Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուսումնասիրութեան Յօդուած 34

Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն սորվէ

Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն սորվէ

«Իմաստունները պիտի հասկնան» (ԴԱՆ. 12։10

ԵՐԳ 37 Սուրբ Գրութիւնները Աստուծմէ ներշնչուած են

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1. Ի՞նչը կրնայ քեզի օգնել որ մարգարէութիւնները սերտելէն հաճոյք առնես։

 «ԿԸ ՍԻՐԵՄ մարգարէութիւնները սերտել», կ’ըսէ Պէն անունով պատանի եղբայր մը։ Իրեն հետ համաձա՞յն ես, թէ ոչ կը զգաս որ մարգարէութիւնները հասկնալը դժուար է, կամ ատոնք նոյնիսկ ձանձրանալի են։ Բայց երբ գիտնաս որ Եհովան ինչո՛ւ ատոնք գրել տուաւ իր Խօսքին մէջ, թերեւս միտքդ փոխես։

2. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի սերտենք։

2 Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք թէ ինչո՛ւ պէտք է Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները սերտենք եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ատոնք սերտել։ Ետքը, նկատի պիտի առնենք Դանիէլ գիրքէն երկու մարգարէութիւններ, տեսնելու համար թէ ատոնք հասկնալով ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏԵՆՔ

3. Եթէ կ’ուզենք Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

3 Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար պէտք է օգնութիւն խնդրենք։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երեւակայէ որ քեզի անծանօթ եղող շրջան մը կ’այցելես, բայց հետդ կայ բարեկամդ, որ այդ շրջանին շատ լաւ ծանօթ է։ Ան գիտէ ճիշդ ո՛ւր էք եւ իւրաքանչիւր ճամբայ ո՛ւր կը տանի։ Անկասկած ուրախ պիտի ըլլաս որ բարեկամդ քեզի հետ է։ Նոյնպէս, Եհովան գիտէ թէ մենք ո՛ր ժամանակին մէջ կ’ապրինք եւ թէ ի՛նչ դէպքեր կը սպասեն մեզի։ Ուրեմն, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները հասկնալու համար, պէտք է խոնարհաբար Եհովային օգնութիւնը խնդրենք (Դան. 2։28. Բ. Պետ. 1։19, 20

Մարգարէութիւններ սերտելը կրնայ մեզի օգնել որ ապագային պատահելիք դէպքերուն համար պատրաստ ըլլանք (տե՛ս պարբերութիւն 4)

4. Ինչո՞ւ Եհովան իր Խօսքին մէջ մարգարէութիւններ գրել տուաւ (Երեմիա 29։11) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

4 Լաւ ծնողքի մը պէս, Եհովան կ’ուզէ որ իր զաւակները լաւ ապագայ մը ունենան (կարդա՛ Երեմիա 29։11)։ Բայց մարդկային ծնողներուն հակառակը, Եհովան կրնայ մեզի ըսել թէ ապագային ինչ պիտի ըլլայ եւ իր ըսածը մի՛շտ ճիշդ կ’ելլէ։ Ան իր Խօսքին մէջ մարգարէութիւններ գրել տուաւ, որպէսզի կարեւոր դէպքերը ըլլալէն առաջ անոնք գիտնանք (Եսա. 46։10)։ Մարգարէութիւնները մեր երկնաւոր Հօրմէ նուէրներ են։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ այս մարգարէութիւնները պիտի կատարուին։

5. Պատանի մը ի՞նչ կրնայ սորվիլ Մէքսի փորձառութենէն։

5 Դպրոցին մէջ, յաճախ մեր պատանիները ունին դասընկերներ, որոնք Սուրբ Գիրքին հանդէպ յարգանք չունին։ Եւ ատեններ կ’ըսեն եւ կ’ընեն բաներ, որոնք կը ձգեն որ պատանի Վկայ մը կասկածներ ունենայ իր հաւատալիքներուն մասին։ Նկատի առ Մէքս անունով եղբօր մը փորձառութիւնը։ Ան կ’ըսէ. «Երբ պատանի էի, սկսայ մտածել թէ ծնողքս իրապէ՛ս ինծի կը սորվեցնէին ճշմարիտ կրօնքը, եւ թէ Սուրբ Գիրքը իրապէ՛ս Աստուծմէ ներշնչուած է»։ Իր ծնողքը ի՞նչ ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Անոնք հանդարտ մնացին, թէեւ մտահոգ էին»։ Մէքսին ծնողքը իր հարցումներուն պատասխանեցին Սուրբ Գիրքը գործածելով։ Բայց Մէքսն ալ բան մը ըրաւ։ Ան կ’ըսէ. «Մարգարէութիւնները անձամբ սերտեցի եւ սորվածս ուրիշ պատանիներու պատմեցի»։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Մէքսը կ’ըսէ. «Անկէ ետք համոզուեցայ որ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ ներշնչուած է»։

6. Եթէ կասկածներ ունիս, ի՞նչ պէտք է ընես, եւ ինչո՞ւ։

6 Եթէ դուն ալ Մէքսին պէս սկսիս կասկածիլ թէ Աստուածաշունչին ըսածը ճշմարտութիւն է, պէտք չունիս յանցաւոր զգալու։ Բայց պէտք է բան մը ընես։ Կասկածը կը նմանի ժանգի։ Եթէ ժանգը անտեսես, անիկա կամաց–կամաց կը սկսի արժէքաւոր բանի մը վնաս տալ։ Որպէսզի հաւատքիդ վրայէն «ժանգը» վերցնես, պէտք է դուն քեզի հարցնես. ‘Ապագային մասին Աստուածաշունչին ըսածներուն կը հաւատա՞մ’։ Եթէ վստահ չես, ուրեմն պէտք է սերտես Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները, որոնք արդէն կատարուած են։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏԵՆՔ

Դանիէլին պէս Եհովային հանդէպ վստահութիւն մշակելու համար, պէտք է Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները խոնարհութեամբ, ուշադրութեամբ եւ ճիշդ նպատակով սերտենք (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Դանիէլ ի՞նչ օրինակ եղաւ մարգարէութիւնները սերտելու նկատմամբ (Դանիէլ 12։10) (տե՛ս նաեւ նկարը)։

7 Դանիէլ լաւ օրինակ եղաւ մարգարէութիւնները սերտելուն նկատմամբ։ Ան ճիշդ նպատակով կը սերտէր, որպէսզի ճշմարտութիւնը գիտնար։ Ասկէ զատ, Դանիէլ խոնարհ էր. ան գիտէր որ Եհովան իրեն պիտի օգնէր որ մարգարէութիւնները հասկնար, եթէ իրեն մօտիկ մնար եւ իրեն հնազանդէր (Դան. 2։27, 28. կարդա՛ Դանիէլ 12։10)։ Եւ Դանիէլ իր խոնարհութիւնը ցոյց տուաւ՝ Եհովային վստահելով որ իրեն օգնէր (Դան. 2։18)։ Ան նաեւ ուշադրութեամբ կը սերտէր։ Ան փնտռտուք կ’ընէր այն ներշնչեալ Գրութիւններուն մէջ, որոնք իր ապրած ատենը կային (Եր. 25։11, 12. Դան. 9։2)։ Ինչպէ՞ս կրնաս Դանիէլը ընդօրինակել։

8. Ոմանք ինչո՞ւ չեն հաւատար Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններուն, բայց մենք ի՞նչ պէտք է ընենք։

8 Մտածէ թէ ի՛նչ նպատակով կը սերտես։ Արդեօք ճշմարտութիւնը գիտնալո՞ւ նպատակով։ Եթէ այո՛, Եհովան քեզի պիտի օգնէ (Յովհ. 4։23, 24. 14։16, 17)։ Լաւ, ուրիշներ ի՞նչ նպատակով կը սերտեն մարգարէութիւնները։ Ոմանց նպատակն է փաստել որ Սուրբ Գիրքը Աստուծմէ չէ։ Այս կերպով, իրե՛նք կրնան որոշել թէ ինչը ճիշդ է եւ ինչը սխալ։ Բայց մենք կ’ուզենք ճիշդ նպատակով մարգարէութիւնները սերտել։ Ասկէ զատ, կայ կարեւոր յատկութիւն մը, որպէսզի Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները հասկնանք։

9. Ո՞ր յատկութեան պէտք ունինք, որպէսզի մարգարէութիւնները հասկնանք. բացատրէ։

9 Խոնարհ եղիր։ Եհովան կը խոստանայ խոնարհներուն օգնել (Յակ. 4։6)։ Ուրեմն, մարգարէութիւնները հասկնալու համար, պէտք է իրմէ օգնութիւն խնդրենք։ Պէտք է ընդունինք որ պէտք ունինք հաւատարիմ ծառային, կամ տնտեսին, որ Եհովան կը գործածէ ատենին մեզի հոգեւոր սնունդ տալու համար (Ղուկ. 12։42)։ Եհովան կարգուկանոնի Աստուած է, ուրեմն տրամաբանական է որ ան մէկ խողովակ գործածէ, որպէսզի մեզի օգնէ որ իր Խօսքը հասկնանք (Ա. Կոր. 14։33. Եփ. 4։4-6

10. Ի՞նչ կը սորվիս Էսթըրի փորձառութենէն։

10 Ուշադրութեամբ սերտէ։ Սկսէ սերտելով մարգարէութիւն մը որ կը սիրես։ Էսթըր անունով քոյր մը ասիկա ըրաւ։ Ան հետաքրքրուած էր Մեսիային գալուն նկատմամբ մարգարէութիւններով։ Ան կ’ըսէ. «Երբ 15 տարեկան էի, սկսայ փաստեր փնտռել թէ այս մարգարէութիւնները իրապէ՛ս Յիսուսէն առաջ գրուած են»։ Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մասին իր կարդացածը զինք համոզեց։ Ան կ’ըսէ. «Այս մագաղաթներէն ոմանք Յիսուսի գալէն առաջ գրուեցան, ուրեմն պէտք է որ անոնց մէջի մարգարէութիւնները Աստուծմէ ըլլան»։ Էսթըր կ’աւելցնէ. «Պէտք էր որ կարգ մը բաներ քանի մը անգամ կարդայի, որպէսզի ատոնք հասկնայի»։ Բայց ան շատ ուրախ է որ այս ջանքը թափեց։ Եւ քանի մը մարգարէութիւններ ուշադրութեամբ սերտելէ ետք, կրցաւ ըսել. «Լման համոզուեցայ որ Աստուածաշունչին ըսածը ճիշդ է»։

11. Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները քննելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի։

11 Երբ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս Աստուծոյ Խօսքին մէջի կարգ մը մարգարէութիւնները արդէն կատարուած են, Եհովային եւ իր առաջնորդած կերպին նկատմամբ մեր վստահութիւնը կը զօրանայ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչին մարգարէութիւնները մեզի կ’օգնեն որ ապագային նկատմամբ դրական մնանք, նոյնիսկ երբ հիմա խնդիրներ ունինք։ Հիմա կարճ կերպով նկատի առնենք Դանիէլի կողմէ արձանագրուած երկու մարգարէութիւններ, որոնք հիմա կը կատարուին։ Ասոնք հասկնալը մեզի պիտի օգնեն որ իմաստուն որոշումներ առնենք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԵՐԿԱԹԷ ՈՒ ԿԱՒԷ ՈՏՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏՆԱՍ

12. Երկաթէ ու կաւէ ոտքերը ի՞նչ կը ներկայացնեն (Դանիէլ 2։41-43

12 Կարդա՛ Դանիէլ 2։41-43։ Նաբուգոդոնոսորին տեսած երազին մէջ, որ Դանիէլ բացատրեց, արձանին ոտքերը ‘երկաթի ու կաւի խառնուրդ էին’։ Այս մարգարէութիւնը բաղդատելով Դանիէլ գրքին եւ Յայտնութիւն գրքին ուրիշ մարգարէութիւններուն հետ, կրնանք եզրակացնել թէ արձանին ոտքերը կը ներկայացնեն անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը։ Այս ուժին նկատմամբ, Դանիէլ կ’ըսէ թէ «թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ»։ Ինչո՞ւ մէկ մասը դիւրաբեկ կամ տկար պիտի ըլլայ։ Քանի որ ժողովուրդը, որ կաւով ներկայացուած է, կը տկարացնէ այս թագաւորութեան կարողութիւնը որ երկաթանման զօրութիւն ցոյց տայ b։

13. Այս մարգարէութենէն ի՞նչ կարեւոր ճշմարտութիւններ կը հասկնանք։

13 Կարեւոր ճշմարտութիւններ կը գիտնանք Դանիէլի նկարագրած արձանէն, մանաւանդ անոր ոտքերէն։ Առաջին, անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը կարգ մը կերպերով ցոյց տուած է որ զօրաւոր է։ Օրինակ, Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան մաս կազմեցին այն ազգերուն, որոնք առաջին եւ երկրորդ Համաշխարհային պատերազմներուն յաղթեցին։ Հակառակ ասոր, այս աշխարհակալ ուժը տկարացած է եւ կը շարունակէ տկարանալ, քանի որ անոր քաղաքացիները իրարու եւ կառավարութեան դէմ կը կռուին։ Երկրորդ, անիկա իշխող վերջին աշխարհակալ ուժը պիտի ըլլայ, առաջ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բոլոր մարդկային թագաւորութիւններուն վերջ դնէ։ Ատեններ պիտի ըլլան ազգեր, որոնք անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժին դէմ պիտի դնեն, բայց անոր տեղը պիտի չառնեն։ Ասիկա գիտենք, որովհետեւ «քար»ը, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, պիտի փշրէ արձանին ոտքերը, որոնք կը ներկայացնեն անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժը (Դան. 2։34, 35, 44, 45

14. Երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն մասին մարգարէութիւնը հասկնալը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնենք։

14 Համոզուա՞ծ ես որ երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն մասին Դանիէլի մարգարէութիւնը ճիշդ է։ Եթէ այո, ատիկա պիտի ազդէ քու ապրելակերպիդ։ Դուն պիտի չկեդրոնանաս դրամ եւ ստացուածք դիզելուն վրայ, քանի որ գիտես որ այս չար աշխարհը շուտով պիտի կործանուի (Ղուկ. 12։16-21. Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Այս մարգարէութիւնը հասկնալը նաեւ քեզի պիտի օգնէ, որ տեսնես թէ քարոզչութիւնը եւ աշակերտելու գործը որքա՜ն կարեւոր են (Մատ. 6։33. 28։18-20)։ Այս մարգարէութիւնը սերտելէ ետք, կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Առած որոշումներս ցոյց կու տա՞ն, որ համոզուած եմ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով վերջ պիտի դնէ բոլոր կառավարութիւններուն’։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է «ՀԻՒՍԻՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐ»ԻՆ ԵՒ «ՀԱՐԱՒԻ ԹԱԳԱՒՈՐ»ԻՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՏՆԱՍ

15. Ներկայիս ո՞վ են « հիւսիսի թագաւորը» եւ «հարաւի թագաւորը» (Դանիէլ 11։40

15 Կարդա՛ Դանիէլ 11։40։ Դանիէլ գրքին 11–րդ գլուխը կը խօսի երկու թագաւորներու կամ աշխարհակալ ուժերու մասին, որոնք իրարու դէմ կը կռուին աշխարհին տիրելու համար։ Երբ այս մարգարէութիւնը կը բաղդատենք Սուրբ Գիրքի ուրիշ մարգարէութիւններու հետ, կրնանք գիտնալ թէ «հիւսիսի թագաւորը» Ռուսիան եւ իր դաշնակիցներն են, իսկ «հարաւի թագաւորը» անկլօամերիկեան աշխարհակալ ուժն է c։

Մեր հաւատքը կը զօրացնենք, եթէ յիշենք որ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւոր»ին հակառակութիւնը Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնը կը կատարէ (տե՛ս պարբերութիւն 16-18)

16. «Հիւսիսի թագաւորը» Աստուծոյ ծառաներուն հետ ինչպէ՞ս կը վարուի։

16 Աստուծոյ ծառաները, որոնք կ’ապրին «հիւսիսի թագաւոր»ին իշխանութեան տակ, կը հալածուին այս թագաւորին կողմէ։ Կարգ մը Վկաներ ծեծուած են եւ բանտը նետուած են իրենց հաւատքին համար։ «Հիւսիսի թագաւոր»ին ըրածները ոչ թէ մեր եղբայրները վախցուցած են, հապա իրենց հաւատքը զօրացուցած են։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր եղբայրները գիտեն որ այս հալածանքը Դանիէլ գիրքին մէջի մարգարէութեան կատարումն է (Դան. 11։41) d։ Ատիկա գիտնալը կրնայ մեզի օգնել, որ շարունակենք զօրաւոր յոյս ունենալ եւ Եհովային հաւատարիմ մնալ։

17. Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ դժուարութիւններ ունեցած է «Հարաւի թագաւոր»ին իշխանութեան տակ։

17 Անցեալին, «հարաւի թագաւոր»ն ալ Եհովայի ժողովուրդին վրայ յարձակած է։ Օրինակ, 20–րդ դարուն սկիզբը, շատ մը եղբայրներ բանտարկուեցան եւ կարգ մը Վկաներու պզտիկները դպրոցներէն դուրս վռնտուեցան՝ չէզոք մնալնուն համար։ Բայց վերջին տարիներուն, «հարաւի թագաւոր»ին իշխանութեան տակ ապրող Եհովայի ծառաներուն հաւատարմութիւնը ուրիշ կերպով ալ փորձուած է։ Օրինակ, քուէարկութեան ատեն, քրիստոնեայ մը թերեւս ճնշումի տակ դրուի որ որոշ կուսակցութեան մը կամ թեկնածուի մը թիկունք կանգնի։ Թերեւս չերթայ քուէ տալու, բայց իր մտքին ու սրտին մէջ մէկու մը կողմը դիրք բռնէ։ Ուրեմն, որքա՛ն կարեւոր է որ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք մնանք՝ ոչ միայն մեր ըրածներով, հապա նաեւ մեր մտածումներով եւ զգացումներով (Յովհ. 15։18, 19. 18։36

18. Երկու թագաւորներուն միջեւ եղած թշնամութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր հաւատքին վրայ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

18 Անոնք որոնք Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն չեն հաւատար, թերեւս շատ վախնան երբ կը տեսնեն «հարաւի թագաւորը» ինչպէս «հիւսիսի թագաւոր»ին վրայ կը յարձակի (Դան. 11։40)։ Երկու թագաւորներն ալ բաւարար աթոմական ոյժ ունին, որով կարելի է ամբողջ աշխարհը կործանել։ Բայց գիտենք որ Եհովան բնաւ պիտի չձգէ որ ասիկա պատահի (Եսա. 45։18)։ Ուրեմն, երբ «հիւսիսի թագաւոր»ին եւ «հարաւի թագաւոր»ին միջեւ եղած թշնամութիւնը կը տեսնենք, չենք վախնար։ Ընդհակառակը, մեր հաւատքը կը զօրանայ, քանի որ ասիկա ցոյց կու տայ որ այս չար աշխարհին վերջը մօտ է։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼ

19. Մարգարէութիւններուն մասին ի՞նչ բան պէտք է մեր միտքը պահենք։

19 Չենք գիտեր թէ կարգ մը մարգարէութիւններ ինչպէ՛ս պիտի կատարուին։ Նոյնիսկ Դանիէլ մարգարէն իր ամէն գրածին իմաստը չհասկցաւ (Դան. 12։8, 9)։ Բայց քանի՛ որ չենք գիտեր թէ որոշ մարգարէութիւն մը ինչպէս պիտի կատարուի, ասիկա ըսել չէ թէ անիկա պիտի չկատարուի։ Անկասկած, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան ճիշդ ժամանակին մեզի պիտի հասկցնէ ինչ որ պէտք ունինք գիտնալու, ճիշդ ինչպէս որ անցեալին ըրաւ (Ամս. 3։7

20. Մօտ ատենէն ո՞ր մարգարէութիւններուն կատարումը պիտի տեսնենք, եւ ի՞նչ պէտք է շարունակենք ընել։

20 Նա՛խ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» պիտի յայտարարուի (Ա. Թես. 5։3)։ Անկէ ետք, աշխարհի քաղաքական ուժերը սուտ կրօնքին դէմ պիտի ելլեն եւ զայն պիտի կործանեն (Յայտ. 17։16, 17)։ Որմէ ետք, անոնք Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակին (Եզեկ. 38։18, 19)։ Այս դէպքերը մեզ ուղղակի պիտի տանին Արմագեդոն պատերազմին (Յայտ. 16։14, 16)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ այս դէպքերը շատ մօտ ատենէն տեղի պիտի ունենան։ Մինչ այդ, շարունակենք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ մեր սիրալիր երկնաւոր Հօր հանդէպ՝ ուշադրութիւն ընելով Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն եւ ուրիշներուն օգնելով որ նոյնը ընեն։

ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ

a Որքա՛ն ալ այս աշխարհի վիճակները աւելի գէշ դառնան, կրնանք վստահ ըլլալ որ ուրախ ապագայ մը կը սպասէ մեզի։ Այս վստահութիւնը ձեռք կը ձգենք, երբ Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները կը սերտենք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք կարգ մը պատճառներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւնները սերտենք։ Ետքը, կարճ կերպով նկատի պիտի առնենք Դանիէլի գրած մարգարէութիւններէն երկուքը, եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք օգտուիլ երբ անոնք հասկնանք։

b Տե՛ս «Եհովան կը յայտնէ ‘ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ’» յօդուածը՝ Դիտարան–ի 1 յունիս 2012 թիւին մէջ, պարբ. 7-9։

c Տե՛ս «Ներկայիս ո՞վ է ‘հիւսիսի թագաւորը’» յօդուածը՝ Դիտարան–ի մայիս 2020 թիւին մէջ, պարբ. 3-4։

d Տե՛ս «Ներկայիս ո՞վ է ‘հիւսիսի թագաւորը’» յօդուածը՝ Դիտարան–ի մայիս 2020 թիւին մէջ, պարբ. 7-9։