Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընդօրինակէ Եհովայի մօտիկ բարեկամները

Ընդօրինակէ Եհովայի մօտիկ բարեկամները

«Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է» (ՍԱՂ. 25։14

ԵՐԳԵՐ. 106, 118

1-3. ա) Ինչո՞ւ վստահ ենք որ կրնանք Աստուծոյ բարեկամները ըլլալ։ բ) Որո՞նց մասին պիտի քննարկենք այս յօդուածին մէջ։

ԵՐԵՔ համարներ կան, որ ցոյց կու տան թէ Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամն էր (Բ. Մն. 20։7, ՆԱ. Եսա. 41։8, ՆԱ. Յակ. 2։23)։ Եւ Աստուածաշունչը միայն զինք ուղղակի «Աստուծոյ բարեկամ» կը կոչէ։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ իրմէ զատ ուրիշ ոեւէ մարդ արարած Եհովայի բարեկամը չեղաւ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ իւրաքանչիւրս կրնանք Աստուծոյ հետ բարեկամանալ։

2 Աստուծոյ Խօսքը բազմաթիւ հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու օրինակներով լեցուած է, որոնք Եհովայէն վախցան, հաւատացին իրեն եւ հետը բարեկամացան (կարդա՛ Սաղմոս 25։14)։ Պօղոս առաքեալ խօսեցաւ ‘վկաներու բազմութեան’ մը մասին, որոնք բոլորն ալ Աստուծոյ ընկերները եղան (Եբ. 12։1)։ Անոնց մէջ բազմատեսակ մարդիկ կային։

3 Նկատի առնենք երեք անձեր, որոնք ըստ Սուրբ Գիրքի նկարագրութեան, Եհովայի մօտիկ բարեկամներն էին։ 1) Մովաբէն եկած հաւատարիմ այրի կինը՝ Հռութ, 2) Յուդայի արդար թագաւորներէն մէկը՝ Եզեկիա, եւ 3) Յիսուսի խոնարհ մայրը՝ Մարիամ։ Իւրաքանչիւրը ինչպէ՞ս բարեկամացաւ Աստուծոյ հետ եւ մենք ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ

4, 5. ա) Հռութ ի՞նչ դժուար որոշում մը դիմագրաւեց։ բ) Այդ որոշումը ինչո՞ւ շատ դժուար էր (տե՛ս բացման պատկերը)։

4 Պատկերացուր երեք այրի կիներ, որոնց շալերը հովէն կը թռին, մինչ քալելով կ’անցնին Մովաբի դաշտերէն։ Անոնց անուններն են՝ Հռութ, Որփա եւ Նոեմի, որ իրենց կեսուրն է։ Կը տեսնենք թէ Որփան իրենցմէ կը հեռանայ հակառակ ուղղութեամբ, քանի որ որոշած է տուն վերադառնալ։ Նոեմին վճռաբար կը շարունակէ դէպի Իսրայէլ՝ իր հայրենիքը, երթալ։ Իսկ իրեն հետ ընկերակցող կինը՝ Հռութ, իր կեանքի թերեւս կարեւորագոյն որոշումին առջեւ գտնուած է։ Ան կրնայ կա՛մ Մովաբ՝ իր ժողովուրդին վերադառնալ, կամ ալ իր կեսրոջ քովէն չհեռանալով դէպի Բեթլեհէմ ճամբորդել (Հռութ 1։1-8, 14

5 Հռութ շատ դիւրաւ կրնար որոշել վերադառնալ Մովաբ, ուր ունէր մայր մը եւ ուրիշ ազգականներ, որոնք կրնային հոգ տանիլ իրեն։ Մովաբը իր հայրենիքն էր. իր մշակոյթը, իր լեզուն ու իր ժողովուրդը։ Եթէ Նոեմիին հետ Բեթլեհէմ վերադառնար, այս առաւելութիւններէն պիտի զրկուէր։ Արդէն Նոեմին ի՛նք ըսաւ իրեն որ Մովաբ դառնայ, որովհետեւ կը վախնար թէ պիտի չկարենայ իր հարսին համար նոր ամուսին մը կամ տուն մը գտնել։ Սակայն Հռութ տարբեր էր միւս հարսէն՝ Որփայէն, որ «իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ» (Հռութ 1։9-15)։ Արդեօք Հռութ կ’ուզէ՞ր իր ժողովուրդի չաստուածներուն վերադառնալ։ Ո՛չ, ան չէր ուզեր։

6. ա) Հռութ ի՞նչ իմաստուն որոշում առաւ։ բ) Բոոս ինչո՞ւ ըսաւ որ Հռութ Եհովայի թեւերուն տակ ապաստանարան կը գտնէ։

6 Հռութ ուրկէ՞ գիտէր Եհովայի մասին. շատ հաւանաբար իր ամուսինէն կամ Նոեմիէն։ Ան գիտէր թէ Եհովան որքա՜ն տարբեր է Մովաբի չաստուածներէն։ Հռութ սիրեց Եհովան եւ հասկցաւ որ ան իր սիրոյն եւ պաշտամունքին արժանի Աստուած է։ Ուստի ան իմաստուն որոշում մը առաւ, Նոեմիին ըսելով. «Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ» (Հռութ 1։16)։ Ինչպիսի՜ սէր կեսրոջ մը հանդէպ։ Աւելի կարեւորը, ինչպիսի՜ սէր Եհովայի՛ հանդէպ։ Հռութի այս աստուածսիրութիւնը պատճառ եղաւ, որ յետագային, հողատէր Բոոսը գովէ զինք Եհովայի թեւերուն տակ ապաստանարան գտնելուն համար (կարդա՛ Հռութ 2։12)։ Թերեւս ասիկա մեզի յիշեցնէ զօրաւոր եւ հոգատար թռչուն մը, որ իր ձագը թեւերուն տակ կ’առնէ (Սաղ. 36։7. 91։1-4)։ Եհովան նոյն կերպով վարուեցաւ Հռութի հետ, անոր հաւատքին դիմաց վարձատրելով զայն։ Իսկ Հռութ բնաւ չզղջաց իր առած որոշումին վրայ։

7. Ի՞նչ բան կրնայ օգնել անոնց, որոնք կը քաշուին Եհովային նուիրուելէ։

7 Շատեր Եհովայի մասին սորվելէ ետք կը վարանին իր թեւերուն տակ ապաստանարան գտնելու։ Անոնք կը քաշուին նուիրուելէ ու մկրտուելէ։ Եթէ դուն անոնցմէ մէկն ես, մտածէ թէ ի՛նչն է պատճառը։ Ամէն մարդ որոշ աստուած մը ունի (Յես. 24։15)։ Ինչո՞ւ չընտրես ճշմարիտ Աստուծոյն ծառայել։ Երբ անձդ Եհովային կը նուիրես, ցոյց կու տաս թէ կը հաւատաս որ ինքն է քու ապաստանարանդ։ Ան քեզի պիտի օգնէ որ որոշումիդ համաձայն ապրիս, ի՛նչ խնդրի առջեւ ալ գտնուիս։ Եւ Աստուած ճիշդ այսպէս վարուեցաւ Հռութի հետ։

«ՏԷՐՈՋԸ ՅԱՐԵՑԱՒ»

8. Եզեկիան ի՞նչ տեսակ մթնոլորտի մը մէջ մեծցաւ։

8 Ի տարբերութիւն Հռութի, Եզեկիան Եհովա Աստուծոյ նուիրեալ ազգին մէջ ծնած էր։ Բայց իսրայէլացիներէն ոմանք իրենց նուիրումին համաձայն չէին ապրեր։ Եզեկիային հայրը՝ Աքազ թագաւոր, ատոնցմէ մէկն էր։ Այդ չար մարդը Յուդայի թագաւորութեան ժողովուրդը կռապաշտութեան առաջնորդեց, մինչեւ իսկ Երուսաղէմի տաճարը սրբապղծելով։ Աքազ նոյնիսկ Եզեկիայի եղբայրներէն ոմանք կրակի բերնէ անցուց իբրեւ ողջակէզ որոշ չաստուածի մը համար։ Եզեկիայի մանկութիւնը ցաւալի ըլլալու էր (Դ. Թագ. 16։2-4, 10-17. Բ. Մն. 28։1-3

9, 10. ա) Եզեկիան ինչո՞ւ կրնար դիւրութեամբ իր երեսը դառնացնել։ բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ տրտունջ ընենք Աստուծոյ դէմ։ գ) Ինչո՞ւ պէտք չէ խորհինք, թէ անհատի մը մեծցած միջավայրը կ’որոշէ թէ ինչպիսի անձ մը պիտի ըլլայ։

9 Իր հօր գէշ օրինակէն ազդուելով՝ Եզեկիան կրնար դիւրութեամբ Եհովայի դէմ իր երեսը դառնացնել։ Ոմանք իրմէ շատ աւելի նուազ դժուարութիւններ ունենալով հանդերձ, խորհած են որ յստակ պատճառ մը ունին «Տէրոջը դէմ տրտունջ» ընելու կամ իր կազմակերպութեան առջեւ երես ծռելու (Առ. 19։3)։ Ոմանք ալ համոզուած են թէ ամէն ո՛վ որ գէշ ընտանիքի մը մէջ մեծցած է, գէշ կեանք մը պիտի վարէ՝ հաւանաբար իր ծնողքին նոյն սխալները գործելով (Եզեկ. 18։2, 3)։ Բայց այս գաղափարները ճի՞շդ են։

10 Եզեկիայի անձնական կեանքը յստա՛կօրէն կը պատասխանէ, որ ճիշդ չեն։ Բնաւ պատճառ մը չկայ Եհովայի դէմ տրտունջ ընելու, քանի որ ինքը չէ մարդոց քաշած չարիքներուն աղբիւրը (Յոբ 34։10)։ Ճիշդ է որ ծնողներ կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ իրենց զաւակներուն վրայ, ըլլայ բարի կամ չար (Առ. 22։6. Կող. 3։21)։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ մարդու մը կեանքը իր մեծցած ընտանիքէն կախեալ է։ Ընդհակառակը, Եհովան բոլորիս ազատ կամք նուիրած է, որպէսզի կարենանք որոշել թէ բարիք պիտի ընենք կամ չարիք (Բ. Օր. 30։19)։ Եզեկիան այս նուէրը ինչպէ՞ս գործածեց։

Ի՛նչ տեսակ ընտանիքի մէջ ալ մեծցած ըլլան, պատանիներէն շատեր այսօր ճշմարտութեան կու գան (տե՛ս պարբերութիւն 9, 10)

11. Եզեկիա ինչպէ՞ս Յուդայի լաւագոյն թագաւորներէն մէկը եղաւ։

11 Յուդայի ամէնէն գէշ թագաւորներէն մէկուն տղան ըլլալով հանդերձ, Եզեկիան լաւագոյն թագաւորներէն մէկը դարձաւ (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 18։5, 6)։ Այո, իր հայրը գէշ ազդեցութիւն ձգեց իր վրայ, բայց ուրիշ մարդիկ ալ կրնային իր ուշադրութիւնը գրաւել։ Այդ օրերուն, կային Եսայի, Միքիա եւ Ովսէէ մարգարէները։ Թագաւորը ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ անոնց ներշնչեալ խրատներն ու սրբագրումը։ Ասիկա զինք մղեց որ իր հօր յարուցած շատ մը խնդիրները լուծէ։ Ան մաքրագործեց տաճարը, Աստուծմէ խնդրեց որ ժողովուրդին մեղքերը ներուին, եւ կուռքերը կործանելու արշաւ մը կատարեց ամբողջ երկրին մէջ (Բ. Մն. 29։1-11, 18-24. 31։1)։ Երբ մեծ խնդիրներ յառաջ եկան, զոր օրինակ՝ երբ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը սպառնաց Երուսաղէմի վրայ յարձակիլ, Եզեկիա մեծ հաւատք եւ քաջութիւն ցոյց տուաւ։ Ան փրկութեան համար Աստուծոյ ապաւինեցաւ եւ խօսքով ու գործով զօրացուց ժողովուրդին սիրտը (Բ. Մն. 32։7, 8)։ Յետագային, երբ պարծենկոտ ոգի ցոյց տալուն համար յանդիմանուեցաւ, ինքզինք խոնարհեցուց ու զղջաց (Բ. Մն. 32։24-26)։ Յստակ է որ Եզեկիան թոյլ չտուաւ որ իր անցեալը աւերէ իր ներկան եւ ապագան։ Ընդհակառակը, ան փաստեց որ Եհովայի բարեկամն է եւ ընդօրինակուելու արժանի է։

12. Այսօր շատեր ինչպէ՞ս Եզեկիային պէս կը փաստեն թէ Եհովայի բարեկամն են։

12 Քանի որ դաժան եւ անսէր աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք, չենք զարմանար տեսնելով թէ շատեր սիրալիր եւ հոգատար ծնողք մը չեն ունեցած (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Այսօր, քրիստոնեաներէն շատեր դժուար մանկութիւն ունենալով հանդերձ, ընտրած են Եհովայի բարեկամը ըլլալ։ Անոնք Եզեկիա թագաւորին պէս ցոյց կու տան, թէ անհատի մը ապագան անցեալէն կախեալ չէ։ Աստուած մեզի ազատ կամք տուած է, եւ մեր առանձնաշնորհումն է այդ պարգեւը օգտագործել Եհովային ծառայելու, յարելու եւ պատուելու, ինչպէս որ Եզեկիան ըրաւ։

«ԱՀԱ ԵՍ ՏԷՐՈՋԸ ԱՂԱԽԻՆՆ ԵՄ»

13, 14. ա) Մարիամի նշանակումը հաւանաբար ինչո՞ւ ծանր կրնար թուիլ։ բ) Ան ինչպէ՞ս ընդառաջեց Գաբրիէլի խօսքերուն։

13 Եզեկիայի օրերէն դարեր ետք, Նազարէթէն խոնարհ հրեայ կին մը յատուկ բարեկամութիւն մը մշակեց Եհովայի հետ։ Ոեւէ անհատ նման նշանակում չէ ստացած. ան պիտի յղանար, ծննդաբերէր ու մեծցնէր Աստուծոյ միածին Որդի՛ն։ Հեղիի աղջիկը՝ Մարիամ, որքա՜ն Եհովայի աչքը մտած էր, որ այդքան մեծ բան մը վստահուեցաւ իրեն։ Բայց երբ աղջիկը այդ նշանակումը լսեց, իր առաջին հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։

«Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ» (տե՛ս պարբերութիւն 13, 14)

14 Շատ դիւրին է մտածել միայն Մարիամի առանձնաշնորհումին վրայ։ Սակայն, ան կարգ մը մտավախութիւններ կրնար ունենալ։ Աստուծոյ Գաբրիէլ հրեշտակը կնոջ ըսաւ որ հրաշքով պիտի յղանար,– առա՛նց սեռային յարաբերութիւն մը ունենալու։ Գաբրիէլ չառաջարկեց Մարիամի ընտանիքին եւ դրացիներուն մէկ–մէկ բացատրել յղութեան պատճառը։ Անոնք ի՞նչ պիտի կարծէին։ Մարիամ անշուշտ մտահոգ ըլլալու էր իր նշանածով՝ Յովսէփով։ Յղի կինը ինչպէ՞ս պիտի համոզէր զինք, որ իրեն չէր դաւաճանած։ Ասկէ զատ, ան Բարձրեալի միածին Որդի՛ն պիտի մեծցնէր, խնամէր եւ դաստիարակէր. ի՜նչ ծանր պատասխանատուութիւն։ Չենք գիտեր թէ Մարիամ ճիշդ ի՛նչ մտավախութիւններ ունեցաւ, մինչ Գաբրիէլ իրեն կը խօսէր, սակայն գիտենք թէ ի՛նչ պատասխանեց. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի» (Ղուկ. 1։26-38

15. Մարիամի հաւատքը ինչո՞ւ աչքառու է։

15 Միթէ Մարիամի հաւատքը աչքառու չէ՞։ Աղախին մը իր տիրոջ տրամադրութեան տակ կ’ըլլար։ Ուստի Մարիամ վստահ էր որ Եհովան իրեն հոգ պիտի տանէր ու պաշտպանէր։ Ան ինչպէ՞ս կրնար այսքան զօրաւոր հաւատք ունենալ։ Մենք հաւատքով չենք ծնիր։ Բայց կրնանք հաւատք ձեռք ձգել, եթէ ատոր վրայ աշխատինք եւ Աստուծմէ խնդրենք որ մեր ջանքերը օրհնէ (Գաղ. 5։22, ՆԱ. Եփ. 2։8)։ Փաստ ունի՞նք, թէ Մարիամ ջանք թափեց իր հաւատքը զօրացնելու համար։ Այո, ունինք։ Նկատի առ թէ ան ինչպէ՛ս լսեց ու խօսեցաւ։

16. Ուրկէ՞ գիտենք թէ Մարիամ լսելու կողմանէ լաւ էր։

16 Մարիամ ինչպէ՛ս լսեց։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը խրատէ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու. . . մէջ» (Յակ. 1։19)։ Յստակ է որ Մարիամ լսելու կողմանէ շատ լաւ էր։ Ղուկասի Աւետարանէն յայտնի կը դառնայ, որ Մարիամ երկու անգամ ուշադրութեամբ ականջ տուաւ հոգեւորապէս խորունկ եւ իմաստալից խօսքերու, եւ ապա ժամանակ ստեղծեց իր լսածներուն վրայ խոկալու։ Յիսուսի ծնած օրը, խոնարհ հովիւներ եկան եւ Մարիամին ըսին ինչ որ հրեշտակները իրենց ըսած էին։ Շուրջ 12 տարի ետք, Յիսուս տղեկ մը ըլլալով հանդերձ ըսաւ խօսք մը, որ հոգեւորապէս շատ մեծ իմաստ մը ունէր։ Երկու պարագաներուն ալ, Մարիամ լսեց, մտաբերեց եւ ուշադրութեամբ մտածեց իր լսածներուն վրայ (կարդա՛ Ղուկաս 2։16-19, 49, 51

17. Մարիամին խօսելակերպը ի՞նչ կը յայտնէ իր մասին։

17 Մարիամ ինչպէ՛ս խօսեցաւ։ Աստուածաշունչը շատ չնչին մէջբերումներ ըրած է Մարիամէն։ Իրականութեան մէջ, անոր ամէնէն երկար խօսակցութիւնը կը գտնուի Ղուկաս 1։46-55–ի մէջ։ Այդ խօսքերէն կը հասկնանք, թէ Մարիամ Սուրբ Գրութիւններուն քաջածանօթ էր։ Իր բառերը կարծես Սամուէլ մարգարէի մօր՝ Աննայի աղօթքէն վերցուած ըլլան (Ա. Թագ. 2։1-10)։ Այնպէս կը թուի թէ Մարիամ մօտ 20 անգամ մէջբերեց Սուրբ Գրութիւններէն։ Յստակ է որ ան ազատօրէն կը խօսէր իր սրտին մէջ պահած հոգեւոր ճշմարտութիւններուն մասին, որոնք սորված էր իր մեծագոյն Բարեկամէն՝ Եհովայէն։

18. Ի՞նչ կերպերով կրնանք ընդօրինակել Մարիամի հաւատքը։

18 Թերեւս մենք ալ Մարիամին պէս երբեմն զգանք, թէ Եհովան մեզի դժուար նշանակում մը տուած է։ Օրինա՛կ առնենք Մարիամէն, խոնարհութեամբ ընդունելով նշանակումը եւ վստահելով որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ։ Կրնանք Մարիամին հաւատքը ընդօրինակել, ուշադրութեամբ ականջ տալով Եհովային եւ խոկալով հոգեւոր ճշմարտութիւններուն վրայ։ Այդպիսով կարող կ’ըլլանք ուրիշներուն ուրախութեամբ պատմելու ամէն ինչ որ կը սորվինք Եհովայի եւ իր նպատակներուն մասին (Սաղ. 77։11, 12. Ղուկ. 8։18. Հռով. 10։15

19. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ, մինչ կ’ընդօրինակենք Աստուածաշունչի նշած հաւատքի տէր մարդիկը։

19 Կասկած չկայ թէ Հռութ, Եզեկիա եւ Մարիամ, Աբրահամին պէս Եհովայի բարեկամները եղան։ Իրենց կողքին կայ ‘վկաներու բազմութիւն’ մը, որոնք նոյնպէս առանձնաշնորհումը ունեցան Աստուծոյ հետ բարեկամանալու։ Շարունակե՛նք այդպիսիներուն հաւատքը ընդօրինակել (Եբ. 6։11, 12)։ Եւ մինչ կ’ընդօրինակենք, կրնանք շատ մեծ վարձատրութեան մը սպասել, որ է՝ Եհովայի մօտիկ բարեկամները ըլլալ յաւիտեա՛ն։