Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ճնշուա՞ծ ես

Ճնշուա՞ծ ես

«Ամէն մարդ որոշ չափով ճնշուած է, բայց ես ճնշուածութեամբ ջախջախուած եմ։ Պատճառը միայն մէկ մեծ խնդիր չէ, հապա՝ բազմաթիւ պարագաներ, պայքարներ, եւ երկար տարիներ ֆիզիքապէս եւ մտովի հիւանդ ամուսինիս հոգ տանիլս» (Ճիլ) a։

«Կինս զիս լքեց, եւ ստիպուեցայ երկու զաւակներս առանձին մեծցնել։ Միածնող ըլլալը դժուար էր։ Ատկէ զատ, գործս կորսնցուցի, եւ ինքնաշարժս նորոգելու համար բաւարար դրամ չունէի։ Չէի գիտեր ինչ ընել։ Ճնշուածութիւնը ահռելի էր։ Լիովին համոզուած էի, որ անձնասպանութիւնը սխալ է. ուստի Աստուծոյ աղաչեցի, որ ի՛նք թշուառութեանս վերջ դնէ» (Պէրի)։

Ճիլի ու Պէրիի պէս, դուն ալ երբեմն ճնշուածութենէ (սթրես) կը տառապի՞ս։ Եթէ այո՛, յաջորդ յօդուածները քեզ պիտի մխիթարեն ու օգնեն։ Անոնք կը բացատրեն թէ ճնշուածութեան պատճառները ի՛նչ են, ճնշուածութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ մեզի ազդել եւ ինչպէ՛ս կրնանք ճնշուածութենէն որոշ չափով հանգստանալ։

a Անունները փոխուած են։