«Արթուն կեցէք»
«Արթուն կեցէք»
«Արթուն կեցէք [«շարունակեցէք արթուն կենալ», ՆԱ], վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։—ՄԱՏԹԷՈՍ 24։42
1. Երկար տարիներէ Եհովայի ծառայողները իրենց տարիներու նուիրեալ ծառայութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգան։ Օրինակ մը յիշեցէք։
ԵՐԿԱՐ տարիներէ Եհովայի ծառայողներէն շատեր ճշմարտութիւնը սորվեցան երբ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ էին։ Պատուական մարգարիտ մը գտնող վաճառականին նման, որ զայն գնելու համար իր բոլոր ունեցածը ծախեց, Աստուածաշունչի այդ եռանդուն աշակերտները իրենց անձը ուրացան եւ իրենց կեանքը Եհովայի նուիրեցին։ (Մատթէոս 13։45, 46. Մարկոս 8։34) Երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին իրագործումը տեսնելու համար իրենց ակնկալածէն աւելի երկար սպասած ըլլալով, անոնք ի՞նչ կը զգան։ Անոնք չե՛ն զղջար։ Անոնք Եղբայր Ա. Հ. Մէգմիլընի հետ կը համաձայնին, որ գրեթէ 60 տարիներ բոլորանուէր ծառայութենէ ետք, ըսաւ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի վճռած եմ շարունակել հաւատքիս մէջ մնալ։ Անիկա կեանքը արժէքաւոր դարձուցած է ինծի համար։ Անիկա տակաւին ինծի կ’օգնէ որ առանց վախի ապագան դիմագրաւեմ»։
2. (ա) Յիսուս ի՞նչ ժամանակայարմար խրատ տուաւ իր հետեւորդներուն։ (բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք այս յօդուածին մէջ։
2 Ի՞նչ կարելի է ըսել ձեր մասին։ Ձեր տարիքը ինչ որ ալ ըլլայ, նկատի առէք Յիսուսի խօսքերը. «Արթուն կեցէք [«շարունակեցէք արթուն կենալ», ՆԱ], վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։42) Այդ պարզ նախադասութեան մէջ խոր ճշմարտութիւն մը կայ։ Չենք գիտեր թէ Տէրը ո՛ր օրը պիտի գայ այս ամբարիշտ դրութեան վրայ դատաստան գործադրելու համար. ասիկա գիտնալը մեզի համար անհրաժեշտ ալ չէ։ Բայց պէտք է այնպիսի կեանք մը վարենք, որ երբ ան գայ, որեւէ կերպով չզղջանք անոր համար։ Այս նկատմամբ ի՞նչ օրինակներ կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ, որոնք մեզի կ’օգնեն արթուն մնալու։ Յիսուս այս կարիքը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։ Իսկ ներկայիս ի՞նչ ապացոյց ունինք թէ այս ամբարիշտ աշխարհի վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։
Ազդարարական Օրինակ մը
3. Ներկայիս շատեր ի՞նչպէս Նոյի օրուան մարդոց կը նմանին։
3 Շատ մը կերպերով, ներկայիս մարդիկ Նոյի օրերուն ապրող մարդոց նման են։ Այդ ժամանակ երկիրը բռնութեամբ լեցուած էր եւ մարդուն սրտին հակումները «չար էին ամէն օր»։ (Ծննդոց 6։5) Շատեր իրենց առօրեայ կեանքով կլանուած էին։ Սակայն, մեծ Ջրհեղեղը բերելէ առաջ, Եհովա մարդոց առիթ տուաւ որ զղջան։ Ան Նոյի յանձնարարութիւն տուաւ որ քարոզէ եւ Նոյ հնազանդեցաւ. ան թերեւս 40 կամ 50 տարիներ, կամ աւելի, որպէս «արդարութեան քարոզիչ» ծառայեց։ (Բ. Պետրոս 2։5) Սակայն, մարդիկ Նոյի ազդարարական պատգամին կարեւորութիւն չտուին։ Անոնք արթուն չէին։ Ուստի, վերջաւորութեան միայն Նոյ ու իր ընտանիքը վերապրեցան Եհովայի դատաստանի գործադրութենէն։—Մատթէոս 24։37-39
4. Ի՞նչ առումով Նոյի քարոզչութիւնը կրնայ յաջող նկատուիլ, եւ ի՞նչպէս կարելի է նոյնը ըսել ձեր քարոզչութեան մասին։
4 Նոյի ծառայութիւնը յաջո՞ղ էր։ Ընդառաջողներուն քիչուոր ըլլալէն մի՛ դատէք։ Արդարեւ, Նոյի քարոզչութիւնը իր նպատակին ծառայեց մարդոց ընդառաջումը ինչ որ ալ ըլլար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա մարդոց բաւարար առիթ տուաւ որ ընտրեն թէ Եհովայի ծառայել կ’ուզե՞ն կամ ոչ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր քարոզած թաղամասին նկատմամբ։ Եթէ նոյնիսկ շատ քիչ դրական ընդառաջում կայ, տակաւին մեծ յաջողութիւն կ’արձանագրէք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ քարոզելով Աստուծոյ ազդարարութիւնը կը հնչեցնէք եւ այսպիսով իր հետեւորդներուն տուած Յիսուսի յանձնարարութիւնը կը կատարէք։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
Աստուծոյ Մարգարէները կ’Անտեսուին
5. (ա) Ամբակումի օրերուն, Յուդայի մէջ ի՞նչ կացութիւն կը տիրէր, եւ մարդիկ ի՞նչպէս ընդառաջեցին իր մարգարէական պատգամին։ (բ) Յուդայի մարդիկը ի՞նչպէս թշնամական կեցուածք մը ցոյց տուին Եհովայի մարգարէներուն հանդէպ։
5 Ջրհեղեղէն դարեր ետք, Յուդայի թագաւորութեան կացութիւնը շատ լուրջ վիճակ մը ստացաւ։ Կռապաշտութիւնը, անիրաւութիւնը, կեղեքումը, եւ նոյնիսկ սպանութիւնը սովորական դարձած էին։ Եհովա Ամբակում մարգարէն հանեց, որպէսզի մարդիկը ազդարարէր որ եթէ չզղջային, Քաղդէացիներու, կամ Բաբելոնացիներու, կողմէ իրենց վրայ չարիք պիտի գար։ (Ամբակումայ 1։5-7) Բայց մարդիկ չուզեցին մտիկ ընել։ Թերեւս անոնք խորհեցան. ‘Աւելի քան հարիւր տարի առաջ Եսայի մարգարէն նոյնանման ազդարարութիւն մը հնչեցուց, բայց տակաւին բա՛ն մը չպատահեցաւ’։ (Եսայեայ 39։6, 7) Յուդայի պաշտօնեաներէն շատեր ոչ միայն տրուած պատգամին հանդէպ անտարբեր էին, այլ նոյնիսկ պատգամաբերներուն հանդէպ թշնամական կեցուածք մը ունէին։ Առիթով մը, անոնք ջանացին Երեմիա մարգարէն սպաննել։ Անոնք պիտի յաջողէին ասիկա ընել, եթէ Սափանի որդին Աքիկամ չմիջամտէր։ Մարգարէական ուրիշ պատգամէ մը զայրացած, Յովակիմ թագաւորը Ուրիա մարգարէն սպաննել տուաւ։—Երեմեայ 26։21-24
6. Եհովա ի՞նչպէս զօրացուց Ամբակումը։
6 Ամբակումի պատգամը նուազ յանդուգն չէր եւ նոյնքան անժողովրդական էր որքան Երեմիայի պատգամը, որ Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած էր Յուդայի 70 տարուան ամայութիւնը նախագուշակելու համար։ (Երեմեայ 25։8-11) Ուստի, կը հասկնանք Ամբակումի ընկճուած վիճակը, երբ աղաղակեց. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես»։ (Ամբակումայ 1։2) Եհովա քաղցրութեամբ պատասխանեց Ամբակումի հաւատք զօրացնող հետեւեալ խօսքերով. «Տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ [«պիտի չուշանայ», ՆԱ]»։ (Ամբակումայ 2։3) Ուստի, Եհովա անիրաւութեան ու կեղեքումի վերջ դնելու համար ‘ժամանակ մը որոշած’ էր։ Եթէ երեւութապէս ուշացում ըլլար, Ամբակում պէտք չէր յուսահատէր, ոչ ալ պէտք էր դանդաղէր։ Ընդհակառակը, ան պէտք էր շարունակէր ‘անոր սպասել’, ամէն օր ստիպողականութեան զգացումով մը ապրելով։ Եհովայի օրը պիտի չո՛ւշանար։
7. Հ.Դ. առաջին դարուն ինչո՞ւ ուրիշ կործանում մը նշանակուեցաւ Երուսաղէմի։
7 Եհովա Ամբակումի հետ խօսելէն շուրջ 20 տարի ետք Յուդայի մայրաքաղաքը՝ Երուսաղէմը՝ կործանեցաւ։ Հետագային ան վերաշինուեցաւ եւ այն սխալներէն շատերը, որոնք այդքան վշտացուցած էին Ամբակումը՝ շտկուեցան։ Սակայն, Մեր Հասարակ Դարաշրջանի առաջին դարուն, քաղաքը անգամ մը եւս կործանումի համար նշանակուեցաւ, անոր բնակիչներուն անհաւատարմութեան պատճառաւ։ Ողորմածօրէն, Եհովա կարգադրութիւն ըրաւ որ արդարամիտ անհատներ փրկուին։ Այս անգամ, պատգամը տալու համար որպէս մարգարէ ուղղակի Յիսուս Քրիստոսը գործածեց։ Հ.Դ. 33–ին, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։—Ղուկաս 21։20, 21
8. (ա) Յիսուսի մահուընէ ետք, մինչ ժամանակը սահեցաւ, հաւանաբար կարգ մը Քրիստոնեաներու ի՞նչ պատահեցաւ։ (բ) Երուսաղէմի մասին Յիսուսի մարգարէական խօսքերը ի՞նչպէս կատարուեցան։
8 Մինչ տարիները սահեցան, Երուսաղէմի մէջ բնակող կարգ մը Քրիստոնեաներ հաւանաբար հարց տուին թէ Յիսուսի մարգարէութիւնը ե՛րբ պիտի կատարուէր։ Ի վերջոյ, նկատի առէք այդ զոհողութիւնները, զորս անոնցմէ ոմանք անկասկած ըրած էին։ Թերեւս անոնք լաւ գործերու առաջարկներ մերժած էին արթուն մնալու իրենց որոշումին պատճառաւ։ Մինչ ժամանակը կ’անցնէր, արդեօք անոնցմէ ոմանք յոգնեցա՞ն։ Անոնք եզրակացուցի՞ն որ իրենց ժամանակը կը վատնէին, մտածելով որ Յիսուսի մարգարէութիւնը թերեւս ոչ թէ իրենց, հապա ապագայ սերունդի մը կը կիրարկուէր։ Հ.Դ. 66–ին Յիսուսի մարգարէութիւնը սկսաւ կատարուիլ, երբ հռովմէական բանակներ եկան ու պաշարեցին Երուսաղէմը։ Անոնք որոնք շարունակած էին արթուն կենալ, նշանը ճանչցան, քաղաքէն փախան եւ Երուսաղէմի ամայացումը տեսնելէն խնայուեցան։
Արթուն Ըլլալու Կարիքը Ցոյց կու Տայ
9, 10. (ա) Ի՞նչպէս պիտի ամփոփէք Յիսուսի առակը այն ծառաներուն մասին, որոնք իրենց տիրոջ հարսանիքէն վերադարձը կը սպասէին։ (բ) Իրենց տիրոջ սպասելը ինչո՞ւ դժուար ըլլալու էր այս ծառաներուն համար։ (գ) Ինչո՞ւ ծառաներուն համար շահաւէտ էր համբերել։
9 Արթուն ըլլալու կարիքը շեշտելու համար, Յիսուս իր աշակերտները նմանցուց ծառաներու, որոնք իրենց տիրոջ իր հարսանիքէն վերադարձը կը սպասեն։ Անոնք գիտէին թէ ան որոշ գիշեր մը պիտի վերադառնար, բայց ճիշդ ո՞ր ժամուն։ Գիշերուան առաջի՞ն պահուն, թէ երկրորդ կամ երրորդ պահուն. չէին գիտեր։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ [տէրը] գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու [զանոնք] արթուն գտնէ, երանելի են»։ (Ղուկաս 12։35-38) Երեւակայեցէ՛ք այն ծառաներուն կանխազգացումը։ Ամէն շշուկ, ամէն շարժող ստուեր անոնց ակնկալութիւնը պիտի աւելցնէր. ‘Արդեօք ասիկա՞ է մեր տէրը’։
10 Իսկ եթէ տէրը գար գիշերուան երկրորդ պահուն՝ որ Յիսուսի օրերուն կ.ե. 9։00–էն մինչեւ կէս գիշերուան 12։00–ը կ’երկարէր։ Արդեօք բոլոր ծառաները, նոյնիսկ անոնք որոնք վաղ առաւօտէն ի վեր ծանր կ’աշխատէին, պատրաստ պիտի ըլլայի՞ն զինք դիմաւորելու համար, թէ ոչ ոմանք քնացած պիտի ըլլային։ Իսկ եթէ տէրը գիշերուան երրորդ պահուն գար, որ կէս գիշերուան 12։00–էն մինչեւ առաւօտեան 3։00–ը կ’ընդգրկէր. . .։ Արդեօք ծառաներէն ոմանք իրենց տիրոջ երեւութական ուշացումին պատճառաւ պիտի յուսահատէի՞ն կամ նոյնիսկ՝ պիտի զայրանայի՞ն։ * Անոնք որոնք տիրոջ եկած ժամանակ արթուն պիտի գտնուէին, միայն անո՛նք երանելի պիտի կոչուէին։ Վստահաբար անոնց վրայ պիտի կիրարկուէին Առակաց 13։12–ի խօսքերը. «Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է»։
11. Աղօթքը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ արթուն կենանք։
11 Երեւութապէս ուշացումի այս շրջանին, ի՞նչ բան պիտի օգնէր որ Յիսուսի հետեւորդները շարունակէին արթուն կենալ։ Երբ Գեթսեմանի Մատթէոս 26։41) Պետրոս՝ որ այդ առթիւ հոն ներկայ էր, տարիներ ետք իր հաւատակից Քրիստոնեաներուն նոյնանման խրատ մը տուաւ։ Ան գրեց. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք»։ (Ա. Պետրոս 4։7) Բացայայտ է որ ջերմեռանդ աղօթքները մեր քրիստոնէական առօրեային մէկ մասը պէտք է ըլլան։ Արդարեւ, յարատեւաբար Եհովայի պէտք է պաղատինք որ մեզի օգնէ արթուն կենալու։—Հռովմայեցիս 12։12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17
պարտէզին մէջ էր, իր ձերբակալութենէն քիչ առաջ, Յիսուս իր երեք առաքեալներուն ըսաւ. «Արթուն կեցէք եւ [«շարունակաբար», ՆԱ] աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ (12. Ենթադրութիւն ընելուն եւ արթուն կենալուն տարբերութիւնը ի՞նչ է։
12 Նկատի առէք ինչ որ Պետրոս ըսաւ նաեւ. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է»։ Ո՞րքան մօտեցեր է։ Մարդիկ միջոց չունին ճշգրիտ օրը եւ ժամը նշելու։ (Մատթէոս 24։36) Սակայն, տարբերութիւն մը կայ ենթադրութիւններու անձնատուր ըլլալուն՝ զոր Աստուածաշունչը չի քաջալերեր, եւ վախճանը ակնկալութեամբ սպասելուն միջեւ, զոր Աստուածաշունչը կը քաջալերէ։ (Համեմատել՝ Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4. Տիտոս 3։9) Վախճանը ակնկալութեամբ սպասելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։ Վախճանին մօտ ըլլալուն ապացոյցին մօտէն ուշադրութիւն ընծայել։ Ուստի, վեց ապացոյցներ վերաքաղ ընենք, փաստելու համար թէ այս ամբարիշտ աշխարհի վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։
Վեց Համոզիչ Ապացոյցներ
13. Երկրորդ Տիմոթէոս 3–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս կը համոզեն որ «վերջին օրեր»ու մէջ կ’ապրինք։
13 Առաջին՝ «վերջին օրեր»ու մասին Պօղոսի խօսքերուն կատարուիլը կը տեսնենք։ Պօղոս գրեց. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։ Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13) Մեր օրերուն այս մարգարէութեան կատարումը չե՞նք տեսներ։ Միայն իրողութիւններու վրայ աչք խփողները կրնան ժխտել ասիկա։ *
14. Բանսարկուին մասին ըսուած Յայտնութիւն 12։9–ի խօսքերը ի՞նչպէս կը կատարուին ներկայիս, եւ շուտով ի՞նչ պիտի պատահի իրեն։
14 Երկրորդ՝ առ ի կատարում Յայտնութիւն 12։9–ի, Սատանայի ու իր դեւերուն երկնքէն դուրս նետուած ըլլալուն ազդեցութիւնները կը տեսնենք։ Այդ համարին մէջ կը կարդանք. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ»։ Ասոր հետեւանքը մեծ վա՜յ եղած է երկրին համար։ Իսկապէս, մարդկութիւնը շատ վայեր տեսած է, մասնաւորաբար 1914–էն ի վեր։ Բայց Յայտնութեան մարգարէութիւնը կ’աւելցնէ թէ Բանսարկուն երկիր նետուելէն ետք գիտէ թէ «քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12) Այս միջոցին, Սատանան պատերազմ կը մղէ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն դէմ։ (Յայտնութիւն 12։17) Մեր օրերուն այս յարձակման ազդեցութիւնը վստահաբար տեսած ենք։ * Շուտով Սատանան անդունդը պիտի ձգուի, «որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը»։—Յայտնութիւն 20։1-3
15. Յայտնութիւն 17։9-11–ը ի՞նչպէս կ’ապացուցանէ որ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։
15 Երրորդ՝ Յայտնութիւն 17։9-11–ի մէջ յիշուած մարգարէութեան ութերորդ ու վերջին «թագաւոր»ին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։ Հոս Յովհաննէս առաքեալ կը յիշէ եօթը թագաւորներ, որոնք աշխարհակալ եօթը ուժեր կը ներկայացնեն. Եգիպտոս, Ասորեստան, Բաբելոն, Մարա–Պարսկաստան, Յունաստան, Հռովմ եւ Անգլօ–Ամերիկա։ Ան կը տեսնէ նաեւ ‘ութերորդ թագաւոր մը որ եօթնէն է’։ Այս ութերորդ թագաւորը՝ տեսիլքին մէջ Յովհաննէսի տեսած վերջին թագաւորը, հիմա կը ներկայացնէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը։ Յովհաննէս կ’ըսէ որ այս ութերորդ թագաւորը «դէպի կորուստ կ’երթայ», որմէ ետք ուրիշ երկրային թագաւորներ յիշուած չեն։ *
16. Նաբուգոդոնոսորի արձանի երազին կատարման իրողութիւնները ի՞նչպէս կը նշեն որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։
16 Չորրորդ՝ Նաբուգոդոնոսորի արձանի երազին ոտքերով խորհրդանշուած ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք։ Դանիէլ մարգարէն մարդկային երեւոյթով հսկայ արձանին այս խորհրդաւոր երազը մեկնաբանեց։ (Դանիէլ 2։36-43) Արձանին չորս տարբեր մետաղեայ մասերը կը ներկայացնեն տարբեր աշխարհակալ ուժեր, սկսելով գլուխէն (Բաբելոնի Կայսրութենէն) եւ հասնելով մինչեւ ոտքերն ու մատները (ներկայիս իշխող կառավարութիւնները)։ Այդ արձանով ներկայացուած բոլոր աշխարհակալ ուժերը յայտնուած են։ Հիմա երազի արձանին ոտքերով խորհրդանշուած շրջանին մէջ կ’ապրինք։ Ուրիշ ապագայ ուժերու մասին յիշատակութիւն մը չէ եղած։ *
17. Թագաւորութեան մասին մեր քարոզչութիւնը ի՞նչպէս յաւելեալ փաստ մըն է որ վերջին ժամանակին մէջ կ’ապրինք։
17 Հինգերորդ՝ Համերկրային քարոզչութեան կատարուիլը կը տեսնենք, որ ըստ Յիսուսի, այս դրութեան վախճանէն ճիշդ առաջ տեղի պիտի ունենար։ Յիսուս նշեց. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։ (Մատթէոս 24։14) Ներկայիս այդ մարգարէութիւնը աննախընթաց տարողութեամբ կատարուելու ընթացքին մէջ է։ Ճիշդ է որ տակաւին կան թաղամասեր ուր քարոզչութիւնը հասած չէ, եւ կրնայ ըլլալ որ Եհովայի յարմար տեսած ժամանակին աւելի մեծ գործունէութեան դուռ մը բացուի։ (Ա. Կորնթացիս 16։9) Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը չ’ըսեր որ Աստուած պիտի սպասէ մինչեւ որ երկրի վրայ ամէն անհատ անձնապէս վկայութիւն ստանայ։ Հապա բարի լուրը պիտի քարոզուի Եհովայի ուզած տարողութեամբ. անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ։—Համեմատել՝ Մատթէոս 10։23
18. Երբ մեծ նեղութիւնը սկսի, բացայայտօրէն ի՞նչ պիտի ըլլայ կարգ մը օծեալներու պարագան, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք հաստատել։
18 Վեցերորդ՝ Քրիստոսի հարազատ օծեալ աշակերտներուն թիւը կը նուազի, թէեւ ակներեւաբար ոմանք տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլան, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։ Մնացորդին մեծամասնութիւնը յառաջացած տարիք ունի եւ տարիներու ընթացքին իսկապէս օծեալներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Սակայն, մեծ նեղութեան ակնարկելով Յիսուս ըսաւ. «Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան»։ (Մատթէոս 24։21, 22) Ուստի ակներեւաբար, Քրիստոսի «ընտրեալներ»էն ոմանք տակաւին երկրի վրայ պիտի ըլլան, երբ մեծ նեղութիւնը սկսի։ *
Ի՞նչ կը Սպասէ Մեզ
19, 20. Ինչո՞ւ հիմա որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է որ արթուն ու զգաստ ըլլանք։
19 Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ մեզի։ Ոգեցունց ժամանակներ կը սպասեն մեզ։ Պօղոս ազդարարեց թէ «Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի»։ Ապա, աշխարհային առումով իմաստուն նկատուած անհատներուն ակնարկելով, Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3, 6) Այո, անոնք որոնք խաղաղութեան ու ապահովութեան համար մարդկային հաստատութիւններու կը յուսան՝ իրականութիւնը կ’անտեսեն։ Այսպիսի անհատներ խոր քունի մէջ են։
ան կ’ըսէ. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի»։ Ուստի, Պօղոս իր ընթերցողները կը յորդորէ, ըսելով. «Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ (20 Իրերու այս դրութեան կործանումը պիտի գայ ապշեցուցիչօրէն յանկարծակի կերպով։ Ուստի, շարունակեցէք ակնկալութեամբ սպասել Եհովայի օրը։ Աստուած ինք Ամբակումի ըսաւ որ անիկա «պիտի չո՛ւշանայ»։ Արդարեւ, որեւէ ժամանակէ աւելի ստիպողական է որ արթուն կենանք։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 10 Տէրը իր ծառաներուն ժամադրութիւն չէր տուած։ Հետեւաբար, իր գալուն ու երթալուն մասին հաշիւ տալու պէտք չունէր, ոչ ալ իր երեւութական ուշացումին համար իր ծառաներուն բացատրութիւն տալու հարկադրանքին տակ էր։
^ պարբ. 13 Այս գլուխին մասին աւելի մանրամասնութեանց համար, տեսնել՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
^ պարբ. 14 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տեսնել՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 180-186–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
^ պարբ. 16 Տեսնել՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
^ պարբ. 18 Ոչխարներու եւ այծերու առակին մէջ, Որդին մարդոյ իր փառքով կու գայ մեծ նեղութեան ընթացքին, եւ դատաստանի համար կը նստի։ Ան մարդիկը կը դատէ Քրիստոսի օծեալ եղբայրներուն անոնց տուած օգնութեան հիման վրայ։ Դատավճիռի այս չափանիշը անիմաստ պիտի ըլլար, եթէ դատաստանի ժամանակ, Քրիստոսի բոլոր եղբայրները շատոնց երկրային թատերաբեմը ձգած ըլլային։—Մատթէոս 25։31-46
Կը յիշէ՞ք
• Սուրբ գրային ի՞նչ օրինակներ կրնան մեզի օգնել որ շարունակենք արթուն կենալ։
• Յիսուս արթուն կենալու կարեւորութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուաւ։
• Ի՞նչ վեց ապացոյցներ կը փաստեն թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 9]
Ա. Հ. Մէգմիլըն մօտաւորապէս վեց տասնամեակներ հաւատարմօրէն ծառայեց Եհովայի
[Նկար՝ էջ 10]
Յիսուս իր աշակերտները նմանցուց ծառաներու, որոնք արթուն կը կենան