Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամէն բաները նոր կ’ըլլան՝ ինչպէս նախագուշակուած էր

Ամէն բաները նոր կ’ըլլան՝ ինչպէս նախագուշակուած էր

Ամէն բաները նոր կ’ըլլան՝ ինչպէս նախագուշակուած էր

«Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. . . . ‘Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։—ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։5

1, 2. Ինչո՞ւ շատեր իրաւացիօրէն ապագան գիտնալու հարցին մէջ կը վարանին։

ԲՆԱՒ ըսած կամ մտածա՞ծ էք՝ ‘Իրապէս, ո՞վ կրնայ գիտնալ թէ վաղը ի՛նչ պիտի բերէ’։ Կրնաք հասկնալ թէ ինչո՛ւ մարդիկ նոյնիսկ չեն ուզեր ապագայի նկատմամբ ենթադրութիւններ ընել, կամ հաւատալ անոնց, որոնք առանց մտածելու կը դաւանին թէ կրնան գալիքը գուշակել։ Մարդիկ պարզապէս կարողութիւն չունին ճշգրտօրէն նախատեսելու ինչ որ ամիսներ կամ տարիներ ետք տեղի պիտի ունենայ։

2 Ֆորպզ ԷՍԷԲ պարբերաթերթը (Անգլերէն) ամբողջ թիւ մը յատկացուց ժամանակ նիւթին շուրջ։ Անոր մէջ, հեռատեսիլի փաստագրական յայտագրի մը հիւրընկալը՝ Ռոպէրթ Գրինլի՝ գրեց. «Ժամանակը ի վերջոյ բոլորս ալ ծունկի կը բերէ, բայց ժամանակին ձեռքէն ամենաշատ տառապողները՝ գուշակներն են։ Ապագան կռահելու փորձեր ընելը խաղի մը կը նմանի, որուն մէջ գրեթէ միշտ կը կորսնցնենք։ . . . Հակառակ ասոր, այդպէս կոչուած մասնագէտներ, կը շարունակեն գուշակութիւններ ընել»։

3, 4. (ա) Ոմանք ի՞նչ լաւատեսութիւն ունին նոր հազարամեակին նկատմամբ։ (բ) Ուրիշներ ի՞նչ իրապաշտ ակնկալութիւններ ունին ապագայի նկատմամբ։

3 Նկատի առած ըլլալու էք որ նոր հազարամեակին վրայ դրուած մեծ շեշտը, պատճառ եղած է որ աւելի շատ անհատներ ապագայի մասին մտածեն։ Անցեալ տարուան սկիզբը Մըգլէյնզ պարբերաթերթը ըսաւ. «Մեծ թիւով Գանատացիներու համար, 2000 տարին օրացոյցին վրայ ուրիշ տարիներու նման տարի մը կրնայ ըլլալ, բայց անիկա կրնայ զուգադիպիլ իրապէս նոր սկիզբի մը հետ»։ Եորք Համալսարանէն ուսուցչապետ Քրիս Տյուտնի, լաւատեսութեան համար հետեւեալ պատճառը տուաւ. «Հազարամեակը կը նշանակէ, որ կրնանք մեր ձեռքերը լուալ իրապէս ահաւոր դարէ մը»։

4 Ասիկա պարզապէս փափաքելի գաղափա՞ր մը կը թուի ձեզի համար։ Գանատայի մէջ կատարուած փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ որ հարցուփորձ եղած անհատներէն միայն 22 տոկոսը «կը հաւատար որ 2000–ը աշխարհի համար նոր սկիզբ մը պիտի նշանակէ»։ Իրականութեան մէջ, գրեթէ կէսը գալիք 50 տարուան մէջ «ուրիշ աշխարհամարտ մը կ’ակնկալէ»։ Բացայայտօրէն, շատեր կը զգան թէ նոր հազարամեակ մը չի կրնար մեր խնդիրները վանել եւ ամէն բան նոր ընել։ Սըր Մայքըլ Աթիյէ, Բրիտանիոյ Ռոյըլ Սոսայըթիի նախկին նախագահը, գրեց. «Փոփոխութեան արագ ընթացքը . . . կը նշանակէ որ քսանմէկերորդ դարը յատկանշական փոփոխութիւններ պիտի մտցնէ մեր ամբողջ քաղաքակրթութեան մէջ։ Բնակչութեան աճին, սահմանափակ եկամուտի, միջավայրի ապականութեան, եւ համատարած աղքատութեան խնդիրները արդէն մեր վրայ հասած են եւ անյապաղ լուծումի կը կարօտին»։

5. Գալիք բաներուն մասին ո՞ւր կրնանք վստահելի տեղեկութիւն գտնել։

5 Թերեւս մտածէք. ‘Քանի որ մարդիկ չեն կրնար մեր ապագան գուշակել, պէտք չէ՞ պարզապէս անտեսենք զայն’։ Պատասխանը ո՛չ է։ Ճիշդ է որ մարդիկ չեն կրնար ճշգրտօրէն գալիքը գուշակել, բայց պէտք չէ եզրակացնենք որ ոեւէ մէկը չի կրնար ասիկա ընել։ Արդ, ո՞վ կրնայ, եւ ինչո՞ւ լաւատես պէտք է ըլլանք ապագայի նկատմամբ։ Այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ կրնաք գտնել չորս մասնայատուկ գուշակութիւններու մէջ։ Անոնք ամենաշատ տարածուած ու կարդացուած եւ միեւնոյն ատեն, ամենաշատ սխալ հասկցուած ու անտեսուած գրքի մը՝ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են։ Ինչ որ ալ ըլլայ ձեր կարծիքը Աստուածաշունչին շուրջ, եւ որքան ալ քաջածանօթ ըլլաք անոր, այս չորս հիմնական համարները նկատի առնելը օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի համար։ Անոնք արդարեւ ապագայ մը կը գուշակեն, որ շատ փայլուն է։ Ասկէ զատ, այս չորս գլխաւոր մարգարէութիւնները կ’ուրուագծեն թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ ձեր ու ձեր սիրելիներուն ապագան։

6, 7. Եսային ե՞րբ մարգարէացաւ, եւ իր նախագուշակութիւնները ի՞նչպէս ապշեցուցիչ կատարում մը ունեցան։

6 Առաջինը Եսայեայ 65–րդ գլուխին մէջ կը գտնուի։ Զայն կարդալէ առաջ, ձեր մտքին մէջ ունեցէք ընդհանուր պատկերը. այս նիւթը ե՛րբ գրուեցաւ եւ ի՛նչ կացութիւն ձեռք կ’առնէր։ Աստուծոյ Եսայի մարգարէն՝ որ գրի առաւ այս խօսքերը՝ ապրեցաւ Յուդայի թագաւորութեան վախճանէն աւելի քան դար մը առաջ։ Այդ վախճանը եկաւ, երբ Եհովա անհաւատարիմ Հրեաներուն վրայէն իր պաշտպանութիւնը վերցուց, թոյլ տալով որ Բաբելոնացիները կործանեն Երուսաղէմը եւ անոր ժողովուրդը տարագրեն։ Ատիկա տեղի ունեցաւ Եսայիի նախագուշակութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք։—Բ. Մնացորդաց 36։15-21

7 Որպէս անոր կատարման պատմական տուեալ, յիշեցէք որ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, Եսային նախագուշակեց տակաւին չծնած Պարսիկին՝ Կիւրոսի՝ անունը, որ ի վերջոյ Բաբելոնը տապալեց։ (Եսայեայ 45։1) Կիւրոս ճամբան պատրաստեց, որպէսզի Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադառնան, Հ.Դ.Ա. 537–ին։ Ապշեցուցիչ կերպով Եսային նախագուշակեց այդ վերահաստատումը, ինչպէս կը կարդանք Եսայեայ 65–րդ գլուխին մէջ։ Եսային ուշադրութիւն հրաւիրեց այն կացութեան վրայ, որու մէջ պիտի գտնուէին հայրենիք վերադարձած Իսրայելացիները։

8. Եսային ի՞նչ ուրախ ապագայ մը գուշակեց եւ ո՞ր արտայայտութիւնը մասնաւորաբար հետաքրքրական է։

8 Եսայեայ 65։17-19–ի մէջ կը կարդանք. «Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ։ Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։ Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի»։ Վստահաբար, Եսային այնպիսի վիճակներ նկարագրեց, որոնք շա՛տ աւելի լաւ պիտի ըլլային, քան այն պայմանները որոնց ներքեւ Հրեաները ապրած էին Բաբելոնի մէջ։ Ան ուրախութիւն ու ցնծութիւն նախագուշակեց։ Հիմա ուշադրութիւն ըրէք՝ «նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութեան։ Այս արտայայտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ չորս անգամ կը գտնենք եւ ասիկա առաջինն է, եւ այս չորս հատուածները ուղղակի կապ ունին մեր ապագային հետ՝ մինչեւ իսկ զայն կը գուշակեն։

9. Վաղեմի Հրեաները ի՞նչպէս պարփակուած էին Եսայեայ 65։17-19–ի մէկ կատարումին մէջ։

9 Եսայեայ 65։17-19–ի առաջին կատարումը կապ ունէր վաղեմի Հրեաներուն հետ, որոնք ճիշդ Եսայիի նախագուշակածին պէս, իրենց հայրենիքը վերադարձան եւ հոն մաքուր պաշտամունքը վերահաստատեցին։ (Եզրասայ 1։1-4. 3։1-4) Անշուշտ, անոնք ա՛յս մոլորակին վրայ իրենց հայրենիքը վերադարձան, եւ ո՛չ թէ տիեզերքի մէջ ուրիշ տեղ մը։ Այդ կատարումը կրնայ մեզի օգնել հասկնալու թէ Եսայի ի՛նչ ըսել կ’ուզէր նոր երկինք ու նոր երկիր ըսելով։ Ենթադրութիւններ ընելու պէտք չունինք, ինչպէս ոմանք կ’ընեն, Նոսդրատամիւսի կամ մարդկային ուրիշ գուշակներու անորոշ մարգարէութիւններուն շուրջ։ Աստուածաշունչը ի՛նք կը պարզէ Եսայիի ըսել ուզածը։

10. Եսայիի նախագուշակած նոր «երկիր»ը ի՞նչպէս պէտք է հասկնանք։

10 Աստուածաշունչին մէջ, «երկիր»ը միշտ մեր երկրագունդին չ’ակնարկեր։ Օրինակ, Սաղմոս 96։1–ը բառացիօրէն կ’ըսէ. «Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր»։ Գիտենք որ մեր մոլորակը՝ ցամաք երկիրը եւ լայնածիր ովկիանոսները չեն կրնար երգել։ Մարդի՛կ կ’երգեն։ Այո, Սաղմոս 96։1–ը երկրի վրայ գտնուող մարդոց կ’ակնարկէ։ * Բայց Եսայեայ 65։17–ն կը յիշէ նաեւ՝ «նոր երկինք»։ Եթէ «երկիր»ը՝ իրենց հայրենիքը վերադարձած մարդկային նոր ընկերութիւն մը կը ներկայացնէ, ի՞նչ կրնանք ըսել «նոր երկինք»ի մասին։

11. «Նոր երկինք» արտայայտութիւնը ի՞նչ բանի մատնանշեց։

11 Մգլինթոքի ու Սթրոնկի՝ Սուրբ Գրային, Աստուածաբանական եւ Եկեղեցական Գրականութեան Համայնագիտարան–ը կը նշէ. «Երբ մարգարէական տեսիլքի մը մէջ գործածուած է, երկինք կը նշանակէ . . . իշխող տարրերու համադրութիւնը . . . որ հպատակներուն վրայ է եւ անոնց կը տիրէ, ինչպէս որ բառացի երկինքը՝ երկրին վերեւ կեցած է ու անոր վրայ կը տիրէ»։ Իսկ «երկինք ու երկիր» միացեալ նախադասութեան համար, Համայնագիտարան–ը կը բացատրէ թէ ‘մարգարէական լեզուաբանութեան մէջ, այս նախադասութիւնը կը նշանակէ տարբեր դասակարգերու պատկանող անհատներու քաղաքական վիճակը։ Երկինքը գերիշխանութիւնն է. երկիրը՝ հպատակութիւն, այսինքն անհատներ, որոնք գերադաս մարդոց կողմէ կը ղեկավարուին’։

12. Վաղեմի Հրեաները ի՞նչպէս «նոր երկինք ու նոր երկիր» մը ունեցան։

12 Երբ Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադարձան, անոնք այդպէս կոչուած նոր դրութիւն մը ունեցան։ Նոր վարչութիւն մը կազմուեցաւ. Զօրաբաբէլը՝ որ Դաւիթ Թագաւորին շառաւիղէն էր, կառավարիչը եղաւ, իսկ Յեսուն՝ քահանայապետը։ (Անգեայ 1։1, 12. 2։21. Զաքարեայ 6։11) Այս երկուքը՝ «նոր երկինք»ը կազմեցին։ Ի՞նչ բանի վերեւ։ «Նոր երկինք»ը՝ «նոր երկիր»ին վերեւ էր. հայրենիք վերադարձած մարդկային մաքրուած ընկերութեան մը վրայ, որոնք եկած էին Երուսաղէմը եւ անոր տաճարը վերաշինելու, որպէսզի Եհովան պաշտեն։ Ուստի, ճիշդ այս առումով էր որ այն ատեն Հրեաներուն հետ կապ ունեցող կատարման մէջ «նոր երկինք ու նոր երկիր» մը գոյացան։

13, 14. (ա) «Նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութեան ուրիշ ո՞ր պարագան նկատի պիտի առնենք։ (բ) Պետրոսի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ մասնայատուկ հետաքրքրութեան արժանի է այս ժամանակներուն։

13 Բայց ուշադիր ըլլանք որ մեր մտքին թելը չկորսնցնենք։ Ասիկա ո՛չ Աստուածաշունչի բացատրութեան զուտ տեսական ապացոյց մըն է, եւ ոչ ալ հին պատմութեան մը վերաքաղը։ Ասիկա կրնաք տեսնել, անցնելով ուրիշ հատուածի մը, ուր ակնարկուած է «նոր երկինք ու նոր երկիր»ի։ Բ. Պետրոս 3–րդ գլուխին մէջ պիտի գտնէք այս արտայայտութիւնը եւ պիտի տեսնէք թէ անիկա մեր ապագային հետ կապ ունի։

14 Պետրոս առաքեալ իր նամակը գրեց, Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադառնալէն աւելի քան 500 տարիներ ետք։ Յիսուսի առաքեալներէն մէկը ըլլալով, Պետրոս կը գրէր Բ. Պետրոս 3։2–ի մէջ յիշուած «Տէրոջը»՝ Քրիստոսի՝ հետեւորդներուն։ 4–րդ համարին մէջ, Պետրոս կը յիշէ Յիսուսի «գալուն խոստումը», ինչ որ այս մարգարէութիւնը ներկայիս շատ ժամանակայարմար կը դարձնէ։ Բազմաթիւ ապացոյցներ կը նշեն որ Առաջին Աշխարհամարտէն ի վեր, Յիսուսի ներկայութիւնը տեղի ունեցած է, այն առումով որ, որպէս երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը, ան հեղինակութիւն ստանձնած է։ (Յայտնութիւն 6։1-8. 11։15, 18) Ասիկա մասնայատուկ իմաստ մը կը ստանայ, երբ այս նոյն գլուխին մէջ ուրիշ բան մը նկատի ունենանք զոր Պետրոս նախագուշակեց։

15. «Նոր երկնքի» մասին Պետրոսի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարում կ’ունենայ։

15 Բ. Պետրոս 3։13–ի մէջ կը կարդանք. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ Թերեւս արդէն սորված էք թէ Յիսուս երկնքի մէջ «նոր երկնքի»ն գլխաւոր կառավարիչն է։ (Ղուկաս 1։32, 33) Բայց Աստուածաշունչի ուրիշ համարներ կը նշեն որ ինք առանձին չ’իշխեր։ Յիսուս խոստացաւ որ առաքեալները եւ անոնց նման ուրիշներ երկնքի մէջ տեղ մը պիտի ունենային։ Եբրայեցիս գրքին մէջ, Պօղոս առաքեալ այնպիսիները նկարագրեց որպէս «երկնային կոչումին մասնակիցներ»։ Իսկ Յիսուս ըսաւ որ այդ խումբէն եղողները իր հետ երկնքի մէջ աթոռներու վրայ պիտի նստէին։ (Եբրայեցիս 3։1. Մատթէոս 19։28. Ղուկաս 22։28-30. Յովհաննու 14։2, 3) Կէտը այն է որ, ուրիշներ ալ Յիսուսի հետ պիտի իշխեն, որպէս նոր երկինքի մէկ մասը։ Արդ, Պետրոս «նոր երկիր» արտայայտութեամբ ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։

16. Ի՞նչպիսի «նոր երկիր» արդէն գոյութիւն ունի։

16 Հրեաներուն հայրենիք վերադարձով այդ նախկին կատարման նման, Բ. Պետրոս 3։13–ի ընթացիկ կատարումը կը ներփակէ մարդիկ, որոնք նոր երկինքի իշխանութեան կ’ենթարկուին։ Ներկայիս միլիոնաւոր անհատներ ուրախութեամբ կ’ենթարկուին այդ իշխանութեան։ Անոնք այդ իշխանութեան կրթական յայտագրէն կ’օգտուին եւ ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի Սուրբ Գրքին մէջ գտնուած անոր օրէնքներուն հետեւին։ (Եսայեայ 54։13) Այս անհատները «նոր երկրի»ն հիմը կը կազմեն, այն առումով որ բոլոր ազգութիւններէն, լեզուներէն ու ցեղերէն հաւաքուած համերկրային ընկերութիւն մը կը կազմեն, որոնք միասնաբար կը գործեն իշխող Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոսի ենթարկուելով։ Հետաքրքրականը այն է որ դո՛ւք ալ կրնաք անոր մաս կազմել։—Միքիայ 4։1-4

17, 18. Բ. Պետրոս 3։13–ի խօսքերը ինչո՞ւ ապագան ակնկալութեամբ սպասելու պատճառ մը կու տան մեզի։

17 Բայց մի՛ խորհիք որ բացատրութիւնը հոս վերջ կը գտնէ, եւ թէ ապագայի մասին որեւէ մանրամասնուած հասկացողութիւն չունինք։ Իրականութեան մէջ, երբ քննէք Բ. Պետրոս 3–րդ գլուխի բովանդակութիւնը, հոն պիտի գտնէք գալիք մեծ փոփոխութեան մը նշումները։ 5 եւ 6–րդ համարներուն մէջ, Պետրոս կը գրէ Նոյի օրուան Ջրհեղեղին մասին, որ այն ատենուան ամբարիշտ աշխարհին վերջ դրաւ։ Ապա, 7–րդ համարին մէջ, Պետրոս կը յիշէ որ «հիմա[կուան] երկինք ու երկիր»ը՝ թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ ժողովուրդը՝ «դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օր»ուան համար պահուած են։ Ասիկա կը հաստատէ թէ «հիմա[կուան] երկինք ու երկիր» արտայայտութիւնը ո՛չ թէ նիւթական տիեզերքին կ’ակնարկէ, այլ՝ մարդոց եւ անոնց իշխանութիւններուն։

18 Անկէ ետք, Պետրոս կը բացատրէ որ Եհովայի գալիք օրը մեծ մաքրագործութիւն մը պիտի ընէ, ճամբան հարթելով 13–րդ համարին մէջ յիշուած նոր երկնքին ու նոր երկրին։ Իսկ այդ համարին վերջաւորութիւնը նկատի առէք՝ «որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ Ասիկա չի՞ թելադրեր որ դէպի աւելի լաւը մեծ փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենան։ Ասիկա իրապէս նոր բաներու ակնկալութիւն մը չ’ա՞րթնցներ մեր մէջ, այն ժամանակին նկատմամբ, երբ մարդիկ շատ աւելի հաճոյք պիտի առնեն կեանքէն քան՝ հիմա։ Եթէ ասիկա կրնաք ըմբռնել, ուրեմն դուք Աստուածաշունչի նախագուշակութիւններուն շուրջ հասկացողութիւն մը ձեռք ձգած էք, զոր յարաբերաբար քիչեր ունին։

19. Յայտնութիւնը ընդհանուր ի՞նչ պատկերի մէջ կը նշէ տակաւին գալիք «նոր երկինք ու նոր երկիր»ը։

19 Բայց քիչ մը ընդլայնենք նիւթը։ Մենք «նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութիւնը նկատի առինք Եսայեայ 65–րդ գլուխին, իսկ ուրիշ մը՝ Բ. Պետրոս 3–րդ գլուխին մէջ։ Հիմա Յայտնութիւն 21–րդ գլուխը բացէք, ուր պիտի գտնենք Աստուածաշունչին մէջ այս արտայայտութեան ուրիշ մէկ նշումը։ Դարձեալ, ընդհանուր պատկերը հասկնալը պիտի օգնէ մեզի։ Երկու գլուխ առաջ, Յայտնութիւն 19–րդ գլուխին մէջ, վառ փոխաբերութեամբ պատերազմի մը նկարագրութիւնը կը գտնենք, բայց անիկա թշնամի ազգերու միջեւ մղուած պատերազմ մը չէ։ Անոր մէկ կողմը կը գտնուի «Բանն Աստուծոյ»։ Հաւանաբար գիտէք թէ անիկա Յիսուս Քրիստոսի տրուած տիտղոս մըն է։ (Յովհաննու 1։1, 14) Ան երկինքն է եւ այս տեսիլքը զինք կը նկարագրէ երկնային բանակներուն հետ։ Ան որո՞նց դէմ կը կռուի։ Այդ գլուխը կը յիշէ «թագաւորներ», «հազարապետներ» եւ տարբեր դասակարգի պատկանող անհատներ, ‘պզտիկներ ու մեծեր’։ Այս պատերազմը իր մէջ կ’ընդգրկէ Եհովայի գալիք օրը, ամբարիշտին կործանումը։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-10) Յաջորդ գլուխը, Յայտնութիւն 20–ը, կը սկսի ‘առաջին օձին, Բանսարկու Սատանային’ մէջտեղէն վերցուելուն նկարագրութեամբ։ Ասիկա Յայտնութիւն 21–րդ գլուխը նկատի առնելու համար բեմը կը պատրաստէ մեր դիմաց։

20. Ըստ Յայտնութիւն 21։1–ի, ի՞նչ յատկանշական փոփոխութիւն կը սպասէ մեզի։

20 Յովհաննէս առաքեալ, հետեւեալ խայտալի բառերով կը սկսի. «Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար»։ Եսայեայ 65–րդ եւ Բ. Պետրոս 3–րդ գլուխներուն մէջ ասոր կապակցաբար մեր ունեցած տեղեկութեան հիման վրայ, կրնանք վստահ ըլլալ որ ասիկա մեր բառացի երկինքը, ու ջուրերու խորութիւններ ունեցող երկիր մոլորակը փոխարինել չի նշանակեր։ Ինչպէս նախորդ գլուխները ցոյց տուին, ամբարիշտ մարդիկ եւ իրենց կառավարիչները՝ մէջը ըլլալով անտեսանելի իշխանը՝ Սատանան, մէջտեղէն պիտի վերցուին։ Այո, հոս խոստացուածը նոր համակարգ մըն է՝ երկրի մարդոց կապակցաբար։

21, 22. Յովհաննէս ի՞նչ օրհնութիւններու երաշխիքը կու տայ եւ արցունքներու սրբուիլը ի՞նչ կը նշանակէ։

21 Մինչ այս հոյակապ մարգարէութեան մէջ կը խորանանք, աւելի վստահ կ’ըլլանք ասկէ։ 3–րդ համարին վերջաւորութիւնը կը խօսի այն ժամանակին մասին, երբ Աստուած մարդկութեան հետ պիտի ըլլայ, իր բարերար ուշադրութիւնը դարձնելով իր կամքը կատարող մարդոց վրայ։ (Եզեկիէլ 43։7) Յովհաննէս կը շարունակէ 4 եւ 5–րդ համարներով. «Ինք [Եհովա] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։ Ի՜նչ ոգեւորիչ մարգարէութիւն մը։

22 Պահ մը կանգ առէք եւ ըմբոշխնեցէք Աստուածաշունչի նախագուշակածը։ ‘Աստուած անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ’։ Ասիկա չի կրնար մեր դիւրազգաց աչքերը լուացող սովորական արցունքներուն ակնարկել, ոչ ալ՝ ուրախութեան արցունքներուն։ Աստուծոյ սրբելիք արցունքները, տառապանքին, վշտին, յուսահատութեան, ցաւին ու տագնապին պատճառած արցունքներն են։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ ասկէ։ Քանի որ արցունքները սրբելու Աստուծոյ այս հոյակապ խոստումը կապուած է ‘մահ, սուգ, աղաղակ եւ ցաւ չըլլալուն’ հետ։—Յովհաննու 11։35

23. Յովհաննէսի մարգարէութեամբ ի՞նչ վիճակներու վախճանը կ’երաշխաւորուի։

23 Ասիկա չի՞ փաստեր որ խլիրդը, կաթուածները, սրտի տագնապները եւ նոյնիսկ մահը վերացուած պիտի ըլլան։ Մեզմէ ո՞վ սիրելի մը չէ կորսնցուցած հիւանդութեան, արկածի կամ աղէտի մը հետեւանքով։ Հոս Աստուած կը խոստանայ թէ այլեւս մահ պիտի չըլլայ, որ կը թելադրէ թէ այդ ժամանակ ծնելիք երախաները, մեծնալու ու ծերանալու, ապա անխուսափելիօրէն մեռնելու հեռանկարով պիտի չծնին։ Այս մարգարէութիւնը նաեւ կը նշանակէ որ Ալզայմըրի հիւանդութենէ, ոսկրածակոտկէնութենէ, նեարդային ուռերէ, խաժախտէ (կլոգոմա) կամ նոյնիսկ աչքի վրայ իջած վարագոյրէ (գաթարագթ) տառապողներ պիտի չըլլան, որոնք սովորական բաներ են յառաջացած տարիքի մէջ եղողներուն։

24. «Նոր երկինք ու նոր երկիր»ը ի՞նչպէս օրհնութիւն մը պիտի ըլլան մեզի. տակաւին ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

24 Անկասկած պիտի համաձայնիք որ մահը, ծերութիւնը եւ հիւանդութիւնը վերցուելով, սուգը եւ աղաղակը պիտի նուազին։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ըսել կրծող աղքատութեան, երախաներու չարաշահումին եւ, ծագումի կամ մորթի գոյնին պատճառաւ մէջտեղ եկած ճնշիչ խտրականութեան, մասին։ Եթէ այսպիսի բաներ շարունակուին՝ որոնք շատ սովորական են ներկայիս՝ չենք կրնար ձերբազատուիլ ողբէ ու աղաղակէ։ Հետեւաբար, «նոր երկինք ու նոր երկիր»ի ներքեւ կեանքը վշտի ներկայ պատճառներով պիտի չխանգարուի։ Ի՜նչ մեծ փոփոխութիւն մը։ Սակայն մինչեւ հիմա Աստուածաշունչին մէջ չորս անգամ յիշուած «նոր երկինք ու նոր երկիր» արտայայտութեան միայն երեքը տեսանք։ Տակաւին հատ մըն ալ կայ, որ ցարդ մեր նկատի առածներուն հետ առնչութիւն ունի եւ յաւելեալ կերպով կը շեշտէ թէ ինչու պատճառ ունինք յոյսով սպասելու, տեսնելու համար թէ Աստուած ‘ամէն բան նոր ընելու’ իր խոստումը երբ եւ ինչպէս պիտի կատարէ։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ այդ մարգարէութիւնը եւ մեր ուրախութեան հետ անոր ունեցած առնչութիւնը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Նոր Անգլերէն Աստուածաշունչ–ը Սաղմոս 96։1–ը այսպէս կը թարգմանէ. «Երգեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ երկրի վրայի մարդիկը»։ Ժամանակակից Անգլերէն Թարգմանութիւն–ը կ’ըսէ. «Այս երկրի վրայ բոլոր եղողները, թող գովաբանեն Տէրը»։ Ասիկա համաձայն է այն հասկացողութեան հետ թէ Եսայի «նոր երկիր» ըսելով կ’ակնարկէր իրենց հայրենիքին մէջ եղող Աստուծոյ ժողովուրդին։

Ի՞նչ կը յիշէք

• Ո՞ր երեք պարագաներով Աստուածաշունչը նախագուշակած է «նոր երկինք ու նոր երկիր» մը։

• «Նոր երկինք ու նոր երկիր»ի մէկ կատարման մէջ վաղեմի Հրեաները ի՞նչպէս պարփակուած էին։

• Պետրոսի յիշած «նոր երկինք ու նոր երկիր»ը ի՞նչ կատարումներ ունի։

Յայտնութիւն 21–րդ գլուխը ի՞նչպէս փայլուն ապագայ մը կը մատնանշէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Ճիշդ ինչպէս Եհովա նախագուշակած էր, Կիւրոս ճամբան բացաւ որ Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադառնան Հ.Դ.Ա. 537–ին