ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 6
‘Կնոջ գլուխը այր մարդն է’
‘Կնոջ գլուխը այր մարդն է’ (Ա. ԿՈՐ. 11։3)։
ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Երբ քոյր մը կը մտածէ որուն հետ ամուսնանալ, ի՞նչ կարգ մը հարցումներ պէտք է ինքն իրեն հարցնէ։
ԲՈԼՈՐ քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսի կատարեալ գլխաւորութեան տակ են։ Սակայն, երբ քրիստոնեայ կին մը կ’ամուսնանայ, անկատար տղամարդու մը գլխաւորութեան տակ կու գայ։ Ատիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Ուստի, երբ կը մտածէ որոշ եղբօր հետ ամուսնանալ, լաւ կ’ըլլայ որ ինքն իրեն հարցնէ. ‘Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, որ այս եղբայրը ընտանիքի լաւ գլուխ պիտի ըլլայ։ Հոգեւոր գործունէութիւնները իր կեանքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւե՞ն։ Եթէ ո՛չ, ինչո՞ւ կը կարծեմ որ երբ ամուսնանանք, մեր ընտանիքին պիտի օգնէ որ Եհովային մօտիկ մնայ’։ Անշուշտ, քոյրը նաեւ ինքն իրեն պէտք է հարցնէ. ‘Ի՞նչ յատկութիւններ ունիմ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ամուսնութեան մէջ։ Համբերող եւ առատաձե՞ռն եմ։ Եհովային հետ զօրաւոր փոխյարաբերութիւն ունի՞մ’ (Ժող. 4։9, 12)։ Եթէ կին մը ամուսնանալէ առաջ լաւ որոշումներ առնէ, ասիկա կրնայ օգնել որ ուրախ եւ յաջող ամուսնութիւն մը ունենայ։
2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
2 Միլիոնաւոր քրիստոնեայ քոյրեր իրենց ամուսիններուն ենթարկուելու մէջ հոյակապ օրինակ են։ Անոնք գովասանքի արժանի են։ Մենք շա՜տ ուրախ ենք, որ Եհովային կը ծառայենք այս հաւատարիմ կիներուն հետ։ Այս յօդուածին մէջ, երեք հարցումներու պատասխանները պիտի առնենք. 1) Կիները ի՞նչ կարգ մը դժուարութիւններ կ’ունենան։ 2) Կին մը ինչո՞ւ կ’ընտրէ իր ամուսինին ենթարկուիլ։ 3) Քրիստոնեայ ամուսիններ ու կիներ ենթարկուելու մասին ի՞նչ կրնան սորվիլ Յիսուսէն, Աբիգիայէն եւ Մարիամէն,– Յովսէփի կինն ու Յիսուսի մայրը։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿԻՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ’ՈՒՆԵՆԱՆ
3. Ինչո՞ւ կատարեալ ամուսնութիւն ըսուած բան մը չկայ։
3 Ամուսնութիւնը Աստուծոյ կողմէ կատարեալ նուէր է, բայց մարդ արարա՛ծը անկատար է (Ա. Յովհ. 1։8)։ Անոր համար, Աստուածաշունչը ամուսնացած զոյգերը կը զգուշացնէ, որ «մարմնի նեղութիւն» պիտի ունենան, այսինքն խնդիրներ պիտի դիմագրաւեն (Ա. Կոր. 7։28)։ Նկատի առ միայն քանի մը դժուարութիւններ, որոնք կինը կրնայ ունենալ։
4. Կին մը ինչո՞ւ թերեւս մտածէ, որ իր ամուսինին ենթարկուիլը զինք կը նուաստացնէ։
4 Կին մը իր ենթահողին պատճառով թերեւս մտածէ, որ իր ամուսինին ենթարկուիլը նուաստացուցիչ է։ Մէրիսոլ, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Ուր որ մեծցայ, կիներուն միշտ կ’ըսուէր, որ պէտք է տղամարդոց հաւասար ըլլան ամէն բանի մէջ։ Գիտեմ, որ Եհովան գլխաւորութեան կարգադրութիւնը ըրած է եւ կիներուն խոնարհ բայց յարգարժան դեր մը տուած է։ Ասով հանդերձ, դժուար է միշտ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ գլխաւորութեան նկատմամբ»։
5. Ոմանք կիներու դերին մասին ի՞նչ սխալ գաղափարներ ունին։
5 Միւս կողմէ, կին մը թերեւս ամուսնանայ տղամարդու մը հետ, որ կը մտածէ թէ կիները նուազ կարեւոր են քան տղամարդիկը։ Իվոն անունով քոյր մը, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Մեր շրջանին մէջ, նա՛խ տղամարդիկը կ’ուտեն, ետքը կիները։ Պզտիկ աղջիկները պէտք է ճաշը եփեն, մաքրութիւն ընեն, եւ իրենց մօր հետ տղաներուն սպասաւորութիւն ընեն։ Տղաներուն կ’ըսուի, որ իրենք ‘տունին թագաւորն են’»։ Եինկլինկ անունով քոյր մը, որ Ասիոյ մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Մեր լեզուին մէջ խօսք մը ունինք, որ կ’ըսէ թէ պայման չէ որ կիները խելացի ըլլան կամ կարողութիւններ ունենան։ Անոնց դերն է՝ տան ամբողջ գործը ընել, բայց չեն կրնար իրենց կարծիքը արտայայտել իրենց ամուսիններուն»։ Ամուսին մը, որ այսպիսի անսիրալիր եւ անաստուածաշնչական կեցուածքներէ ազդուած է, իր կնոջ կեանքը կը դժուարացնէ, Յիսուսը չ’ընդօրինակեր եւ Եհովան չի հաճեցներ (Եփ. 5։28, 29. Ա. Պետ. 3։7)։
6. Կիները ի՞նչ պէտք է ընեն, որպէսզի Եհովային հետ իրենց անձնական փոխյարաբերութիւնը զօրացնեն։
6 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ, Եհովան քրիստոնեայ ամուսիններէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ընտանիքին հոգեւոր, զգացական եւ նիւթական պէտքերը հոգան (Ա. Տիմ. 5։8)։ Սակայն ամուսնացած քոյրերը պէտք է ամէն օր իրենց խճողուած յայտագրին մէջ ժամանակ գտնեն Աստուածաշունչը կարդալու ու անոր վրայ խոկալու եւ Եհովային սրտանց աղօթելու համար։ Ասիկա կրնայ դժուար ըլլալ։ Որովհետեւ կիները շատ զբաղած են, թերեւս զգան որ այդ բաները ընելու ժամանակ կամ ոյժ չունին, բայց կարեւոր է, որ ատոնց ժամանակ տան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան կ’ուզէ, որ իւրաքանչիւրս իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն զարգացնենք ու պահպանենք (Գործք 17։26, 27)։
7. Ի՞նչ բան պիտի դիւրացնէ, որ կինը իր նշանակումը կատարէ։
7 Հասկնալի է, որ թերեւս պէտք ըլլայ որ կինը շատ ջանք թափէ իր անկատար ամուսինին ենթարկուելու համար։ Սակայն, իրեն համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Եհովայի կողմէ իրեն տրուած նշանակումը կատարել, եթէ հասկնայ եւ ընդունի աստուածաշնչական պատճառները, թէ ինչո՛ւ պէտք է ենթարկուող ըլլայ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԻՆԸ Կ’ԸՆՏՐԷ ԻՐ ԱՄՈՒՍԻՆԻՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻԼ
8. Ինչպէս որ Եփեսացիս 5։22-24–ը ցոյց կու տայ, քրիստոնեայ կինը ինչո՞ւ կ’ընտրէ իր ամուսինին ենթարկուիլ։
8 Քրիստոնեայ կինը կ’ընտրէ իր ամուսինին ենթարկուիլ, քանի որ Եհովան ատիկա կը պահանջէ իրմէ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։22-24)։ Ան իր երկնաւոր Հօր կը վստահի, գիտնալով որ զինք շատ կը սիրէ, եւ իրմէ պիտի չխնդրէ ընել բան մը, որ իրեն համար լաւ չէ (Բ. Օր. 6։24. Ա. Յովհ. 5։3)։
9. Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ, երբ քրիստոնեայ քոյրը իր ամուսինին հեղինակութիւնը կը յարգէ։
9 Աշխարհը կը քաջալերէ որ կիները Եհովայի չափանիշները անտեսեն եւ ենթարկուիլը նուաստացուցիչ նկատեն։ Անշուշտ, այսպիսի գաղափարներ յառաջ մղողները մեր սիրառատ Աստուածը չեն ճանչնար։ Եհովան իր թանկագին աղջիկներուն բնա՛ւ պիտի չտար պատուէր մը, որ զիրենք կը նուաստացնէ։ Քոյր մը, որ շատ ջանք կը թափէ, որպէսզի Եհովայի կողմէ իրեն նշանակուած դերը կատարէ, իր տան խաղաղութիւնը կ’աւելցնէ (Սաղ. 119։165)։ Թէ՛ իր ամուսինը, թէ ինք եւ թէ իր զաւակները կ’օգտուին։
10. Քարոլի խօսքերէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։
10 Այն կինը, որ իր անկատար ամուսինին կը հպատակի, ցոյց կու տայ որ կը սիրէ ու կը յարգէ Եհովան՝ գլխաւորութիւնը հաստատողը։ Քարոլ, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Գիտեմ որ ամուսինս սխալներ պիտի ընէ։ Նաեւ գիտեմ, որ այդ սխալներուն հակազդելու կերպս ցոյց կու տայ, թէ Եհովային հետ բարեկամութիւնս որքա՛ն կ’արժեւորեմ։ Ուստի կը ջանամ շարունակ հպատակիլ, քանի որ կ’ուզեմ երկնաւոր Հայրս հաճեցնել»։
11. Ի՞նչը Էնիսին կ’օգնէ որ ներող ըլլայ, եւ իր խօսքերէն ի՞նչ կը քաղենք։
11 Կրնայ դժուար ըլլալ, որ կինը իր ամուսինը յարգէ եւ անոր ենթարկուի, եթէ կը զգայ որ իր զգացումները եւ մտահոգութիւնները հաշուի չ’առներ։ Բայց տես թէ Էնիս անունով ամուսնացած քոյր մը ինչպէ՛ս կը հակազդէ, երբ ատիկա իրեն պատահի։ Ան կ’ըսէ. «Կը ջանամ չբարկանալ։ Կը յիշեմ, որ բոլորս սխալներ կ’ընենք։ Նպատակս է՝ Եհովային պէս առատօրէն ներել։ Երբ կը ներեմ, ետ մտքի խաղաղութիւն կ’ունենամ» (Սաղ. 86։5)։ Երբ կինը ներող կ’ըլլայ, իր ամուսինին ենթարկուիլը յաճախ աւելի դիւրին կ’ըլլայ։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԷ
12. Աստուածաշունչին մէջ ի՞նչ օրինակներ կան։
12 Ոմանց կարծիքով, ենթարկուող անհատը տկար է։ Այդ տեսակէտը բնա՛ւ ճիշդ չէ։ Աստուածաշունչին մէջ կան շատ մը օրինակներ ենթարկուող անհատներու, որոնք զօրաւոր անձնաւորութիւն
ունէին։ Նկատի առ, թէ ի՛նչ կրնանք սորվիլ Յիսուսէն, Աբիգիայէն եւ Մարիամէն։13. Յիսուս ինչո՞ւ Եհովային կ’ենթարկուի. բացատրէ։
13 Յիսուս Եհովային կ’ենթարկուի, բայց անշուշտ ոչ թէ քանի որ բաւարար չափով խելացի կամ հմուտ չէ։ Միայն շատ խելացի մէկը կրնար այսքան պարզ եւ յստակ կերպով սորվեցնել, ինչպէս Յիսուս սորվեցուց (Յովհ. 7։45, 46)։ Եհովան այնքա՛ն յարգեց Յիսուսի կարողութիւնը, որ թոյլ տուաւ որ իրեն հետ աշխատի, երբ տիեզերքը ստեղծեց (Առ. 8։30. Եբ. 1։2-4)։ Եւ Յիսուս յարութիւն առնելէն ի վեր, Եհովան իրեն ‘ամէն իշխանութիւն տուած է երկնքի մէջ ու երկրի վրայ’ (Մատ. 28։18)։ Թէեւ Յիսուս տաղանդաւոր է, բայց առաջնորդութեան համար Եհովային կը դիմէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իր Հայրը կը սիրէ (Յովհ. 14։31)։
14. Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ ա) կիներու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտէն, եւ բ) Առակաց 31–ին մէջ արձանագրուած խօսքերէն։
14 Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Եհովան կինը իր ամուսինին ենթակայ ըրաւ, բայց կիները տղամարդոցմէն նուազ արժէքաւոր չի նկատեր։ Ան ատիկա փաստած է, որպէս Յիսուսի իշխանակիցներ ընտրելով թէ՛ կիներ եւ թէ տղամարդիկ (Գաղ. 3։26-29)։ Եհովան իր Որդիին իշխանութիւն տալով, ցոյց տուած է որ իրեն կը վստահի։ Նոյնպէս, իմաստուն ամուսինը իր կնոջ որոշ չափով հեղինակութիւն պիտի վստահի։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ, թէ առաքինի կին մը ի՛նչ բաներ կրնայ ընել։ Օրինակ, կրնայ տան գործերը վերահսկել, կալուած գնել ու ծախել եւ առեւտուր ընել (կարդա՛ Առակաց 31։15, 16, 18)։ Ան ստրուկ մը չէ, որ իր կարծիքը տալու իրաւունք չունի։ Փոխարէնը, իր ամուսինը իրեն կը վստահի եւ իր գաղափարներուն ականջ կու տայ (կարդա՛ Առակաց 31։11, 26, 27)։ Երբ տղամարդ մը իր կինը այդպէս կը յարգէ, կնոջ համար հաճելի պիտի ըլլայ իրեն ենթարկուիլ։
15. Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Յիսուսի օրինակէն։
15 Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Թէեւ Յիսուս շատ մեծ բաներ իրագործած է, բայց չի զգար որ Եհովայի գլխաւորութեան ենթարկուելով իր արժէքէն կ’իյնայ (Ա. Կոր. 15։28. Փլպ. 2։5, 6)։ Նոյնպէս առաքինի կին մը, որ Յիսուսի օրինակին կը հետեւի, չի զգար որ իր ամուսինին ենթարկուելով իր արժէքէն կ’իյնայ։ Ան իր ամուսինին թիկունք պիտի կանգնի, ոչ միայն քանի որ զինք կը սիրէ, հապա գլխաւորաբար քանի որ Եհովան կը սիրէ ու կը յարգէ։
16. Ա. Թագաւորաց 25։3, 23-28–ի համաձայն, Աբիգիան ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցաւ (տե՛ս կողքին նկարը)։
16 Աբիգիան ամուսնացած էր Նաբաղ անունով տղամարդու մը հետ։ Ան անձնասէր, հպարտ եւ անշնորհակալ մարդ մըն էր։ Բայց Աբիգիան ամուսնութենէն ձերբազատուելու դիւրին կերպին չդիմեց։ Ան կրնար լուռ մնալ եւ թոյլ տալ, որ Դաւիթ եւ անոր տղամարդիկը իր ամուսինը սպաննեն։ Փոխարէնը, ան գործնական քայլեր առաւ, որպէսզի Նաբաղը եւ բոլոր տնեցիները պաշտպանէ։ Երեւակայէ, թէ Աբիգիան որքա՜ն քաջ պէտք էր ըլլար, որ 400 զինուած տղամարդոց մօտենար, եւ Դաւիթին հետ յարգալից կերպով խնդիրը քննարկէր։ Ան նոյնիսկ պատրաստ էր ներողութիւն խնդրելու իր ամուսինին ըրածներուն համար (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 25։3, 23-28)։ Դաւիթ անդրադարձաւ, որ Եհովան այս զօրաւոր կինը գործածեց իրեն պէտք եղած խրատը տալու, որպէսզի մեծ սխալ մը չգործէ։
17. Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ Դաւիթի եւ Աբիգիայի պատմութենէն։
17 Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Աբիգիան խորագէտ կին մըն էր։ Դաւիթ իմաստուն գտնուելով անոր խրատին ականջ տուաւ։ Արդի՞ւնքը։ Ան չբռնեց այն ընթացքը, որ զինք արիւնապարտ պիտի դարձնէր։ Նոյնպէս, իմաստուն ամուսինը կարեւոր որոշումներ առնելու ատեն, ուշադրութեամբ նկատի կ’առնէ իր կնոջ տեսակէտը։ Թերեւս կնոջ տեսակէտը
ամուսինին օգնէ, որ անմիտ որոշում մը չառնէ։18. Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Աբիգիայի օրինակէն։
18 Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Եհովան սիրող ու յարգող կինը լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ իր ընտանիքին վրայ, նոյնիսկ եթէ իր ամուսինը Եհովայի վկայ չէ, կամ եթէ Վկայ է, հոգեւորապէս տկար է։ Ան անաստուածաշնչական կերպով մը իր ամուսնութենէն ձերբազատուելու չի նայիր։ Փոխարէնը, յարգալից եւ ենթարկուող ըլլալով, պիտի ջանայ իր ամուսինը մղել, որ Եհովայի մասին սորվի (Ա. Պետ. 3։1, 2)։ Բայց նոյնիսկ եթէ ամուսինը իր լաւ օրինակին չընդառաջէ, Եհովան կ’արժեւորէ ենթարկուող կնոջ հաւատարմութիւնը Իրեն հանդէպ։
19. Կին մը ո՞ր պարագային իր ամուսինին կրնայ չհնազանդիլ։
19 Սակայն, իր ամուսինին ենթարկուող քրիստոնեայ կինը պիտի չընդունի, եթէ ան իրմէ խնդրէ որ աստուածաշնչական օրէնքներ կամ սկզբունքներ կտրէ։ Օրինակ, սեպենք թէ քրոջ մը ոչ–Վկայ ամուսինը իրեն կ’ըսէ որ սուտ խօսի, գողնայ կամ ուրիշ անաստուածաշնչական վարք մը ունենայ։ Բոլոր քրիստոնեաները, մէջը ըլլալով ամուսնացած քոյրերը, նա՛խ Եհովա Աստուծոյ պէտք է հնազանդին։ Եթէ քրոջմէ մը խնդրուի, որ աստուածաշնչական սկզբունքներ կտրէ, ան պէտք է մերժէ եւ պէտք է ազնուօրէն բայց վճռականօրէն բացատրէ, թէ ինչո՛ւ խնդրուածը չի կրնար ընել (Գործք 5։29)։
20. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Մարիամ Եհովայի հետ մտերիմ եւ անձնական փոխյարաբերութիւն ունէր։
20 Մարիամ Եհովային հետ մտերիմ եւ անձնական փոխյարաբերութիւն ունէր։ Յայտնի է որ Սուրբ Գրութիւնները շատ լաւ գիտէր։ Եղիսաբէթի՝ Յովհաննէս Մկրտիչի մօր հետ, խօսած ատեն, Մարիամ աւելի քան 20 անգամ մէջբերեց Եբրայերէն Գրութիւններէն (Ղուկ. 1։46-55)։ Եւ այս կէտը նկատի առ. թէեւ Մարիամ Յովսէփի նշանածն էր, բայց Եհովային հրեշտակը սկիզբը Յովսէփին չերեւցաւ։ Հրեշտակը նա՛խ ուղղակիօրէն Մարիամին խօսեցաւ, եւ իրեն ըսաւ որ Աստուծոյ Որդիին ծնունդ պիտի տար (Ղուկ. 1։26-33)։ Եհովան Մարիամը շատ լաւ կը ճանչնար, եւ վստահ էր, որ ան իր Որդին պիտի սիրէր եւ անոր հոգ պիտի տանէր։ Իսկ Յիսուս երկինք վերադառնալէ ետք, անկասկած Մարիամ շարունակեց Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ (Գործք 1։14)։
21. Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ Մարիամին մասին Աստուածաշունչին արձանագրութենէն։
Եփ. 6։4)։
21 Ամուսինները ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Իմաստուն ամուսինը կ’ուրախանայ, տեսնելով թէ իր կինը Աստուածաշունչը լաւ գիտէ։ Ան չի նեղանար եւ չի մտածեր, որ կինը կ’ուզէ ընտանիքին գլուխը ըլլալ։ Ան կը գիտակցի, թէ քոյր մը, որ Աստուածաշունչը եւ անոր մէջի սկզբունքները լաւ գիտէ, կրնայ իր ընտանիքին համար շատ արժէքաւոր ըլլալ։ Անշուշտ, նոյնիսկ եթէ կինը իր ամուսինէն աւելի գիտելիքներ ունի, ամուսինին պատասխանատուութիւնն է, որ ընտանեկան պաշտամունքին եւ աստուածպետական ուրիշ գործունէութիւններու մէջ առաջնորդութիւն առնէ (22. Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ Մարիամէն։
22 Կիները ի՞նչ կրնան սորվիլ։ Կինը պէտք է իր ամուսինին հպատակի, բայց տակաւին ի՛նք պատասխանատու է իր հոգեւոր առողջութեան համար (Գաղ. 6։5)։ Անոր համար, պէտք է ժամանակ տրամադրէ անձնական սերտողութեան եւ խոկալուն։ Ատիկա իրեն պիտի օգնէ, որ Եհովային հանդէպ իր սէրն ու յարգանքը պահպանէ եւ ուրախութեամբ իր ամուսինին ենթարկուի։
23. Ենթարկուող կիները ինչպէ՞ս օգտակար կ’ըլլան թէ՛ իրենց, թէ իրենց ընտանիքին եւ թէ ժողովքին։
23 Այն կիները, որոնք շարունակ իրենց ամուսիններուն կ’ենթարկուին՝ քանի որ Եհովան կը սիրեն, աւելի ուրախ եւ գոհունակ պիտի ըլլան, քան անոնք՝ որոնք Եհովայի հաստատած գլխաւորութեան կարգադրութիւնը կը մերժեն։ Անոնք լաւ օրինակ են երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն համար։ Եւ ջերմ մթնոլորտ կը ստեղծեն ոչ միայն ընտանիքին մէջ, հապա նաեւ ժողովքին մէջ (Տիտ. 2։3-5)։ Ներկայիս, Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն մեծ մասը կիներ են (Սաղ. 68։11, ՆԱ)։ Բոլորս, ըլլանք տղամարդ թէ կին, ժողովքին մէջ կարեւոր դեր մը ունինք։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս իւրաքանչիւրս կրնանք այդ դերը կատարել։
ԵՐԳ 36 «Զայն որ Աստուած միաւորեց»
^ պարբ. 5 Եհովան կարգադրած է, որ ամուսնացած կինը իր ամուսինին ենթարկուի։ Ատիկա ճիշդ ի՞նչ կը պարփակէ։ Քրիստոնեայ ամուսիններն ու կիները ենթարկուելու մասին շատ բան կրնան սորվիլ Յիսուսի եւ կարգ մը կիներու վերաբերեալ աստուածաշնչական արձանագրութիւններէն։
^ պարբ. 68 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Եղիսաբէթին՝ Յովհաննէս Մկրտիչին մօր հետ, խօսած ատեն, Մարիամ կրցաւ Եբրայերէն Գրութիւններէն հատուածներ գոց ըսել։
^ պարբ. 70 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քրիստոնեայ կին մը ժամանակ կը տրամադրէ Աստուածաշունչը սերտելու՝ իր հոգեւոր առողջութիւնը պահպանելու համար։