ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
10. Վստահելի ըլլալ
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
Վստահելի անձերը իրենց ծնողներուն, բարեկամներուն եւ գործատէրերուն վստահութիւնը կը շահին։ Անոնք կանոնները կը յարգեն, իրենց խօսքին տէրը կ’ըլլան եւ միշտ ճշմարտախօս են։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Գրեթէ միշտ, որքա՛ն ուրիշներու վստահութիւնը կը շահիս, այնքան ազատութիւն կը ստանաս։
«Լաւագոյն կերպը որ ծնողքիդ վստահութիւնը շահիս այն է, թէ փաստես որ հասուն ես եւ կրնաս պատասխանատուութիւն շալկել, ոչ միայն երբ ծնողքիդ հետ ես, հապա նաեւ իրենց բացակայութեան» (Սէռայի)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Պարկե՛շտ վարք ունեցէք» (Ա. Պետրոս 2։12, ԱԾ)։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
Եթէ կ’ուզես որ ուրիշները քեզի աւելի վստահին, կամ եթէ կորսնցուցած ես ուրիշներուն վստահութիւնը, հետեւեալ քայլերը կրնան քեզի օգնել։
Պարկեշտ եղիր։ Երբ սուտեր խօսիս, քեզի հանդէպ ուրիշներուն վստահութիւնը շոգիի պէս կ’անհետանայ։ Անդին, երբ պարկեշտ ես եւ սխալներդ չես ծածկեր, ուրիշներուն վստահութիւնը կը շահիս։
«Պարկեշտ ըլլալը դիւրին է, երբ քեզի վնաս պիտի չգայ։ Բայց երբ պարկեշտ ըլլաս հակառակ որ սեւերես պիտի ելլես, մարդիկ շատ աւելի պիտի վստահին քեզի» (Գէյմըն)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Կ’ուզենք ամէն բանի մէջ վարուիլ պարկեշտութեամբ» (Եբրայեցիս 13։18, ԱԾ)։
Պատասխանատուութիւն շալկող եղիր։ Միացեալ Նահանգներէն տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ, թէ գործ փնտռողներուն որակումները քննող պաշտօնեաներուն 78 առ հարիւրը ըսած են, որ պատասխանատուութիւն շալկելու կարողութիւնը «ամէնէն կարեւոր երեք կէտերէն է, որ ընկերութիւն մը կը փնտռէ գործի դիմողներուն մէջ»։ Եթէ հիմակուընէ սորվիս պատասխանատուութիւն շալկել, օգուտը պիտի քաղես նաեւ երբ չափահաս դառնաս։
«Ծնողներս նկատի կ’առնեն երբ պատասխանատուութիւն կը շալկեմ եւ տնային գործեր կ’ընեմ, նոյնիսկ երբ ետեւէս չեն իյնար։ Որքա՛ն աւելի այսպէս վարուիմ, այնքան աւելի կը վստահին ինծի» (Սէռա)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Հնազանդութեանդ վստահելով գրեցի քեզի, քանզի գիտեմ որ ըսածէս աւելին պիտի ընես» (Փիլիմոն 21)։
Համբերող եղիր։ Ֆիզիքական հասունութիւնը դիւրաւ կը տեսնուի, բայց ժամանակ կ’առնէ որ մարդիկ տեսնեն զգացական եւ մտային հասունութիւնը։
«Չես կրնար մէկ անգամէն շահիլ ծնողքիդ եւ ուրիշներուն վստահութիւնը, բայց կրնաս ժամանակի ընթացքին անոնց վստահութիւնը աւելցնել, եթէ միշտ պատասխանատուութիւն շալկող ըլլաս» (Պրէնտըն)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ձեր վրայ հագէ՛ք. . . երկայնմտութիւնը» (Կողոսացիս 3։12)։