Եհովային նպատակը անպայման պիտի կատարուի
«Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ» (ԵՍԱ. 46։11)։
1, 2. ա) Եհովան մեզի ի՞նչ յայտնած է։ բ) Եսայի 46։10, 11–ի եւ 55։11–ի մէջ ի՞նչ խոստում կայ։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ առաջին տողին մէջ գրուած է այս պարզ եւ խորունկ նախադասութիւնը. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծն. 1։1)։ Տիեզերքին միայն չնչին մէկ մասը տեսած ենք եւ շատ քիչ գիտենք ատոր մէջ եղած բաներուն մասին, ինչպէս՝ անջրպետը, լոյսը եւ ձգողական ուժը (Ժող. 3։11)։ Բայց Աստուած մեզի ըսած է թէ ի՛նչ է իր նպատակը երկրին եւ մարդոց նկատմամբ։ Ան մարդ արարածը ստեղծեց իր պատկերով եւ ուզեց որ ուրախութեամբ ապրի երկրին վրայ (Ծն. 1։26)։ Անոնք իր զաւակները պիտի ըլլային, իսկ ինք՝ անոնց Հայրը։
2 Ծննդոց 3–րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք որ Եհովայի նպատակին առջեւ դժուարութիւն մը ծագեցաւ (Ծն. 3։1-7)։ Բայց չկայ խնդիր մը որ Եհովան չի կրնար լուծել, եւ ո՛չ մէկը կրնայ իրեն արգելք դառնալ (Եսա. 46։10, 11. 55։11)։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի սկզբնական նպատակը ճի՛շդ ժամանակին պիտի կատարուի։
3. ա) Ո՞ր ճշմարտութիւնները մեզի կ’օգնեն որ Սուրբ Գիրքին պատգամը հասկնանք։ բ) Հիմա ինչո՞ւ պիտի քննարկենք այս ճշմարտութիւնները։ գ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։
3 Անկասկած գիտենք թէ երկրին ու մարդոց նկատմամբ Ղուկ. 22։19, 20)։ Ո՛վ որ պիտի գայ՝ շատ բաներ պիտի սորվի Աստուծոյ նպատակին մասին։ Ասոր համար, հիմա լաւ ժամանակ է որ մտածենք որոշ հարցումներու մասին, որ կրնանք գործածել ուրիշները քաջալերելու որ ներկայ ըլլան։ Նկատի պիտի առնենք երեք հարցումներ. Երկրին եւ մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ի՞նչ է, ի՞նչ դժուարութիւն ծագեցաւ եւ Յիսուս ի՞նչ դեր ունի Աստուծոյ նպատակը կատարուելուն մէջ։
Աստուծոյ նպատակը ի՛նչ է, եւ թէ Յիսուսին դերը ի՛նչ է այս նպատակին մէջ։ Ասոնք աստուածաշնչական շատ կարեւոր ճշմարտութիւններ են, եւ շատ հաւանաբար առաջին ճշմարտութիւններէն են որ սորվեցանք, երբ սկսանք Սուրբ Գիրքը սերտել։ Մենք ալ մեր կարգին կ’ուզենք ուրիշներուն օգնել որ այս շատ կարեւոր ճշմարտութիւնները գիտնան։ Ասիկա ընելու շատ աղուոր առիթ մը ունինք տարուան այս ժամանակին, երբ մարդիկը կը հրաւիրենք որ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլան (ՍՏԵՂԾԻՉԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ Ի՞ՆՉ ԷՐ
4. Ստեղծագործութիւնը ինչպէ՞ս «Աստուծոյ փառքը կը պատմէ»։
4 Եհովան հոյակապ Ստեղծիչ է։ Ան ի՛նչ որ ստեղծէ՝ ամէնէն բարձր չափանիշով կ’ընէ (Ծն. 1։31. Եր. 10։12)։ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ ստեղծագործութեան գեղեցկութիւնը եւ կարգուկանոնը տեսնելով։ Կը սորվինք որ Եհովան ի՛նչ որ ստեղծած է, պզտիկէն բռնէ մինչեւ մեծը, օգտակար նպատակի մը համար ստեղծած է։ Ո՞վ չի հիանար երբ կը տեսնէ մարդկային բջիջին բարդութիւնը, նորածին մանուկին նրբութիւնը կամ արեւամուտին շքեղութիւնը։ Մենք այս բաներուն վրայ կը հիանանք, քանի որ Եհովան մեզ ստեղծած է այն կարողութեամբ, որ գիտնանք թէ ինչը իսկապէ՛ս գեղեցիկ է (կարդա՛ Սաղմոս 19։1. 104։24)։
5. Եհովան ի՞նչ ըրած է որ ստեղծագործութեան մէջ ամէն բան ներդաշնակօրէն գործէ։
5 Եհովան սէրէ մղուած՝ սահմաններ դրած է ստեղծագործութեան մէջ։ Ան դրած է թէ՛ բնական օրէնքներ եւ թէ բարոյական օրէնքներ, որպէսզի ամէն բան ներդաշնակօրէն գործէ (Սաղ. 19։7-9)։ Ասոր համար, տիեզերքին մէջ ամէ՛ն բան ունի իր դերը եւ պաշտօնը։ Օրինակի համար, ձգողական ուժը կը ձգէ որ մթնոլորտը երկրին շուրջ մնայ, եւ կը ղեկավարէ ովկիանոսներու ջուրերուն բարձրանալն ու իջնելը։ Առանց ատոր, երկրին վրայ կեանք չ’ըլլար։ Բնութեան մէջ Եհովային դրած սահմանները կը ձգեն որ տիեզերքին մէջ կարգուկանոն ըլլայ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Աստուած նպատակ մը ունի երկրին եւ մարդոց նկատմամբ։ Ծառայութեան մէջ կրնա՞նք ուրիշներուն օգնել որ ճանչնան այս հոյակապ տիեզերքին Ստեղծիչը (Յայտ. 4։10բ)։
6, 7. Եհովան Ադամին ու Եւային ինչպիսի՞ պարգեւներ տուաւ։
6 Եհովային նպատակն էր որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին (Ծն. 1։28. Սաղ. 37։29)։ Ան Ադամին ու Եւային առատաձեռնօրէն տուաւ զանազան պարգեւներ, որպէսզի կեանքէն հաճոյք առնեն (կարդա՛ Յակոբոս 1։17)։ Եհովան իրենց տուաւ ազատ կամք ու տրամաբանելու, սիրելու եւ բարեկամութիւններ վայելելու կարողութիւն։ Ան խօսեցաւ Ադամին հետ եւ ըսաւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ իրեն հնազանդ ըլլալ։ Ադամ նաեւ սորվեցաւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ հոգ տանիլ իր անձին, անասուններուն եւ երկրին (Ծն. 2։15-17, 19, 20)։ Եհովան նաեւ Ադամին ու Եւային տուաւ համտեսելու, շօշափելու, տեսնելու, լսելու եւ հոտոտալու կարողութիւնը։ Այսպիսով, անոնք կրնային հաճոյք առնել իրենց դրախտային բնակավայրէն։ Անոնք զանազան հետաքրքրական գործեր ունէին ընելիք եւ կրնային յաւիտեան սորվիլ ու նոր բաներ գիտնալ։
7 Աստուծոյ նպատակին մէջ ուրիշ ի՞նչ կար։ Ան Ադամն ու Եւան ստեղծեց կատարեալ զաւակներ ունենալու կարողութեամբ։ Ան կ’ուզէր որ իրենց զաւակներն ալ զաւակներ ունենալով երկիրը լեցնէին մարդոցմով։ Ան նաեւ կ’ուզէր որ ծնողները սիրեն իրենց զաւակները, ճիշդ ինչպէս որ ինք կը սիրէր իր առաջին կատարեալ մարդկային զաւակները։ Երկիրը իր մէջի բոլոր գեղեցիկ բաներով պիտի դառնար իրենց մնայուն տունը (Սաղ. 115։16)։
Ի՞ՆՉ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ ԾԱԳԵՑԱՒ
8. Աստուած Ծննդոց 2։16, 17–ի օրէնքը ինչո՞ւ տուաւ։
8 Ամէն բան անմիջապէս Աստուծոյ ուզածին պէս չեղաւ։ Ինչո՞ւ։ Ան պարզ օրէնք մը տուաւ Ադամին ու Եւային, որպէսզի գիտնան թէ ո՛ր աստիճան ազատութիւն ունին։ Ան ըսաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծն. 2։16, 17)։ Դժուար չէր որ անոնք այս օրէնքը հասկնային եւ ատոր հնազանդէին, քանի որ լեցուն ուրիշ ուտելիքներ կային պարտէզին մէջ։
9, 10. ա) Սատանան ի՞նչ սուտ խօսեցաւ Աստուծոյ մասին։ բ) Ադամն ու Եւան ի՞նչ որոշեցին (տե՛ս բացման նկարը)։
9 Բանսարկու Սատանան օձ մը գործածելով Եւան խաբեց որ իր Հօր՝ Եհովային չհնազանդի (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-5. Յայտ. 12։9)։ Սատանան մեծցուց այն հարցը, որ չէին կրնար ուտել պարտէզին ամէն մէկ ծառէն։ Ան կարծես թէ կ’ըսէր. «Այսինքն՝ ձեր ուզածը չէ՞ք կրնար ընել»։ Ետքը, ան սուտ խօսեցաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ապա, ան փորձեց Եւան համոզել որ պէտք չունի Աստուծոյ մտիկ ընելու, ըսելով. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին»։ Ան հասկցուց որ Աստուած չէր ուզեր որ անոնք պտուղէն ուտեն, որպէսզի յատուկ գիտութիւն մը չստանան։ Ասկէ աւելին, Սատանան սուտ խոստում մը տուաւ. «Աստուածներու [«Աստուծոյ», ՆԱ] պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։
10 Ադամն ու Եւան որոշումի մը առջեւ էին. Եհովայի՞ն հնազանդին, թէ՞ օձին մտիկ ընեն։ Անոնք որոշեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ, եւ այսպիսով Սատանային պէս ըմբոստացան։ Անոնք Եհովան մերժեցին որպէս իրենց Հայրը եւ ինքզինքնին զրկեցին իր պաշտպանութենէն (Ծն. 3։6-13)։
11. Եհովան ինչո՞ւ աչք չի գոցեր ըմբոստութեան։
11 Երբ Ադամն ու Եւան Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան, իրենց կատարելութիւնը կորսնցուցին։ Ասկէ զատ, անոնք Աստուծոյ թշնամի դարձան, քանի որ ան կ’ատէ անիրաւութիւնը։ Անոր աչքերը այնքա՛ն մաքուր են որ չեն կրնար չարութիւնը տեսնել (Ամբ. 1։13)։ Եթէ ան աչք գոցէր անոնց գործած մեղքին, թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ ապրող էակներուն խաղաղութիւնն ու միութիւնը վտանգի տակ պիտի ըլլար։ Ամէնէն կարեւորը, թէ՛ հրեշտակները եւ թէ մարդիկը պիտի կասկածէին որ Աստուած վստահելի է։ Բայց Եհովան իր չափանիշներուն հաւատարիմ է եւ բնա՛ւ չի կտրեր զանոնք (Սաղ. 119։142)։ Ադամին ու Եւային ըմբոստութեան հետեւանքը եղաւ, որ անոնք մահացան եւ հող դարձան, ուրկէ առնուած էին (Ծն. 3։19)։
12. Ադամի պզտիկներուն ի՞նչ պատահեցաւ։
Ծն. 3։23, 24)։ Այսպիսով, Եհովան ձգեց որ անոնք իրենց որոշումին հետեւանքները կրեն (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։4, 5)։ Անոնք անկատար դառնալով՝ չէին կրնար Աստուծոյ յատկութիւնները կատարելապէս ընդօրինակել։ Ադամ հոյակապ ապագայ մը կորսնցուց եւ իր սերունդին փոխանցեց անկատարութիւն, մեղք եւ մահ (Հռով. 5։12)։ Ան իր սերունդը զրկեց յաւիտենական կեանքէն։ Ասկէ զատ, Ադամն ու Եւան այլեւս չէին կրնար կատարեալ զաւակներ ունենալ, ոչ ալ զաւակները կրնային կատարեալ զաւակներ ունենալ։ Ադամն ու Եւան Աստուծմէ հեռացնելէ ի վեր, Սատանան նոյնպէս փորձած է բոլոր մարդիկը մոլորեցնել (Յովհ. 8։44)։
12 Երբ Ադամն ու Եւան պտուղէն կերան, Եհովան այլեւս չէր կրնար զիրենք ընդունիլ որպէս իր ընտանիքէն մաս մը։ Ան զանոնք վռնտեց Եդեմէն եւ յոյս չունէին որ օր մը օրանց վերադառնան (ՓՐԿԱՆՔԻՆ ՄԻՋՈՑՈՎ ԿԱՐԵԼԻ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԲԱՐԵԿԱՄԸ ԴԱՌՆԱԼ
13. Եհովային փափաքը ի՞նչ է։
13 Մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սէրը նոյնը կը մնայ։ Թէեւ Ադամն ու Եւան ըմբոստացան, բայց Եհովան կ’ուզէ որ մարդոց յարաբերութիւնը իրեն հետ լաւ ըլլայ։ Ան չ’ուզեր որ մէկը մեռնի (Բ. Պետ. 3։9)։ Ասոր համար, ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք՝ Աստուած կարգադրութիւններ ըրաւ որ մարդիկ դարձեալ իր բարեկամները դառնան։ Լաւ, ան ասիկա ինչպէ՞ս ըրաւ առանց իր չափանիշները կտրելու։ Տեսնենք։
14. ա) Ըստ Յովհաննէս 3։16–ին, Աստուած ի՞նչ ըրաւ որ մարդիկը ազատէ մեղքէն ու մահէն։ բ) Ո՞ր հարցումը կրնանք նկատի առնել մարդոց հետ։
14 Կարդա՛ Յովհաննէս 3։16։ Թերեւս Յիշատակատօնին հրաւիրուածներէն ոմանք այս համարը գոց գիտեն։ Բայց հարցում մը կը ծագի. Յիսուսի զոհը ինչպէ՞ս կարելի կը դարձնէ որ մարդիկ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենան։ Առիթը ունինք որ մարդոց օգնենք այս հարցումին պատասխանը առնելու թէ՛ երբ Յիշատակատօնին հրաւիրենք զանոնք, թէ ատոր ընթացքին եւ թէ երբ անոնց այցելենք ատկէ ետք։ Անոնք որքա՛ն սորվին փրկանքին մասին, այնքան պիտի անդրադառնան որ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ մարդիկը եւ որքա՜ն իմաստուն է։ Լաւ, անոնց ի՞նչ կրնանք ըսել փրկանքին մասին։
15. Յիսուս ինչպէ՞ս տարբեր էր Ադամէն։
15 Եհովան կարգադրեց կատարեալ անձ մը, որ կրնար իր կեանքը որպէս փրկանք տալ։ Այդ անձը պէտք էր որ Եհովային հաւատարիմ ըլլար եւ պատրաստ ըլլար իր կեանքը զոհելու մարդոց համար (Հռով. 5։17-19)։ Եհովան իր առաջին ստեղծագործութեան՝ Յիսուսին կեանքը փոխադրեց երկինքէն երկիր (Յովհ. 1։14)։ Այսպիսով, Յիսուս Ադամին պէս կատարեալ մարդ մը եղաւ, բայց մէկ տարբերութեամբ. ան հետեւեցա՛ւ այն չափանիշներուն որ Եհովան կատարեալ մարդէ մը կ’ակնկալէր։ Նոյնիսկ ամէնէն դժուար փորձութիւններուն ժամանակ, Յիսուս բնա՛ւ մեղք չգործեց, ոչ ալ Աստուծոյ օրէնքները կտրեց։
16. Փրկանքը ինչո՞ւ շատ թանկագին նուէր մըն է։
16 Որպէս կատարեալ անձ մեռնելով, Յիսուս կրնար բոլոր մարդիկը փրկել մեղքէն ու մահէն։ Ան կատարեալ էր եւ լման հաւատարիմ ու հնազանդ էր Աստուծոյ, ճիշդ ինչպէս որ Ադամ պէտք էր որ ըլլար (Ա. Տիմ. 2։6)։ Ան մեզի համար մեռաւ եւ այսպիսով՝ բոլոր տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն առիթ տուաւ որ յաւիտեան ապրին (Մատ. 20։28)։ Փրկանքը այն բանալին է, որուն միջոցաւ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի կատարուի (Բ. Կոր. 1։19, 20)։
ԵՀՈՎԱՆ ԴՈՒՌԸ ԲԱՑԱՒ ՈՐ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ
17. Փրկանքը ի՞նչ բան կարելի կը դարձնէ։
17 Եհովան փրկանքին համար սուղ գին վճարեց (Ա. Պետ. 1։19)։ Իր քով այնքա՛ն մեծ արժէք ունինք, որ թոյլ տուաւ որ իր միածին Որդին մեզի համար մեռնի (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Ձեւով մը, Յիսուս մեր բուն մարդկային հօր՝ Ադամին տեղը կ’առնէ (Ա. Կոր. 15։45)։ Ան մեզի առիթ տուաւ որ ի վերջոյ թէ՛ յաւիտենական կեանք ունենաք եւ թէ Աստուծոյ ընտանիքին միանանք։ Իրապէս, փրկանքին միջոցաւ մարդիկ կատարեալ պիտի ըլլան եւ Եհովան կրնայ զիրենք դարձեալ ընդունիլ իր ընտանիքին մէջ, առանց իր դրած օրէնքները կտրելու։ Երեւակայէ թէ որքան հոյակապ պիտի ըլլայ երբ բոլոր հաւատարիմ մարդիկը կատարեալ ըլլան։ Եհովայի ընտանիքին երկնային ու երկրային մասերը լման միացած պիտի ըլլան։ Բոլորս բառին բուն իմաստով Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլանք (Հռով. 8։21)։
18. Եհովան ե՞րբ պիտի ըլլայ «ամէն ինչ՝ բոլորին համար»։
18 Սատանային ըմբոստութիւնը արգելք չեղաւ որ Եհովան մարդոց հանդէպ իր սէրը յայտնէ, ոչ ալ կրնայ անկատար մարդիկը արգիլել որ Եհովային հաւատարիմ ըլլան։ Եհովան փրկանքին միջոցաւ պիտի օգնէ մեզի որ լման արդար ըլլանք։ Երեւակայէ թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, երբ ամէն ով որ կը ճանչնայ ‘Որդին եւ կը հաւատայ անոր, յաւիտենական կեանք ունենայ’ (Յովհ. 6։40)։ Մեր սիրալիր եւ իմաստուն Հայրը պիտի կատարէ իր նպատակը եւ մարդիկը կատարեալ պիտի դարձնէ։ Ետքը, ան պիտի ըլլայ «ամէն ինչ՝ բոլորին համար» (Ա. Կոր. 15։28, ՆԱ)։
19. ա) Փրկանքին հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը մեզ կը մղէ ի՞նչ ընելու (տե՛ս « Շարունակենք արժանաւորները փնտռել» շրջանակը)։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
19 Մենք շնորհակալ ենք փրկանքին համար, եւ ասիկա մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն խօսինք այս արժէքաւոր նուէրին մասին։ Մարդիկ պէտք է գիտնան թէ Եհովան փրկանքին միջոցաւ առիթ կու տայ բոլորին որ յաւիտեան ապրին։ Բայց փրկանքը ասկէ աւելին կ’իրագործէ։ Ատիկա Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանային հանած հարցերուն պատասխանը կու տայ։ Ինչպէ՞ս։ Յաջորդ յօդուածը ասիկա նկատի պիտի առնէ։