Անոնց հաւատքը վարձատրուեցաւ
Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն
Անոնց հաւատքը վարձատրուեցաւ
ՊՕՂՈՍ Առաքեալ արտակարգ հաւատքի տէր մարդ մըն էր եւ ան քաջալերեց իր հաւատակիցները որ նոյնանման հաւատք մը մշակեն։ Ան ըսաւ. «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Մոզամպիկէն եկող հետեւեալ փորձառութիւնները ցոյց կու տան թէ Եհովա ի՛նչպէս կը վարձատրէ զօրաւոր հաւատքը եւ կը պատասխանէ անկեղծ աղօթքներուն։
• Հիւսիսային Նիասսա նահանգէն որբեւայրի քոյր մը, մտահոգ էր թէ ինք ու իր վեց զաւակները ի՛նչպէս պիտի կարենային «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Նահանգային Համաժողովին ներկայ գտնուիլ։ Ան տեղւոյն շուկային մէջ ապրանք ծախելով իր եկամուտը կ’ապահովէր, սակայն երբ համաժողովի թուականը մօտեցաւ, իր ունեցած դրամով միայն կրնար իր ու իր ընտանիքին համար շոգեկառքով երթի տոմսակ գնել։ Այսուհանդերձ, ան վճռեց Եհովայի հայթայթումներուն վրայ վստահիլ եւ շարունակեց համաժողովին ներկայ գտնուելու համար ծրագիրներ ընել։
Ան իր վեց զաւակներով շոգեկառք բարձրացաւ։ Ճամբորդութեան ընթացքին վարիչը անոր մօտենալով տոմսակները ուզեց։ Անոր լանջանշանը նկատելով, վարիչը հարցուց թէ անիկա ի՛նչ կը ներկայացնէր։ Քոյրը ըսաւ թէ անիկա կը բնորոշէր զինք որպէս Եհովայի Վկաներու նահանգային համաժողովի պատուիրակ մը։ Վարիչը հարցուց. «Այս համաժողովը ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ»։ Տեղեկանալէն ետք թէ համաժողովը տեղի պիտի ունենար շուրջ 300 քիլոմեթր հեռու Նամբուլա նահանգին մէջ, անսպասելիօրէն ան տոմսակին սովորական գինին միայն կէսը առաւ։ Ապա քրոջ ու անոր ընտանիքին վերադարձի տոմսակներ տուաւ, երթի տոմսակէն զեղչած դրամով։ Քոյրը որքա՜ն ուրախացաւ որ իր վստահութիւնը Եհովայի վրայ դրած էր։—Սաղմոս 121։1, 2
• Շուրջ 25 տարիներէ ի վեր, շատ բարեպաշտ կին մը Աստուծոյ կ’աղօթէր որ զինք պաշտելու շիտակ կերպը ցոյց տար իրեն։ Իր յաճախած եկեղեցին կրօնական արարողութիւնները աւանդական ծէսերու հետ կը խառնէր, եւ կինը կը կասկածէր որ Աստուած այս ձեւի պաշտամունքի կը հաճէր։
Ան կը պատմէ. «Միշտ կը յիշէի Մատթէոս 7։7–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը. ‘Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի’։ Այս համարը ի մտի ունենալով, կանոնաւորաբար աղօթեցի Աստուծոյ որ զիս ճշմարտութեան առաջնորդէ։ Օր մը մեր եկեղեցիին հովիւը տեղւոյն շուկային մէջ աշխատող բոլոր անհատներէն խնդրեց որ որոշ գումար մը եւ իրենց ապրանքներէն որոշ բաներ բերեն, որպէսզի զիրենք օրհնէր։ Այս խնդրանքը սուրբ գրային չեղող բան մը նկատեցի, ուստի բան մըն ալ չբերի։ Երբ հովիւը տեսաւ թէ ‘զոհ’ չեմ բերած, ան եկեղեցիի բոլոր անդամներուն առջեւ սկսաւ զիս պախարակել։ Այդ օրը անդրադարձայ թէ Աստուած չ’ուզեր այս կերպով պաշտուիլ, ուստի եկեղեցիէն հեռացայ։ Մինչ այդ, յարատեւեցի աղօթել որ ճշմարտութիւնը գտնեմ։
«Ի վերջոյ, քաջութիւնս հաւաքելով ազգականի մը հետ շփման մէջ եկայ, որ Եհովայի Վկայ մըն էր։ Ան ինծի թերթիկ մը տուաւ. երբ զայն կարդացի, անմիջապէս անդրադարձայ որ Աստուած աղօթքներուս կը պատասխանէր։ Ժամանակի ընթացքին, ընկերակիցս ալ սկսաւ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը գնահատել, ապա մեր ամուսնութիւնը վաւերացուցինք։ Սակայն, հետագային ամուսինս ծանրօրէն հիւանդացաւ։ Բայց մինչեւ իր մահը քաջալերեց զիս որ ճշմարտութեան ճամբուն մէջ յարատեւեմ, որպէսզի դարձեալ տեսնուինք Դրախտին մէջ։
«Յաւէտ երախտապարտ եմ Եհովայի, որ իմ աղօթքներուս պատասխանեց եւ զինք պաշտելու շիտակ ճամբան ցոյց տուաւ ինծի։ Զաւակներուս առնչութեամբ ալ աղօթքներս պատասխանուեցան, քանի որ ութը զաւակներս ալ Եհովայի նուիրուած ծառաներ եղան»։