Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յովհաննէս Մկրտիչ. ուրախ մնալու օրինակ

Յովհաննէս Մկրտիչ. ուրախ մնալու օրինակ

ԿԸ ՑԱՆԿԱ՞Ս ժողովքին մէջ նշանակում մը ունենալ, որ ներկայիս քեզի հասանելի չէ։ Թերեւս նշանակում մըն է, որ ուրիշ անհատ մը ստանձնած է։ Կամ թերեւս ծառայութեան առանձնաշնորհում մըն է, որ անցեալին կը կատարէիր, բայց տարիքին, վատառողջութեան, տնտեսական դժուարութիւններու կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւններու պատճառով հիմա չես կրնար ընել։ Կամ կրնայ ըլլալ որ կազմակերպչական փոփոխութիւններու ի տես, երկար ժամանակ ունեցած նշանակումդ պէտք էր ձգէիր։ Ինչ որ ալ ըլլայ պատճառը, թերեւս կը զգաս որ փափաքածիդ չափ Աստուծոյ չես ծառայեր։ Եւ հասկնալի է թէ այսպիսի պարագաներու, կրնաս յուսախաբ ըլլալ։ Սակայն, ինչպէ՞ս կրնաս տեղի չտալ ժխտական զգացումներուն, ինչպէս՝ վհատութեան, դառնութեան կամ դժգոհութեան։ Ինչպէ՞ս կրնաս ուրախութիւնդ պահպանել։

Յովհաննէս Մկրտիչէն կրնանք սորվիլ ինչպէ՛ս ուրախ մնալ։ Ան բացառիկ առանձնաշնորհումներ ունեցաւ, եւ հաւանաբար չերեւակայեց որ իր կեանքը լման տարբեր ընթացք պիտի բռնէր. աւելի ժամանակ անցընել բանտին մէջ, քան՝ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Այսուհանդերձ, ան ուրախ կեցուածք պահպանեց մինչեւ վերջ։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Իսկ մենք ինչպէ՞ս կրնանք մեր ուրախութիւնը պահպանել՝ հակառակ յուսախաբութիւններուն։

ՈՒՐԱԽԱԼԻ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ ՄԸ

Ք.Ե. 29–ի գարնան, իր նշանակումին համաձայն, Յովհաննէս սկսաւ մարդիկը պատրաստել Մեսիայի գալուն, ըսելով. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է» (Մատ. 3։2. Ղուկ. 1։12-17)։ Շատեր ընդառաջեցին։ Մինչեւ իսկ բազմութիւններ հեռու շրջաններէ եկան իր պատգամը մտիկ ընելու, եւ շատեր զղջացին ու մկրտուեցան։ Նաեւ, Յովհաննէս ինքնարդար կրօնական առաջնորդները խիզախօրէն զգուշացուց գալիք դատաստանէ մը, եթէ չփոխուէին (Մատ. 3։5-12)։ Իր ծառայութեան մէջ ամենակարեւոր գործը Յիսուսը մկրտելն էր՝ Ք.Ե. 29–ի աշնան։ Ատկէ ետք, ան մարդիկը ուղղեց որ հետեւին Յիսուսին՝ խոստացեալ Մեսիային (Յովհ. 1։32-37

Յովհաննէսի մասնայատուկ դերը ի մտի ունենալով՝ Յիսուս ըսաւ. «Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ» (Մատ. 11։11)։ Յովհաննէս անկասկած շատ ուրախ էր իր օրհնութիւններով։ Անոր պէս, այսօր շատեր Աստուծմէ առատ օրհնութիւններ ստացած են։ Թերրի անունով եղբօր մը օրինակը առնենք։ Ան եւ իր կինը՝ Սանտրան, լիաժամ ծառայութեան մէջ աւելի քան 50 տարի անցուցած են։ Թերրի կ’ըսէ. «Հոյակապ առանձնաշնորհումներ ունեցած եմ։ Ծառայած եմ որպէս ռահվիրայ, բեթէլական, մասնաւոր ռահվիրայ, շրջանային տեսուչ, նահանգային տեսուչ, եւ հիմա դարձեալ կը ծառայեմ որպէս մասնաւոր ռահվիրայ»։ Աստուածպետական առանձնաշնորհումներ ստանալը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ, բայց ինչպէս պիտի տեսնենք Յովհաննէսի օրինակէն, ուրախ մնալը ջանք կը պահանջէ, երբ մեր պարագաները փոխուին։

ՄԻՇՏ ԳՆԱՀԱՏՈՂ ԵՂԻՐ

Յովհաննէս կրցաւ ուրախ մնալ, քանի որ իր առանձնաշնորհումները միշտ կը գնահատէր։ Քննենք օրինակ մը։ Յիսուսի մկրտութենէն ետք, Յովհաննէսի ծառայութիւնը նուազեցաւ, մինչ Յիսուսինը աւելցաւ։ Անոր աշակերտները մտահոգուելով քովը եկան ու ըսին. «Ռա՛բբի, անիկա որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր. . . ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան» (Յովհ. 3։26)։ Յովհաննէս պատասխանեց. «Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է» (Յովհ. 3։29)։ Ան Յիսուսին հետ չմրցակցեցաւ, ոչ ալ մտածեց որ իր գործը այլեւս արժէք չունէր, քանի որ Յիսուսին ըրածը աւելի կարեւոր էր։ Ան ուրախ մնաց, քանի որ շարունակեց արժեւորել իր դերը որպէս «փեսային բարեկամը»։

Յովհաննէսի կեցուածքը օգնեց գոհունակ ըլլալու, թէեւ իր ծառայութիւնը դիւրին չէր։ Օրինակ, ի ծնէ ուխտաւոր ըլլալով, անոր արտօնուած չէր գինի եւ օղի խմել (Ղուկ. 1։15)։ Յիսուս անոր պարզ կեանքին ակնարկելով, ըսաւ. «Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր»։ Մինչդեռ Յիսուս եւ իր աշակերտները այդպիսի սահմանափակումներ չունէին եւ կրնային ուրիշներու պէս ապրիլ (Մատ. 11։18, 19)։ Նաեւ, թէեւ Յովհաննէս որեւէ հրաշք չկատարեց, ան գիտէր որ Յիսուսին աշակերտները, մէջը ըլլալով իր հետեւորդներէն ոմանք, այդ զօրութիւնը ստացած էին (Մատ. 10։1. Յովհ. 10։41, 42)։ Փոխանակ թոյլ տալու որ նման տարբերութիւններ զինք շեղեցնէին, ան նախանձախնդրօրէն իր աստուածատուր նշանակումին կառչած մնաց։

Եթէ մենք ալ գնահատենք մեր ներկայ նշանակումը Եհովայի ծառայութեան մէջ, կրնանք մեր ուրախութիւնը պահպանել։ Նախապէս նշուած Թերրին կ’ըսէ. «Ինծի տրուած իւրաքանչիւր նշանակումի վրայ կեդրոնացայ»։ Իսկ յետադարձ ակնարկ նետելով լիաժամ ծառայութեան մէջ իր անցուցած կեանքին վրայ, ան կ’ըսէ. «Բանի մը համար չեմ զղջար, հապա միայն աղուոր յիշատակներ ունիմ»։

Կրնանք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ուրախութիւնը խորացնել՝ խոկալով թէ ի՛նչ բան մեր աստուածպետական նշանակումը կամ պատասխանատուութիւնը արժէքաւոր կը դարձնէ։ Ատիկա «Աստուծոյ գործակից» ըլլալու առանձնաշնորհումն է (Ա. Կոր. 3։9)։ Ճիշդ ինչպէս որ ժառանգուած թանկարժէք զարդ մը իր գեղեցկութիւնը կը պահպանէ եթէ փայլեցուի, նմանապէս մենք ուրախ պիտի մնանք, եթէ խոկանք Աստուծոյ ծառայելու յատուկ առանձնաշնորհումին վրայ։ Պիտի խուսափինք մեր զոհերը ուրիշներուն զոհերուն հետ բաղդատելէ։ Ուրիշներուն տրուած առանձնաշնորհումներուն պատճառով մեր առանձնաշնորհումները աւելի նուազ արժէքաւոր պիտի չսեպենք (Գաղ. 6։4

ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԻՐ

Յովհաննէս թերեւս գիտէր որ իր ծառայութիւնը երկար ժամանակ պիտի չտեւէր, բայց չէր գիտեր թէ այդքան կտրուկ կերպով պիտի ընդհատուէր (Յովհ. 3։30)։ Ք.Ե. 30–ին, ան Հերովդէս թագաւորին կողմէ բանտարկուեցաւ, Յիսուսը մկրտելէ շուրջ վեց ամիս ետք։ Սակայն, Յովհաննէս կարելի եղածին չափ շարունակեց ճիշդը սորվեցնել (Մար. 6։17-20)։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց ուրախութիւնը պահպանելու այդ բոլոր դժուարութիւններուն ներքեւ։ Ան հոգեւոր բաներուն վրայ կեդրոնացած մնաց։

Մինչ Յովհաննէս բանտին մէջ էր, իրեն լուրեր հասան Յիսուսի գործունէութեան մասին (Մատ. 11։2. Ղուկ. 7։18)։ Ան վստահ էր որ Յիսուս Մեսիան էր, բայց թերեւս կ’ուզէր գիտնալ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս պիտի ընէր ամէն բան, որ ըստ Սուրբ Գրութիւններուն Մեսիան պիտի ընէր։ Որովհետեւ Մեսիան թագաւոր պիտի ըլլար, արդեօք Յիսուս մօտ ատենէն պիտի իշխէ՞ր։ Արդեօք զինք բանտէն պիտի ազատէ՞ր։ Փափաքելով Յիսուսի դերը աւելի յստակ հասկնալ, Յովհաննէս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց որ Յիսուսին հարցնեն. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք» (Ղուկ. 7։19)։ Յիսուս զանոնք ետ ղրկեց, որ անոր ըսեն թէ՝ «կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի» (Ղուկ. 7։20-22)։ Երբ վերադարձան, Յովհաննէս հաւանաբար ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ, թէ Յիսուս ինչպէս հրաշալի կերպով կը բժշկէր։

Անկասկած անոնց տեղեկագիրը Յովհաննէսը զօրացուց։ Ատիկա հաստատեց որ Յիսուս մեսիական մարգարէութիւնները կը կատարէր։ Թէեւ Յիսուս զինք բանտէն պիտի չազատէր, բայց Յովհաննէս գիտէր որ իր ծառայութիւնը ի զուր չէր։ Հակառակ իր պարագաներուն, ուրախ ըլլալու պատճառներ ունէր։

Համաշխարհային քարոզչութեան լուրերուն վրայ կեդրոնանալը կրնայ օգնել մեր ուրախութիւնը պահպանելու

Մենք ալ, եթէ կեդրոնանանք հոգեւոր բաներուն վրայ, պիտի կարենանք ուրախութեամբ եւ համբերութեամբ տոկալ (Կող. 1։9-11)։ Ասիկա կրնանք ընել Աստուածաշունչը կարդալով եւ ատոր վրայ խոկալով, մենք մեզի յիշեցնելով որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ մեր ըրածները բնաւ ի զուր չեն (Ա. Կոր. 15։58)։ Սանտրան կ’ըսէ. «Ամէն օր Աստուածաշունչէն մէկ գլուխ կարդալը ինծի օգնած է Եհովային մօտենալու։ Ատիկա կ’օգնէ որ կեդրոնանամ ի՛ր վրայ, եւ ոչ թէ իմ անձիս վրայ»։ Կրնանք նաեւ կեդրոնանալ Թագաւորութեան գործին մասին եղած տեղեկագրութիւններուն վրայ, ինչ որ կ’օգնէ որ մեր պարագաներէն անդին նայինք եւ ուշադրութիւն դարձնենք Եհովայի իրագործումներուն։ «JW Հեռատեսիլի կայանի յայտագիրները մեզի կ’օգնեն կազմակերպութեան աւելի մօտիկ զգալու եւ մեր նշանակումին մէջ մեր ուրախութիւնը պահպանելու», կ’ըսէ Սանտրան։

Յովհաննէս Մկրտիչ «Եղիային հոգիովը ու զօրութիւնովը» կատարեց իր կարճատեւ ծառայութիւնը, եւ Եղիային պէս մարդկային «զգացումներ ունէր» (Ղուկ. 1։17. Յակ. 5։17, ՆԱ)։ Եթէ զինք ընդօրինակենք՝ գնահատող ըլլալով եւ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալով, մենք ալ կրնանք Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ ուրախ մնալ, ի՛նչ որ ալ պատահի։