Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ս ծխելը կեցնել

Կրնա՛ս ծխելը կեցնել

Կրնա՛ս ծխելը կեցնել

ԺԱՄԱՆԱԿԸ եկաւ որ ‘զօրանաս եւ գործի անցնիս’ (Ա. Մնացորդաց 28։10, ՆԱ)։ Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել, որ ծխելը կեցնես։

Թուականը որոշէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարարութիւնը կ’առաջարկէ, որ երբ որ մէկը որոշէ ծխելը կեցնել իր որոշումին վրայ պէտք չէ երկու շաբաթ անցնի։ Հապա պէտք է որ ան շա՛տ արագ քայլ առնէ։ Ասանկով իր որոշումին վրայ պիտի մնայ։ Օրացոյցիդ մէջ այդ օրը կլորի մէջ առ, ընկերներուդ պատմէ այդ օրուան մասին եւ պարագաներդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ՝ այդ օր ծխելը կեցո՛ւր։

Պատրաստէ «չկայ ծխել» քարտ մը։ Անոր մէջ գրէ այս տեղեկութիւնները կամ ալ որեւէ ուրիշ բան, որ կրնայ քեզի օգնել որ ծխելը կեցնես.

● Չծխելու պատճառներ

● Անհատներու թիւեր, որոնց կրնաս հեռաձայնել, երբ կը զգաս որ ծխել կ’ուզես

● Կարգ մը գաղափարներ, որոնք կրնան քեզի օգնել որ վճռական մնաս, օրինակ՝ Սուրբ Գիրքէն համարներ, ինչպէս՝ Գաղատացիս 5։22, 23

Այս քարտը հետդ ունեցիր ամէն ատեն եւ օրուան մէջ քանի մը անգամ կարդա՛։ Նոյնիսկ ծխելը կեցնելէ ետք, շարունակէ աչքէ անցընել այս քարտը ամէն անգամ որ զգաս որ ծխել կ’ուզես։

Գիտցիր թէ ի՛նչ բան կը ձգէ որ ծխես եւ ատկէ հեռու մնա՛։ Որոշած թուականէդ առաջ, փոխէ բոլոր այն սովորութիւնները, որոնք կապ ունին ծխելուդ հետ։ Օրինակ, եթէ արթննալուդ պէս կը ծխես, փորձէ այդ սովորութիւնը մէկ ժամ յետաձգել։ Կամ եթէ ճաշի ատեն կամ ատկէ ճիշդ ետք կը ծխես, այդ սովորութիւնն ալ փոխէ։ Մի՛ երթար տեղեր, ուր ծխողներ կ’ըլլան։ Բարձրաձայն փորձ ըրէ. «Ո՛չ շնորհակալ եմ։ Այլեւս չեմ ծխեր»։ Այս քայլերը քեզ ոչ միայն կը պատրաստեն, որ որոշած օրդ ծխելը կեցնես, հապա նաեւ քեզի պիտի յիշեցնեն, որ մօտ ատենէն այլեւս պիտի չծխես։

Պատրաստութիւններ տես։ Որոշած թուականդ չհասած, գնէ բաներ, որոնք կրնաս ծխելու տեղ բերանդ առնել։ Օրինակ, ստեպղին, ծիթ, պիստակեղէն եւ այլն։ Ընկերներուդ եւ ընտանիքիդ յիշեցուր որոշած թուականդ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնան քեզի օգնել։ Այդ օրուընէ ճիշդ առաջ, թափէ մոխրամաններ, լուցկիներ եւ ուրիշ որեւէ բան,– օրինակ՝ սիկառէթներ,– որ ունիս տունիդ, ինքնաշարժիդ եւ գրպաններուդ մէջ կամ ալ գործատեղը։ Ընկերէ մը սիկառէթ խնդրելը կամ սիկառէթի տուփ գնելը վստահաբար աւելի՛ դժուար է, քան՝ դարակէդ սիկառէթ մը առնելը։ Ասկէ զատ, աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ, մանաւանդ վերջին սիկառէթը ծխելէ ետք (Ղուկաս 11։13

Շատեր կրցած են իրենց կապը կտրել այս վտանգաւոր «անունով» ընկերին՝ սիկառէթին՝ հետ։ Դո՛ւն ալ կրնաս։ Ասանկով, աւելի լաւ առողջութիւն պիտի ունենաս եւ ազատ պիտի զգաս։

[Նկար]

Այս քարտը հետդ ունեցիր ամէն ատեն եւ օրուան մէջ քանի մը անգամ կարդա՛