ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
6. Կրթել
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
«Կրթել» կրնայ նշանակել՝ ուղղել կամ սորվեցնել։ Ատեններ, կրթելու համար պէտք կ’ըլլայ զաւակին սխալ վարուելակերպը սրբագրել։ Բայց ընդհանրապէս «կրթել»ը կ’ըլլայ բարոյական մարզում տալով զաւակին, որպէսզի սկիզբէն իսկ սխալ ընտրութիւն մը չընէ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Վերջերս, կարգ մը ծնողներ գրեթէ չեն կրթեր իրենց զաւակները, քանի որ կը վախնան որ երբ զանոնք սրբագրեն՝ անոնց ինքնավստահութիւնը պիտի երթայ եւ անարժէք պիտի զգան։ Բայց իմաստուն ծնողները տրամաբանական կանոններ կը դնեն եւ իրենց զաւակները կը մարզեն, որ անոնց հնազանդին։
«Որպէսզի զաւակները աճին եւ հասուն չափահասներ դառնան, պէտք է անոնց ըսուի որ ի՛նչ կրնան ընել եւ ի՛նչ չեն կրնար ընել։ Երբ զաւակները չկրթուին, կը նմանին ղեկ չունեցող նաւակի, որ ի վերջոյ սխալ ուղղութեամբ պիտի ընթանայ կամ ալ պիտի ընկղմի» (Փամելա)։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
Հաստատ եղիր։ Եթէ զաւակդ չի յարգեր կանոններդ, հետեւանքները թող կրէ։ Իսկ եթէ քեզի մտիկ կ’ընէ, լեցուն բերնով զինք գովէ։
«Միշտ կը գովեմ զաւակներս, քանի որ հնազանդ են աշխարհի մը մէջ, ուր անհնազանդութիւնը գլուխը առած–գացած է։ Գովելը կ’օգնէ որ աւելի դիւրութեամբ ընդունին խրատը, երբ պէտք ըլլայ» (Քրիսթին)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» (Գաղատացիս 6։7, 8)։
Տրամաբանական քայլեր առ։ Զաւակիդ տարիքին, կարողութեան եւ ըրած սխալին համաձայն կրթէ զինք։ Ընդհանրապէս, պատիժը ամէնէն շատ ազդու կ’ըլլայ, երբ կապ ունենայ իր ըրած սխալին հետ։ Օրինակ, եթէ հեռաձայնին նկատմամբ դրած կանոններուդ չհնազանդի, կրնաս որոշ ժամանակ մը զինք հեռաձայնէն զրկել։ Միեւնոյն ատեն, պզտիկ հարցերը մի՛ մեծցներ։
«Կը փորձեմ գիտնալ որ զաւակս դիտմա՞մբ անհնազանդ գտնուեցաւ, թէ ոչ պարզապէս սխալ դատողութիւն ըրաւ։ Գէշ յատկութիւն ունենալը բան մըն է, իսկ ուրիշ բան մըն է՝ սխալ ընելը։ Գէշ յատկութիւնը պէտք է արմատէն հանուի, իսկ սխալը պէտք է ուշադրութեան յանձնուի» (Ուենտել)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին» (Կողոսացիս 3։21)։
Սիրալիր եղիր։ Զաւակը աւելի դիւրութեամբ կ’ընդունի եւ կը կիրարկէ տրուած կրթութիւնը, երբ գիտնայ որ իր ծնողքը սէրէ մղուած տուաւ զայն։
«Երբ մեր տղան սխալ մը ընէր, զինք կը վստահեցնէինք որ հպարտ ենք բոլոր իր լաւ որոշումներով, որ անցեալին առած էր։ Իրեն կը բացատրէինք որ ճակատը բաց կրնայ ըլլալ, եթէ պէտք եղած սրբագրումը ընէ, եւ թէ մենք պատրաստ ենք օգնելու» (Տանիէլ)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է» (Ա. Կորնթացիս 13։4)։