Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յարգալից խօսքերը կը նմանին այն շաղախին, որ կրնայ ամուր պահել ամուսնութիւնդ

ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

3. Յարգել

3. Յարգել

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Իրար յարգող կողակիցները իրարու վրայ կը գուրգուրան, նոյնիսկ երբ անհամաձայնութիւններ կ’ունենան։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Երբ այսպիսի զոյգեր հարց մը ունենան, ամէն մէկը կեցուածք բռնելով իր ձեռքերը ծալած չի նստիր, հապա՝ միշտ իրարու հետ կը խօսին իրենց անհամաձայնութիւններուն մասին։ Անոնք յարգանքով մտիկ կ’ընեն իրարու կարծիքը, եւ զիջումներ ընելով իրարու շահը կը փնտռեն» (Ten Lessons to Transform Your Marriage

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Սէրը. . . իրենը չի փնտռեր» (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5

«‘Կինս կը յարգեմ’ կը նշանակէ՝ իր արժէքը գիտեմ եւ չեմ ուզեր ընել բան մը, որ իրեն պիտի վնասէ կամ մեր ամուսնութեան պիտի վնասէ» (Միքա)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Երբ յարգանք չըլլայ, կողակիցներուն խօսքերը լեցուն կ’ըլլան քննադատութիւնով, ծաղրանքով կամ նոյնիսկ անարգանքով։ Ըստ գիտնականներու, ասիկա նշան մըն է, որ այդ ամուսնութիւնը ամուսնալուծումի պիտի հասնի։

«Կնոջդ խօսք զարնելը, իր մասին անկրթութեամբ խօսիլը եւ իր վրայ խնդալը կը քանդեն կնոջդ ինքնավստահութիւնը եւ քեզի հանդէպ իր վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վնասեն ամուսնութեանդ» (Պրայըն)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ

Լման շաբաթ մը ջանա՛ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը խօսիս ու կը վարուիս կողակիցիդ հետ։ Ետքը, դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Քանի՞ անգամ քննադատեցի կողակիցս եւ քանի՞ անգամ անուշ խօսք մը ըսի իրեն’։

  • ‘Ի՞նչ մասնայատուկ կերպերով կողակիցիս հանդէպ յարգանք ցուցուցի’։

ԱՍՈՆՔ ՔՆՆԱՐԿԷ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԵՏ

  • Ո՞ր արարքները եւ խօսքերը կրնան օգնել, որ ամէն մէկդ յարգուած զգայ։

  • Ո՞ր արարքները եւ խօսքերը կը ձգեն որ ամէն մէկդ անարգուած զգայ։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Գրէ թէ ո՛ր երեք կերպերով կ’ուզես կողակիցդ քեզ յարգէ։ Կողակիցդ ալ թող գրէ։ Ձեր գրածները իրարու տուէք եւ ջանացէք ըսուած մարզերուն մէջ աւելի յարգանք ցոյց տալ։

  • Ցանկ մը պատրաստէ, թէ ի՛նչ բաներ կը սիրես կողակիցիդ մէջ։ Ետքը, իրեն ըսէ թէ որքա՜ն կը գնահատես այդ յատկութիւնները։

«‘Ամուսինս կը յարգեմ’ կը նշանակէ՝ գործով կը ցուցնեմ թէ զինք կ’արժեւորեմ եւ թէ կ’ուզեմ որ ուրախ ըլլայ։ Պէտք չկայ միշտ մեծ բաներ ընելու. շատ անգամ, պզտիկ բաները բաւարար են որ ցուցնեն, թէ իրապէս կը յարգեմ զինք» (Մէկըն)։

Թերեւս դուն կը կարծես որ կողակիցդ կը յարգես։ Բայց կէտը ասիկա չէ. կէտը այն է՝ թէ կողակիցդ յարգուած կը զգա՞յ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը» (Կողոսացիս 3։12