Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Պետրոսին զոքանչը բժշկեց (Մատթէոս 8։14, 15. Մարկոս 1։29-31)

Կուսակրօնութիւնը պահանջուա՞ծ է քրիստոնեայ ծառաներէն

Կուսակրօնութիւնը պահանջուա՞ծ է քրիստոնեայ ծառաներէն

ՇԱՏ մը կրօնքներու մէջ, ինչպէս՝ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին, ուղղափառ եկեղեցիները, պուտտայականութիւնը եւ ուրիշներ, կը պահանջեն որ իրենց կրօնական առաջնորդները եւ կղերականները չամուսնանան։ Անդին, շատեր կը կարծեն որ ասոր պատճառաւ է որ հիմա զանազան կրօնքներու պատկանող կղերականներու սեռային խայտառակութիւններու ալիք մը կայ։

Այս պատճառով, շատ տրամաբանական է հարցնել որ արդեօք կուսակրօնութիւնը պահանջուա՞ծ է քրիստոնեայ ծառաներէն։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելու համար նկատի առնենք, թէ այս սովորութիւնը ինչպէ՛ս սկսաւ եւ թէ Աստուծոյ կարծիքը ի՛նչ է ատոր նկատմամբ։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Պրիթանիքա համայնագիտարանը կ’ըսէ թէ կուսակրօնութիւն կը նշանակէ «չամուսնանալու վիճակ եւ հետեւաբար սեռային բաներէ հեռու մնալ, սովորաբար երբ անհատը կրօնական ծառայ է»։ 2006–ին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը ըսաւ Պապական վարչութեան, որ պարտադիր կուսակրօնութիւնը կապ ունի «աւանդութեան մը հետ, որ սկիզբ առաւ Առաքեալներուն օրերէն քիչ ետք»։

Բայց առաջին դարու քրիստոնեաները կուսակրօնութեան սովորութիւնը չունէին։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս առաքեալ, որ առաջին դարուն ապրեցաւ, հաւատացեալները զգուշացուց այն անհատներէն, որոնք ‘մոլորեցուցիչ ուսմունքներ’ պիտի սորվեցնէին եւ ‘ամուսնանալէ պիտի արգիլէին’ (Ա. Տիմոթէոս 4։1-3

Երկրորդ դարուն ընթացքին էր որ կուսակրօնութեան սովորութիւնը սկսաւ Արեւմտեան «քրիստոնեայ» եկեղեցիներուն մէջ։ Գիրք մը կ’ըսէ թէ ասիկա «կը քալէր Հռոմէական կայսրութեան մէջ նոր ծագած ալիքին հետ, որ սեռային ցանկութիւնը կը կաշկանդէր» (Celibacy and Religious Traditions

Յաջորդ դարերուն ընթացքին, եկեղեցական խորհրդաժողովները եւ այդպէս կոչուած Եկեղեցիի հայրերը յառաջացուցին կղերականներուն կուսակրօնութիւնը։ Անոնց կարծիքով, սեռային յարաբերութիւնը պիղծ է եւ կղերական պարտականութիւններուն հետ համաձայն չէ։ Բայց Պրիթանիքա համայնագիտարանը կ’ըսէ թէ «մինչեւ 10–րդ դարը կային շատ մը քահանաներ եւ նոյնիսկ կարգ մը եպիսկոպոսներ, որոնք կին ունէին»։

Կղերական կուսակրօնութիւնը ստիպողական դարձաւ Լատերանի խորհուրդին ընթացքին, որ Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ 1123–ին եւ 1139–ին, եւ մինչեւ հիմա ի զօրու է Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ։ Այսպիսով, եկեղեցին այլեւս իր հեղինակութիւնը եւ եկամուտը չէր կորսնցներ ինչպէս որ կը պատահէր, երբ ամուսնացած քահանաները եկեղեցական ստացուածքներ կը կտակէին իրենց զաւակներուն։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՐԾԻՔԸ Ի՞ՆՉ Է

Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ թէ կուսակրօնութեան նկատմամբ Աստուծոյ կարծիքը ի՛նչ է։ Հոն գրուած է թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ այն անձերուն մասին, որոնք իրեն պէս ամուրի կը մնան «երկնքի թագաւորութեանը համար» (Մատթէոս 19։12)։ Պօղոս առաքեալն ալ խօսեցաւ այն քրիստոնեաներուն մասին, որոնք որոշեցին իրեն պէս ամուրի մնալ «աւետարանին համար» (Ա. Կորնթացիս 7։37, 38. 9։23

Բայց ո՛չ Յիսուս եւ ոչ Պօղոս այսպիսով կը պատուիրէին մարդոց որ կուսակրօն ըլլան։ Յիսուս ըսաւ որ ամուրիութիւնը պարգեւ մըն է, որ ամէն մարդ չունի։ Իսկ երբ Պօղոս գրեց կոյսերուն կամ չամուսնացողներուն մասին, անկեղծօրէն ըսաւ. «Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ. . . խրատ կու տամ» (Մատթէոս 19։11. Ա. Կորնթացիս 7։25

Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ առաջին դարուն շատ մը քրիստոնեայ ծառաներ ամուսնացած էին, մէջը ըլլալով Պետրոս առաքեալը (Մատթէոս 8։14. Մարկոս 1։29-31. Ա. Կորնթացիս 9։5)։ Պօղոս առաքեալ նոյնիսկ գրեց որ եթէ քրիստոնեայ տեսուչը ամուսնացած է, պէտք է «մէկ կնոջ այր» ըլլայ եւ ‘իր զաւակները հնազանդութեան մէջ պահէ’, քանի որ այդ ժամանակ սեռային անբարոյ սովորութիւնները տարածուած էին Հռոմէական կայսրութեան մէջ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 4

Այս ամուսնութիւնները այնպիսի ամուսնութիւններ չէին ուր սեռային յարաբերութիւն չէր ըլլար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «այրը [պէտք է] իր կնոջ պարտքը վճարէ» եւ թէ ամուսնացած զոյգերը պէտք չէ իրար ‘զրկեն’ սեռային մտերմութենէն (Ա. Կորնթացիս 7։3-5)։ Ուրեմն, յստակ է որ Աստուած կուսակրօնութիւնը չի պահանջեր, եւ քրիստոնեայ ծառաները ստիպուած չեն ամուրի մնալ։

ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

Լաւ, եթէ կուսակրօնութիւնը պարտադիր չէ, Յիսուս եւ Պօղոս ինչո՞ւ գովեցին ամուրիութիւնը։ Քանի որ ամուրի մնալը աւելի առիթ կու տայ անձին որ բարի լուրը քարոզէ ուրիշներուն։ Ամուրիները աւելի ժամանակ եւ կորով կրնան տրամադրել, քանի որ ամուսնացածներուն հոգերը չունին (Ա. Կորնթացիս 7։32-35

Նկատի առ Տէյվիտը, որ որոշեց Մեքսիքոյի մէջ իր լաւ գործը ձգել եւ Քոսթա Ռիքայի գիւղական մէկ շրջանը փոխադրուիլ, որպէսզի ուրիշներուն սորվեցնէ Սուրբ Գիրքին մասին։ Լաւ, Տէյվիտին կարծիքով՝ ամուրի ըլլալը իրեն օգնե՞ց ասոր մէջ։ Ան կ’ըսէ. «Անշո՛ւշտ։ Դժուար էր նոր մշակոյթի եւ տարբեր ապրելակերպի վարժուիլը, բայց քանի որ միայն իմ անձիս հոգը ունէի՝ նոր կեանքիս վարժուիլը աւելի դիւրին եղաւ»։

Քլոտիան ամուրի քրիստոնեայ աղջիկ մըն է, որ փոխադրուած է որպէսզի ծառայէ այնպիսի շրջաններ, ուր քարոզիչներու պէտք կայ։ Ան կ’ըսէ. «Աստուծոյ ծառայելէն հաճոյք կ’առնեմ։ Երբ կը տեսնեմ թէ ան ինչպէ՛ս հոգ կը տանի ինծի, իրեն հանդէպ հաւատքս կը զօրանայ եւ աւելի մօտիկ կ’ըլլամ իրեն»։

«Տարբերութիւն չ’ըներ թէ ամուսնացած ես կամ ամուրի։ Ուրախ պիտի ըլլաս եթէ լաւագոյնդ տաս Եհովա Աստուծոյ» (Քլոտիա)

Ամուրի ըլլալը պայման չէ որ բեռ ըլլայ։ Քլոտիան կ’աւելցնէ. «Տարբերութիւն չ’ըներ թէ ամուսնացած ես կամ ամուրի։ Ուրախ պիտի ըլլաս եթէ լաւագոյնդ տաս Եհովա Աստուծոյ» (Սաղմոս 119։1, 2