Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8

Տուած խրատդ սիրտը կ’ուրախացնէ՞

Տուած խրատդ սիրտը կ’ուրախացնէ՞

«Հոտաւէտ իւղն ու խունկը սիրտը կ’ուրախացնեն. նմանապէս բարեկամին քաղցրութիւնը՝ մտերիմ խորհուրդով» (ԱՌ. 27։9, ԱԾ

ԵՐԳ 42 ‘Տկարներուն օգնենք’

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Եղբայր մը ի՞նչ սորվեցաւ խրատ տալու մասին։

ՏԱՐԻՆԵՐ առաջ, երկու երէցներ քրոջ մը այցելեցին, որ երկար ատենէ ի վեր ժողովները կը փախցնէր։ Անոնցմէ մէկը քրոջ բացաւ քանի մը համարներ, որոնք ցոյց կու տային ժողովներուն ներկայ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Երէցը կարծեց որ այցելութիւնը լաւ ընթացաւ։ Բայց մինչ անոնք տունէն դուրս կ’ելլէին, քոյրը իրենց ըսաւ. «Եղբայրնե՛ր, դուք գաղափար մը չունիք թէ ես ինչերէ կ’անցնիմ»։ Երէցները խրատ տուած էին առանց քրոջ հարցնելու, թէ ի՛նչ խնդիրներ եւ պարագաներ ունէր։ Անոր համար, քոյրը չզգաց թէ իրենց տուած խրատները՝ իրեն համար օգտակար էին։

2 Այդ դէպքը յիշելով, խրատ տուող երէցը կ’ըսէ. «Այն ատեն մտածեցի, որ քոյրը մեզի հանդէպ յարգալից չէր։ Բայց ետքը, անդրադարձայ որ փոխանակ նա՛խ քրոջս մասին մտածելու, համարներու մասին մտածած էի։ Պէտք էր փորձէի գիտնալ, թէ ան ի՛նչ խնդիրներ ու պարագաներ ունէր, եւ թէ ի՛նչ կերպերով կրնայի իրեն օգնել»։ Երէցը արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ այս փորձառութենէն։ Ներկայիս, ան կարեկից ու հոգատար հովիւ մըն է։

3. Ժողովքին մէջ որո՞նք կրնան խրատ տալ։

 3 Ժողովքի երէցները որպէս հովիւներ պատասխանատուութիւնը ունին պէտք եղած ատեն խրատ տալու։ Բայց ատեններ, թերեւս պէտք ըլլայ որ ժողովքին մէջ ուրիշներ ալ խրատ տան։ Օրինակ, եղբայր մը կամ քոյր մը կրնայ սուրբգրային խրատ մը տալ բարեկամի մը (Սաղ. 141։5. Առ. 25։12)։ Կամ թերեւս պէտք ըլլայ, որ տարիքով աւելի մեծ քոյր մը երիտասարդ քրոջ մը խրատ տայ կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ Տիտոս 2։3-5–ի մէջ յիշուած հարցերը։ Եւ անշուշտ, ծնողները յաճախ պէտք է իրենց զաւակները խրատեն եւ կրթեն։ Հետեւաբար, թէեւ այս յօդուածը մանաւանդ ժողովքի երէցներուն ուղղուած է, բոլորս կրնանք օգտուիլ, տեսնելով թէ ի՛նչ կերպերով կրնանք տալ խրատ մը, որ գործնական է, քաջալերական է եւ «սիրտը կ’ուրախացնէ» (Առ. 27։9, ԱԾ

4. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

4 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք խրատ տալու մասին չորս հարցումներ. 1) Խրատ տալու ճիշդ մղումը ի՞նչ է։ 2) Խրատը իրապէս պէ՞տք է։ 3) Խրատը ո՞վ պէտք է տայ։ 4) Ինչպէ՞ս կրնաս օգտակար խրատ տալ։

ԽՐԱՏ ՏԱԼՈՒ ՃԻՇԴ ՄՂՈՒՄԸ Ի՞ՆՉ Է

5. Ինչո՞ւ անհատ մը աւելի դիւրութեամբ կ’ընդունի երէցի մը խրատը, երբ սէրէ մղուած տրուի (Ա. Կորնթացիս 13։4, 7

5 Երէցները եղբայրներն ու քոյրերը կը սիրեն։ Ատեններ այդ սէրը ցոյց կու տան խրատելով այն անհատը, որ սխալ ընելու վտանգի մէջ է (Գաղ. 6։1)։ Երէց մը լաւ կ’ընէ, եթէ նկատի առնէ կարգ մը բաներ, որոնք Պօղոս առաքեալ ըսաւ սիրոյ մասին. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. . . ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 13։4, 7)։ Այս համարներուն շուրջ մտածելը երէցին կրնայ օգնել վստահ ըլլալու, որ խրատը կու տայ սէրէ մղուած։ Եթէ խրատ ստացողը զգայ, որ երէցը իրմով անկեղծօրէն հետաքրքրուած է, աւելի հաւանական է որ խրատը ընդունի (Հռով. 12։10

6. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ լաւ օրինակ եղաւ։

6 Պօղոս առաքեալ լաւ օրինակ մըն էր որպէս երէց։ Օրինակի համար, երբ Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ եղբայրները խրատի պէտք ունեցան, Պօղոս չքաշուեցաւ զիրենք խրատելու։ Բայց ան նախ գովեց անոնց հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ համբերութիւնը։ Ան նաեւ նկատի առաւ անոնց պարագաները եւ ըսաւ, որ իրենց կեանքը դիւրին չէր եւ թէ հաւատարմաբար հալածանքին կը դիմանային (Ա. Թես. 1։3. Բ. Թես. 1։4)։ Պօղոս նոյնիսկ եղբայրներուն ըսաւ, որ ուրիշ քրիստոնեաներու համար օրինակ էին (Ա. Թես. 1։8, 9)։ Անոնք որքա՜ն ուրախ ըլլալու էին լսելով Պօղոս առաքեալի ջերմ գովասանքը։ Կասկած չկար, որ Պօղոս իր եղբայրները շատ կը սիրէր։ Ատոր համար, ան կրցաւ թեսաղոնիկեցիներուն ղրկած երկու նամակներուն մէջ լաւ խրատներ տալ (Ա. Թես. 4։1, 3-5, 11. Բ. Թես. 3։11, 12

7. Ինչո՞ւ թերեւս մէկը իրեն տրուած խրատը չընդունի։

7 Ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ ճիշդ կերպով խրատ չտանք։ Փորձառու երէց մը ըսաւ. «Ոմանք խրատը չեն ընդունիր ոչ թէ քանի որ խրատը սխալ է, հապա քանի որ զայն տալու կերպը սէր ցոյց չտուաւ»։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Խրատը ընդունիլը շատ աւելի դիւրին կ’ըլլայ, երբ անիկա կը տրուի սէրէ մղուած, եւ ոչ թէ՝ նեղութենէ։

ԽՐԱՏԸ ԻՐԱՊԷՍ ՊԷ՞ՏՔ Է

8. Երբ երէց մը կը մտածէ մէկու մը խրատ տալ, ինքն իրեն ի՞նչ պէտք է հարցնէ։

8 Երէցները պէտք չէ աճապարեն խրատ տալու։ Խրատելէ առաջ, երէց մը պէտք է ինքն իրեն հարց տայ. ‘Պայմա՞ն է որ բան մը ըսեմ։ Վստա՞հ եմ, որ անհատին ըրածը սխալ է։ Ան Սուրբ Գիրքի պատուէր մը կտրա՞ծ է։ Կամ կրնա՞յ ըլլալ, որ պարզապէս այս հարցին շուրջ ես եւ ինք տարբեր կարծիքներ ունինք’։ Երէցները իմաստութիւն ցոյց կու տան, երբ չեն աճապարեր բան մը ըսելու (Առ. 29։20)։ Եթէ երէցը վստահ չէ, կրնայ ուրիշ երէցի մը կարծիքը առնել, թէ անհատին ըրածը իրապէ՛ս Աստուածաշունչին համաձայն սխալ է եւ խրատի պէտք ունի՛ կամ ոչ (Բ. Տիմ. 3։16, 17

9. Հագուելակերպի եւ տեսքի մասին խրատ տալու նկատմամբ, Պօղոս առաքեալէն ի՞նչ կը սորվինք (Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10

9 Նկատի առ օրինակ մը։ Սեպենք թէ երէց մը կը մտածէ հաւատակիցի մը հագուելուն եւ շքուելուն մասին։ Երէցը կրնայ հարց տալ. ‘Սուրբգրային պատճառ մը կա՞յ, որ բան մը ըսեմ’։ Չուզելով իր անձնական կարծիքը տալ, երէցը կրնայ ուրիշ երէցէ մը կամ հասուն հրատարակիչէ մը խնդրել իր գաղափարը։ Անոնք միասնաբար կրնան հագուելակերպի մասին Պօղոս առաքեալի տուած խրատը աչքէ անցընել (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ Պօղոս յիշեց ընդհանուր սկզբունքներ, որոնք ցոյց կու տան թէ քրիստոնեային հագուստը պէտք է ըլլայ վայելուչ, պատշաճ եւ համեստ։ Ան չդրաւ կանոններ, թէ անհատ մը ի՛նչ կրնայ հագնիլ եւ ի՛նչ չի կրնար հագնիլ։ Ան ընդունեց, որ քրիստոնեաները կրնան իրենց ճաշակին համաձայն հագուիլ, այնքան ատեն որ Սուրբ Գիրքին չափանիշները կը յարգեն։ Անոր համար, երբ երէցները պիտի որոշեն խրատ տալ կամ ոչ, պէտք է նկատի առնեն թէ անհատին ընտրած հագուստը պատշաճ ու համե՛ստ է կամ ոչ։

10. Անձնական որոշումներու նկատմամբ, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

10 Լաւ կ’ըլլայ, որ ի մտի ունենանք թէ երկու հասուն քրիստոնեաներ կրնան տարբեր ընտրութիւններ ընել, որոնք երկուքն ալ ընդունելի են։ Պէտք չէ ճիշդի ու սխալի նկատմամբ մեր չափանիշները պարտադրենք մեր հաւատակիցներուն (Հռով. 14։10

ԽՐԱՏԸ Ո՞Վ ՊԷՏՔ Է ՏԱՅ

11-12. Եթէ խրատ պէտք է տրուի, երէցը ինքն իրեն ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնէ, եւ ինչո՞ւ։

11 Եթէ յստակ է, որ խրատ պէտք է տրուի, կարգը կու գայ այս հարցումին. խրատը ո՞վ պէտք է տայ։ Ամուսնացած քրոջ մը կամ պզտիկի մը հետ խօսելէ առաջ, երէցը պէտք է նախ ընտանիքի գլուխին հետ խօսի։ Ընտանիքի գլուխը թերեւս նախընտրէ, որ ինք հարցը ձեռք առնէ, կամ թերեւս որոշէ ներկայ ըլլալ, երբ երէցը խրատ պիտի տայ *։ Իսկ կարգ մը պարագաներու, ինչպէս  3–րդ պարբերութեան մէջ յիշուեցաւ, թերեւս պէտք ըլլայ որ տարիքով աւելի մեծ քոյր մը երիտասարդ քոյր մը խրատէ։

12 Երէցը ուրիշ բան մըն ալ պէտք է նկատի առնէ։ Ան կրնայ հարց տալ. ‘Արդեօք ես ամենայարմար ա՞նձն եմ այս խրատը տալու համար, թէ ոչ՝ աւելի լաւ է որ ուրիշը զայն տայ’։ Օրինակի համար՝ անհատ մը, որ անարժէք կը զգայ, թերեւս աւելի օգտուի եթէ խրատ տուող երէցը նման պարագայէ մը անցած է։ Այսպիսի երէց մը կրնայ աւելի կարեկից ըլլալ եւ իր ըսածը աւելի դիւրաւ կ’ընդունուի։ Սակայն, ժողովքի բոլոր երէցները պատասխանատուութիւն ունին, որ եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերեն եւ մղեն որեւէ փոփոխութիւն ընելու, որ Աստուածաշունչը կը պահանջէ։ Ուստի, ամէնէն կարեւոր բանը այն է, որ խրատը տրուի, նոյնիսկ եթէ զայն տուող երէցը նոյն փորձառութիւնը չունի։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ՕԳՏԱԿԱՐ ԽՐԱՏ ՏԱԼ

Երէցները ինչո՞ւ պէտք է ‘արագ ըլլան լսելու մէջ’ (տե՛ս պարբ. 13-14)

13-14. Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ երէցը մտիկ ընէ։

13Լսելու պատրաստ եղիր։ Երբ երէց մը կը պատրաստուի խրատ տալու, պէտք է ինքն իրեն հարցնէ. ‘Ի՞նչ գիտեմ եղբօրս պարագաներուն մասին։ Իր կեանքին մէջ ի՞նչ կ’անցնի–կը դառնայ։ Արդեօք ունի՞ դժուարութիւններ, որոնց մասին չեմ գիտեր։ Ամենաշատը ի՞նչ բանի պէտք ունի’։

14 Յակոբոս 1։19–ի սկզբունքը վստահաբար կը կիրարկուի խրատ տուողներուն։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ Երէց մը կրնայ կարծել թէ բոլոր իրողութիւնները գիտէ, բայց իրապէս գիտէ՞։ Առակաց 18։13–ը կ’ըսէ. «Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն»։ Ամէնէն լաւն է՝ իրողութիւնները ուղղակիօրէն գիտնալ խնդրոյ առարկայ անձէն։ Անոր համար, երէց մը պէտք է խօսելէ առաջ՝ մտիկ ընէ։ Միտքդ բեր այն դասը, որ յօդուածին սկիզբը յիշուած երէցը սորվեցաւ։ Ան անդրադարձաւ, որ իր պատրաստած նիւթը քրոջ ներկայացնելէ առաջ, պէտք էր հարցումներ հարցնէր, ինչպէս՝ «Ինչերէ՞ կ’անցնիս» եւ «Ինչպէ՞ս կրնամ քեզի օգնել»։ Եթէ երէցները ժամանակ տան որ իրողութիւնները գիտնան, աւելի հաւանական է որ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն օգտակար ըլլան եւ զանոնք քաջալերեն։

15. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Առակաց 27։23–ի սկզբունքը գործադրել։

15Հօտը ճանչցիր։ Ինչպէս որ յօդուածին սկիզբը յիշուեցաւ, լաւ խրատ տալու համար չի բաւեր քանի մը համարներ կարդալ կամ առաջարկներ տալ։ Եղբայրներն ու քոյրերը պէտք ունին, որ տեսնեն թէ երէցները իրենցմով հետաքրքրուած են, զիրենք կը հասկնան եւ կ’ուզեն իրենց օգնել (կարդա՛ Առակաց 27։23)։ Անոնք պէտք է ամէն ջանք թափեն, որ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ բարեկամութիւն ունենան։

Ի՞նչ բան երէցներուն պիտի դիւրացնէ, որ խրատ տան (տե՛ս պարբ. 16)

16. Ի՞նչ բան երէցներուն պիտի օգնէ, որ օգտակար խրատ տան։

16 Վստահաբար, երէցները չեն ուզեր այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն կը մօտենան միայն այն ատեն, երբ պէտք է խրատ տան։ Փոխարէնը, անոնք միշտ եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կը խօսին եւ անոնցմով անձնապէս կը հետաքրքրուին, երբ անոնք դժուարութիւններէ կ’անցնին։ Փորձառու երէց մը կ’ըսէ. «Եթէ այդպէս ընես, անոնց հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենաս։ Ետքը, երբ պէտք ըլլայ որ խրատ տաս, քեզի համար շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այդ մէկը ընել»։ Խրատ ստացողին համար ալ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ այդ խրատը ընդունիլ։

Երէցը ինչո՞ւ պէտք է համբերող եւ ազնիւ ըլլայ, երբ խրատ կու տայ (տե՛ս պարբ. 17)

17. Մանաւանդ ե՞րբ երէցը պէտք է ըլլայ համբերող եւ ազնիւ։

17Եղիր համբերող եւ ազնիւ։ Այս յատկութիւններուն պէտքը կայ, մանաւանդ երբ խրատ ստացողը սկիզբը չ’ուզեր ընդունիլ իրեն տրուած սուրբգրային խրատը։ Երէցը պէտք է զգոյշ ըլլայ, որ չջղայնանայ երբ իր տուած խրատը անմիջապէս չ’ընդունուիր կամ չի գործադրուիր։ Յիսուսի մասին մարգարէացուած էր. «Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ» (Մատ. 12։20)։ Ուստի, երէցը իր անձնական աղօթքներուն մէջ կրնայ Եհովայէն խնդրել, որ անհատին օգնէ, որ հասկնայ խրատ տրուելուն պատճառը եւ զայն գործադրէ։ Խրատ ստացողը թերեւս ժամանակի պէտք ունենայ, որպէսզի մտածէ խրատին մասին։ Եթէ երէցը համբերող եւ ազնիւ ըլլայ, խրատ տալուն կերպը պատճառ պիտի չըլլայ, որ անհատը խրատէն շեղի. հապա պիտի կեդրոնանայ խրատին գաղափարին վրայ։ Եւ անշուշտ, խրատը պէտք է միշտ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած ըլլայ։

18. ա) Երբ խրատ պիտի տանք, ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։ բ) Շրջանակ ունեցող նկարին մէջ, ծնողները ի՞նչ բանի մասին կը խօսին։

18Սխալներէ սորվէ։ Որովհետեւ անկատար ենք, այս յօդուածին մէջ յիշուած առաջարկները պիտի չկարենանք լիուլի կատարել (Յակ. 3։2)։ Սխալներ պիտի ընենք, բայց երբ ընենք, պէտք է փորձենք անոնցմէ սորվիլ։ Եթէ եղբայրներն ու քոյրերը զգան, որ զիրենք կը սիրենք, աւելի հաւանական է որ դիւրաւ մեզի ներեն, երբ զիրենք վիրաւորենք մեր ըսածներով կամ ըրածներով (տե՛ս նաեւ « Երկու խօսք ծնողներուն» շրջանակը)։

Ի՞ՆՉ ՍՈՐՎԵՑԱՆՔ

19. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն սիրտը ուրախացնել։

19 Ինչպէս տեսանք, օգտակար խրատ տալը դիւրին չէ. թէ՛ մենք անկատար ենք եւ թէ՛ խրատ ստացողը անկատար է։ Միտքդ պահէ մեր նկատի առած սկզբունքները։ Վստահ եղիր, որ ճիշդ մղումով մէկը կը խրատես։ Նաեւ վստահ եղիր, որ իրապէ՛ս խրատ տալու պէտք կայ եւ թէ դո՛ւն ես այն անձը, որ պէտք է խրատ տայ։ Խրատելէ առաջ, հարցումներ հարցուր եւ ուշադրութեամբ մտիկ ըրէ, որպէսզի հասկնաս թէ անձը ի՛նչ պարագայէ կ’անցնի։ Ջանք ըրէ, որ հարցերը իր տեսանկիւնէն դիտես։ Ազնիւ եղիր եւ եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ ջերմ բարեկամութիւն ունեցիր։ Յիշէ մեր նպատակակէտը. կ’ուզենք որ մեր խրատը ըլլայ ոչ միայն օգտակար, հապա նաեւ՝ ‘սիրտ ուրախացնող’ (Առ. 27։9, ԱԾ

ԵՐԳ 123 Հովիւները պարգեւներ են

^ պարբ. 5 Միշտ դիւրին չէ խրատ տալ։ Երբ պէտք է որ խրատ տանք, ինչպէ՞ս կրնանք խրատել այնպիսի կերպով մը, որ անհատը օգտուի ու քաջալերուի։ Այս յօդուածը մանաւանդ երէցներուն պիտի օգնէ, որ իրենց խրատը այնպէս մը տան, որ անհատին սրտին դպչի։

^ պարբ. 11 Տե՛ս «Գլխաւորութիւնը ժողովքին մէջ» յօդուածը Դիտարան–ի փետրուար 2021 թիւին մէջ։