Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՀՈԳԵՂԷՆ ԾԻՐԻՆ ՄԱՍԻՆ ՀՈՅԱԿԱՊ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐ

Հոգեւոր ծիրին մէջ եղողներուն մասին հարցումներ

Հոգեւոր ծիրին մէջ եղողներուն մասին հարցումներ

Երբեք մտածա՞ծ ես հոգեղէն ծիրին եւ հոն ապրողներուն մասին։ Եթէ այո՛, առանձին չես։ Հազարաւոր տարիներու ընթացքին մարդիկ այս նիւթին մասին մտածած են։ Ոմանք կը հաւատան որ հոգեղէն ծիրին մէջ կան իրենց նախահայրերը, որոնց պէտք է պատուեն։ Ուրիշներ կ’երեւակայեն որ ատիկա երկինք կոչուող խաղաղ եւ ուրախ տեղ մըն է, ուր կան հրեշտակները եւ մահացած բարի մարդիկը։ Իսկ ուրիշներ կը կարծեն որ հոգեղէն ծիրին մէջ կան հարիւր միլիոնաւոր աստուածներ։

Շատեր կը վիճաբանին թէ չենք կրնար հոգեղէն ծիրին մասին բան մը գիտնալ, քանի որ հոնկէ մէկը չէ եկած որպէսզի մեզի պատմէ ատոր մասին։ Բայց ասիկա սխալ է, քանի որ Յիսուս Քրիստոս առաջ որ երկիր գար, երկինքն էր՝ հոգեղէն ծիրին մէջ։ Ան առաջին դարու կրօնական առաջնորդներուն բացէ ի բաց ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց»։ Ուրեմն, Յիսուս իր աչքով տեսածը կը պատմէր իր առաքեալներուն, երբ ըսաւ. «Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան» (Յովհաննէս 6։38. 14։2

Անշուշտ, Յիսուսին Հայրը Աստուած է, որուն անունը Եհովա է, եւ Եհովային «տունը» երկինքին մէջ է (Սաղմոս 83։18)։ Ասոր համար, Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս լաւագոյն կերպով կրնան նկարագրել այս աներեւոյթ աշխարհը։ Անոնք հաւատարիմ մարդոց հոյակապ տեսիլքներ ցուցնելով՝ շատ մը տեղեկութիւններ տուած են հոգեղէն ծիրին մասին։

Յաջորդ յօդուածը կը խօսի Սուրբ Գիրքին կարգ մը համարներուն մասին, որոնք կը նկարագրեն կարգ մը մարդոց տեսած տեսիլքները։ Մինչ այս տեսիլքները նկատի կ’առնես, միտքդ պահէ որ հոգեղէն ծիրը նիւթական չէ. չկան բաներ որ կրնանք շօշափել կամ տեսնել։ Աստուած մեզի հասկնալի կերպով բացատրեց թէ հոգեղէն ծիրը ինչպէ՛ս է, փոխանակ բացատրելու այնպիսի կերպով մը, որ միայն հոգեղէն արարածները կը հասկնան։ Այս տեսիլքները քեզի պիտի օգնեն որ հասկնաս ատոնց որ հոգեղէն ծիրին «շատ բնակարաններ»ուն մէջ կ’ապրին։