Աստուածաշունչը թաքուն ծածկագիր մը ունի՞
Աստուածաշունչը թաքուն ծածկագիր մը ունի՞
ՀԱԶԱՐ ինը հարիւր ինիսուն հինգին՝ Իսրայէլի վարչապետ՝ Իսհաք Րապինի սպանութենէն շուրջ երկու տարի ետք, լրագրող մը դաւանեցաւ որ համակարգիչի մասնագիտութեան օգնութեամբ, Աստուածաշունչի Եբրայերէն բնագրին մէջ այդ դէպքին մասին թաքցուած նախագուշակութիւն մը գտած էր։ Լրագրողը՝ Մայքըլ Տրօզնին՝ գրեց թէ ինք փորձած էր վարչապետը զգուշացնել սպանութիւնը տեղի ունենալէն աւելի քան տարի մը առաջ, բայց՝ ի զուր։
Այժմ ուրիշ յօդուածներ եւ գրքեր հրատարակուած են, որոնք կը դաւանին որ այս թաքուն ծածկագիրը բացարձակ ապացոյց մըն է թէ Աստուածաշունչը ներշնչուած է։ Այսպիսի ծածկագիր մը գոյութիւն ունի՞։ Թաքուն ծածկագրի վրայ հիմնուելո՞վ է որ Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն պիտի հաւատանք։
Նո՞ր Գաղափար մը
Աստուածաշունչի բնագրին մէջ թաքուն ծածկագրի մը գաղափարը նորութիւն մը չէ։ Անիկա Գապալային՝ կամ հրէական աւանդական խորհրդապաշտութեան, գլխաւոր գաղափարն է։ Ըստ գապալայական ուսուցիչներու, Աստուածաշունչի գրութեան հիմնական իմաստը, անոր ճշմարիտ իմաստը չէ։ Անոնք կը հաւատան թէ Աստուած Եբրայերէն Աստուածաշունչի բնագրին իւրաքանչիւր տառը որպէս խորհրդանիշ գործածեց, որ եթէ պատշաճ կերպով հասկցուի, աւելի մեծ ճշմարտութիւն մը կը յայտնէ։ Ըստ իրենց, իւրաքանչիւր Եբրայերէն տառ եւ Աստուածաշունչին մէջ անոր տեղը, Աստուծոյ կողմէ մասնայատուկ նպատակով մը դրուած է։
Ըստ Աստուածաշունչի ծածկագրի հետախոյզներէն մէկուն՝ Ճէֆրի Սաթինովըրի, այս Հրեայ խորհրդապաշտները կը հաւատան թէ Ծննդոցի ստեղծագործութիւնը արձանագրելու համար գործածուած Եբրայերէն տառերը, անհաւատալի խորհրդաւոր ոյժ մը ունին։ Ան կը գրէ. «Ամփոփելով ըսենք թէ Ծննդոցը պարզապէս նկարագրութիւն մը չէ. անիկա՝ ստեղծագործութեան արարքին բուն իսկ գործիքն է, Աստուծոյ մտքին մէջի խաժատիպը, որ յայտնաբերուած է ֆիզիքական կերպով»։
13–րդ դարու գապալայական ռաբբի մը՝ Պաքիա պէն Աշէր, որ Սարակոզայի մէջ կ’ապրէր (Սպանիա), թաքուն տեղեկութեան մը մասին գրեց, որ իրեն յայտնուած էր Ծննդոց գրքէն որոշ հատուածի մը իւրաքանչիւր 42–րդ տառը կարդալով։ Թաքցուած պատգամներ գտնելու համար որոշ յաջորդականութեամբ տառերուն վրայէն ցատկելու այս մեթոտը, Աստուածաշունչին մէջ ծածկագիր գտնելու արդի գաղափարին հիմը կը կազմէ։
Համակարգիչներ «կը Յայտնեն» Ծածկագիրը
Համակարգիչի դարէն առաջ, այս կերպով Աստուածաշունչը քննելու մարդուն կարողութիւնը սահմանափակ էր։ Սակայն, 1994–ի Օգոստոսին, Սթէթիսթիքըլ Սայընս պարբերաթերթը (Անգլերէն) յօդուած մը հրատարակեց, որուն մէջ Երուսաղէմի Եբրայական Համալսարանէն Էլիեահու Րիբսը եւ իր ընկերակից հետազօտիչները ապշեցուցիչ յայտարարութիւններ ըրին։ Անոնք բացատրեցին թէ Ծննդոց գրքի Եբրայերէն բնագրին մէջ, տառերուն միջեւ գտնուած բոլոր պարապութիւնները վերցնելով, եւ տառերու միջեւ համաչափօրէն ցատկելու մեթոտը գործածելով, հատուածին մէջ ծածկագրուած 34 նշանաւոր ռաբբիներու անունները, ինչպէս նաեւ, այլ տեղեկութիւններ գտած էին, զոր օրինակ, անոնց ծննդեան կամ մահուան թուականը, իրենց անուններուն շատ մօտ։ * Կրկին անգամներ փորձեր ընելէ ետք, հետազօտիչները իրենց եզրակացութիւնը հրատարակեցին, թէ՝ Ծննդոցի մէջ գտնուած ծածկագրուած տեղեկութիւնը վիճակագրական տուեալներով կարելի չէ դիպուածի վերագրել. ապացոյց մը, թէ հազարաւոր տարիներ առաջ ներշնչուած տեղեկութիւններ դիտմամբ ծածկագրուած կերպով պահուած էին Ծննդոց գրքին մէջ։
Այս մեթոտին վրայ հիմնուելով, լրագրող Տրօզնին իր անձնական փորձերը կատարեց, ծածուկ տեղեկութիւններ փնտռելով Եբրայերէն Աստուածաշունչի առաջին հինգ գրքերուն մէջ։ Ըստ Տրօզնինի, ան Իսհաք Րապինին անունը գտաւ, որ թաքցուած էր Աստուածաշունչի բնագրին մէջ, համաչափօրէն 4,772 տառ ցատկելով։ Աստուածաշունչի բնագիրը 4,772 տառերէ բաղկացած տողերու բաժնելով, ան նշմարեց որ Րապինի անունը (ուղղահայեաց կերպով կարդալով) կը խաչաձեւուէր տողի մը հետ (Բ. Օրինաց 4։42, հորիզոնական կերպով գրուած), զոր Տրօզնին թարգմանեց որպէս «մարդասպանը, որ պիտի սպաննէր»։
Խորքին մէջ, Բ. Օրինաց 4։42–ը կը խօսի ակամայ սպաննող մարդասպանի մը մասին։ Ուստի, շատեր քննադատեցին Տրօզնինի կամայական մերձեցումը, յայտարարելով որ իր ոչ–գիտական մեթոտները կրնային գործածուիլ նման պատգամներ գտնելու որեւէ բնագրի մէջ։ Սակայն Տրօզնին ինքզինք պաշտպանեց, հետեւեալ մարտահրաւէրը տալով. «Երբ քննադատներս Վարչապետի մը սպանութեան մասին պատգամ մը գտնեն Մապի Տիք [վէպին] մէջ, իրենց պիտի հաւատամ»։
Ներշնչուած Ըլլալու Ապացո՞յց մը
Աւստրալիական Ազգային Համալսարանի մէջ, Համակարգիչի Գիտութեան Բաժինի ուսուցչապետ՝ Պրէնտըն ՄգՔէյ, Տրօզնինի մարտահրաւէրը ընդունեց եւ համակարգիչի ընդարձակ հետազօտութիւններ կատարեց Մապի Տիք–ի Անգլերէն բնագրին մէջ։ * Տրօզնինի նկարագրած մեթոտը գործածելով, ՄգՔէյ կը դաւանի «նախագուշակութիւններ» գտած ըլլալ՝ Ինտիրա Կանտիի, Մարթին Լուտեր Քինկ Կրտսերի, Ճոն Ֆ. Քէնըտիի, Աբրահամ Լինքըլնի եւ ուրիշներու սպանութիւններուն մասին։ Ըստ ՄգՔէյի, ան գտած է որ Մապի Տիք–ն ալ «մարգարէացած է» Իսհաք Րապինի սպանութեան մասին։
Ծննդոցի Եբրայերէն բնագրին վերադառնալով, Ուսուցչապետ ՄգՔէյ եւ իր ընկերակիցները նաեւ կասկածի տակ դրին Րիբսի եւ իր ընկերակիցներուն փորձագիտական արդիւնքները։ Անոնց առարկութիւնը այն էր, թէ արդիւնքը ոչ թէ ներշնչեալ ծածկագրուած պատգամին հետ առնչութիւն ունի, հապա հետազօտիչին մեթոտին եւ մօտեցումին հետ. տուեալներուն յարմարեցումը մեծաւ մասամբ հետազօտիչներուն անհատական դատողութեամբ եղած է։ Այս կէտին շուրջ ակադեմական բանավէճը կը շարունակուի։
Ուրիշ հարց մըն ալ կը յարուցուի երբ ոմանք կը դաւանին թէ այսպիսի ծածկագրուած պատգամներ դիտումնաւոր կերպով պահուած էին Եբրայերէն «ընդհանուրին կողմէ ընդունուած» կամ «նախնական» բնագրին մէջ։ Րիբս եւ իրեն ընկերակցող հետազօտիչները կ’ըսեն որ իրենց փնտռտուքը կատարեցին «վաւերական, ընդհանուրին կողմէ ընդունուած Ծննդոցի բնագիր»ով։ Տրօզնին կը գրէ. «Նախկին Եբրայերէն լեզուով գրուած այժմ գոյութիւն ունեցող բոլոր Աստուածաշունչերը բառ առ բառ նոյնն են»։ Սակայն ա՞յս է պարագան։ Իրականութեան մէջ, փոխանակ «ընդհանուրին կողմէ ընդունուած» բնագրի մը, ներկայիս կը գործածուին Եբրայերէն Աստուածաշունչի բազմատեսակ հրատարակութիւններ, որոնք հիմնուած են զանազան հին ձեռագիրներու վրայ։ Մինչ Աստուածաշունչի պատգամը չի տարբերիր, բայց իւրաքանչիւր ձեռագիր բառ առ բառ նոյնը չէ։
Ներկայ թարգմանութիւններէն շատեր հիմնուած են Լենինկրատի Մատեանին՝ Եբրայերէն ամբողջովին Մազօրէթական ամենահին ձեռագրին վրայ, ընդօրինակուած շուրջ Հ.Դ. 1000–ին։ Սակայն Րիբս եւ Տրօզնին տարբեր բնագիր մը գործածեցին՝ Քօրըն ձեռագիրը։ Շլօմօ Սդըրնպըրկ՝ Հարվըրտ Համալսարանի մէջ Ուղղափառ ռաբբի եւ մաթեմատիկոս մը՝ կը բացատրէ թէ Լենինկրատի Մատեանը
«միայն Բ. Օրինացին մէջ, Տրօզնինի գործածած Քօրըն հրատարակութենէն կը տարբերի 41 տառով»։ Մեռեալ Ծովու մագաղաթները կը պարփակեն Աստուածաշունչի բնագրէն մասեր, որոնք ընդօրինակուած են աւելի քան 2,000 տարիներ առաջ։ Այս մագաղաթներուն մէջի ուղղագրութիւնը յաճախ բաւական տարբեր է հետագայ Մազօրէթական բնագիրներէն։ Կարգ մը մագաղաթներու մէջ ազատօրէն որոշ տառեր աւելցուած էին ձայնաւորներ նշելու համար, քանի որ ձայնաւորի նշանները տակաւին հնարուած չէին։ Ուրիշ մագաղաթներու մէջ, աւելի քիչ տառեր գործածուած էին։ Աստուածաշունչի բոլոր մագաղաթները բաղդատելը ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչի բովանդակութեան իմաստը անփոփոխ կը մնայ։ Սակայն, անիկա նաեւ յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ ուղղագրութիւնը եւ տառերու թիւը, բնագրէ բնագիր կը տարբերին։Կարծեցեալ թաքցուած պատգամի մը փնտռտուքը կախեալ է բոլորովին անփոփոխ բնագրէ մը։ Մէկ տառի փոփոխութիւնը պիտի խեղաթիւրէր հերթականութիւնը ու պատգամը, եթէ երբեք այդպիսի բան մը գոյութիւն ունի։ Աստուած իր պատգամը Աստուածաշունչին միջոցաւ պահպանած է։ Սակայն իւրաքանչիւր տառ անփոփոխ չէ պահած, որպէս թէ դարերու ընթացքին ուղղագրութեան փոփոխութեանց նման չնչին հարցերով մտահոգուած ըլլար։ Ասիկա ինքնին չի՞ նշեր թէ ինք Աստուածաշունչին մէջ ծածուկ պատգամ մը չէ պահած։—Եսայեայ 40։8. Ա. Պետրոս 1։24, 25
Աստուածաշունչի Թաքուն Ծածկագրի մը Կարիքը Ունի՞նք
Պօղոս առաքեալ շատ յստակօրէն գրեց որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Աստուածաշունչին մէջ գտնուած յստակ եւ ուղիղ պատգամը հասկնալը կամ զայն կիրարկելը շատ դժուար չէ, սակայն շատեր կը նախընտրեն անտեսել զայն։ (Բ. Օրինաց 30։11-14) Աստուածաշունչին մէջ բացայայտօրէն ներկայացուած մարգարէութիւնները անոր ներշնչուած ըլլալուն հաւատալու հաստատ հիմը կը կազմեն։ * Թաքուն ծածկագրէ մը տարբեր ըլլալով, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կամայական չեն եւ ‘իրենց յատուկ մեկնութիւնը չունին’։—Բ. Պետրոս 1։19-21
Պետրոս առաքեալ գրեց որ «ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք»։ (Բ. Պետրոս 1։16) Աստուածաշունչի ծածկագրի մը գաղափարը ծագում առած է Հրեայ խորհրդապաշտութենէն, գործածելով «վարպետութեամբ շինուած» մեթոտներ, որոնք կը մթագնեն եւ կը խեղաթիւրեն Աստուածաշունչի ներշնչեալ բնագրին պարզ իմաստը։ Եբրայերէն Գրութիւնները բացայայտօրէն դատապարտած են այսպիսի խորհրդաւոր մօտեցում մը։—Բ. Օրինաց 13։1-5. 18։9-13
Որքա՜ն ուրախ ենք որ Աստուածաշունչի յստակ պատգամն ու ուսուցումը ունինք, որոնք կրնան օգնել մեզի որ Աստուած ճանչնանք։ Ասիկա շատ աւելի լաւ է, քան՝ փորձել մեր Ստեղծիչին մասին սորվիլ թաքուն պատգամներ փնտռելով, որոնք անձնական մեկնութիւններու, եւ համակարգիչի օգնութեան դիմող երեւակայութեան արդիւնքն են։—Մատթէոս 7։24, 25
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 9 Եբրայերէնի մէջ, տառերը թուանշաններու արժէք ալ ունին։ Հետեւաբար, այս թուականները Եբրայերէն բնագրին մէջ տառեր նկատի առնելով որոշուած են եւ ոչ թէ՝ թուանշաններով։
^ պարբ. 13 Եբրայերէնը ձայնաւոր տառեր չունեցող լեզու մըն է։ Ձայնաւորները կարդացողին կողմէ կը դրուին բովանդակութեան համաձայն։ Եթէ բովանդակութիւնը անտեսուի, բառի մը իմաստը բոլորովին կրնայ փոխուիլ տարբեր ձայնաւորներ դնելով։ Անգլերէնը ձայնաւոր տառեր ունենալով, այս տեսակի բառերու փնտռտուք մը շատ աւելի դժուար եւ սահմանափակ կը դարձնէ։
^ պարբ. 19 Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալուն եւ անոր մարգարէութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։