Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Միայն մէկ տարի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն տուր

Միայն մէկ տարի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն տուր
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1971

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՖՐԱՆՍԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՎԱՅՐԱԳ ՈՃԻՐ ԵՒ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԳՈՐԾԷՐ ԵՒ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉ ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷՐ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ընտանիքս կ’ապրէր Դելանքորի մէջ,– Ֆրանսայի հիւսիս արեւելեան կողմը գտնուող գիւղ մը։ Հայրս ֆրանսացի էր, իսկ մայրս՝ իտալացի։ Երբ ութ տարեկան էի, փոխադրուեցանք Հռոմի աղքատ եւ աննշան մէկ արուարձանը։ Հոն մեր կեանքը դժուար դարձաւ։ Դրամական խնդիրներու պատճառաւ ծնողներս վայրագօրէն կը վիճէին։

Երբ 15 տարեկան եղայ, մայրս զիս քաջալերեց որ բարեկամութիւններ մշակեմ։ Ուստի սկսայ աւելի երկար ժամանակ տունէն դուրս անցընել։ Շուտով չար ընկերակցութիւններ ունեցայ։ Օր մը մարդ մը բարեկամաբար ինծի մօտեցաւ եւ թմրեցուցիչ առաջարկեց։ Ես թմրեցուցիչը առի, քանի որ կ’ուզէի չափահաս երեւիլ։ Շատ չանցած, սկսայ թմրեցուցիչ գործածել եւ անբարոյ կեանք վարել։ Շատ անգամ բռնաբարուեցայ։ Կեանքը ինծի համար անիմաստ դարձաւ. հոգս չէր կ’ապրի՞մ, թէ կը մեռնիմ։ Շատ առանձին կը զգայի։ 16 տարեկանիս փորձեցի անձնասպան ըլլալ. շիշ մը ուիսքի խմելէ ետք լիճի մը մէջ ցատկեցի։ Առ ի արդիւնք երեք օր մահաքուն մտայ։

Անկէ ետք սկսայ կեանքը արժեւորել. բայց նաեւ վայրագ եւ խաբեբայ դարձայ։ Մարդոց սեռային յարաբերութիւն եւ թմրեցուցիչ կ’առաջարկէի եւ ապա անոնց արժէքաւոր իրերը կը գողնայի։ Ոճրագործութեան հսկայ գործակալութիւններ զիս գործածեցին՝ Իտալիոյ շրջակայքը թմրեցուցիչ վաճառելու համար։ Ոստիկանութեան հետ տեւական խնդիր ունէի։ Կեանքս անիմաստ եւ անհակակշռելի կը թուէր։ Բայց կը հաւատայի որ պատճառ մը կար որ գոյութիւն ունէի։ Աստուծոյ աղօթեցի, որ ինծի միայն մէկ տարի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն տայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Թմրեցուցիչ վաճառողներու հետ գործառնութիւններուս պատճառաւ՝ կեանքս վտանգի տակ էր։ Ուստի 24 տարեկանիս որոշեցի Անգլիա փոխադրուիլ։ Բայց մեկնելէս առաջ մօրս այցելեցի եւ զարմացայ, երբ տեսայ թէ Անունսիաթօ Լուկարան մօրս Աստուածաշունչին մասին կը խօսէր *։ Քանի որ գիտէի թէ ան անցեալին ոճրագործ մըն էր, վախցայ եւ իրեն հարցուցի թէ ինչո՛ւ եկած էր։ Ան ինծի պատմեց որ իր կեանքին մէջ ի՛նչ հիմնական փոփոխութիւններ ըրած է, որպէսզի Եհովայի վկայ մը դառնայ, եւ ինձմէ խնդրեց որ իրեն խոստանամ, թէ երբ Անգլիա հասնիմ Եհովայի վկաներուն հետ խօսիմ. ես համաձայնեցայ։ Բայց հազիւ Անգլիա հասայ, շուտով նախկին ապրելակերպիս վերադարձայ։

Օր մը ծանօթացայ Վկայի մը, որ Լոնտոնի խճողուած մէկ թաղին մէջ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը կ’առաջարկէր։ Անունսիաթոյին ըրած խոստումս յիշելով, Վկային հարցուցի եթէ կրնամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ։

Աստուածաշունչէն սորվածներս ինծի իրապէս ապշեցուցին։ Օրինակ, սրտիս դպաւ Ա. Յովհաննէս 1։9–ին մէջ արձանագրուած խօսքը, որ Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։ Այդ համարը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս, քանի որ ապրելակերպիս պատճառաւ կը զգայի թէ գարշելի անձ մըն եմ։ Անմիջապէս սկսայ ժողովներու յաճախել Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Վկաները զիս ջերմօրէն ընդունեցին։ Երբ տեսայ իրենց մտերմութիւնը,– բան մը որ միշտ կը փափաքէի ունենալ,– ուզեցի մաս կազմել իրենց ժողովքին, որ ընտանիքի մը նման էր։

Թէեւ ինծի համար շատ դժուար չէր թմրեցուցիչի գործածութիւնս դադրեցնել եւ անբարոյ ապրելակերպս փոխել, բայց շա՛տ դժուար էր անձնաւորութիւնս մաքրել։ Գիտակցեցայ թէ հարկ էր որ մարդոց հետ յարգանքով վարուէի եւ նկատառու ըլլայի։ Իրականութեան մէջ, տակաւին գէշ յատկութիւններուս դէմ կը պայքարիմ։ Բայց Եհովայի օգնութեամբ կրցած եմ կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը սկսելէս վեց ամիս ետք, 1997–ին որպէս Եհովայի վկայ մկրտուեցայ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Մկրտուելէս ետք, ամուսնացայ Պարպրա անունով երիտասարդուհիի մը հետ, որ ինքն ալ վերջերս Եհովայի վկայ դարձած էր։ Երբ հին բարեկամներէս մէկը տեսաւ թէ որքա՛ն փոխուած եմ, սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ժամանակի ընթացքին, ինք եւ իր քոյրը Վկաներ դարձան։ Ապա մեծ մօրս քոյրը, որ աւելի քան 80 տարեկան էր, սկսաւ ուսումնասիրել եւ իր մահէն առաջ մկրտուեցաւ։

Այժմ որպէս երէց կը ծառայեմ տեղական ժողովքի մը մէջ, եւ ես ու կինս ռահվիրաներ ենք. Աստուածաշունչը կը սորվեցնենք Լոնտոնի մէջ իտալախօս անհատներու։ Երբեմն նախկին ապրելակերպիս պատճառաւ ընկճուած կը զգամ, բայց Պարպրան ինծի մեծապէս թիկունք կը կանգնի։ Վերջապէս կը վայելեմ կայուն ընտանեկան կեանք մը, որուն միշտ կը տենչայի, եւ ունիմ այն սիրալիր Հայրը որ միշտ կ’ուզէի ունենալ։ Աստուծմէ խնդրեցի որ ինծի մէկ տարի խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն տայ, բայց ան ինծի շա՛տ աւելին տուաւ։

Վերջապէս կը վայելեմ կայուն ընտանեկան կեանք մը, որուն միշտ կը տենչայի, եւ ունիմ այն սիրալիր Հայրը որ միշտ կ’ուզէի ունենալ

^ պարբ. 10 Տե՛ս «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ. Առանց ատրճանակի՝ տեղ մը չէի երթար» յօդուածը, ինչպէս որ կը պատմէ Անունսիաթօ Լուկարան Դիտարան–ի 1 յուլիս 2014 թիւին մէջ, էջ 8-9։