ Գլխաւորութիւնը կը պարփակէ երկու հիմնական բաներ՝ հեղինակութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Եհովան «գլուխ»ն է, այսինքն՝ գերագոյն հեղինակութիւն ունեցողը, եւ իր բոլոր զաւակները՝ թէ՛ հրեշտակներ եւ թէ մարդիկ, պատասխանատու են իր առջեւ (Հռով. 14։12. Եփ. 3։14, 15)։ Ան Յիսուսին հեղինակութիւն տուած է ժողովքին վրայ, բայց Յիսուս պատասխանատու է իրեն, թէ ինչպէ՛ս կը վարուի մեզի հետ (Ա. Կոր. 15։27)։ Եհովան նաեւ ամուսինին հեղինակութիւն տուած է կնոջ եւ զաւակներուն վրայ, բայց ամուսինը անոնց հետ իր վարուած կերպին համար պատասխանատու է թէ՛ Եհովային եւ թէ Յիսուսին առջեւ (Ա. Պետ. 3։7

4. Եհովան եւ Յիսուսը ի՞նչ հեղինակութիւն ունին։

4 Որպէս իր տիեզերական ընտանիքին Գլուխը, Եհովան հեղինակութիւնը ունի կանոններ դնելու, թէ իր զաւակները ինչպէ՛ս պէտք է վարուին, եւ իրաւունք ունի սրբագրելու անոնք, որոնք այդ կանոններուն չեն հետեւիր (Եսա. 33։22)։ Իսկ Յիսուս, որպէս քրիստոնէական ժողովքին գլուխը, նաեւ իրաւունք ունի կանոններ դնելու եւ անոնց չհետեւողները սրբագրելու (Գաղ. 6։2. Կող. 1։18-20

5. Ընտանիքի գլուխը ի՞նչ հեղինակութիւն ունի, եւ ատիկա ինչպէ՞ս սահմանափակ է։

5 Եհովային եւ Յիսուսին պէս, ընտանիքի գլուխը հեղինակութիւնը ունի իր ընտանիքին վերաբերեալ որոշումներ առնելու (Հռով. 7։2. Եփ. 6։4)։ Սակայն անոր հեղինակութիւնը սահմանափակ է։ Օրինակ, անոր դրած կանոնները պէտք է Աստուածաշունչին սկզբունքներուն համաձայն ըլլան (Առ. 3։5, 6)։ Եւ ան չի կրնար կանոններ դնել անոնց վերաբերեալ, որոնք իր ընտանիքին անդամները չեն (Հռով. 14։4)։ Նաեւ, երբ իր տղաները եւ աղջիկները կը մեծնան ու տունը կը ձգեն, կը շարունակեն զինք յարգել, բայց այլեւս իր գլխաւորութեան ներքեւ չեն (Մատ. 19։5

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԱԾ Է

6. Եհովան ինչո՞ւ գլխաւորութիւն հաստատած է։

6 Եհովան գլխաւորութիւն հաստատած է՝ իր ընտանիքին հանդէպ սէրէ մղուած։ Ատիկա իրմէ նուէր է։ Գլխաւորութիւնը թոյլ կու տայ, որ Եհովայի ընտանիքը գործէ խաղաղութեամբ ու կարգուկանոնով (Ա. Կոր. 14։33, 40)։ Եթէ յստակ չըլլար, թէ որո՛ւն հեղինակութիւն տրուած է, անոր ընտանիքը կազմակերպուած եւ ուրախ պիտի չըլլար։ Օրինակ, մէկը պիտի չգիտնար թէ ո՛վ պիտի առնէր վերջնական որոշումները եւ թէ ո՛վ պիտի կատարէր զանոնք։

7. Եփեսացիս 5։25, 28–ին համաձայն, Եհովան կ’ուզէ՞ որ տղամարդը տիրապետէ իր կնոջ վրայ։

7 Եթէ գլխաւորութեան կարգադրութիւնը այդքա՛ն լաւ բան մըն է, ինչո՞ւ շատ կիներ կը տառապին իրենց ամուսիններուն ձեռքով։ Պատճառը այն է, որ շատ մը տղամարդիկ ընտանիքին նկատմամբ Եհովային դրած չափանիշները կ’անտեսեն եւ կը հետեւին տեղական սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն։ Անոնք թերեւս իրենց կիներուն հետ գէշ կերպով կը վարուին, որպէսզի իրենք լաւ զգան։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ ամուսին մը իր կնոջ վրայ տիրապետէ, որպէսզի իր ինքնայարգանքը աւելցնէ կամ ուրիշներուն փաստէ թէ «էրիկմա՛րդ» է։ Թերեւս մտածէ, թէ չի կրնար իր կինը ստիպել որ զինք սիրէ, բայց կրնայ այնպէս մը վարուիլ որ իրմէ վախնայ, եւ վախը գործածել որպէս միջոց անոր վրայ իշխելու *։ Այդպիսի մտածելակերպ ու վարք յստակօրէն կիները կը զրկեն այն պատիւէն ու յարգանքէն, որոնց արժանի են, եւ ուղղակիօրէն Եհովայի ուզածին հակառակն են (կարդա՛ Եփեսացիս 5։25, 28

ՏՂԱՄԱՐԴ ՄԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՍՈՐՎԻԼ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԼԱՒ ԳԼՈՒԽ ԸԼԼԱԼ

8. Տղամարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ սորվիլ ընտանիքի լաւ գլուխ ըլլալ։

8 Տղամարդ մը կրնայ սորվիլ ընտանիքի լաւ գլուխ ըլլալ, ընդօրինակելով այն կերպը, որով Եհովան եւ Յիսուսը իրենց հեղինակութիւնը կը գործածեն։ Նկատի առ երկու յատկութիւններ, որոնք Եհովան եւ Յիսուսը ցոյց կու տան, եւ նկատէ թէ ընտանիքի գլուխը ինչպէ՛ս կրնայ այդ յատկութիւնները դրսեւորել, երբ իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ կը վարուի։

9. Եհովան ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցոյց կու տայ։

9 Խոնարհութիւն։ Եհովան ամէնէն իմաստուն Անձն է. բայց եւ այնպէս, իր ծառաներուն կարծիքին ականջ կու տայ (Ծն. 18։23, 24, 32)։ Ան թոյլ տուած է, որ իր հեղինակութեան տակ գտնուողները առաջարկներ տան (Գ. Թագ. 22։19-22)։ Ան կատարեալ է, բայց ներկայիս մեզմէ կատարելութիւն չ’ակնկալեր։ Փոխարէնը, իրեն ծառայող անկատար մարդոց կ’օգնէ որ յաջողին (Սաղ. 113։6, 7)։ Աստուածաշունչը նոյնիսկ զինք կը նկարագրէ որպէս «օգնական» (Սաղ. 27։9. Եբ. 13։6)։ Դաւիթ թագաւոր ընդունեց, որ իրեն տրուած մեծ գործը կրցաւ ընել, միայն Եհովայի «խոնարհութեան» շնորհիւ (Բ. Թագ. 22։36, ՆԱ

10. Յիսուս ինչպէ՞ս խոնարհութիւն ցոյց տուաւ։

10 Նկատի առ Յիսուսին օրինակը։ Իր աշակերտներուն Տէրն ու Ուսուցիչը ըլլալով հանդերձ, իրենց ոտքերը լուաց։ Պատճառներէն մէկը ի՞նչ է, որ Եհովան այս դէպքը գրել տուաւ Աստուածաշունչին մէջ։ Անկասկած, որպէսզի բոլորը, մէջը ըլլալով ընտանիքի գլուխը, հետեւելու օրինակ ունենան։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք» (Յովհ. 13։12-17)։ Թէեւ ան մեծ հեղինակութիւն ունէր, բայց չակնկալեց որ իրեն ծառայեն։ Փոխարէնը, ինք ծառայեց ուրիշներուն (Մատ. 20։28

Ընտանիքին գլուխը կրնայ խոնարհ ըլլալ եւ սէր ցոյց տալ, տնային գործեր ընելով եւ իր ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը հոգալով (տե՛ս պարբ. 11, 13)

11. Ընտանիքի գլուխը խոնարհութեան մասին ի՞նչ կրնայ սորվիլ Եհովայէն եւ Յիսուսէն։

11 Դասեր մեզի համար։ Ընտանիքի գլուխը շատ մը կերպերով կրնայ խոնարհութիւն ցոյց տալ։ Օրինակ, իր կնոջմէն ու զաւակներէն կատարելութիւն չ’ակնկալեր։ Ան ընտանիքի անդամներուն կարծիքին ականջ կու տայ, նոյնիսկ եթէ տարբեր կարծիքներ ունին։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապրող Մարլի կ’ըսէ. «Ես եւ ամուսինս ատեններ տարբեր կարծիք կ’ունենանք։ Բայց կը զգամ որ կ’արժեւորէ եւ կը յարգէ զիս, քանի որ կարծիքս կը խնդրէ եւ ատոր մասին կը մտածէ, որոշում առնելէն առաջ»։ Առաւել, խոնարհ ամուսինը պատրաստ է տնային գործեր ընելու, նոյնիսկ եթէ իր շրջանակին մէջ ատոնք կնոջ գործ կը սեպուին։ Այդ մէկը կրնայ դժուար ըլլալ։ Ինչո՞ւ։ Ռէյչըլ անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Ծննդավայրիս մէջ, եթէ ամուսին մը իր կնոջ օգնէ որ պնակները լուայ կամ տունը մաքրէ, դրացիները եւ ազգականները պիտի մտածեն, որ ‘իսկական էրիկմարդ’ չէ, եւ իր կնոջ վրայ իր խօսքը չի քալեր»։ Եթէ ապրած շրջանիդ մէջ այդ կեցուածքը սովորական է, յիշէ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, թէեւ ատիկա ստրուկի մը գործը կը նկատուէր։ Ընտանիքի լաւ գլուխ մը հետաքրքրուած է ոչ թէ այն բանով, որ ինք լաւ երեւնայ, հապա՝ որ իր կինն ու զաւակները լաւ զգան։ Խոնարհութենէն զատ, ընտանիքի լաւ գլուխ մը ո՞ր յատկութեան պէտք ունի։

12. Սէրը կը մղէ Եհովան եւ Յիսուսը որ ի՞նչ ընեն։

12 Սէր։ Եհովան ամէն բան սէրէ մղուած կ’ընէ (Ա. Յովհ. 4։7, 8)։ Ան սիրայօժար կերպով մեր հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ Աստուածաշունչին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ։ Մեր զգացական պէտքերը կը գոհացնէ, վստահեցնելով որ մեզ կը սիրէ։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր նիւթական պէտքերուն նկատմամբ։ Եհովան «ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու» (Ա. Տիմ. 6։17)։ Երբ կը սխալինք, մեզ կը սրբագրէ, բայց չի դադրիր մեզ սիրելէ։ Եւ սէրէ մղուած՝ Եհովան փրկանքի կարգադրութիւնը ըրաւ մեզի համար։ Իսկ Յիսուս մեզ այնքա՜ն կը սիրէ, որ իր կեանքը տուաւ մեզի համար (Յովհ. 3։16. 15։13)։ Բա՛ն մը չի կրնար արգիլել, որ Եհովան եւ Յիսուսը սիրեն իրենց հաւատարիմ եղողները (Յովհ. 13։1. Հռով. 8։35, 38, 39

13. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ընտանիքի գլուխը սիրէ իր ընտանիքը (տե՛ս նաեւ « Նոր ամուսնացած տղամարդը ինչպէ՞ս կրնայ իր կնոջ յարգանքը շահիլ» շրջանակը)։

13 Դասեր մեզի համար։ Ամէն ինչ որ ընտանիքի գլուխը կ’ընէ, սէրէ մղուած պէտք է ընէ։ Ասիկա ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ Յովհաննէս առաքեալ կը պատասխանէ. «Ան որ իր եղբայրը [կամ ընտանիքը] չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։11, 20)։ Ուրեմն, տղամարդ մը, որ իր ընտանիքը կը սիրէ եւ կ’ուզէ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել, պէտք է հոգայ իր ընտանիքին հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական պէտքերը (Ա. Տիմ. 5։8)։ Ան իր պզտիկները պէտք է մարզէ եւ կրթէ։ Եւ ան շարունակ պէտք է սորվի այնպիսի որոշումներ առնել, որոնք Եհովան կը պատուեն եւ իր ընտանիքին օգտին համար են։ Քննարկենք այդ պահանջները եւ տեսնենք թէ ընտանիքի գլուխը ինչպէ՛ս կրնայ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել։

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԳԼՈՒԽԸ Ի՞ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԷ

14. Ընտանիքին գլուխը ինչպէ՞ս իր ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը կը հոգայ։

14 Ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը հոգալ։ Իր Հայրը ընդօրինակելով, Յիսուս կ’ուզէր իր հոգատարութեան տակ եղողները հոգեւորապէս լաւ կերակրել (Մատ. 5։3, 6. Մար. 6։34)։ Նմանապէս, ընտանիքին գլուխին համար ամէնէն կարեւոր բանը պէտք է ըլլայ՝ իր ընտանիքին հոգեւոր պէտքերը հոգալ (Բ. Օր. 6։6-9)։ Ասիկա կ’ընէ, երբ վստահ կ’ըլլայ որ ինք եւ իր ընտանիքը Աստուածաշունչը կը կարդան ու կը սերտեն, ժողովներու ներկայ կ’ըլլան, բարի լուրը կը քարոզեն եւ Եհովայի բարեկամը կը դառնան ու կը պահպանեն այդ բարեկամութիւնը։

15. Ի՞նչ է կերպերէն մէկը, որով ընտանիքի գլուխը կրնայ ընտանիքին զգացական պէտքերը հոգալ։

15 Ընտանիքին զգացական պէտքերը հոգալ։ Եհովան բացէ ի բաց արտայայտեց Յիսուսին հանդէպ իր ջերմ զգացումները (Մատ. 3։17)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն հանդէպ իր սէրը ազատօրէն ցոյց տուաւ ոչ միայն գործերով, այլեւ խօսքերով։ Անոնք ալ իրենց կարգին իրեն հանդէպ սէր արտայայտեցին (Յովհ. 15։9, 12, 13. 21։16)։ Ընտանիքի գլուխը իր կնոջ ու զաւակներուն հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ գործերով, օրինակ՝ իրենց հետ Աստուածաշունչը սերտելով։ Ան նաեւ պէտք է իրենց ըսէ, որ կը սիրէ ու կը գնահատէ զիրենք, եւ երբ տեղին է՝ ուրիշներուն ներկայութեան զիրենք գովէ (Առ. 31։28, 29

Եհովան հաճեցնելու համար, ընտանիքի գլուխը պէտք է իր ընտանիքին նիւթական պէտքերը հոգայ (տե՛ս պարբ. 16)

16. Ընտանիքի գլուխը ուրիշ ի՞նչ պէտք է ընէ, եւ ինչպէ՞ս կրնայ հաւասարակշռութիւն պահել։

16 Ընտանիքին նիւթական պէտքերը հոգալ։ Եհովան իսրայէլացիներուն հիմնական պէտքերը հոգաց, նոյնիսկ երբ իրենց անհնազանդութեան պատիժը կը կրէին (Բ. Օր. 2։7. 29։5)։ Ան նաեւ մե՛ր հիմնական պէտքերը կը հոգայ (Մատ. 6։31-33. 7։11)։ Նոյնպէս Յիսուս իր հետեւորդները կերակրեց (Մատ. 14։17-20)։ Ան նաեւ անոնց ֆիզիքական առողջութեան հոգ տարաւ (Մատ. 4։24)։ Եհովան հաճեցնելու համար, ընտանիքի գլուխը պէտք է իր ընտանիքին նիւթական պէտքերը հոգայ։ Սակայն հարկ կայ որ հաւասարակշռուած ըլլայ։ Ան պէտք չէ աշխարհիկ գործին այնքա՛ն ժամանակ տայ, որ բաւարար կերպով չկարենայ հոգալ ընտանիքին հոգեւոր եւ զգացական պէտքերը։

17. Եհովան եւ Յիսուսը մեզ մարզելու եւ կրթելու իրենց կերպով ինչպիսի՞ օրինակ կը ձգեն։

17 Մարզել։ Եհովան մեզ կը մարզէ եւ կը կրթէ մեր օգտին համար (Եբ. 12։7-9)։ Յիսուս ալ, իր Հօր պէս, իր հեղինակութեան տակ եղողները սիրալիր կերպով կը մարզէ (Յովհ. 15։14, 15)։ Ան զօրաւոր խրատներ կու տայ, բայց նաեւ ազնիւ է (Մատ. 20։24-28)։ Ան կ’ըմբռնէ որ անկատար ենք եւ սխալելու հակումը ունինք (Մատ. 26։41

18. Ընտանիքի լաւ գլուխ մը ի՞նչ բան իր միտքը կը պահէ։

18 Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակող ընտանիքի գլուխը չի մոռնար, որ իր ընտանիքի անդամները անկատար են։ Ան իր կնոջ կամ զաւակներուն հանդէպ ‘դառն չ’ըլլար’, խիստ բարկանալով (Կող. 3։19)։ Փոխարէնը, ան Գաղատացիս 6։1–ի սկզբունքը կը գործադրէ եւ կը ջանայ զանոնք «հեզութեան հոգիով» սրբագրել, յիշելով որ ինքն ալ անկատար է։ Յիսուսին պէս, կը գիտակցի որ սորվեցնելու լաւագոյն կերպն է՝ օրինակ հանդիսանալ (Ա. Պետ. 2։21

19-20. Որոշումներ առնելու նկատմամբ, ընտանիքի գլուխը ինչպէ՞ս կրնայ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել։

19 Անշահախնդիր որոշումներ առնել։ Եհովայի առած որոշումները ուրիշներուն օգտին համար կ’ըլլան։ Օրինակ, ան որոշեց կեանքը ստեղծել, ոչ թէ իր օգտին համար, հապա քանի որ ուզեց որ մենք վայելենք ապրելու հաճոյքը։ Մէկը չէր կրնար զինք ստիպել, որ իր Որդին տայ մեր մեղքերը ծածկելու համար։ Ան յօժարաբար որոշեց այդ զոհողութիւնը ընել, որպէսզի մենք օգտուինք։ Յիսուս ալ այնպիսի որոշումներ առաւ, որոնք գլխաւորաբար ուրիշներուն օգտին համար էին (Հռով. 15։3)։ Օրինակ, ան որոշեց հանգիստ ընելու իր պէտքէն վազ անցնիլ, որպէսզի ամբոխի մը սորվեցնէ (Մար. 6։31-34

20 Ընտանիքի լաւ գլուխ մը գիտէ որ ամենադժուար բաներէն մէկը, որ պէտք է ընէ, իր ընտանիքին համար իմաստուն որոշումներ առնելն է, եւ ինք այդ պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնէ։ Ան կը ջանայ չմտածուած կամ զգացումներուն վրայ հիմնուած որոշումներ չառնել։ Փոխարէնը, Եհովային թոյլ կու տայ որ զինք մարզէ (Առ. 2։6, 7) *։ Այսպիսով, պիտի փնտռէ ուրիշներուն օգուտը, եւ ոչ թէ իր օգուտը (Փլպ. 2։4

21. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

21 Եհովան ընտանիքի գլուխին դժուար նշանակում մը տուած է, եւ կ’ակնկալէ որ ան այդ նշանակումը լաւ կերպով կատարէ։ Եթէ ամուսինը ջանայ Եհովան եւ Յիսուսը ընդօրինակել, ընտանիքի լաւ գլուխ պիտի ըլլայ։ Եւ եթէ կինը իր դերը կատարէ, ուրախ ամուսնութիւն պիտի վայելեն։ Յաջորդ յօդուածը պիտի պատասխանէ այս հարցումներուն. կինը ինչպէ՞ս պէտք է գլխաւորութիւնը նկատէ եւ ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ունենայ։

ԵՐԳ 108 Փա՛ռք տանք Եհովային, իր Թագաւորութեան համար

^ պարբ. 5 Երբ տղամարդ մը կ’ամուսնանայ, նոր ընտանիքի մը գլուխը կը դառնայ։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք՝ թէ գլխաւորութիւնը ի՛նչ է, Եհովան ինչո՛ւ զայն հաստատած է եւ տղամարդիկ ի՛նչ կրնան սորվիլ Եհովայի ու Յիսուսի օրինակէն։ Այս յօդուածաշարքին երկրորդ յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ամուսինն ու կինը ի՛նչ կրնան սորվիլ Յիսուսէն եւ աստուածաշնչական ուրիշ օրինակներէ։ Իսկ վերջին յօդուածը պիտի քննարկէ՝ գլխաւորութիւնը ժողովքին մէջ։

^ պարբ. 7 Ատեններ, ֆիլմեր, խնդալիք պատմութիւններ եւ հեռատեսիլի յայտագիրներ ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս ամուսին մը իր կնոջ հետ գէշ կերպով կը վարուի, նոյնիսկ ֆիզիքապէս զինք չարչարելով։ Ատոր համար, թերեւս կարգ մը մարդիկ մտածեն թէ սխալ չէ որ տղամարդ մը տիրապետէ իր կնոջ վրայ։

^ պարբ. 20 Լաւ որոշումներ առնելու մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս «Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 ապրիլ 2011 թիւին մէջ, էջ 15-19։