ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 31
Մենք չե՛նք յանձնուիր
«Չենք վհատիր» (Բ. ԿՈՐ. 4։16)։
ԵՐԳ 135 Մինչեւ վերջ տոկա՛
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *
1. Քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն, որ կեանքի մրցավազքը ամբողջացնեն։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ կեանքի մրցավազքին մէջ են։ Ըլլա՛նք մրցավազքին նոր մասնակցողներ կամ տարիներով վազորդներ, պէտք է շարունակենք վազել մինչեւ որ աւարտագիծը կտրենք։ Փիլիպպէի քրիստոնեաներուն տրուած Պօղոս առաքեալի խրատը կրնայ մեզ մղել, որ մրցավազքը ամբողջացնենք։ Առաջին դարու Փիլիպպէի ժողովքի անդամներէն ոմանք, տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայէին, երբ Պօղոսի նամակը ստացան։ Անոնք արդէն շատ լաւ կը վազէին, այսինքն Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայէին, բայց Պօղոս իրենց յիշեցուց, որ պէտք է շարունակե՛ն համբերատարութեամբ վազել։ Ան ուզեց որ անոնք իրեն պէս շարունակեն ‘հետապնդել նպատակակէտը’ (Փլպ. 3։14, ԱԾ)։
2. Ինչո՞ւ փիլիպպեցիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատը ժամանակայարմար էր։
2 Փիլիպպեցիներուն ուղղուած Պօղոսի խրատը ժամանակայարմար էր։ Ժողովքը սկիզբէն իսկ հակառակութիւն դիմագրաւեց։ Ինչպէ՞ս։ Մակեդոնիա երթալու աստուածային պատուէրը ստանալէ ետք, Պօղոս ու Շիղա Փիլիպպէ հասան շուրջ Ք.Ե. 50–ին (Գործք 16։9)։ Անոնք ծանօթացան Լիդիա անունով կնոջ մը, «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ» (Գործք 16։14)։ Շատ չանցած, ան ու իր տնեցիները մկրտուեցան։ Սակայն, Սատանան անմիջապէս սկսաւ խնդիրներ հանել։ Քաղաքէն տղամարդիկ Պօղոսն ու Շիղան բռնեցին ու տարին քաղաքին մեծաւորներուն քով եւ սուտ ամբաստանութիւն ըրին, թէ անոնք խռովութիւն կը պատճառէին։ Առ ի արդիւնք, Պօղոս ու Շիղա ծեծուեցան, բանտարկուեցան եւ ետքը իրենցմէ խնդրուեցաւ որ քաղաքէն հեռանան (Գործք 16։16-40)։ Արդեօք վհատեցա՞ն։ Բնաւ երբեք։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել Փիլիպպէի նորակազմ ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին։ Իրե՛նք ալ տոկացին։ Անկասկած Պօղոսի ու Շիղայի լաւ օրինակը զիրենք շատ քաջալերեց։
3. Պօղոս ի՞նչ բանի գիտակից էր, եւ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։
Բ. Կոր. 4։16)։ Բայց գիտէր որ մրցավազքին մէջ մինչեւ վերջ վազելու համար, հարկ էր որ իր նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնար։ Անոր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Հաւատքի ի՞նչ արդի օրինակներ ցոյց կու տան, թէ կրնա՛նք տոկալ հակառակ որեւէ խնդիրի որ մեր դիմաց կ’ելլէ։ Եւ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը ինչպէ՞ս կրնայ մեր վճռականութիւնը զօրացնել, որ բնա՛ւ չյանձնուինք։
3 Պօղոս վճռած էր չվհատիլ ու չյանձնուիլ (ՊՕՂՈՍԻ ՕՐԻՆԱԿԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵԶԻ Կ’ՕԳՏԷ
4. Պօղոս ինչպէ՞ս Եհովայի ծառայութեամբ զբաղած մնաց, հակառակ իր դիմագրաւած պարագաներուն։
4 Նկատէ թէ Պօղոս ինչե՜ր կ’ընէր այն հանգրուանին, երբ Փիլիպպեցիս նամակը գրեց։ Հռոմի մէջ, ան տան մը մէջ բանտարկուած էր, եւ չէր կրնար դուրս ելլելով քարոզել։ Բայց ան զբաղած մնաց՝ այցելուներուն վկայելով եւ հեռաւոր ժողովքներու նամակներ գրելով։ Նոյնպէս ներկայիս, քրիստոնեաներէն շատեր, որոնք իրենց տունէն դուրս չեն կրնար ելլել, ամէն առիթ կ’օգտագործեն, որ բարի լուրին մասին խօսին իրենց այցելողներուն հետ։ Նաեւ քաջալերական նամակներ կը գրեն անհատներու, որոնց դժուար է անձամբ հանդիպիլ։
5. Փիլիպպեցիս 3։12-14–ի համաձայն, ի՞նչ բան Պօղոսին օգնեց որ նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնայ։
5 Պօղոս թոյլ չտուաւ որ իր անցեալի իրագործումները կամ անցեալի սխալները զինք մտացիր ընեն։ Ան ըսաւ որ ‘ետեւի եղածները մոռնալը’ շատ կարեւոր էր ‘առջեւի եղածներուն դիմելու’, այսինքն՝ յաջողութեամբ մրցավազքը ամբողջացնելու համար (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 3։12-14)։ Ի՞նչ են կարգ մը բաներ, որոնք կրնային Պօղոսը մտացիր ընել։ Առաջին, իր իրագործումները հրէութեան մէջ։ Սակայն Պօղոս այդ բոլորը «աղտեղութիւն» նկատեց (Փլպ. 3։3-8)։ Երկրորդ, յանցաւորութեան զգացումները, քրիստոնեաները հալածելու պատճառաւ։ Սակայն թոյլ չտուաւ որ ատոնց պատճառով Եհովային ծառայելէ դադրի։ Եւ երրորդ, սեպելը թէ ի՛նչ որ արդէն ըրած է Եհովային համար, բաւարար է։ Սակայն Պօղոս շարունակեց իր արդիւնաւէտ ծառայութիւնը, թէեւ բանտարկուեցաւ, ծեծուեցաւ, քարկոծուեցաւ, նաւաբեկութեան հանդիպեցաւ, ուտելիքի եւ հագուելիքի պակաս ունեցաւ (Բ. Կոր. 11։23-27)։ Ան գիտէր որ Եհովայի ծառայութեան մէջ պէտք է յառաջդիմէ։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։
6. «Ետեւի եղածներ»էն ոմանք ի՞նչ են։
6 Ինչպէ՞ս կրնանք ‘ետեւի եղածները մոռնալու’ նկատմամբ Պօղոսի օրինակին հետեւիլ։ Մեզմէ ոմանք պէտք ունին անցեալին իրենց գործած մեղքերուն պատճառով յանցաւորութեան զգացումները յաղթահարելու։ Այդ պարագային, լաւ կ’ըլլայ անձնական սերտողութեան յայտագիր մը սկսիլ Քրիստոսի փրկանքին մասին։ Եթէ այս քաջալերական նիւթին մասին սերտենք, խոկանք եւ աղօթենք, յանցաւորութեան անտեղի զգացումը կրնանք թեթեւցնել։ Կրնանք նոյնիսկ դադրիլ մենք մեզ պատժելէ այն մեղքերուն համար, որոնք Եհովան արդէն ներած է։ Նկատի առ ուրիշ դաս մը, որ Պօղոսէն կը սորվինք։ Ոմանք թերեւս շահաբեր գործ մը կրնային ունենալ, բայց անոր հետամուտ չեղան, որպէսզի Թագաւորութեան շահերը հետապնդեն։ Այս պարագային, լաւ կ’ըլլայ որ ետեւի եղածները մոռնանք՝ մերժելով ցանկալ այն նիւթական բաները որ կրնայինք ունենալ (Թւ. 11։4-6. Ժող. 7։10)։ «Ետեւի եղածները» կրնան նաեւ պարփակել մեր հոգեւոր իրագործումները կամ անցեալի փորձութիւնները, որոնց յաջողապէս տոկացինք։ Անշուշտ, ետեւ նայելով յիշելը թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզ օրհնած է եւ օգնած է տարիներու ընթացքին, կրնայ մեզ իրեն ա՛լ աւելի մօտեցնել։ Սակայն, բնա՛ւ չենք ուզեր ինքնագոհ ըլլալ, մտածելով թէ Եհովային համար բաւարար բան ըրած ենք (Ա. Կոր. 15։58)։
7. Ա. Կորնթացիս 9։24-27–ի համաձայն, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է կեանքի մրցավազքը շահելու համար. օրինակով մը բացատրէ։
7 Պօղոս շատ լաւ հասկցաւ Յիսուսի խօսքը. «Ջանք ըրէք» (Ղուկ. 13։23, 24)։ Ան գիտէր թէ, Քրիստոսին պէս, պէտք էր մինչեւ իր կեանքին վերջը ջանք ընէր։ Ատոր համար, քրիստոնէական կեանքը համեմատեց մրցավազքի հետ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 9։24-27)։ Մրցավազքին մէջ, վազորդը կեդրոնացած կը մնայ աւարտագիծին վրայ եւ ուրիշ բաներու ուշադրութիւն չ’ընծայեր։ Օրինակ, քաղաքային մրցավազքի մասնակցողները կը վազեն ուղիով մը, որ կ’անցնի խանութներու եւ շեղեցնող շատ մը բաներու առջեւէն։ Կը կարծե՞ս որ վազորդ մը խանութի մը առջեւ պիտի կենայ եւ նայի անոր ցուցադրած ապրանքներուն։ Եթէ ան կ’ուզէ յաղթել, այդպէս պիտի չընէ։ Կեանքի մրցավազքին մէջ, մենք ալ մեզ մտացիր ընող բաներէն պէտք է խուսափինք։ Եթէ մեր նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնանք եւ Պօղոսին պէս ամէն ջանք թափենք, մրցանակը պիտի շահի՛նք։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԾԱՌԱՅԵԼ ՀԱԿԱՌԱԿ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ
8. Ի՞նչ երեք դժուարութիւններ նկատի պիտի առնենք։
8 Հիմա նկատի առնենք երեք բաներ, որոնք կրնան մեզ վհատեցնել. դեռ չիրականացած ակնկալութիւններ, ծերութեան պատճառած ֆիզիքական տկարութիւնը եւ երկարատեւ փորձութիւններ։ Կրնանք օգտուիլ գիտնալով, թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս այս պարագաներուն տոկացած են (Փլպ. 3։17)։
9. Ինչպէ՞ս կ’ազդուինք երբ մեր ակնկալութիւնները տակաւին չեն իրականանար։
9 Դեռ չիրականացած ակնկալութիւններ։ Բնականաբար անձկագին կը սպասենք այն բարի բաներուն, որոնք Եհովան մեզի խոստացած է։ Երբ Ամբակում մարգարէն Եհովային արտայայտեց, թէ որքա՜ն կ’ուզէր որ ան Յուդայի մէջ չարութեան վերջ դնէ, Եհովան իրեն ըսաւ որ «սպասէ» (Ամբ. 2։3)։ Սակայն, եթէ այնպէս թուի որ մեր սպասածին կատարումը կ’ուշանայ, թերեւս մեր նախանձախնդրութիւնը կորսնցնենք եւ նոյնիսկ վհատինք (Առ. 13։12)։ 20–րդ դարու սկիզբը, կարգ մը եղբայրներու ասիկա պատահեցաւ։ Այդ օրերուն, օծեալ քրիստոնեաներէն շատեր ակնկալեցին, որ երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանան 1914–ին։ Երբ իրենց ակնկալութիւնները չիրականացան, հաւատարիմ եղբայրներ ու քոյրեր ի՞նչ ըրին։
10. Զոյգ մը ի՞նչ ըրաւ, երբ իրենց ակնկալութիւնը որոշ ատեն մը չիրականացաւ։
10 Նկատի առ երկու հաւատարիմ անձերու օրինակը, որոնք այս դժուարութիւնը յաղթահարեցին։ 1908–ին, եղբայր Ռոյըլ Սփաց 20 տարեկանին մկրտուեցաւ։ Ան շատ վստահ էր որ մօտ ատենէն երկինք պիտի երթար։ Անոր համար, երբ 1911–ին՝ Փըրլին ամուսնութեան առաջարկ կ’ընէր, իրեն ըսաւ. «Գիտես 1914–ին ինչ պիտի ըլլայ։ Եթէ պիտի ամուսնանանք, լաւ կ’ըլլայ որ առաջին առիթով ամուսնանանք»։ Այս քրիստոնեայ զոյգը կեանքի մրցավազքին մէջ յանձնուեցա՞ւ, երբ 1914–ին իրենց երկնային վարձատրութիւնը չստացան։ Ո՛չ, քանի որ իրենց գլխաւոր նպատակն էր Աստուծոյ կամքը հաւատարմաբար կատարել եւ ոչ թէ վարձատրութիւնը ստանալ։ Անոնք վճռած էին համբերատարութեամբ շարունակել մրցավազքը։ Եւ իրապէս ալ, Ռոյըլ եւ Փըրլ գործունեայ ու հաւատարիմ մնացին մինչեւ իրենց մահը՝ տասնեակ տարիներ ետք։ Անկասկած կ’ուզես որ գայ այն ժամանակը, երբ Եհովան իր անունը եւ գերիշխանութիւնը պիտի ջատագովէ եւ իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։ Վստահ եղիր որ Եհովային որոշած ժամանակին այս բաները պիտի ըլլան։ Մինչ այդ, թող որ իր ծառայութեան մէջ զբաղած մնանք, բնա՛ւ թոյլ չտալով որ դեռ չիրականացած ակնկալութիւնները մեզ վհատեցնեն։
11-12. Ինչո՞ւ կրնանք շարունակել հաւատարմաբար Եհովային ծառայել, նոյնիսկ երբ առաջուան զօրութիւնը չունինք. օրինակ մը տուր։
11 Ծերութեան պատճառած ֆիզիքական տկարութիւնը։ Բառացի վազորդի մը հակառակը, դուն պէտք չունիս ֆիզիքապէս զօրաւոր ըլլալու, որպէսզի շարունակես հոգեւորապէս զօրանալ։ Իրականութեան մէջ, շատեր՝ որոնք ֆիզիքապէս տկարացած են, տակաւին վճռած են իրենց լաւագոյնը տալ Եհովային (Բ. Կոր. 4։16)։ Օրինակ, եղբայր Արթըր Սիգորտ՝ երբ 88 տարեկան էր, արդէն 55 տարի Բեթէլին մէջ ծառայած էր։ Իր տկար եւ վատառողջ վիճակին մէջ, օր մը հիւանդապահուհի մը գուրգուրանքով իրեն ըսաւ. «Եղբայր Սիգորտ, այս մարմինդ Եհովայի ծառայութեան մէջ բազմաթի՜ւ քիլոմեթրներ ճամբորդած է»։ Սակայն, Արթըրը անցեալին մէջ չէր ապրեր։ Քրոջ աչքերուն նայեցաւ, ժպտաց եւ պատասխանեց. «Այո, ճիշդ է։ Բայց կարեւորը ո՛չ թէ մեր անցեալի իրագործումներն են, հապա հի՛մա հաւատարիմ մնալը»։
12 Թերեւս Եհովային տարիներո՜վ ծառայած ես եւ հիմա վատառողջութեանդ պատճառով չես կրնար առաջուան պէս ծառայել։ Այս պարագային մի՛ վհատիր։ Վստահ եղիր որ Եհովան կ’արժեւորէ անցեալին ըրած հաւատարիմ ծառայութիւնդ (Եբ. 6։10)։ Իսկ ներկայ ժամանակին նկատմամբ, յիշէ որ Եհովային որքա՛ն ծառայելը չէ որ կը յայտնէ, թէ զինք որքա՛ն կը սիրենք։ Մենք ցոյց կու տանք թէ Եհովան շա՜տ կը սիրենք, երբ դրական կեցուածք կը պահպանենք եւ իրեն համար մեր ամէն կարելին կ’ընենք (Կող. 3։23)։ Ան մեր սահմանափակումները կը հասկնայ եւ մեր կարողութենէն աւելի բա՛ն մը չի պահանջեր (Մար. 12։43, 44)։
13. Անաթոլիի եւ Լիտիյայի փորձառութիւնը մեզ ինչպէ՞ս կը քաջալերէ, որ շարունակենք Եհովայի ծառայել, հակառակ բազմաթիւ փորձութիւններու։
13 Երկարատեւ փորձութիւններ։ Եհովայի ծառաներէն ոմանք տարիներով փորձութիւններու եւ հալածանքներու տոկացած են։ Օրինակ, Անաթոլի Մելնիքը միայն 12 տարեկան էր, երբ իր հայրը ձերբակալուեցաւ, բանտարկուեցաւ եւ Սիպերիա աքսորուեցաւ, Մոլտովիայի մէջ ապրող իր ընտանիքէն աւելի քան 7000 քիլոմեթր հեռու։ Տարի մը ետք, Անաթոլին, իր մայրը եւ մեծ ծնողքն ալ Սիպերիա աքսորուեցան։ Ժամանակի ընթացքին, կրցան ժողովներու երթալ ուրիշ գիւղի մը մէջ, բայց պէտք էր որ 30 քիլոմեթր քալէին ձիւնին մէջ եւ տոկային չափազանց ցուրտ օդին։ Յետագային, եղբայր Մելնիք դատապարտուեցաւ երեք տարուան բանտարկութեան, իր կնոջմէն՝ Լիտիյայէն, եւ մէկ տարեկան աղջնակէն հեռու։ Հակառակ տարիներու դժուարութիւններուն, Անաթոլին եւ իր ընտանիքը շարունակեցին հաւատարմօրէն Եհովային ծառայել։ Այժմ Անաթոլին 82 տարեկան է եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Մասնաճիւղի յանձնախումբի մը մէկ անդամն է։ Թող որ Անաթոլիին եւ Լիտիյային պէս, Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ամէն կարելին ընենք եւ շարունակենք տոկալ ինչպէս որ անցեալին ըրինք (Գաղ. 6։9)։
ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՅՈՅՍԻԴ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ
14. Պօղոս գիտակցեցաւ թէ ի՞նչ պէտք էր ընէր իր նպատակակէտին հասնելու համար։
14 Պօղոս վստահ էր որ մրցավազքը պիտի ամբողջացնէր եւ իր նպատակակէտին պիտի հասնէր։ Օծեալ քրիստոնեայ ըլլալով, ան կը յուսար «Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակ»ը ձեռք ձգել։ Սակայն, ան գիտակցեցաւ որ այդ նպատակակէտը պէտք էր ‘հետապնդէր’ (Փլպ. 3։14, ԱԾ)։ Ան հետաքրքրական օրինակ մը տուաւ, փիլիպպեցիներուն օգնելու որ իրենց նպատակակէտին վրայ կեդրոնացած մնան։
15. Պօղոս քաղաքացիութեան նիւթը ինչպէ՞ս գործածեց փիլիպպեցի քրիստոնեաները քաջալերելու, որ իրենց նպատակակէտին ետեւէ ըլլան։
15 Պօղոս փիլիպպեցիներուն յիշեցուց իրենց երկնային «քաղաքացիութիւնը» (Փլպ. 3։20, ԱԾ)։ Ատիկա ինչո՞ւ պէտք էր յիշէին։ Այդ օրերուն, մարդիկ շատ կ’ուզէին հռոմէական քաղաքացիութիւնը ունենալ, քանի որ իրենց առաւելութիւններ կու տար *։ Սակայն, օծեալ քրիստոնեաները ունէին շատ աւելի լաւ քաղաքացիութիւն մը, որ աներեւակայելի առաւելութիւններ պիտի բերէր իրենց։ Հռոմի քաղաքացի ըլլալը ատոր քով չնչին արժէք ունէր։ Այս պատճառով, Պօղոս փիլիպպեցիները քաջալերեց, որ ‘Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուին’, այսինքն՝ վարուին իբրեւ քաղաքացիներ (Փլպ. 1։27)։ Ներկայիս օծեալ քրիստոնեաները մեզի լաւ օրինակ են, մինչ երկինքի մէջ յաւիտեան ապրելու իրենց նպատակակէտին հետամուտ կ’ըլլան։
16. Մեր յոյսը ըլլա՛յ երկնային կամ երկրային, ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ի համաձայն։
16 Մեր յոյսը ի՛նչ որ ալ ըլլայ,– երկինքի մէջ կամ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ,– պէտք է շարունակենք այդ նպատակակէտը հետապնդել։ Մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան, պէտք չէ ետեւի եղածներուն նայինք, ոչ ալ ձգենք որ բան մը մեր յառաջդիմութիւնը դանդաղեցնէ (Փլպ. 3։16)։ Թերեւս երկար ատենէ ի վեր կը սպասենք որ Եհովայի խոստումները կատարուին, կամ թերեւս երթալէն մեր ֆիզիքական զօրութիւնը կը կորսնցնենք։ Կամ ալ թերեւս տարիներով փորձութեան ու հալածանքի տոկացած ենք։ Պարագադ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, «բանի մը համար հոգ մի՛ ըն[եր]», հապա խնդրանքդ Աստուծոյ յայտնի թող ըլլայ եւ ան քեզի պիտի տայ խաղաղութիւն մը, որ երեւակայածէդ վեր է (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6, 7)։
17. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։
17 Վազորդի մը պէս, որ ամէն ջանք կ’ընէ որ աւարտագիծին հասնի, թող որ լիովին կեդրոնացած մնանք կեանքի մրցավազքը ամբողջացնելու նպատակակէտին վրայ։ Մեր զօրութեան եւ պարագաներուն ներած չափով, թող որ ջանք ընենք եւ յառաջդիմենք դէպի մեր առջեւը եղող հոյակապ բաները։ Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ ճիշդ ուղղութեամբ եւ տոկալով վազենք։ Յաջորդ յօդուածը մեզի պիտի օգնէ որ յարմար նախապատուութիւններ դնենք եւ «աւելի կարեւոր բաները» ընտրենք (Փլպ. 1։9, 10, ՆԱ)։
ԵՐԳ 139 Սորվեցուր անոնց որ հաստատուն կայնին
^ պարբ. 5 Որքա՛ն ալ երկար ծառայած ենք Եհովային, կ’ուզենք շարունակել հասունութեան դիմել եւ մեր մատուցած պաշտամունքը բարելաւել։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները քաջալերեց որ բնա՛ւ չվհատին, չյանձնուին կամ չթուլնան։ Երբ փիլիպպեցիներուն ուղղուած իր նամակը կարդանք, կը քաջալերուինք որ կեանքի մրցավազքին մէջ տոկանք։ Յօդուածը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Պօղոսի խօսքերը գործադրել։
^ պարբ. 15 Որովհետեւ Փիլիպպէ քաղաքը հռոմէական գաղութ մըն էր, անոր բնակիչները Հռոմի քաղաքացիներուն իրաւունքներէն ոմանք ունէին։ Անոր համար, Պօղոսի տուած օրինակը փիլիպպեցիներուն համար հասկնալի էր։