Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նպատակը կը նմանի տունի ծրագիրի. եթէ ջանք չթափես, ատիկա միայն թուղթի վրայ պիտի մնայ

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

12. Նպատակներ

12. Նպատակներ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Նպատակը միայն երազ մը չէ, որ կ’ուզես իրականանայ։ Նպատակ դնելուն մէջ կայ ծրագրել, ճկուն ըլլալ եւ ծանր աշխատիլ. փախուստ չկայ աշխատանքէն։

Կան նպատակներ, որոնք քանի մը օր կամ քանի մը շաբաթ կ’առնեն որ հասնինք ատոնց. կան նպատակներ, որոնք ամիսներ կ’առնեն. եւ կան նպատակներ, որոնք մէկ տարի կամ աւելի կ’առնեն։ Կրնանք երկար ժամանակ առնող նպատակներուն հասնիլ, շարք մը պզտիկ նպատակակէտեր դնելով։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Նպատակներու հասնիլը կրնայ ինքնավստահութիւնդ զօրացնել, բարեկամութիւններդ ամրացնել եւ ուրախութիւնդ աւելցնել։

Ինքնավստահութիւն. Երբ պզտիկ նպատակակէտեր դնես եւ ատոնց հասնիս, ինքնավստահութիւն կ’ունենաս որ աւելի մեծ նպատակակէտեր դնես։ Նաեւ աւելի ինքնավստահութեամբ կը պայքարիս ամէնօրեայ դժուարութիւններուն դէմ, ինչպէս՝ երբ տարեկիցներդ քեզ կը ստիպեն որ սխալ բան մը ընես։

Բարեկամութիւններ. Մարդիկ կը սիրեն ընկերակցիլ անհատներու, որոնք գիտեն թէ կեանքին մէջ ի՛նչ կ’ուզեն եւ պատրաստ են ջանք թափելու ատոր համար։ Ասկէ զատ, մէկու մը հետ նոյն նպատակակէտին վրայ աշխատիլը՝ լաւագոյն կերպերէն է, որ բարեկամութիւն մը զօրանայ։

Ուրախութիւն. Երբ նպատակ մը դնես եւ ատոր հասնիս, գոհունակ կը զգաս։

«Կը սիրեմ նպատակներ դնել։ Ատոնք կը ձգեն որ միշտ ընելիք ունենամ, եւ ջանամ բանի մը հասնիլ։ Եւ երբ նպատակի մը հասնիս, շատ աղուոր զգացում է, երբ կ’ըսես. ‘Օ՜, կրցա՛յ յաջողիլ։ Ըրի ի՛նչ որ միտքս դրած էի որ ընեմ’» (Քրիստոֆըր)։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Հովը դիտողը չի կրնար ցանել եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել» (Ժողովող 11։4

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

Այս քայլերը առ, որպէսզի նպատակակէտերուդ հասնիս։

Որոշէ։ Ցանկ մը պատրաստէ, թէ ի՛նչ նպատակներու կ’ուզես հասնիլ, եւ շարքով դիր թէ ո՛ր մէկուն վրայ կ’ուզես նախ աշխատիլ, ապա՝ երկրորդը, երրորդը եւ այլն։

Ծրագրէ։ Ամէն մէկ նպատակակէտին համար հետեւեալը ըրէ.

  • Տրամաբանօրէն որոշէ որ ե՛րբ պէտք է հասած ըլլաս ատոր։

  • Ծրագրէ առնուելիք քայլերը։

  • Մտածէ թէ ի՛նչ արգելքներու կրնաս հանդիպիլ, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս գլուխ ելլել։

Գործի անցիր։ Մի՛ սպասեր որ ամէն պզտիկ մանրամասնութիւն որոշած ըլլաս, որպէսզի գործի անցնիս։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Ի՞նչ է առաջին բանը, որ կրնամ ընել նպատակիս հասնելու համար’։ Ետքը, ըրէ զայն։ Ամէն մէկ քայլ առնելէդ ետք, տես թէ որքան մօտեցած ես նպատակիդ։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն» (Առակաց 21։5